Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՀա­մաշ­խար­հա­յին տպա­գիր, ե­թե­րա­յին եւ է­լեկտ­րո­նիք մա­մու­լը կը յոր­դի Պ­րիւք­սե­լի վեր­ջին ոճ­րա­յին դէպ­քե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, վեր­լու­ծում­նե­րով եւ «վեր­լու­ծում­նե­րով»:

Կան եր­կու ու­շագ­րաւ ա­րար­ներ, զորս անհ­րա­ժեշտ է քով-քո­վի բե­րել, որ­պէս­զի պատ­կե­րը ա­ւե­լի յստա­կա­նայ:
Ա­րար ա­ռա­ջին:

Դէպ­քէն մէկ օր ետք, հե­տե­ւեալ ու­շագ­րաւ լու­րը հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ. ու­րեմն, ոճ­րա­յին ա­րար­քի են­թադ­րեալ հե­ղի­նակ­նե­րէն մէ­կը՝ Իպ­րա­հիմ Պահ­րաո­ւի ա­նու­նով, ա­միս­ներ ա­ռաջ ձեր­բա­կա­լո­ւած է Թուր­քիոյ մէջ, երբ, ըստ թրքա­կան պե­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու, կը փոր­ձէ ե­ղեր Սու­րիա անց­նիլ: Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զինք… ար­տաք­սած են Հո­լան­տա (այն­տե­ղէն Թուր­քիա մտած ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով), Պել­ճի­քա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն տե­ղե­կաց­նե­լով, որ են­թա­կան (Էր­տո­ղա­նի բա­ռե­րով) «վտան­գա­ւոր ա­հա­բե­կիչ մըն է»: Պել­ճի­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ի­րենց կար­գին, զայն ա­զատ ար­ձա­կած են, ո­րով­հե­տեւ ոչ մէկ ա­պա­ցոյց գտած են Պահ­րաո­ւիի «վտան­գա­ւոր» ըլ­լա­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ:

Էր­տո­ղան, իբ­րեւ ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ… ՏԱՀԵ­Շի դէմ պայ­քա­րող «անն­կուն մար­տիկ», այս ձե­ւով Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան կ­՛ը­սէ՝ «ձե­զի չը­սի՞նք»...
Ա­րար երկ­րորդ:

Չո­րեք­շաբ­թի օր, հե­ռա­տե­սի­լի ռու­սա­կան Russia Today (RT) կա­յա­նը նոր ու ցնցիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դեց, այս ան­գամ Թուր­քիոյ եւ ՏԱՀԵ­Շի սերտ կա­պե­րուն մա­սին: Ն­շեալ կա­յա­նի լրագ­րող­նե­րը Սու­րիոյ քիւր­տե­րուն կող­մէ ՏԱՀԵ­Շէն ա­զա­տագ­րո­ւած գօ­տիին մէջ գտան, նկա­րա­հա­նե­ցին եւ հրա­պա­րա­կե­ցին քիւր­տե­րուն կող­մէ գրա­ւո­ւած փաս­տա­թուղ­թեր, ուր յստա­կօ­րէն կ­՛ե­րե­ւին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, թէ ինչ­պէ՞ս սու­րիա­կան քա­րիւ­ղը Թուր­քիա կը փո­խադ­րո­ւի, թո­ւա­կան­նե­րով, բեռ­նա­կառ­քե­րու վա­րորդ­նե­րու ցու­ցակ­նե­րով, քա­րիւ­ղի քա­նա­կով եւ սա­կա­գի­նով (տա­կա­ռը 12 տո­լար):

Հ­րա­պա­րա­կո­ւե­ցան նաեւ ՏԱՀԵ­Շի զի­նեալ­նե­րու ան­ցա­գիր­նե­րու պատ­կեր­ներ, ուր յստա­կօ­րէն կ­՛ե­րե­ւէին ոչ միայն ա­նոնց ա­նուն­նե­րը եւ հպա­տա­կու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ ա­նոնց Թուր­քիա մուտ­քի կնիք­նե­րը.- «­Կի­րիշ» (մուտք):

Ա­ռա­ւել, պաս­տա­ռէն ցու­ցադ­րո­ւե­ցան նշեալ ծայ­րա­յե­ղա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան քա­րոզ­չա­կան թեր­թիկ­ներ ու գրքոյկ­ներ, ո­րոնց վեր­ջա­ւո­րու­թեան յստա­կօ­րէն կ­՛ե­րե­ւէին տպա­րա­նին ա­նունն ու հաս­ցէն, որ (գու­շա­կե­ցիք ար­դէն) Թուր­քիոյ մէջ է:

Ռու­սա­կան նշեալ կա­յա­նի լրագ­րող­նե­րը նաեւ քիւր­տե­րուն ձեռ­քը գե­րի ին­կած ՏԱՀԵ­Շի զի­նեալ­նե­րուն հետ ի­րենց կա­տա­րած հար­ցազ­րոյց­նե­րէն հա­տո­ւած­ներ հրա­պա­րա­կե­ցին, ուր են­թա­կա­նե­րը բե­րա­նա­ցի բա­ցատ­րու­թիւն­ներ եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ տո­ւին Թուր­քիոյ հետ ի­րենց ու­նե­ցած սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին:
Ու այս բո­լո­րէն ետք, Էր­տո­ղան Եւ­րո­պա­յին կ­՛ը­սէ՝ «­Ձե­զի չը­սի՞նք»...
Մեր մե­ծե­րը ի­մաս­տուն խօսք մը ու­նին՝ «Է­շը ինք է, փա­լա­նը (հա­մե­տը) իմ վրաս պի­տի ան­ցը­նէ»:

Սու­րիոյ դէմ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն իսկ ակն­յայտ էին Թուր­քիոյ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ մեղ­սակ­ցու­թիւ­նը: Նոյն­քան ակն­յայտ էր Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը զի­նե­լու, մար­զե­լու, ա­նոնց ա­պաս­տան ու ա­մէն ձե­ւի գործ­նա­կան ու քա­ղա­քա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու ի­մաս­տով: Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ե­րե­ւան ե­կած նո­րա­նոր փաս­տերն ու ա­պա­ցոյց­նե­րը պար­զա­պէս նոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ի յայտ բե­րին:

Միւս կող­մէ, սա­կայն, Եւ­րո­պա­յի ու Մ. Նա­հանգ­նե­րու մէջ նոյն այս ծայ­րա­յեղ խմբա­ւո­րում­նե­րուն կող­մէ գոր­ծո­ւած ա­րիւ­նա­լի նախ­ճիր­նե­րը ո­չինչ փո­խե­ցին ՆԱԹՕի ան­դամ Թուր­քիոյ նկատ­մամբ Ա­րեւ­մուտ­քի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ:

Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հա­մար շատ յստակ էր, որ ան­ցեալ աշ­նան դէ­պի Եւ­րո­պա կա­տա­րո­ւած «գաղ­թա­կա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նը» ո­րո՞ւ կող­մէ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած-բե­մադ­րո­ւած էր: ՆԱԹՕի ան­դամ Թուր­քիո՛յ: Ար­դի՞ւն­քը՝ Թուր­քիան վար­ձատ­րուե­ցաւ 6 մի­լիառ տո­լա­րով եւ քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր զի­ջում­ներ ստա­ցաւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թե­նէն, որ կար­ծէք ծուն­կի ե­կած է:

Նոյ­նիսկ հի­մա, երբ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ ՆԱԹՕի կեդ­րոն Պ­րիւք­սէ­լի մէջ ա­րիւ­նա­լի ո­ճիր կը պա­տա­հի (31 սպա­նեալ եւ 270 վի­րա­ւոր), դժո­ւար չէ նկա­տել նոյն ՆԱԹՕի ան­դամ Թուր­քիոյ մեղ­սակ­ցու­թիւ­նը, առ­նո­ւազն լուռ ձե­ւով: Ո­րով­հե­տեւ, ինչ­պէ՞ս կը պա­տա­հի, որ «վտան­գա­ւոր ա­հա­բե­կիչ» մը կը ձեր­բա­կա­լո­ւի եւ փո­խա­նակ դա­տո­ւե­լու եւ օ­րի­նա­կան տնօ­րի­նու­մի են­թար­կո­ւե­լու, «կ­՛ար­տաքսուի»: Չմ­տա­ծե՞լ ար­դեօք, որ ար­տաք­սո­ւե­ցա՞ւ, թէ՞... գոր­ծուղ­ղո­ւե­ցաւ:

Պարզ է, որ յան­ձինս Սու­րիոյ մէջ գոր­ծող զի­նեալ ծայ­րա­յեղ իս­լամ խմբա­ւո­րում­նե­րուն, Թուր­քիա իր ձեռ­քը ու­նի կա­մա­կա­տար­ներ, ո­րոնք կո­չո­ւած են իր կեղ­տոտ գոր­ծե­րը ը­նե­լու:
Սա­կայն այս բո­լո­րը «կը վրի­պին» ոչ միայն Ա­րեւ­մուտ­քի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու տե­սա­դաշ­տէն, այլ նոյ­նիսկ հե­ռա­տե­սի­լի մէկ կա­յա­նէն միւ­սին տա­ղա­ւա­րը հրա­ւի­րո­ւող «մաս­նա­գէտ­նե­րու» կի­զա­կէ­տէն:

Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, եւ այս յօ­դո­ւա­ծագ­րին հա­մո­զու­մով, Ա­րեւ­մուտ­քին եւ Թուր­քիոյ հա­մար աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ու բնա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րու կո­ղո­պու­տին առն­չո­ւած շա­հե­րը այն­քան մեծ են եւ գրա­ւիչ, որ կար­ծէք նոյն այդ շրջա­նակ­նե­րը հաշ­տո­ւած են ա­տոր դի­մաց վճա­րո­ւե­լիք գի­նին հետ:

Բայց մին­չեւ ե՞րբ: Եր­բեք մտա­հոգ չենք, որ Թուր­քիա այս ծայր աս­տի­ճան վտան­գա­ւոր խա­ղին մէջ մտնե­լով, կը վտան­գէ ինք­զինք: Մենք, իբ­րեւ հա­յու­թիւն ու Հա­յաս­տան, վեր­ջի­նը պէտք է ըլ­լանք Թուր­քիոյ ա­պա­հո­վու­թեամբ մտա­հո­գո­ւող:
Մեր կի­զա­կէ­տը մեր ռազ­մա­վա­րա­կան հե­ռա­հար շա­հերն են:
Միա՛յն:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ