Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հարիւրքսանմէկ տարիներ առաջ, հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի դարաւոր ստրկութեան եւ անոր  հետեւանք՝ ազգային կործանման ստոյգ վտանգին դէմ պայքարելու եւ մեր ժողովուրդին նոր երազներ ու իղձեր հաղորդելու նպատակով՝ ծնունդ առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Միաժամանակ թէ՛ յեղափոխական եւ թէ քաղաքական կազմակերպութեան իր նկարագրով՝ Հ.Յ.Դ. հանդիսացաւ այն կազմակերպութիւնը, որուն վիճակուած էր բախտորոշ դերակատարութիւն ունենալու մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ:

Տարի մը եւս կը բոլորենք, գրեթէ դար մը ու քառորդ հաշուող մեր կազմակերպութեան գործունէութիւնը նշելով: Տօնական օր է ահա՛, որուն արժանաւորապէս կը մասնակցին Հ.Յ.Դ. համաշխարհային կառոյցի բոլոր միաւորներն ու ընկերները:
Հ.Յ.Դ. 121ամեայ գործունէութիւնը միշտ յատկանշուած է խստապահանջ  ու   սեւ աշխատանքով,  տարին միայն մէկ օր յատկացնելով, որպէսզի ըստ արժանւոյն նշուի «Մեր օր»ը:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան 121-ամեայ դժուարին երթը եւ  հսկայական պահանջկոտ գործունէութեան բեռը քաղցր  դարձած են այն գիտակցութեամբ, թէ իր մղած բոլոր տեսակի պայքարներու ընթացքին՝  Հ.Յ.Դ. վայելած է հայ ժողովուրդին նեցուկը:
Այս անվերապահ նեցուկը, հասկացողութիւնը եւ վստահութիւնը եղած են այն շարժիչները, որոնք յառաջ մղած են Հ.Յ.Դ. գործունէութիւնը, նոյնիսկ դժուար օրերուն՝ դիմանալու ուժ հաղորդելով անոր:
Որքան ալ փոխուին ժամանակները եւ անցնին տարիները, այս շարժիչները         կը մնան անփոփոխ, ժողովուրդին ծառայելու գաղափարին մէջ Հ.Յ.Դ. ամբողջ գաղափարաբանութեան խտացումը դառնալով:
Այս շաբաթավերջը յատկանշուած է Հ.Յ.Դ. օրուան տօնակատարութեամբ, որ Աթէնքի մէջ պիտի նշուի Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի Կոմիտէի կազմակերպած ժողովրդային երգահանդէսով: Երկրորդ առիթը Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Պատգամաւորական Ժողովին գումարումն է, որ նոյն շաբաթավերջին կը համընկնի՝ ուրոյն իմաստ տալով տօնական թուականին:
Եթէ անցեալ 121 տարիներու ընթացքին Հ.Յ.Դաշնակցութեան անկեղծ զինուորի վարքագիծը գնահատողը նախ եւ առաջ երիտասարդութիւնը եղած է, ապա           ներկայի դժուարին պայմաններուն տակ, դարձեալ երիտասարդութիւնն է, որ արժէքներ բերողն ու հաստատողն է հայ իրականութեան մէջ: Այսօր թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, քաղաքական խաղի կանոնները ճշդողի դերը ինքնին երիտասարդութեան կը պատկանի: Գիտենք վիճակը, բազմիցս քննած ու քննարկած ենք՝ յունախօս, օտարամշակոյթ եւ անտաբեր երիտասարդութեան կողքին տեսնելով ծիլեր  նետող առողջ այն երիտասարդութիւնը, որ ներկա՛յ է եւ հիասթափուելու իրաւունք չունի: Հ.Յ.Դ. իրերայաջորդ սերունդներէն փոխանցուող ջահը ահա՛ իրենց ձեռքին մէջ վերցնելու պահը  հնչած է, որպէսզի ժամանակակից           արժէքներով օժտուած երիտասարդութիւնը առջեւ գայ եւ իր երազած ձեւով գործէ:
Նոր դարաշրջանի շեմը քսանմէկ տարիներէ ի վեր արդէն կոխած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը շատ աւելի հասուն եւ նպատակակեդրոն աշխատանք տանելու պարտականութեամբ բեռնաւոր է: Կրկնապատիկ երկար է երիտասարդ սերունդի  պարտականութիւններուն շարքը: Թիւերու լեզուով խօսելով - ինչպէս անոնց անդրադարձաւ վերջերս Հ.Յ.Դ. Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը -, Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան 27 առ հարիւրը բաղկացած է երիտասարդ տարրէ, որուն շուրջ 4 առ հարիւրը ուսանողները կը կազմեն: Այսինքն՝ երկրի յաջորդ ղեկավարութիւնը:
Նոյն ատեն, Սփիւռքի գաղութներու մէկ երրորդը կազմուած է հազարումէկ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող երիտասարդ տարրին կողմէ, որուն վերապահուած է գաղութներու ապագայի ղեկավարումը:
Երիտասարդ այս սերունդները հասակ նետած են՝ հաւատալով արդար ու հզօր հայոց պետականութեան ստեղծման, Հայ Դատի պայքարին առաջադրած հայութեան իրաւունքներու ամբողջական ձեռքբերումին: Հաւատքով յառաջ մղուող պահանջատիրական այդ պայքարին հանգրուանային նպատակներն են Արցախի ազատագրուած շրջաններու վերաբնակեցումը, Ջաւախքի հայութեան ինքնավարութեան ամրագրումը, Նախիջեւանի հայկական դրոշմին պահպանումը համաթրքական ոչնչացման դէմ եւ նոյնինքն Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան ժառանգորդներուն ազգային պաշտպանութիւնը, ի վերջոյ, վերատիրացումը պապենական մեր հողերուն: Դժուա՞ր իրագործելի ծրագրեր: Բայց մի՞թէ դժուար չէին Հ.Յ.Դ.ի առաջադրած ծրագրերը, մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալին: Եւ մի՞թէ այդ դժուար նկատուած ծրագրերը չէին, որ երազ ու սլացք տուին իրերայաջորդ հայ սերունդներուն:
1890էն սկսեալ, թուրքի բռնատիրութեան եւ ծաւալապաշտութեան դէմ իր պայքարէն, Հայ Դատի արդարացի լուծումը միջազգային հրատապութեամբ օրակարգի վերածելէն, Սփիւռքը ազգային տեսակէտէ կենդանի պահելու իր գոյապայքարէն մինչեւ Արցախի ազատագրական պայքարն ու Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումը, եւ ներկայիս իբրեւ Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման, հզօրացման ու արմատական բարեկարգման համար պայքարող խորհրդարանական՝ համահայկական կուսակցութիւն, Հ.Յ.Դ. հաստատ կը մնայ իր ազգային ու ընկերային հաւատամքին եւ քաղաքական ու տնտեսական առաջադրանքներուն վրայ: