Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԶի­նա­դու­լի վե­րա­դառ­նա­լու պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւ­նը ո­րոշ չա­փով մեղ­մա­ցու­ցած է Ար­ցա­խի սահ­մա­նա­յին գօ­տիին վրայ վեր­ջին օ­րե­րուն ստե­ղո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան լա­րո­ւած վի­ճա­կը։ Այ­դու­հան­դերձ՝ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ թէ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու ոտ­քի կանգ­

նած եւ վճռա­կա­նօ­րէն բո­ղո­քի դաշտ ի­ջած հա­յու­թիւ­նը ա­մէն պատ­ճառ ու­նի յա­ւե­լեալ թափ տա­լու Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­հայ գրգռու­թեանց սանձ դնե­լու իր քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան պայ­քա­րին։

­Փաստ է, որ իր թի­կուն­քին ու­նե­նա­լով թրքա­կան պե­տու­թեան հրձի­գի «եղ­բայ­րա­կան» եւ «հա­կա­հայ» զօ­րակ­ցու­թիւնն ու խրա­խու­սան­քը՝ Ատր­պէյ­ճան հա­յու ա­րիւն կը թա­փէ եւ կ­՚ոտ­նա­կո­խէ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւունքն ու օ­րէն­քը՝ Ար­ցա­խի հայ­կա­կան սուրբ հո­ղին բռնի ու­ժով տի­րա­նա­լու փան-թուր­քա­կան ա­խոր­ժա­կով եւ հա­յաս­պա­նա­կան մո­լուց­քով։

­Հա­մաթր­քա­կան վտան­գը, այս­պէ՛ս, բաց մար­տահ­րա­ւէ­րի ձեռ­նոց նե­տած է հա­մայն հա­յու­թեան, որ Ար­ցա­խէն մին­չեւ Ե­րե­ւան, ­Ջա­ւախք ու Ս­փիւռ­քի բո­լոր հա­յօ­ճախ­նե­րը՝ կո­չո­ւած է իր հա­տու եւ սան­ձող պա­տաս­խա­նը տա­լու ա­նուղ­ղայ ո­սո­խին։

­Վեր­ջին շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ իր կո­չու­մին եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան՝ թշնա­մա­կան գրոհ­նե­րը ետ մղե­լու եւ ա­նակն­կալ կեր­պով սահ­մա­նէն դէ­պի հայ­կա­կան կողմ թա­փան­ցած ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը դուրս շպրտե­լու ա­ռու­մով։

Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թեանց կող­քին, հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ, քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան բուռն պայ­քար ծա­ւա­լե­ցին ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւնն ու քա­ղա­քա­կան-քա­ղա­քա­ցիա­կան բո­լոր ու­ժե­րը, այ­լեւ հա­մայն սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը՝ հո­գե­ւո­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան իր ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րով եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով։

­Հա­մա­հայ­կա­կան ընդվ­զու­մի, բո­ղո­քի եւ զօ­րակ­ցու­թեան այդ հա­մընդ­հա­նուր շար­ժու­մին ա­ռա­ջին ար­ձա­գան­գող­նե­րէն ե­ղաւ յու­նա­հայ մեր գա­ղու­թը, որ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ու ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեանց նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ­Կի­րա­կի՝ Ապ­րիլ 3ին բո­ղո­քի ցոյց ի­րա­կա­նա­ցուց Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, յա­ջոր­դա­բար Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան եւ քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ։

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան սպառ­նա­լի­քին եւ վտան­գին դէմ հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցաւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու դրօ­շը պար­զած։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրգռու­թեանց հայ­կա­կան կող­մը պա­տաս­խա­նեց բիրտ ու­ժը մեր­ժե­լու, այ­լեւ՝ մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու եւ հաշ­տա­րար միջ­նոր­դու­թեանց՝ յատ­կա­պէս ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ձեռ­նար­կած խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թեանց ճամ­բով լուծ­ման յան­գե­լու ճի­գե­րուն նկատ­մամբ իր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լով։

­Խա­ղա­ղա­րար մեր այդ դիր­քո­րո­շու­մը, սա­կայն, հա­մա­կեր­պու­մի եւ ձեռ­նա­ծա­լու­թեան հե­տե­ւանք չէր։
Ինչ­պէս հայ­րե­նի­քի մէջ թէ սփիւռ­քի տա­րած­քին, ­Յու­նաս­տա­նի պա­րա­գա­յին եւս, մենք ազ­գո­վին եւ ուժգ­նօ­րէն դա­տա­պար­տե­ցինք մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը ա­ռաջ­նոր­դող ու­ժե­րուն կող­մէ հայ­կա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մե­րուն մի­ջեւ շին­ծու հա­ւա­սա­րե­ցում կա­տա­րե­լու ա­նար­դար եւ ա­նի­րաւ փոր­ձերն ու կե­ցո­ւածք­նե­րը։

Օ­րի­նակ՝ մեր ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը իր լուրջ մտա­հո­գու­թիւ­նը փո­խան­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան այն յայ­տա­րա­րու­թեան նկատ­մամբ, ուր կոչ կ­՚ուղ­ղո­ւէր հա­ւա­սա­րա­պէս ե՛ւ հա­յե­րուն, ե՛ւ ա­զե­րի­նե­րուն՝ հե­ռու մնալ զի­նեալ ճա­կա­տում­նե­րէ։ ­Հա­մայն հա­յու­թեան հետ՝ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եւս յստակ դար­ձուց մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան, որ ըն­դու­նե­լի չէ նա­խա­յար­ձակ գրո­հող յան­ցա­գործն ու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ մղող զո­հը միեւ­նոյն հա­ւա­սա­րու­թեան բե­րել...

­Բիրտ ու­ժով Ար­ցա­խի տի­րա­նա­լու հա­մար յար­ձա­կում գոր­ծող՝ հա­յու ա­րիւն թա­փող եւ հայ­կա­կան հող գրա­ւող Ատր­պէյ­ճա­նին կող­քին չի կրնար դրո­ւիլ, պէտք չէ դրո­ւի, հա­ւա­սա­րու­թեան մէկ ընդ­հա­նուր նշա­նով, Ար­ցախն ու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ մղե­լու հար­կադ­րան­քին տակ դրո­ւած հա­յու­թիւ­նը։

Ա­հա թէ ին­չո՛ւ զի­նա­դա­դա­րի վե­րա­դառ­նա­լու ներ­կայ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւ­նը չի նշա­նա­կեր, որ հա­յու­թեան հա­մար ա­ւար­տած է քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան պայ­քա­րի փու­լը։ ­Մեր պայ­քա­րը նոյն թա­փով կը շա­րու­նա­կո­ւի, որ­պէս­զի Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կը կեան­քի կո­չէ զի­նա­դու­լի խախտ­ման ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրգռու­թեանց հսկող ար­դիա­կան սար­քերն ու մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը։
Ա­մէ­նուր հա­յու­թիւ­նը լա­րած է իր ու­ժերն ու մի­ջոց­նե­րը, որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը ի վեր­ջոյ անդ­րա­դառ­նայ, թէ հա­յու ա­րիւն հե­ղե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան սան­ձար­ձա­կու­թիւ­նը չի կրնար ան­պա­տիժ մնալ։

Ի տես վեր­ջին օ­րե­րուն յա­նուն Ար­ցա­խին հա­մայն հա­յու­թեան դրսե­ւո­րած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան միաս­նա­կա­նու­թեան՝ մենք վստահ ենք, որ Ատր­պէյ­ճա­նը սան­ձե­լու քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան պայ­քա­րը յա­ւե­լեալ թա­փով պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի։
­Յաղ­թա­նա­կը մե՛րն է։