Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ա­զատ Օր»ի է­ջե­րուն հպար­տու­թեամբ կար­դա­ցի «­Փա­րոս»ի տպագ­րու­թեան ու ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան գնա­հա­տե­լի եւ քա­ջա­լե­րե­լի ի­րո­ղու­թեան մա­սին, որ ի­րա­պէս յաղ­թա­կան ի­րա­գոր­ծում մըն է:
Սա­կայն այն­տեղ հե­տաքրք­րու­թեամբ կար­դա­ցի հե­տե­ւեալ տո­ղը. «­Հա­յե­րը միշտ ալ լաւ գործ մը գնա­հա­տե­լու մշա­կոյ­թը ու­նե­ցած են»: Ան­խու­սա­փե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը

այն ե­ղած է, որ նա­խա­դա­սու­թեան շա­րա­հիւ­սու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի ան­ցեալ կա­տա­րեալ ե­ղա­նա­կին, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րը այդ մշա­կոյ­թը ու­նե­ցած են... իսկ հի­մա ար­դէն չու­նին:

Առ այդ՝ կը հա­մար­ձա­կիմ այդ մէ­կը կո­չե­լու «­Կոր­սո­ւած Մ­շա­կոյթ» մը:
Ինչ­պէս գի­նիի պա­րա­գա­յին միշտ ալ հի­նը ա­ւե­լի ար­ժէ­քա­ւոր ու յար­գի է, նոյնն է նաեւ մեր պա­րա­գա­յին, ո­րով­հե­տեւ ու­րա­խու­թեան մէջ միշտ ալ հի­նը եւ ան­ցեա­լի­նը ե­ղած են ա­ւե­լի հայ­կա­կան, ա­ւե­լի կա­տա­րեալ քան ներ­կա­յի­նը: Ընդ­հան­րա­կան այս հաս­տա­տու­մը կա­րե­լի է հիմ­նա­ւո­րել ա­մէն պա­րա­գան­նե­րու՝ մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս:

Հա­յե­րուս մօտ, նա­մա­նա­ւանդ վեր­ջին քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րուն ա­ռա­ւել եւս յայտ­նի ու զգա­լի է այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ դժբախ­տա­բար նաեւ այս օ­րե­րուս ամ­բողջ աշ­խար­հը կը դի­մագ­րա­ւէ. մար­դիկ կը սկսին դա­տո­ւիլ ու գնա­հա­տո­ւիլ ոչ թէ ի­րենց ար­ժա­նիք­նե­րով եւ գոր­ծու­նէու­թեամբ, այլ ա­նուն­նե­րով ու դիր­քե­րով: Մ­տա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ հայ­կա­կան ա­մէն տե­սակ ի­մա­ցա­կա­նու­թեան տէր ան­ձեր դիւ­րու­թեամբ կը փո­խա­րի­նո­ւին նիւ­թա­կա­նի եւ կամ պաշ­տօ­նի տէ­րե­րով:

Դա­րեր ա­ռաջ եւ նոյ­նիսկ 1800ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, կա­յին այդ ա­նար­դար տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, սա­կայն յստակ ու ար­դար այն տար­բե­րու­թեամբ, որ մար­դիկ կը գնա­հա­տո­ւէին նաեւ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեամբ: Ա­յո ա­ղա­նե­րը, մե­ծա­հա­րուստ­ներն ու «է­ֆէն­տի»նե­րը ա­մէ­նու­րեք կը յար­գո­ւէին եւ կ’ար­ժա­նա­նա­յին մար­դոց քաղցր վե­րա­բեր­մուն­քին, սա­կայն ա­նոնց կող­քին նիւ­թա­պէս ոչ լաւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ օ­րի­նակ Ե­րո­ւանդ Օ­տեան, Յա­կոբ Պա­րո­նեան եւ ա­նոնց շար­քին շատ մը գրող­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ ու խմբա­գիր­ներ եւս ու­նէին ի­րենց տեղն ու ար­ժէ­քը հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ, ո­րուն նո­ւա­զե­ցու­մը եւ գրե­թէ ան­հե­տա­ցու­մը կ’ապ­րինք ու կը տես­նենք ներ­կա­յիս:

Ա­ւե­լի քան դար մը ա­ռաջ գրո­ւած Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի «­Մե­ծա­պա­տիւ Մու­րաց­կան­ներ»ը, ի­րա­պէս ալ, հրա­շա­լի մար­գա­րէա­ցումն է այ­սօ­րո­ւան մեր ներ­կայ դրու­թեան: «­Մե­ծա­պա­տիւ Մու­րաց­կան­ներ»ը, «Տժվ­ժիկ»ը եւ ա­նոնց նման բազ­մա­թիւ գոր­ծեր տա­կա­ւին կը պա­հեն ի­րենց այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ մին­չեւ օրս եւ հե­տա­գա­յին եւս՝ հա­զա­րա­ւոր Ա­բի­սո­ղոմ Ա­ղա­ներ պի­տի ծնունդ առ­նեն, ա­ռանց եր­բեք դա­դար ու­նե­նա­լու:
Ի­րա­պէս ալ հրա­շա­լի գա­ղա­փար կ’ըլ­լայ՝ նո­ւա­զա­գոյ­նը վե­րո­յի­շեալ եր­կու գոր­ծե­րը թարգ­մա­նել աշ­խար­հի բո­լոր լե­զու­նե­րով եւ նկա­րա­հա­նել զա­նոնք, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք հայ­կա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցե­լով հա­մա­մարդ­կա­յին ի­րա­կա­նու­թեան կը պատ­կա­նին, քա­նի որ նոյն ախ­տը ա­մէն տեղ ալ կայ, ա­ւե­լի նո­ւազ կամ ա­ռա­ւել աս­տի­ճա­նա­ւո­րում­նե­րով:

Ա.- «Ի՞ն­չը Կար­դալ»էն դէ­պի «Ո­րո՞ւն Կար­դալ»ը:

Մ­շա­կու­թա­յին ու մտա­ւո­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ար­դէն իսկ «Ի՞ն­չը կար­դալ» ի­րո­ղու­թիւ­նը գո­յու­թիւն չու­նի, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս ը­սինք «լաւ գործ մը գնա­հա­տե­լու մշա­կոյ­թը կնքած է իր մահ­կա­նա­ցուն»: Ար­դէն իսկ հի­մա եր­բեք կա­րե­ւո­րու­թիւն չի ներ­կա­յաց­ներ, թէ գրո­ւա­ծը ի՞նչ է, հա­յե­րէն լե­զո­ւի ի՞նչ մա­կար­դակ կը ներ­կա­յաց­նէ, ո­րով­հե­տեւ շատ ան­գամ ար­դէն իսկ յօ­դո­ւած­ներ հա­մա­ցան­ցի եւ կամ թեր­թի մէջ կը կար­դա­ցո­ւին ա­ռա­ջին հեր­թին հե­ղի­նա­կին ա­նու­նը կար­դա­լէ ետք: Ձեր հետ ալ այդ­պէ՞ս չէ... նախ կը կար­դա­ցո­ւի վեր­նա­գի­րը եւ ա­պա հե­ղի­նա­կը, ո­րով­հե­տեւ սկսած է գրո­ղը ար­ժէք ներ­կա­յաց­նել ա­ւե­լի քան գրո­ւա­ծը եւ վայ թէ այդ գրո­ղը պատ­կա­նի «դի­մա­ցի» կող­մին, եւ կամ կար­դա­ցո­ղին կող­մէ չսի­րո­ւած անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը ըլ­լայ... յօ­դո­ւա­ծը փի­լի­սո­փա­յա­կան նոր յայտ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով լե­ցուն ալ ըլ­լայ, ո՛չ մէկ օ­գուտ: Յօ­դո­ւա­ծը կը դա­սո­ւի «ան­կա­րե­ւոր»նե­րու շար­քը:

«Ի՞նչ»էն «ո­րո՞ւն» անց­նե­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նենք ա­մե­նա­պարզ ձե­ւով. «Facebook»ի վրայ պարզ ան­հատ մը թող գրէ ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի վար­պե­տու­թեամբ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը, շա­րադ­րէ ան­հեր­քե­լի ի­րո­ղու­թեան մը հաս­տա­տու­մը, շա­րա­հիւ­սա­կան ու գե­ղա­գի­տա­կան կա­տա­րեալ ա­մէն տո­ւեալ­նե­րով... ա­նոր տակ հա­ւա­նա­բար «Like»ի թի­ւը կը հաս­նի 10-12ի... ա­ռա­ւե­լա­գոյն պա­րա­գա­յին: Իսկ ան­դին անձ մը եւ կամ գե­ղե­ցիկ օ­րիորդ մը ա­մե­նա­պարզ ու հա­սա­րակ ձե­ւով թող գրէ «Bye… bye…» ու այդ ժա­մա­նակ հե­տե­ւե­ցէք մար­դոց այդ եր­կու մտա­յին ոչ մէկ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող հա­սա­րակ հաս­տա­տու­մի քննար­կում­նե­րուն....:

Այլ օ­րի­նակ մը եւս. այ­սօր ես կրնամ կա­պիկ­նե­րու նման ցատկռ­տե­լով տե­սաե­րիզ տե­ղադ­րել հա­մա­ցան­ցի վրայ ու մար­դոց մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ ստա­նալ «տգէտ», «ան­միտ», «ման­կա­միտ» ու նման հա­զար ու մէկ հիմ­նա­ւո­րում­ներ... բայց նոյն բա­նը երբ կա­տա­րէ հա­ւա­նա­բար տա­րի­քիս եր­կու ան­գամ ա­ւե­լի ա­մե­րի­կա­ցի եր­գիչ մը... ու նոյն այդ «ան­միտ» «տգէտ» կո­չող մար­դիկ նոյն ե­րե­ւոյ­թին վրայ սքան­չա­ցած մնան ու գնա­հա­տեն.... ո­րով­հե­տեւ ի՞նչ ը­նե­լը չէ որ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ, այլ՝ ո­րո՞ւն ը­նե­լը...:

Նոյնն է նաեւ այ­սօր մա­մու­լի պա­րա­գան. կա­րե­ւո­րու­թիւն չի ներ­կա­յաց­ներ, թէ ա­նոր մէջ ի՞նչ մա­կար­դա­կի հայ­րե­նա­սի­րա­կան կամ ազ­գա­սի­րա­կան շա­հե­կան յօդո­ւած­ներ ու գրու­թիւն­ներ կը տե­ղադ­րո­ւին. բա­ւա­րար է գիտ­նալ գրո­ղին եւ կամ պատ­րաս­տող­նե­րուն ո՞վ ըլ­լա­լը, ու վստահ ե­ղէք ամ­բողջ մա­մու­լը ման­կա­կան յօ­դո­ւա­ծով ալ ո­ղո­ղո­ւի՝ մար­դիկ յօ­ժար ու պատ­րաստ են գնա­հա­տե­լու, ո­րով­հե­տեւ ար­դա­րու­թեան ու հա­ւա­սա­րու­թեան ար­ժե­չա­փե­րը կրած են ամ­բող­ջա­կան փո­փո­խու­թիւն՝ դառ­նա­լով մա­հո­ւան պատ­ճա­ռը ե­րա­նե­լի «գնա­հա­տե­լու մշա­կոյթ»ին:

Բ.- Ա՞ն­ձը, թէ՞ գոր­ծը

Երկ­րորդ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր կէտն է, որ մեր մօտ գրե­թէ գո­յու­թիւն չու­նի,- կա­րե­նալ զա­նա­զա­նել ան­ձը իր գոր­ծե­րէն…: Կր­նանք բո­լորս տո­ւեալ անձ մը չսի­րել, սա­կայն մեր զինք չսի­րե­լը ար­դեօք պատ­ճա՞ռ է, որ իր կա­տա­րած ար­դիւ­նա­բեր գոր­ծը չգնա­հա­տենք:
Ճիշդ այդ կէ­տին մէջ է մեր հիմ­նա­կան սխա­լը, ո­րով­հե­տեւ սո­վո­րու­թիւ­նը ու­նինք մար­դի­կը դա­տե­լու ի­րենց գոյ­նէն… ինչ­քա՜ն ալ ան մեծ միտ­քի, գի­տու­թեան ու կա­րո­ղու­թեան տէր ըլ­լայ, ինչ­քա՜ն մեծ աշ­խա­տանք տա­րած ըլ­լայ հայ լե­զո­ւի պահ­պա­նու­թեան, հայ մշա­կոյ­թի տա­րած­ման ծի­րէն ներս՝ այդ մէ­կը եր­բեք կա­րե­ւո­րու­թիւն չ­՛ու­նե­նար… շատ դիւ­րաւ կրնայ ա­տո­ւիլ, ո­րով­հե­տեւ ինք այլ գոյ­նէ է, որ մեր գոյ­նէն չէ:

Ե­թէ 15 քի­լօ ոս­կի դրո­ւած ըլ­լայ պար­կի եւ կամ թի­թե­ղէ տու­փի մը մէջ, ա­նոր տար­բե­րու­թիւ­նը ի՞նչ է… ոս­կին միշտ ալ ոս­կի է եւ ա­նոր ար­ժէ­քը ան­փո­փոխ է, սա­կայն մենք միշտ ալ ներ­քին ար­ժէք­ներն ու ար­ժա­նիք­նե­րը ձգած՝ մեր կեդ­րո­նա­ցու­մը ուղ­ղած ենք ար­տա­քին տես­քե­րուն, հա­գուստ­նե­րու ճո­խու­թեան եւ մա­նա­ւանդ գոյ­նե­րու տար­բե­րու­թեան… մոռ­նա­լով, որ Հա­յը Հայ է իր Հա­յու­թեամբ եւ ոչ թէ միւս ե­րե­ւոյթ­նե­րով:

Միշտ ալ պէտք է գիտ­նալ, որ այս կամ այն կու­սակ­ցու­թեան պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, այս կամ այն նկա­րա­գի­րի յո­ռի գի­ծը, մարդ­կա­յին ա­մէն տե­սակ թե­րու­թիւն­ներ ու տկա­րու­թիւն­ներ սահ­մա­նո­ւած են հող դառ­նա­լու. մնա­յու­նը միայն գործն է եւ Հայ Ազ­գի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման հա­մար, մենք ե­րեւ­ցող ան­ձե­րէ ա­ւե­լի գոր­ծող­նե­րու պէտք ու­նինք, ո­րով­հե­տեւ քծնան­քով պաշ­տօ­նի հաս­նի­լը միայն պաշ­տօ­նը ստա­ցո­ղին գրպան­նե­րուն ու­րա­խու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ, իսկ ան­դին գոր­ծը եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը դի­մեն տեղ­քայ­լի ու ա­պա յետ­քայ­լի:

Առ այդ, թող բո­լոր ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, սկսեալ ե­կե­ղե­ցիէն մին­չեւ ա­մե­նա­հա­մեստ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ան­ձը թող դա­տեն ու գնա­հա­տեն լոկ իր գոր­ծե­րով, ո­րով­հե­տեւ մենք գոր­ծո­ղի կա­րիք ու­նինք: Եւ կը կար­ծեմ այդ է պատ­ճա­ռը, որ ներ­կա­յիս «Ազ­գա­յին Գոր­ծիչ»ի ե­րե­ւոյ­թը մա­հա­ցած է, ո­րով­հե­տեւ գոր­ծող­ներ գրե­թէ չեն մնա­ցած... այլ յայտ­նո­ւած են լոկ ե­րեւ­ցող­ներ:

Կ. ԽԱՉԵՐ