Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ե­րէկ ամ­բողջ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցաւ Եւ­րո­պա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը ցնցած ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րու շար­քին վրայ: Ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յին ուղ­ղո­ւած ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րուն շար­ժա­ռիթ­նե­րը կա­րե­լի չէ միան­շա­նա­կօ­րէն բա­նա­ձե­ւել` ի­րենց բո­լոր հե­տապն­դած նպա­տակ­նե­րը միան­շա­նակ նշե­լով:

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ա­մէ­նէն բիրտ պա­տե­րազ­մը այս օ­րե­րուն կը տա­րո­ւի սու­րիա­կան տա­րածք­նե­րու վրայ ռուս-ա­մե­րի­կեան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, Եւ­րո­պա­յի երկ­րոր­դա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ, սա­կայն հա­րո­ւա­ծո­ւո­ղը նախ եւ ա­ռաջ այս տա­րո­ղու­թեամբ Եւ­րո­պան է: Ար­դէն պարզ է, որ խնդի­րը սոսկ ­Պել­ճի­քա­յին չի վե­րա­բե­րիր, այլ` պաշ­տօ­նա­կան Պ­րիւք­սէ­լին, որ ոչ միայն ­Պել­ճի­քա­յի մայ­րա­քա­ղաքն է:

­Մար­դա­սի­րա­կան տագ­նա­պը դեռ իր լու­ծու­մը չգտած, ա­պա­հո­վա­կան տագ­նա­պը կը վե­րա­դառ­նայ Եւ­րո­պա փա­րի­զեան դէպ­քե­րուն յի­շե­ցու­մը կա­տա­րե­լով, միա­ժա­մա­նակ ո­ճի կրկնու­թիւն եւ դէպ­քե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն ընդգ­ծե­լով: ­Մար­դա­սի­րա­կան տագ­նա­պին կ­՛ա­ւել­նայ ա­պա­հո­վա­կա­նը, ա­ռանց մոռց­նե­լու, այլ ընդ­հա­կա­ռակն` շեշ­տե­լով նաեւ տնտե­սա­կա­նը:

Այս թո­հու­բո­հա­յին հա­մա­պատ­կե­րին մէջ բռնկո­ւած տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կ­՛ե­րե­ւին հրդե­հին բո­ցե­րը չըն­դու­նող Իս­րա­յէ­լը, իսկ տնտե­սու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին ճգնա­ժա­մին մէջ տնտե­սա­կան դան­դաղ վե­րելք ար­ձա­նագ­րող ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը: Այժ­մու գնա­հա­տա­կա­նով ՏԱՀԵՇէն ա­մէ­նէն սուր կեր­պով կը տու­ժեն տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եր­կիր­ներն ու Եւ­րո­պան: Եւ­րո­պան, փաս­տօ­րէն, կ­՛ապ­րի ա­հա­բեկ­չա­կան «գա­րուն» մը:

Եւ­րո­պա գաղ­թա­կան­ներ ու­ղար­կե­լով հա­մա­տա­րած ճգնա­ժամ յա­ռա­ջա­ցու­ցած Ան­գա­րան ֆի­նան­սա­կան յա­ւե­լեալ բեռ­ներ կը պար­տադ­րէր Պ­րիւք­սէ­լին` ճգնա­ժա­մի կա­սեց­ման հա­մար նոր պար­տա­մուր­հակ­ներ ստո­րագ­րել տա­լով: Ա­ռա­ջի­նը չփա­կած երկ­րորդն ու ընդ­հա­նուր հան­րա­գու­մա­րը պա­հան­ջե­լով Ան­գա­րան կը սրցնէր տնտե­սա­կան տագ­նա­պը:

Գաղ­թա­կան­նե­րուն հետ նաեւ ա­հա­բե­կիչ տար­րեր ու­ղար­կե­լով Եւ­րո­պա` Ան­գա­րան կը նա­խան­շէր գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցի լուծ­ման ա­ռըն­թեր յա­ռա­ջաց­նել նոր տագ­նապ Եւ­րո­պա­յի հա­մար` ա­պա­հո­վա­կան բնոյ­թով: ՏԱՀԵՇը տա­կա­ւին պի­տի շա­րու­նա­կէր աշ­խա­տիլ իբ­րեւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու կա­յաց­ման հա­մար գլխա­ւոր գոր­ծիք:

Պ­րիւք­սէ­լը ցնցած ռմբա­հա­րում­նե­րուն նա­խօ­րէին, ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ­Պել­ճի­քա­յին պաշ­տօ­նա­կան բո­ղոք յայտ­նած էր այն բա­նին առն­չու­թեամբ, որ վար­չա­պետ Ահ­մեթ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի կող­մէ Պ­րիւք­սէլ այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ար­տօ­նած են քա­ղա­քի կեդ­րո­նը կանգ­նեց­նել Քր­տա­կան աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան (Ք.Ա.Կ.) վրա­նը:
Խն­դի­րին հետ կա­պո­ւած Ան­գա­րա­յի մէջ ­Պել­ճի­քա­յի դես­պան ­Մարք Թ­րոն­թու­զուն կան­չո­ւած էր Ան­գա­րա, ուր ի­րեն փո­խան­ցած էին բո­ղո­քը:

­Պայ­թում­նե­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք ­Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հար­ցե­րով նա­խա­րար ­Վոլ­քան ­Պոզ­քըր Պ­րիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պայ­թում­նե­րուն մա­սին յայ­տա­րա­րած էր, որ «­Պել­ճի­քան ար­տօ­նած էր, որ Քր­տա­կան աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան դրօշ­նե­րը իր երկ­րին մէջ ծա­ծա­նին», ինչ որ վի­րա­ւո­րանք էր ի­րենց:

«Ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը միշտ պէտք է ա­ռանձ­նաց­նել, սա­կայն եր­կիր­ներ կան, որ չեն պայ­քա­րիր այն­քան, ինչ­քան անհ­րա­ժեշտ է», ը­սած է ­Պոզ­քըր` մե­ղադ­րե­լով ­Պել­ճի­քա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ք.Ա.Կ.ի «ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն» քա­րոզ­չու­թիւն ը­նե­լու ար­տօ­նու­թիւն տա­լու հա­մար:

Ակ­նար­կը թա­փան­ցիկ էր. Պ­րիւք­սէ­լը ըն­դու­նե­լով քիւր­տե­րը, ա­ռիթ տո­ւած էր ա­հա­բեկ­չու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մին իր երկ­րին մէջ:
Այն ինչ որ ­Սու­րիոյ մէջ չյա­ջո­ղե­ցաւ ը­նել Ան­գա­րան` քրտա­կան շար­ժու­մը ներ­կա­յաց­նել իբ­րեւ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, հի­մա կը փոր­ձէ ը­նել Եւ­րո­պա­յի մէջ:

«Ազդակ»