Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՏիգ­րան Ե­կա­ւեան auroraprize.comի վրայ կը գրէ‚ որ ­Շա­մի­րամ ­Սե­ւա­կի հանգս­տեան կոչ­ման տան մէջ (­Նի­սի մօտ) պա­տո­ւոյ տեղ կը գրա­ւէ ման­կու­թեան լու­սան­կար մը‚ ո­րուն մէջ ա­նոր կող­քին են եղ­բայրն ու մայ­րը։

 

­Սա­կայն այս մէ­կը ըն­տա­նե­կան ար­ձա­կուր­դի մը ու­րա­խա­լի պա­հի մը ան­մա­հա­ցու­մը չէ։ ­Խո­ժո­ռա­դէմ նշեալ ե­րեք ան­ձե­րը լու­սան­կա­րո­ւած են 1915ի աշ­նան՝ ­Պոլ­սոյ մէջ։ Ա­նոնց մայ­րը սեւ հա­գած է՝ իբ­րեւ սու­գի նշան‚ ա­նոնց հայ­րը յա­ւի­տեանս հե­ռա­ցած է։ ­Մեծ դժբախ­տու­թիւն մը ան­դառ­նա­լի կեր­պով փո­խած է այս ըն­տա­նի­քին ճա­կա­տա­գի­րը։

«Այս էր լու­սան­կա­րը այն ան­ցագ­րին‚ ո­րուն շնոր­հիւ ­Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նին օ­ժան­դա­կու­թեամբ կա­րո­ղա­ցանք փա­խուստ տալ»‚- կ’ը­սէ ­Շա­մի­րամ։ 1915ին‚ ան հա­զիւ մէկ տա­րե­կան էր‚ իր եղ­բայ­րը՝ ­Լե­ւո­նը՝ 3։ Ա­նոնց մայ­րը՝ ­Ճե­նին կը փոր­ձեր ­Պոլ­սոյ մէջ ­Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նա­տու­նէն կապ հաս­տա­տել ­Գեր­մա­նիա գտնո­ւող իր ա­ներ հօր հետ։ «­Չէինք կրնար դուրս ել­լել‚ սահ­ման­նե­րը փա­կո­ւած էին»‚- կը վեր­յի­շէ ­Շա­մի­րամ՝ ա­ւելցնե­լով.- «­Պա­տե­րազմ էր եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ըն­թաց­քի մէջ էր։ Բ­նաջնջու­մի վտան­գը կը դի­մագ­րա­ւէինք»։

­Հայ­րա­կան ու­ժեղ կեր­պար մը
­
Շա­մի­րամ ծնած է ­Պո­լիս, 10 ­Յու­լիս 1914ին։ Ան չէ ճանչ­ցած իր հայ­րը։ ­Վեր­ջինս ձեր­բա­կա­լո­ւած է‚ երբ ան ե­րե­խայ էր եւ եր­բեք չէ վե­րա­դար­ձած։ ­Սա­կայն ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը այ­սօր եւս կը զգա­ցո­ւի‚ ըն­տա­նի­քին եւ ամ­բողջ հայ­կա­կան աշ­խար­հին մէջ։ ­Ռու­բէն ­Չի­լին­կի­րեան կը շա­րու­նա­կէ հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ ա­կա­նա­ւոր դէմք մը մնալ։ ­Շա­մի­րամ իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին շա­րու­նա­կած է մնալ կա­խար­դա­կան ազ­դե­ցու­թեա­նը տակ իր հօր‚ որ բա­ցա­կայ է‚ սա­կայն զար­մա­նա­լիօ­րէն ա­մէ­նու­րե՛ք է։ ­Շա­մի­րա­մի սե­նեա­կը զար­դա­րո­ւած է իր սի­րե­լի ծնող­քին լու­սան­կար­նե­րով։ «Ա­նոնց­մէ եր­բեք չեմ բաժ­նո­ւիր»‚- կ’ը­սէ ան՝ ա­ւելց­նե­լով.- «­Տեղ մը յա­ւի­տեանս մնա­ցած եմ մա­նուկ մը»։

­Վե­րա­դարձ ­Պո­լիս

1914ի սկիզ­բը‚ պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն ա­ռաջ, ­Ռու­բէն կ’ո­րո­շէ վե­րա­դառ­նալ ­Պո­լիս։ ­Ճե­նին‚ որ ­Շա­մի­րա­մով յղի էր՝ նո­ւազ խան­դա­վառ էր։ «­Հայրս չէ ու­զած մտիկ ը­նել մօրս։ Ան այս ծրա­գի­րին դէմ էր»‚- կ’ը­սէ ան։

­Ռու­բէն իբ­րեւ բժիշկ նկա­տա­ռե­լի համ­բաւ շա­հած էր‚ սա­կայն կ’ե­րա­զէր վե­րա­դառ­նալ եւ իր ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յել։ Կ­’ու­զէր հա­յե­րէն բժշկա­կան պար­բե­րա­թերթ մը հրա­տա­րա­կել եւ ժա­մա­նա­կը յատ­կաց­նել բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ու գրա­կան աշ­խա­տան­քի։

Երբ պա­տե­րազ­մը սկսաւ‚ ­Ռու­բէն Օս­մա­նեան բա­նա­կի բժշկա­կան բա­ժան­մուն­քին մէջ սպայ մըն էր։ Ա­նոր թուրք հրա­մա­նա­տար­նե­րը ­Չա­նա­քա­լէի պաշտ­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոր քա­ջու­թիւնն ու հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը մատ­նան­շած են։

­Սա­կայն երբ վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս‚ մար­դիկ ա­նոր դու­ռը զար­կին եւ հրա­մա­յե­ցին, որ դուրս գայ։ Օ­րը 22 ­Յու­նիս 1915 էր։ «­Հայրս ձե­ւով մը գի­տէր‚ որ մօրս վերս­տին եր­բեք պի­տի չտես­նէ»‚- կ’ը­սէ ­Շա­մի­րամ՝ ա­ւելց­նե­լով.- «­Վեր­ջին խօս­քե­րը ե­ղան.- «Եր­բեք մի մոռ­նար‚ որ զա­ւակ­ներդ հայ են»։

­Հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու շար­քին ձեր­բա­կա­լո­ւե­լով՝ ­Ռու­բէն վեց օր ետք աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Չան­կի­րի‚ ուր թուրք զի­նեալ ա­ւա­զա­կի մը՝ հա­յաս­պան Ա­թա­պաշ Իս­մա­յի­լի դուստ­րը դար­մա­նեց։ Երբ ա­նոր աղ­ջի­կը սի­րա­հա­րո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ բժիշ­կին՝ ա­նոր հայ­րը ­Ռու­բէ­նին կոչ ուղ­ղեց իս­լա­մա­նա­լու‚ աղջ­կան հետ ա­մուս­նա­նա­լու եւ խա­ղա­ղու­թեամբ ապ­րե­լու։

­Ռու­բէն մեր­ժեց։ 28 Օ­գոս­տոս 1915 թո­ւա­կիր վեր­ջին հե­ռա­գի­րին մէջ ­Ռու­բէն իր կնոջ յայտ­նեց‚ որ իր բա­րե­կա­մին՝ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նին հետ զի­րենք կը փո­խադ­րեն Ա­յաշ։ Ա­նոնք եր­կու­քը սպան­նուե­ցան նոյն օ­րը՝ ­Սա­փա­լի մօտ ճամ­բուն վրայ։

­Ճե­նիի սե­փա­կան պայ­քա­րը
­
Ռու­բէ­նի ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն ետք՝ ­Ճե­նի դի­մեց իր հօր օ­ժան­դա­կու­թեան։ Ան կը յու­սար‚ որ գեր­մա­նա­կան բա­նա­կէն հանգս­տեան կո­չո­ւած Ֆ­րանց Ափ­փել ­Տոր պի­տի կա­րո­ղա­նայ՝ գեր­մա­նա­կան եւ օս­մա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նե­լով՝ իր ա­մու­սի­նին ա­զատ ար­ձա­կու­մը ա­պա­հո­վել։

­Հար­ցը հա­սաւ իշ­խա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կին‚ սա­կայն ի զուր։ «­Մայրս հրա­ժա­րե­ցաւ ­Գեր­մա­նիոյ հպա­տա­կու­թե­նէն եւ 1918ին ստա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցիու­թիւ­նը։

­Մե­զի հետ եր­բեք գեր­մա­նե­րէն չխօ­սե­ցաւ եւ միշտ մեր­ժեց այդ եր­կի­րը վե­րա­դառ­նալ։ Ես կէս-գեր­մա­նա­ցի եմ‚ սա­կայն եր­բեք ­Գեր­մա­նիա չեմ այ­ցե­լած»‚- կ’ը­սէ ­Շա­մի­րամ։

­Փորձ մը եւս
­
Փոքր ըն­տա­նի­քը հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Փա­րի­զի մէջ։ ­Ճե­նի Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նին նա­մակ գրե­լով խնդրեց‚ որ իր զա­ւակ­նե­րուն հա­յե­րէն կրթու­թիւն ստա­նա­լուն օ­ժան­դա­կէ։

1918ին պա­տե­րազ­մը վեր­ջա­ցաւ եւ ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի ծնող­քը՝ ­Շա­մի­րամն ու ա­նոր եղ­բայ­րը հիւ­րըն­կա­լե­ցին ­Սի­լիվ­րիի մէջ‚ ուր մեծ ա­գա­րակ մը ու­նէին։ ­Սա­կայն երբ քե­մա­լա­կան­նե­րը դաշ­նա­կից ու­ժե­րը երկ­րէն վտա­րած են, ­Շա­մի­րա­մի մայ­րը իր զա­ւակ­նե­րուն վրայ վախ­նա­լով վե­րա­դար­ձած է ­Փա­րիզ։

­Շա­մի­րամ շատ մը ա­ռիթ­նե­րով այ­ցե­լած է ­Հա­յաս­տան եւ հպարտ էր տես­նե­լով երկ­րին հե­րոս­նե­րու ա­նուն­նե­րուն շար­քին իր հօր ա­նու­նը։ ­Նոյ­նիսկ այ­սօր ան կը հա­ւա­տայ‚ թէ իր ըն­տա­նի­քին պատ­մու­թիւ­նը պատ­մե­լը կա­րե­ւոր է։ «­Բան մը զիս պաշտ­պա­նեց։ ­Զիս հո­գա­ցող կար եւ այդ­պի­սով վկա­յի մը վե­րա­ծո­ւե­ցայ։ ­Տա­կա­ւին կեն­դա­նի եմ‚ ո­րով­հե­տեւ պէտք է վկա­յու­թիւն տամ»‚- կ’ը­սէ ան: