Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԵ՞րբ պի­տի կա­սե­ցո­ւին եւ վեր­ցո­ւին նո­րա­կերտ ան­ճոռ­նի եւ ան­հե­թեթ բա­ռե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ

Հա­յե­րէ­նի մէջ ա­մէն բառ իր յա­տուկ ի­մաստն ու­նի: ­Կան բա­ռեր, ո­րոնք բազ­մի­մաստ են: ­Սա­կայն հա­յե­րէ­նը այն­քան հա­րուստ է նո­րա­կերտ բա­

ռա­կեր­տու­մի հա­մար, որ օ­տար լե­զու­նե­րէ ան­տե­ղի փո­խա­ռու­թեան պէտք չու­նի:

­Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջին 100 տա­րի­նե­րուն այն­քան ան­պատ­շաճ բա­ռեր ներ­մու­ծո­ւած, մխրճուած են հա­յե­րէ­նի մէջ, որ մար­դուս զայ­րոյ­թը կը բոր­բո­քի՝ այս­քա՜ն այ­լա­սե­րում եւ օ­տա­րա­մո­լու­թիւն նկա­տե­լով:

­Հա­յե­րէ­նը ա­ռան­ձին մաս­նա­ճիւղն է հնդեւ­րո­պա­կան 11 լե­զու­նե­րու ըն­տա­նի­քին: ­Նա­խօ­րօք յօ­դո­ւած­նե­րուս մէջ նշած եմ, որ լա­տի­նե­րէ­նը ի­տա­լիգ կո­չո­ւած լե­զո­ւա­ճիւ­ղէն սե­րած է, իսկ հա­յե­րէ­նը ինք­նու­րոյն ճիւղ է, ո­րե­ւէ լե­զո­ւա­ճիւ­ղէ սե­րած չէ: ­Խումբ մը եւ­րո­պա­կան լե­զու­նե­րը սե­րած են լա­տի­նե­րէ­նէ եւ ճեր­մա­նիգ կո­չո­ւած լե­զո­ւա­ճիւ­ղէն, իսկ ռու­սե­րէ­նը՝ սլա­ւիգ կո­չո­ւած լե­զո­ւա­ճիւ­ղէն:

­Հայ ազ­գը ին­չո՞ւ այս­պէս կո­չո­ւած «փո­խա­ռու­թիւն» պի­տի ը­նէ լա­տի­նե­րէ­նէ կամ սլա­ւիգ կոչուած լե­զո­ւա­ճիւ­ղէն սե­րած՝ ռու­սե­րէ­նէ, երբ հա­յե­րէ­նը ա­սոնց­մէ շատ ա­ւե­լի վա­ղե­մու­թիւն ու­նի:
Ա­յո՛, ան­ցեա­լին հա­յե­րէ­նին մէջ տաս­նեակ մը օ­տար լե­զու­նե­րէ փո­խա­ռու­թիւն­ներ ե­ղած են (տես Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի «Ար­մա­տա­կան ­Բա­ռա­րան»ը), բայց երբ մենք ներ­կա­յիս ու­նինք ար­դէն չգոր­ծա­ծո­ւող բա­ռեր բա­ռա­րան­նե­րու մէջ, ին­չո՞ւ զա­նոնք չգոր­ծա­ծել եւ ա­նոնց փո­խա­րէն օ­տար բա­ռեր ներ­մու­ծել հա­յե­րէն բա­ռա­պա­շա­րին մէջ: Ո­մանք պի­տի ը­սեն «ար­դիա­կա­նա­ցում կամ մի­ջազ­գայ­նա­ցում» պէտք է …Ես պի­տի ը­սեմ ա­նար­դա­րա­նա­լի, անտ­րա­մա­բա­նա­կան այ­լա­սե­րում, օ­տա­րա­մո­լու­թիւն եւ օ­տա­րա­պաշ­տու­թիւն պէտք չէ:

Օ­րի­նակ­նե­րով խօ­սինք.
- Bank-banque-banca (անգ., ֆր., ի­տալ.), բանկ (հա­յաս­տա­նեան): Դ­րա­մա­տուն (հա­յե­րէն): ­Բա­ռա­ցիօ­րէն bank բա­ռին ի­մաս­տը բա­ցի դրա­մա­տու­նէն, կը նշա­նա­կէ ե­զերք (գե­տի) եւ այլն…
- Post-poste-posta (անգ. ֆր., ի­տալ.) փոստ (հա­յաս­տա­նեան), նա­մա­կա­տուն (հա­յե­րէն): Post բա­ռը բազ­մի­մաստ է եւ կը նշա­նա­կէ ցից, կա­յան, նա­մա­կա­տուն եւ այլն:

«­Հա­յաս­տա­նեան հա­յե­րէն»ին մէջ այ­սօր կը վխտան նման բազ­մա­հա­րիւր բա­ռեր, ո­րոնք կ­՛ար­տա­հա­նո­ւին Ս­փիւռ­քի, ար­տա­գաղ­թող­նե­րու եւ հե­ռա­տե­սի­լէն սփռո­ւած ծրա­գիր­նե­րու եւ ար­տատ­պո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րու մի­ջո­ցով եւ կ­՛ա­ղա­ւա­ղեն Ս­փիւռ­քի մէջ գոր­ծա­ծո­ւած հա­յե­րէ­նը:
Իսկ ա­ւե­լի խայ­տա­ռա­կու­թիւն են օ­տար ար­մատ­նե­րով «բա­ռա­կեր­տում­նե­րը», ո­րոնք հայ մտա­ւո­րա­կա­նին նող­կան­քը կը յա­ռա­ջաց­նեն:

­Քա­նի մը ցայ­տուն օ­րի­նակ­ներ տանք.
- Պ­լա­նա­ւո­րել (հա­յաս­տա­նեան) to plan (անգ.), ծրագ­րել (հա­յե­րէն):
Այ­սինքն՝ plan օ­տար բա­ռար­մա­տը առ­նե­լով «հա­յե­րէն նոր բայ» շի­նած են…
- ­Սուբ­սի­դա­ւո­րել (հա­յաս­տա­նեան), to subsidize (անգ.), նպաս­տա­ւո­րել (հա­յե­րէն): Այ­սինքն subsidize օ­տար բա­ռար­մա­տով «հա­յե­րէն նոր բայ» հնա­րած են…

- Ին­տեգ­րա­ցում (հա­յաս­տա­նեան), integrate (անգ.), integrer (ֆր.), integrare (ի­տալ.) ամ­բող­ջաց­նել, հա­մալ­րել (հա­յե­րէն): Այ­սինքն օ­տար բա­ռար­մա­տով կրկին «հա­յե­րէն բայ» ստեղ­ծած են…
Ա­յո, «օ­տար ար­մատ­նե­րով նոր հա­յե­րէն բա­ռեր» կա­ռու­ցե­լու, հնա­րե­լու, ստեղ­ծե­լու, շի­նե­լու մար­մա­ջը այն­քան ան­սանձ ընդ­հան­րա­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, որ ոե­ւէ անձ իր նոր բա­ռը կը ստեղ­ծէ: ­Վեր­ջերս դի­մա­տետ­րի (facebook) ­Հա­յաս­տա­նի օգ­տա­տէ­րեր կ­՛ը­սեն, չես գի­տեր ին­չի՞ հի­ման վրայ (ան­հա­ւա­տա­լին ալ նկա­տե­ցի) «ա­ռիթ» բա­ռը հո­լո­վո­ղը «ա­ռի­թա­ւո­րո­ւիլ» ը­րած է, եւ երբ նկա­տո­ղու­թիւն ը­րի, որ հա­յե­րէ­նի մէջ նման բառ չկայ եւ կա­րե­լի չէ «ա­ռիթ» բա­ռը որ­պէս բայ հո­լո­վել, կ­՛ու­զէր ար­դա­րա­նալ ը­սե­լով՝ «­Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­դու­նե­լի է…»:

­Շա­րու­նա­կենք չնաշ­խար­հիկ «հա­յաս­տա­նեան հա­յե­րէն»ի նո­րա­կերտ բա­ռե­րու ցան­կը:
- Ա­պա­մոն­տա­ժել (հա­յաս­տա­նեան), փլել, կազ­մա­լու­ծել, քան­դել (հա­յե­րէն): ­Պարզ է, որ ֆրան­սե­րէն եւ անգ­լե­րէն montage բա­ռար­մա­տով հա­յե­րէ­նը քան­դե­լով, նո­րա­կերտ բառ «ծննդա­բե­րած» են…
- ­Հոս­պի­տա­լաց­նել (հա­յաս­տա­նեան), hospitaliser (ֆր.), to hospitalise (անգ.), հի­ւան­դա­նոց պառ­կեց­նել (հա­յե­րէն): Ակ­նե­րեւ է, որ օ­տար բա­ռար­մա­տով ան­հար­կի բա­ռա­կեր­տում է:

- ­Կո­ռում­պա­ցո­ւած (հա­յաս­տա­նեան), corrupt (անգ., ֆր.), corrotto (ի­տալ.) նե­խած, ա­պա­կա­նած, կա­շա­ռո­ւած (հա­յե­րէն):
- Օ­կու­պա­ցո­ւած (հա­յաս­տա­նեան), occupied (անգ.), occupe (ֆր.), occupato (ի­տալ.), գրաւուած, զբա­ղած (հա­յե­րէն)։

Այ­սօր «­Հա­յաս­տա­նի հա­յե­րէն»ի բա­ռա­պա­շա­րին մաս կը կազ­մեն նման հա­րիւ­րա­ւոր բա­ռեր, ո­րոնց մաք­րազտ­ման հիմ­նա­կան, ազ­դու ո­րո­շում եւ գործ­նա­կան քայ­լեր չի կի­րար­կո­ւիր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ, ո­րուն ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ ամ­րագ­րո­ւած է «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­կան լե­զուն գրա­ւոր հա­յե­րէն է…»:

­Ցա­ւա­լին այն է, որ Էջ­միա­ծի­նի Ե­կե­ղե­ցա­կան ­Խոր­հուր­դը, ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի գոր­ծու­նէու­թեան հե­տե­ւե­լով, տէր չի կանգ­նիր՝ հա­յե­րէն դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան վե­րա­կանգն­ման եւ բա­ռա­պա­շա­րի մաք­րազտ­ման իր ար­դար բո­ղո­քի ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լով…
Ո՞վ է պաշտ­պա­նը մեր լե­զո­ւին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ո՞վ է պա­տաս­խա­նա­տու վե­րահս­կիչ մար­մի­նը, լե­զուն օ­տար տար­րե­րէ մաք­րե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու ի­րա­ւա­սու­թիւն ու­նե­ցող կա­ռոյ­ցը եւ ի՞նչ գոր­ծու­նէու­թիւն կը տա­նի…

­Նո­րա­կերտ բա­ռեր անհ­րա­ժեշտ են հա­յե­րէ­նի մէջ, բայց ոչ ոտ­նա­հա­րե­լով մեր ու­նե­ցա­ծը եւ օ­տա­րի­նը պար­տադ­րե­լով…
­Հա­յու­թեան 2/3ը Ս­փիւռք կ­՛ապ­րի, եւ մենք պէտք է գիտ­նանք յստա­կօ­րէն, թէ ո՞վ յանձն ա­ռած է նո­րա­կերտ բա­ռա­կազ­մու­թեան հսկե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ գրա­կան հա­յե­րէ­նի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը պար­տադ­րե­լու պաշ­տօ­նը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:

­Հե­տե­ւա­բար ի՞նչ է մեր ակն­կա­լի­քը.
­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րը յար­գեն եւ յար­գել տան ­Հա­յաս­տա­նի ­Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ամ­րագ­րո­ւած օ­րէն­քը հա­յե­րէ­նի մա­սին՝ գոր­ծա­ծե­լով գրա­կան հա­յե­րէ­նը եւ հրա­ժա­րե­լով օ­տար բա­ռե­րու եւ բա­ռար­մատ­նե­րով կեր­տո­ւած խառ­նա­ծին բա­ռե­րու ոչ միայն գոր­ծա­ծու­թենէ­ն, այլ նաեւ ա­նոնց ջնջու­մը բա­նա­ւոր եւ գրա­ւոր հա­յե­րէ­նի օգ­տա­գործ­ման շրջա­նակ­նե­րէն:
­Յու­սանք եւ սպա­սենք:

ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
(«­Մես­րո­պեան Ուխտ» ­Լե­զո­ւա­պահ­պա­նա­կան ­Միու­թիւն)