Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԽորհր­դա­յին ­Միու­թեան ան­կու­մէն ետք մար­դուն մէ­կը «­Քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ­Բա­խու­մը» ա­նո­նով գիրք մը գրեց։
­Շա­տեր չա­փա­զան­ցու­թիւն հա­մա­րե­ցին այդ­տեղ գրո­ւած­նե­րը։ Ու­րիշ­ներ դա­ւադ­րու­թեան փորձ կո­չե­ցին։

Ի­րո­ղու­թիւն է սա­կայն, որ այ­սօր ե­թէ ոչ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու, բայց կրօն­նե­րու մի­ջեւ պա­տե­րազմ մը կ­՚ապ­րինք։ Որ­դի ­Պուշ երբ ա­նի­մաստ կեր­պով սկիզբ կը դնէր Ի­րա­քեան Բ. պա­տե­րազ­մին, զայն կը կո­չէր «­Խա­չա­կիր­նե­րու Ար­շա­ւանք»։ ­Թէեւ ա­ւե­լի ետք փոր­ձեց այդ կո­չու­մը մեղ­մաց­նել, բայց ե­ղա­ծը լե­զո­ւի պարզ սայ­թա­քում մը չէր եր­բեք: ­Պատ­մու­թեան մէջ խա­չա­կիր ար­շա­ւանք­նե­րու հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը «­Ճի­հատ» ե­ղած է, այ­սինքն պա­տե­րազմ կրօ­նի հա­մար։

­Ճի­հա­տի հա­մաշ­խար­հա­յին ար­դի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­դար­ձը կը զու­գա­դի­պի գա­ղու­թա­տի­րու­թեան զար­գաց­ման շրջա­նին։ Իսկ այս գոր­ծօ­նէն օգ­տո­ւող­նե­րը շատ ան­գամ իս­լամ կրօ­նին չեն պատ­կա­նած։ ­Տա­կա­ւին ԺԹ. դա­րուն գա­ղու­թա­տի­րու­թեան ծա­ւալ­ման դի­մաց սկսած էին ծաղ­կիլ հա­մաիս­լա­մա­կան գա­ղա­փար­ներ։ Ապ­տուլ­հա­միտ ալ, Օս­մա­նեան երկ­րէ ներս քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն զար­թօն­քը եւ պա­հանջ­նե­րը կան­խե­լու մի­տու­մով, յատ­կա­պէս քիւրտ եւ այլ իս­լամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը գրգռե­լու հա­մար, շա­հա­գոր­ծեց կրօ­նի խա­ղա­քար­տը։

Իսկ երկ­րէ դուրս, ­Գեր­մա­նիոյ ­Վիլ­հելմ Բ.ի ծա­ւալ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան զու­գա­հեռ, ­Ճի­հա­տի հռչա­կու­մը 1914ին կու գար ոչ թէ կրօ­նա­մէտ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րէ, այլ ար­դի Եւ­րո­պա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն ստա­ցած, ժա­մա­նա­կա­կից գա­ղա­փար­նե­րով պա­շա­րո­ւած «Իթ­թի­հա­տա­կան» շար­քե­րէ։

Երբ գեր­մա­նա­կան հե­ռան­կա­րը կը մի­տէր Հնդ­կաս­տա­նի, ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ եւ Ե­գիպ­տո­սի իս­լամ­նե­րու ապս­տամ­բու­թիւ­նը հրահ­րե­լու, Իթ­թի­հա­տա­կան­ներն ալ Օս­մա­նեան քրիս­տո­նեա­նե­րու բնաջնջ­ման հա­մար կը դի­մէին Իս­լա­մա­կան Ար­մա­տա­կա­նու­թեան։ Այս­պէ­սով մաք­րած պի­տի ըլ­լա­յին հա­մաթր­քա­կան «­Թու­րան»ի պե­տու­թեան տա­նող ճա­նա­պար­հը։

­Հա­մաշ­խար­հա­յին տար­բեր ու­ժեր մին­չեւ օրս կը շա­հա­գոր­ծեն ­Ճի­հա­տը։ ­Բայց պէտք չէ մոռ­նալ, որ ­Ճի­հատն ալ իր կար­գին հզօր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն մըն է եւ, օգ­տո­ւե­լով զինք շա­հա­գոր­ծել ու­զող­նե­րուն ի­րա­րու մի­ջեւ ու­նե­ցած բա­խում­նե­րէն, հա­սած է այ­սօ­րո­ւան մա­կար­դա­կին։ Ի վեր­ջոյ ճի­հա­տա­կան­ներն ալ ի­րենց հե­ռան­կա­րը ու­նին եւ սխալ է ա­մէն ինչ դի­տել շա­հա­գոր­ծե­լու եւ շա­հա­գոր­ծո­ւե­լու սահ­մա­նու­մով։

­Կարգ մը անգ­լիա­ցի քա­ղա­քա­գէտ­ներ ­Պոլ­շե­ւիկ ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ շա­հա­գոր­ծե­լու հա­մար զօ­րակ­ցած էին ­Հիթ­լե­րեան ­Նա­ցիզ­մին։ Ա­պա՝ ի­րենց գլու­խը փրկե­լու հա­մար, ստի­պո­ւե­ցան այս ան­գամ ­Ռու­սաս­տա­նի հետ դա­շինք կնքե­լու։

­Նա­ցի­նե­րը Բ. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին եւս կրկնե­ցին ­Վիլ­հելմ Բ.ի Իս­լա­մը շա­հա­գոր­ծե­լու ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։ ­Խորհրդա­յին բա­նա­կի այ­լազ­գի գե­րի­նե­րէն հա­կա­ռուս ազ­գայ­նա­կան ջո­կատ­ներ, նաեւ ուղ­ղա­կի իս­լա­մա­կան ջո­կատ­ներ կազ­մե­ցին։

Իս­րայէ­լի վար­չա­պետ ­Նե­թա­նեա­հու նա­խորդ տա­րի ­յայ­տնեց, թէ ­Հիթ­լեր սկիզ­բը չէր նպա­տա­կադ­րած հրեա­նե­րու բնաջն­ջու­մը։ «Ան կ­՚ու­զէր հրեա­նե­րը վտա­րել իր երկ­րէն, սա­կայն ոչ մէկ եր­կիր յօ­ժա­րե­ցաւ հրեա­նե­րը ըն­դու­նե­լու:Ե­րու­սա­ղէ­մի իս­լամ կրօ­նա­պե­տը՝ ­Միւֆ­թին շատ բուռն կեր­պով ա­ռար­կեց հրեա­նե­րուն ­Պա­ղես­տին գաղ­թել։

­Խոր­հուրդ տո­ւաւ տեղ­ւոյն վրայ բնաջն­ջե­լու զա­նոնք։ ­Վար­չա­պե­տի այս խօս­քե­րը քննա­դա­տո­ւե­ցան ­Հիթ­լե­րը ար­դա­րաց­նե­լու մե­ղադ­րան­քով։ Ան­շուշտ որ ­Նե­թա­նեա­հու ­Հիթ­լե­րը ար­դա­րաց­նե­լու նպա­տակ չու­նէր։ Ան այս բո­լո­րը կ­՚ը­սէր ­Հո­լո­քոս­տի մեղ­քը ­Պա­ղես­տի­նին բեռց­նե­լով իր բռնի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար։

­Բա­ցի կրօ­նի գոր­ծօ­նէն, ա­րա­բա­կան ազ­գայ­նա­կա­նու­թիւնն ալ ֆրան­սա­կան եւ անգ­լիա­կան ման­տա­դի դէմ գոր­ծակ­ցե­ցաւ ­Նա­ցի­նե­րուն հետ։ ­Թուր­քիոյ հե­տապն­դած այդ նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը «­Սա­տա­նան մեր մէջ» վէ­պով շատ յա­ջող կը նկա­րագ­րէ 1948ին թուրք խո­րա­մանկ պե­տու­թեան կող­մէ սպան­նո­ւած վի­պա­գիր ­Սա­պա­հատ­տին Ա­լի։

1944ին Ս­տա­լինկ­րա­տի ա­զա­տագ­րու­մէն ետք ­Նա­ցիա­մէտ ­Թու­րա­նա­կան­նե­րը ձեր­բա­կա­լող, ­Կէս­տա­փո­յի կող­մէ մար­զո­ւած ոս­տի­կան­նե­րու ձեռ­քով տան­ջանք­նե­րու են­թար­կող ­Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րու վար­չու­թիւ­նը, դեռ 1945ին, ցուրտ պա­տե­րազ­մէն ալ ա­ռաջ, կրկին շա­հա­գոր­ծեց զա­նոնք։

Այս ան­գամ ազ­գայ­նա­կան­նե­րու ձեռ­քով կը ճնշէր բա­նո­ւոր­նե­րու արհ­միու­թիւն­նե­րը, հա­մալ­սա­րան­նե­րու ու­սա­նո­ղու­թիւ­նը եւ ձա­խա­կող­մեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը։ ­Հան­րա­պե­տա­կան խո­րա­մանկ իշ­խա­նու­թիւ­նը, իբ­րեւ թէ ընդ­դի­մա­դիր «­Տէ­մոք­րաթ» կու­սակ­ցու­թեան հետ միաս­նա­բար, դրդե­ցին կրօ­նի գոր­ծօ­նը։

Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ պէտք չէ զար­մա­նալ՝ ի տես պա­րոն ­Պայ­քա­լի եւ պա­րոն Էր­տո­ղա­նի խո­րունկ բա­րե­կա­մու­թեան։
Ինչպէս որ ­Հիթ­լեր փոր­ձանք ե­ղաւ մարդ­կու­թեան գլխուն, իբ­րեւ գոր­ծիք շա­հա­գոր­ծո­ւած ճի­հա­տա­կա­նու­թիւնն ալ անհս­կե­լի, ան­սան­ձե­լի դար­ձած ու փոր­ձան­քի վե­րա­ծո­ւած է։

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ - «Ա­կօս»