Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԵ­թէ իր­լան­տա­ցի թա­տե­րա­գիր ու Ան­հե­թե­թի ­Թատ­րո­նի ա­մէ­նէն նշա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ ­Սա­մո­ւէլ ­Պե­քէթ, 1948-49 տա­րի­նե­րուն գրած չըլ­լար իր հռչա­կա­ւոր «Ս­պա­սե­լով ­Կո­տո­յին» գոր­ծը, վստա­հա­բար այ­սօր պի­տի գրէր «­Վար­ձատ­րե­լով ­Թուրք Ոճ­րա­գոր­

ծը» խո­րագ­րեալ գործ մը, ի տես այն այ­լան­դակ զա­ւեշտ­նե­րուն, ո­րոնք տե­ղի կ­’ու­նե­նան ­Թուր­քիա-Ա­րեւ­մուտք «սի­րա­բա­նու­թեան» բե­մին վրայ։

Եւ­րո­պա­յի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը հա­ւա­նա­բար ­Պե­քէ­թի մը պէտք ու­նին, տես­նե­լու հա­մար այն ա­հա­ւոր ան­հե­թե­թու­թիւ­նը, որ ի­րենց գրպան­նե­րուն հաշ­ւոյն կը ներ­կա­յա­ցո­ւի ­Մեր­քէլ­նե­րու, ­Քա­մե­րոն­նե­րու, ­Հո­լանտ­նե­րու եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րող միւս «հան­ճա­րեղ քա­ղա­քա­կան մար­դոց» կող­մէ։

­Բե­մադ­րու­թեան նո­րա­գոյն ա­րա­րը ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ ան­ցեալ շա­բաթ, երբ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը սի­րա­լի՜ր ժպիտ­նե­րով հիւ­րըն­կա­լե­ցին ­Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մէտ ­Տա­ւու­թօղ­լուն եւ ա­նոր խոս­տա­ցան 6 մի­լիառ եւ­րօ, որ­պէս­զի ­Թուր­քիա վե­րըն­դու­նի ա­պօ­րի­նի կեր­պով եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ հա­սած մի­ջին ա­րե­ւելք­ցի գաղ­թա­կան­նե­րը։ ­Ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը երկ­րոր­դա­կան են։

Եւ ա­հա՛, ­Թուր­քիա ան­գամ մը եւս հրա­պա­րա­կաւ կը վար­ձատ­րո­ւի այն ո­ճիր­նե­րուն հա­մար, զորս գոր­ծած է ու կը շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ, իր սահ­ման­նե­րէն ներս թէ դրա­ցի եր­կիր­նե­րու ­հո­ղե­րուն վրայ։

Ա­րեւ­մուտ­քը ծա­փող­ջոյն­նե­րով դի­մա­ւո­րեց նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի եւ գոր­ծա­կից­նե­րուն այն «հնար­քը», ո­րուն ճամ­բով՝ ա­նոնք ան­ցեալ տա­րի վե­րի­վայր շրջե­ցին ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քը եւ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժեր բռնա­դա­տե­լով՝ խլե­ցին խորհրդա­րա­նի ա­թոռ­նե­րուն մեծ մա­սը։ Ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու ձայ­ներն ու կո­կորդ­նե­րը կտրե­լու ա­րարք­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցան, եւ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի հետ հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ստո­րագ­րու­մի նա­խօ­րեա­կին իսկ, ըն­դի­մա­դիր­նե­րու մէկ թեր­թը լռու­թեան մատնուե­ցաւ, այ­լա­խոհ­նե­րու հե­տապնդում­նե­րը սաստ­կա­ցան աշ­խար­հի աչ­քե­րուն առ­ջեւ։

­Տա­կա­ւին, հա­րա­ւա­յին շրջան­նե­րու եւ ­Սու­րիոյ ու Ի­րա­քի հիւ­սի­սա­յին գօ­տի­նե­րուն մէջ, քիւր­տե­րուն վրայ յար­ձա­կում­նե­րը նո­ւա­ճե­ցին ոճ­րա­յին նոր գա­գաթ­ներ, ­Ճիզ­րէի քան­դու­մը շու­քի մէջ ձգեց Ա­րաբ ­Բու­նա­րի (­Քո­պա­նի) եւ ­Քե­սա­պի ծա­նօթ դրո­ւագ­նե­րը։

­Քիւր­տե­րու հան­դէպ թրքա­կան ո­ճիր­նե­րը Ան­գա­րա­յի կող­մէ աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­ցո­ւին «ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քար»ի պի­տա­կին տակ։ ­Թուր­քիա նաեւ կը փոր­ձէ աշ­խար­հին ներ­կա­յա­նալ իբ­րեւ մէկ զո­հը ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու ոճ­րա­յին ա­րարք­նե­րուն՝ յայ­տա­րա­րե­լով, որ ­Պոլ­սոյ կամ Ան­գա­րա­յի մէջ եր­բեմն տե­ղի ու­նե­ցող ոճ­րա­յին ռմբա­հա­րում­նե­րուն ե­տին (բնա­կա­նա­բար ոչ մէկ ա­տեն ար­դա­րա­նա­լի) կը կանգ­նին քիւր­տե­րը եւ... Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան զի­նեալ­նե­րը։

­Վեր­ջին բա­ցատ­րու­թիւ­նը, ինք­նին, ­Պե­քէ­թի մը կը կա­րօ­տի ա­ռանձ­նա­բար, ո­րով­հե­տեւ թզե­նիի ծա­ռը տե­րե­ւա­թափ ե­ղած է եւ բա­ցա­յայտ է, որ ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան մե­քե­նան տա­րի­նե­րէ ի վեր կը կազ­մա­կեր­պէ, կը զի­նէ եւ ­Սու­րիա, Ի­րաք, ­Լի­պիա, Ե­գիպ­տոս եւ այլ եր­կիր­ներ «գոր­ծի կը ղրկէ» ծայ­րա­յե­ղա­կան զի­նեալ­նե­րը. Իս­լա­մու­թեան հետ կապ չու­նե­ցող այդ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն ո­ճիր­նե­րը յար եւ նման են թրքա­կան այն վար­մուն­քին, որ աշ­խար­հին ծա­նօթ էր ե­նի­չե­րի­նե­րու կազ­մու­թե­նէն ա­ռաջ եւ ետք...։

­Թուր­քիոյ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին նաեւ ձե­ւե­րը գտած է ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով օգ­տա­գոր­ծե­լու նոյ­նինքն Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան հա­կակ­շիռին տակ առ­նո­ւած տա­րածք­նե­րէն քա­րիւ­ղի հսկա­յա­կան մթերք­նե­րու մաք­սա­նեն­գու­մը, որ տե­ղի կ­’ու­նե­նայ տիւ եւ գի­շեր, Ի­րա­քի ու ­Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին հո­ղե­րէն, ­Հա­լէ­պի հիւ­սի­սը գտնո­ւող սահ­մա­նա­յին «նրբանց­քին» ճամ­բով, ինչ որ բա­ցատ­րու­թիւն մը կու տայ, թէ ­Թուր­քիա ին­չո՛ւ բուռն կեր­պով կ­þընդ­դի­մա­նայ ­Հա­լէ­պի շրջա­կայ­քը ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու հա­կակ­շի­ռէն դուրս բե­րե­լու ճի­գե­րուն, ո­րոնց դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ ­Ռու­սիա՝ օ­դա­նա­ւա­յին իր յար­ձա­կում­նե­րով եւ օ­դա­նաւ մըն ալ կորսնց­նե­լով...։

­Տա­կա­ւին, ­Թուր­քիոյ մեղ­սակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած գաղ­թա­կան­նե­րու ող­բեր­գու­թեան ա­լիք­նե­րը տա­րա­ծո­ւե­ցան եւ­րո­պա­կան եր­կի­նե­րէ ներս, ստեղ­ծե­լով ըն­կե­րա­յին եւ միջ-մշա­կու­թա­յին սուր տագ­նապ­ներ, ո­րոնց ա­հագ­նու­թեան ներ­քեւ ձե­ւով մը քո­ղար­կո­ւե­ցան ոճ­րա­յին խա­փա­նա­րա­րու­թեան այն ա­րարք­նե­րը, ո­րոնց ներշն­չու­մը կու գայ նոյ­նինքն ինք­զինք իբ­րեւ զոհ ներ­կա­յաց­նող ­Թուր­քիա­յէն։ (­Ծո­ցի ա­րա­բա­կան կարգ մը եր­կիր­նե­րու վե­րագ­րո­ւող մեղ­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նի տար­բեր խորք, մինչ­դեռ ­Թուր­քիա կը հան­դի­սա­նայ ուղ­ղա­կի նա­խա­ձեռ­նող)։

­Կա­րե­լի է եր­կա­րել ­Թուր­քիոյ բա­ցա­յայտ ու իբ­րեւ թէ քո­ղար­կեալ ո­ճիր­նե­րուն ու Օ­րէն­քի ոտ­նա­կոխ­ման ա­րարք­նե­րուն ցան­կը. ա­տի­կա ո­չինչ պի­տի ա­ւելց­նէ ոճ­րա­յին պե­տու­թեան դի­մա­գի­ծին վրայ։
­Չի բա­ւեր յայ­տա­րա­րել, որ ծայ­րա­յե­ղա­կան տար­րե­րու կող­մէ քրիս­տո­նեա­նե­րու եւ իս­լամ­նե­րու դէմ գոր­ծո­ւող ո­ճիր­նե­րը ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք են։ ­Պէտք է ու­ղեղ­նե­րը յա­տուկ ակ­նոց­նե­րով ու լու­սար­ձակ­նե­րով օժ­տել՝ տես­նե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան մար­դոց ա­ղա­ղա­կող մե­ղան­չանք­նե­րը ընդ­դէմ մարդ­կու­թեան, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն եւ նոյ­նինքն սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին։

Կա­րե­լի չէ կուլ տալ եւ­րո­պա­ցի կամ ա­մե­րի­կա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թեանց ու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու այն հա­ւաս­տիք­նե­րը, իբ­րեւ թէ ո­ճիր­նե­րուն ու մաք­սա­նեն­գու­թեանց ­Թուր­քիոյ մեղ­սակ­ցու­թեան փաս­տեր չկան, մինչ­դեռ մի­ջազ­գա­յին յար­գո­ւած լրա­տու աղ­բիւր­ներ ու թեր­թեր գրե­թէ ա­մէն օր աշ­խար­հը կ­’ո­ղո­ղեն այդ փաս­տե­րով։ Ճշ­մար­տու­թիւն­նե­րը տես­նելն ու ըն­դու­նի­լը բա­ւա­րար չեն. պէտք է նաեւ առ­նել զսպիչ քայ­լեր, եւ ոչ թէ վար­ձատ­րել ոճ­րա­գործ­նե­րը...

Այս բո­լո­րին ա­կա­նա­տես հա­յերս, որ բազ­միցս կրած ենք թրքա­կան ո­ճիր­նե­րուն ծան­րու­թիւ­նը, այ­սօր, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 101րդ ­տա­րե­դար­ձին, կո­չո­ւած ենք պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան ու մա­մու­լի բո­լոր բա­զուկ­նե­րով լու­սար­ձա­կի տակ բե­րե­լու Էր­տո­ղան­նե­րու եւ ­Տա­ւու­թօղ­լու­նե­րու ոճ­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը հրա­ւի­րե­լու, որ բաց աչ­քե­րով տես­նեն, թէ թրքա­կան ինչ­պի­սի՛ մե­քե­նա­յու­թեան մը զո­հերն են ի­րենց գրպան­նե­րը, ուր­կէ ի­րենց պե­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րը 6 մի­լիառ եւ­րօ կը խոս­տա­նան ­Թուր­քիոյ, որ ա­հա­ւոր ան­մարդ­կայ­նու­թեամբ ա­հա­ւա­սիկ չա­րա­շա­հու­թեան նիւ­թի վե­րա­ծած է իր ան­մի­ջա­կան մեղ­սակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւ­նը։

100ա­մեա­կէն ետք բա­ցո­ւող նոր փու­լին, թրքա­կան ո­ճիր­նե­րուն բա­ցա­յայ­տու­մը մեր պե­տա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան, քա­ղա­քա­կան ու տե­ղեկա­տո­ւա­կան բո­լոր աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ պէտք է ըլ­լայ օ­րա­կար­գի մնա­յուն նիւթ։

Ե­թէ եւ­րո­պա­ցի ու ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը նոր ­Պե­քէ­թի մը պէտք ու­նին, քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հին մէջ ստեղ­ծո­ւած այս ան­հե­թե­թու­թիւ­նը դա­տե­լու հա­մար, մենք պէտք է դի­մենք մեր բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան հին է­ջե­րուն եւ օ­րի­նակ առ­նենք Ա­րամ ­Նա­հա­պե­տէն։

Եւ ինչ­պէս որ Ա­րամ ­Նա­հա­պե­տը իր թշնա­մի­նե­րէն ­Նիւ­քա­րը ճա­կա­տէն գա­մեց քա­ղա­քի մուտ­քին, պա­րիս­պին վրայ, այն­պէս ալ մենք այ­սօ­րո­ւան թուրք ոճ­րա­գործ­նե­րը պի­տի գա­մենք ար­դա­րու­թեան պա­րիս­պին վրայ, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուրդ­ներ տես­նեն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ ի­րենց վա­րիչ­նե­րէն պա­հան­ջեն վերջ տալ թրքա­կան շան­թաժ­նե­րուն են­թար­կո­ւե­լու զա­ւեշ­տա­կան ան­հե­թե­թու­թեան։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ