Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԱյ­սօ­րո­ւան մեր խորհր­դա­ծու­թեան նիւթն է «­Յոյս» ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը։
Յոյ­սը այն գերբ­նա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւնն է, որ ճշմա­րիտ քրիս­տո­նեա­նե­րը կը մղէ համ­բե­րու­թեամբ սպա­սե­լու Աս­տու­ծոյ տա­լիք բա­րի­քին։

Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կոս Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ կ­'ը­սէ.- «­Յոյ­սը հա­ւատ­քի վրայ հիմ­նո­ւած ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ո­րուն միակ պա­տաս­խան տո­ւող էա­կը Աս­տո­ւած է»։ Ան որ Աս­տուծ­մէ կը յու­սայ, իր կամ­քին հա­մա­ձայն չի՛ շար­ժիր եւ ոչ ալ իր անձ­նա­կան շա­հը կը հե­տապն­դէ. այլ` ամ­բող­ջա­պէս ինք­զինք Աս­տու­ծոյ կը յանձ­նէ։
Յի­սուս Ք­րիս­տոս կ­'ը­սէ.- «Խնդ­րե­ցէք եւ պի­տի տրո­ւի ձե­զի»։ Ա­ւե­տա­րա­նէն քա­ղո­ւած այս ոս­կե­հա­մա­րը ինք­նին խոր խոր­հուրդ ու­նի, որ կը թե­լադ­րէ խնդրել Աս­տուծ­մէ եւ ո՛չ թէ պա­հան­ջել։
Յոյ­սը հա­ւատ­քէն ծնունդ կ­՚առ­նէ։

Ա­ռանց յոյ­սի՝ հա­ւատ­քը կա­մաց-կա­մաց կը մա­րի։ Յոյ­սը մեր ակն­կա­լու­թիւնն է Ք­րիս­տո­սի խոս­տում­նե­րուն։ Պէտք չէ, որ յոյ­սը մի միայն ցա­ւի եւ տա­ռա­պան­քի, նե­ղու­թեան եւ դժբախ­տու­թեան, յու­սա­հա­տու­թեան եւ սրտա­բե­կու­թեան մէջ փնտռենք, այլ՝ միշտ պէտք է մեր յոյ­սին կառ­չած մնանք։

Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­պաշ­խա­րու­թեան շա­րա­կան­նե­րէն մէ­կուն մէջ, յոյ­սի մա­սին ի խո­րոց սրտի բխած հիաս­քանչ ակ­նար­կու­թիւն կայ, որ կ­'ը­սէ.- «Իմ յոյսս դուն ես, Տէ՜ր. դու՛ն ես իմ մեղ­քե­րուս քա­ւի­չը. կը խնդրեմ, իմ ար­ցունք­նե­րուս բխու­մը մի՛ ան­տե­սեր. այլ՝ ո­ղոր­մէ՛ ին­ձի, ո՜վ Աս­տո­ւած»։ Ե­կէք օ­րի­նակ առ­նենք ներ­կայ աշ­խար­հի մտա­հո­գու­թիւ­նե­րէն։ Սերմ­նա­ցա­նին յոյ­սը ի՞նչ կրնայ ըլ­լալ, ե­թէ ոչ իր աշ­խա­տա­ւո­րի ար­դար քրտին­քով մշա­կած հունձ­քին ար­դիւն­քը։ Ան հա­ւատ­քը ու­նի իր մէջ որ սեր­մե­րը պի­տի հա­սուն­նան, սէ­րը ու­նի իր մէջ եւ ամ­բողջ սիր­տով ու հո­գիով կը գուր­գու­րայ իր ար­տին վրայ եւ յոյս ու­նի իր մէջ, որ ա­նոնք պի­տի բազ­մա­պատ­կո­ւին՝ ինչ­պէս Ա­ւե­տա­րա­նը կ­՚ը­սէ. «Ո­մանք մէ­կի տեղ հա­րիւր, ու­րիշ­ներ՝ վաթ­սուն եւ կամ ե­րե­սուն» (Մտ. 13.9)։

Ա­հա­ւա­սիկ ե­րեք ար­ժէք­ներ.- հա­ւատք, յոյս եւ սէր։ Այս ե­րեք ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը ան­բա­ժա­նե­լի պէտք է ըլ­լան մեր հո­գիին մէջ, որ­պէս­զի ամ­բողջ էու­թեամբ կա­րե­նանք ծա­ռա­յել Աս­տու­ծոյ։
Իւ­րա­քան­չիւր մար­դու յոյ­սը Աս­տո­ւած պէտք է ըլ­լայ։ Ակնկալուած յոյ­սը պէտք չէ լոկ խօս­քով սնա­նի, այլ՝ ա­ղօթ­քով, ծո­մա­պա­հու­թեամբ եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ. այ­լա­պէս ան ա­նի­մաստ եւ միա­պա­ղաղ թա­խան­ձանք կը դառ­նայ։

Ե­թէ ոե­ւէ մէ­կէ վշտա­ցած ենք, ե­թէ ար­հա­մար­հա­կան խօս­քե­րով վի­րա­ւո­րո­ւած ենք, ե­թէ նե­ղու­թեանց մէջ ենք, ե­թէ պայ­քա­րի մէջ ենք՝ կեան­քի խո­չըն­դոտ­նե­րուն դէմ, յոյ­սի սպի­տակ վա­րա­գոյ­րը կը բա­ցո­ւի մեր դի­մաց եւ կ­՚ա­պա­հո­վենք ան­սահ­ման եւ յա­ւի­տե­նա­կան երկ­նա­յին փառ­քը (Բ.Կր 4.17), ո­րուն ընտ­րեալ­ներ միայն ար­ժա­նի են։

Ե­թէ կը փոր­ձենք հան­գիստ գտնել, նախ փնտռենք հնա­զան­դու­թիւն. ե­թէ կը փոր­ձենք համ­բե­րու­թիւն գտնել, նախ փնտռենք յոյս, ե­թէ կը փոր­ձենք ճշմար­տու­թիւն գտնել, նախ փնտռենք ան­կեղ­ծու­թիւն, ե­թէ կը փոր­ձենք ար­դա­րու­թիւն գտնել, նախ փնտռենք ան­բիծ կեանք ապ­րե­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

Ա­ւագ օրհ­նու­թեան շա­րա­կան­նե­րէն մէ­կուն մէջ կը կար­դանք.- «Իմ կեն­դա­նու­թեանս եւ փրկու­թեանս յոյ­սը իմ Տէր Աս­տո­ւածս է։ Յի­շէ զիս, Տէր, ինչ­պէս Ե­զե­կիան յի­շե­ցիր, եւ զիս դժոխ­քի դռնէն ետ դար­ձուր»։
Ա­հա մենք մեր յոյ­սը Բարձ­րեա­լին վրայ դնե­լով՝ կը գո­չենք.- «­Կը խնդրենք քեզ­մէ, ո՜վ Աս­տո­ւած, մեզ դէ­պի բա­րի գոր­ծեր ա­ռաջ­նոր­դէ»։

Ինչ­պէս կ­՛ը­սէ Վար­դան Քհնյ. Աս­լա­նեան՝ «Ով որ մո­գե­րուն պէս Աս­տու­ծոյ վրայ հա­ւատք ու­նի, յոյ­սով լե­ցո­ւած ճամ­բայ կ’ել­լէ եւ բո­ցա­վառ սի­րով, հո­գիի աչ­քե­րով ա­մէն ա­տեն կը տես­նէ Յի­սու­սի աստ­ղը, որ զինք դէ­պի բա­րու­թեան եր­կի­րը կ­þա­ռաջ­նոր­դէ եւ ճշմար­տու­թեան ճա­նա­չու­մին կը տա­նի»։

Գե­րա­գոյն յոյ­սը՝ Յա­րու­թեան յոյսն է։ «Ե­կէք հարց տանք, թէ ո՞վ կրնայ ա­ռանց այդ յոյ­սին հրա­ժա­րիլ իր բո­լոր հարս­տու­թե­նէն, զայն սփռե­լով ու աղ­քատ­նե­րուն տա­լով եւ տա­ռա­պան­քով, չար­չա­րան­քով, նե­ղու­թեամբ, մեր­կու­թեամբ եւ սո­վով շա­րու­նա­կել ու գո­յա­տե­ւել այս աշ­խար­հէն ներս, ե­թէ վստահ չգիտ­նայ, թէ մէ­կի փո­խա­րէն հա­րիւ­րա­պա­տիկ պի­տի գտնէ յա­րու­թեան օ­րը, պի­տի վա­յե­լէ ար­քա­յու­թեան սե­ղա­նը», պի­տի ըմ­պէ քաղց­րա­համ գի­նին, պի­տի ճա­շա­կէ օրհ­նու­թեան հա­ցը, ո­րով օրհ­նո­ւե­ցան Աբ­րա­հա­մի որ­դի­նե­րը ու շա­րու­նակ տա­կա­ւին կ’օրհ­նո­ւին ա­նոնց շա­ռա­ւիղ­նե­րը։

Ե­թէ մենք կ­՛ու­զենք երկ­նա­ւոր ար­քա­յու­թեան հաս­նիլ, պի­տի ըլ­լանք քրիս­տո­սեան­ներ եւ համ­բե­րա­տա­րու­թեամբ ճեղ­քենք ծաղ­րանքն ու ան­պա­տո­ւու­թիւ­նը, խաբ­կաքն ու ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, զրկանքն ու ա­տե­լու­թիւ­նը։ Այս բո­լո­րէն ետք է, որ Յոյ­սը կու գայ իր հա­ւա­տա­րիմ զի­նո­ւո­րին ձեռ­քը բռնե­լու եւ ա­նոր ար­ժա­նաց­նե­լու Յա­րու­թեան։

Յոյ­սը այն ա­ռա­քի­նու­թիւնն է, որ ծնաւ մար­դուն հետ եւ ա­նոր մէջ պի­տի մնայ մին­չեւ ա­նոր վախ­ճա­նը։ Ե­թէ հա­ւատ­քը լապ­տերն է ե­կե­ղեց­ւոյ, ե­թէ սէ­րը ա­նոր ձէթն է, պլպլա­ցող լոյ­սը յոյսն է՝ որ լու­սա­ւո­րեց Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի Խոր Վի­րա­պը, որ եբ­րա­յե­ցի­նե­րը ա­զա­տեց Ե­գիպ­տո­սի գե­րու­թե­նէն, որ երկ­նա­ւոր փե­սան՝ զՔ­րիս­տոս ա­ռաջ­նոր­դեց հինգ կոյ­սե­րուն լապ­տեր­նե­րով։ Ան այ­սօր եւս կը պլպլայ մեր կեան­քին մէջ։ Ե­րա­նի՜ հո­գիի աչք ու­նե­ցո­ղին. ան միայն պի­տի տես­նէ եւ վա­յե­լէ յոյ­սը։ Ա­մէ­ն։

ՎԱՀՐԻՃ ԱԲՂ. ՂԱՐԱԽԱՆԵԱՆ
Հո­գե­ւոր Հո­վիւ՝ Գո­քի­նիոյ Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ