«Օտարն սիրում է իբրեւ մեզ հիւրի,
Եւ մեր հացն ու ջուր դարձնում է լեղի»:
Ա. Ժամկոչեան
Մենք բան չենք ուզեր մեր հայրենիքէն,
բացի մեր գիւղէն, որուն մէջ կ'ապրինք,
ու կը մշակենք հողը մեր արտին
ու փառք կու տանք մենք, ազատ մեր երկրին:
Ապրումներն այս մենք կþերազէինք
երկար տարիներ օտարութեան մէջ,
եւ հիմա առիթ տրուեցաւ մեզի,
որ երազը մեր դարձնենք գործի:
Հայրենիքը մեր նպատակ էր միշտ,
հայ գիւղացիին դառնալ բարեկամ,
որ հողին փարած կþաշխատի տենդով
եւ հպարտ կը զգայ իր հայրենիքով:
Բայց մարդիկ ալ կան, որ դժբախտ կը զգան
ու կը գանգատին իրենց ծոյլ կեանքէն:
«Երկիրը երկիր չէ» կ'ըսեն օրն ի բուն
ու իրենց տունը անտէր կը թողուն:
Այսպիսիները թող լաւ իմանան,
ուր որ ալ երթան նոյնը կը մնան,
երբ չունին ոգի, աշխատելու կամք,
ու իրենց երկրէն լոկ զզուանք կը զգան:
Օտարի երկրին ապրիլը խեղճ է,
օտարը քեզի «օտար» կ'անուանէ:
Հայաստանն է քո սուրբ օճախը,
որ կեանքդ ամբողջ կ'իմաստաւորէ:
Մարգար Շարապխանեան
Ուշի գ.