Դժբախտաբար, սակայն, Մարտի կէսերուն, եղանակը դարձեալ փոխուեցաւ, ու ցուրտի ալիք մը Հայաստան թափանցելով՝ Արարատեան դաշտի գիւղական համայնքներուն մէջ մեծ վնասներ պատճառեց։ Ընդամէնը երկու-երեք օրերու վրայ երկարող ցուրտի այս ալիքը գիշերային ժամերուն ջերմաստիճանի կտրուկ անկում յառաջացուց Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, իսկ Արարատեան դաշտի եւ նախալեռնային գիւղական համայնքներուն մէջ՝ ցանքերու եւ ծառերու ցրտահարութեան պատճառ դարձաւ։ Փճացան մասնաւորաբար ծիրանի եւ կեռասի ծառերուն ծաղիկները եւ հազարաւոր գիւղացիներ, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն՝ «կոտրած տաշտակի առջեւ» մնացին անօգնական ու յուսահատ։
Նոյն օրերուն, Դանիայէն աշխատանքային այցով Երեւան ժամանեց գործընկերս՝ Փիթըրը։ Նախքան Հայաստան գալը, ան կարդացած էր Ցեղասպանութեան մասին, եւ ինծի ուղարկած իր ելեկտրոնային նամակներուն մէջ հպարտութեամբ կը յիշէր դանիացի իր հայրենակիցները՝ Մարիա Եագոպսընն ու Քարէն Եփփէն, որոնք 1915ին բազմաթիւ հայ կեանքեր փրկած էին՝ անապատներէն ու այլ վայրերէ որբեր հաւաքելով ու անոնց ապաստան տալով։
Երեւան հասնելուն պէս, դեռ օդակայանէն հազիւ դուրս եկած, Փիթըր ցանկութիւն յայտնեց առաջին հերթին այցելելու Ցեղասպանութեան թանգարանը։ Յաջորդ օրը, նախքան մեր աշխատանքային ծրագիրներուն անդրադառնալը, Փիթըրը տարինք Ծիծեռնակաբերդ։ Նահատակներու յիշատակի անմար կրակին առջեւ ծաղիկներ զետեղելէ ետք, Փիթըր մտաւ Ցեղասպանութեան թանգարան եւ Քարէն Եփփէի ու Մարիա Եագոպսընի նուիրուած բաժինները ուսումնասիրելէ ետք՝ խոնարհեցաւ անոնց լուսանկարներուն առջեւ։
Մէկ ժամ ետք ճամբայ ելանք դէպի Իջեւան, Տաւուշի մարզկեդրոն, ուր պիտի հանդիպէինք մարզպետարանի աշխատակիցներուն եւ դպրոցներու տնօրէններուն հետ, կրթական ծրագիրներ քննարկելու համար։ Սկսանք զրուցելու Ցեղասպանութեան եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մասին, ապա անդրադարձանք առօրեայ հարցերու, եւ ես պատմեցի, թէ ինչպէ՛ս հազարաւոր հայ գիւղացիներ մեծ վնասներ կրեցին, վերջին օրերուն Հայաստան թափանցած ցուրտի ալիքին պատճառով։
Նկատի ունենալով, որ մեր ճանապարհն ու օրը երկար էին, որոշեցինք խանութէ մը ուտելիք գնել եւ, ապա, առանց կանգ առնելու՝ շարունակել ճանապարհը մինչեւ Իջեւան։
Հայկական համով հաց ու պանիր վերցուցինք եւ ուղղուեցանք բանջարեղէններու բաժին՝ վարունգ ու լոլիկ գնելու։
- Շէ՛ֆ ջան, լաւ կը լինէր էս կողմ չգայիք, ձեր սրտովը չի լինելու,- ըսաւ մեր վարորդը՝ Վլադը,- սաղ ապրանքները թրքական են... վարունգ, բամիդոր (լոլիկ), նարինջ. հայկական էլ կայ է՛ն կողմում, բայց սրանք թրքական են... տեսէ՛ք տուփերի թրքերէն գրութիւնները...
Դեռ բարկութիւնս արտայայտելու բառերու որոնումիս մէջ էի, երբ Վլադ փորձեց զիս հանդարտեցնել. «Չնեղանա՛ք, շէ՛ֆ ջան, սաղ խանութներում նոյնն ա՛, հլա դեռ անցած ամիս հայկական վարունգն ու լոլիկը աւելի՛ թանկ էին։ Եթէ բերողները վերեւներից չլինեն, էդ թրքական բանջարեղէնը մեր երկիր չի մտնի։ Նրանց բան չենք կարող անենք»։
Թրքական ապրանքներով ողողուած շուկաներ շատ կան Հայաստանի մէջ, բայց թրքական բանջարեղէնի՝ առաջին անգամն էր որ կը հանդիպէի, թէեւ այս մասին հայկական մամուլին մէջ յաճախ տեղեկութիւններ հաղորդուած են։
Այս մասին՝ յաջորդ նամակով։
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ