Մարտի երկրորդ կիսուն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէպի Յունաստան եւ Կիպրոս կատարած իրերայաջորդ պաշտօնական այցելութիւնները ծառայեցին հայեւյոյն, ինչպէս եւ հայուկիպրական դարաւոր բարեկամութեանց վերանորոգումին՝ ընթացիկ եւ սոսկ արարողակարգային դիւանագիտութեան սահմաններէն անդին անցնելով։
Յունաստանի տուած Հայաստանի նախագահին պաշտօնական այցելութիւնը եկաւ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելու Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան ընդարձակ դաշտը։ Այցելութիւնը ծառայեց կրթական, մշակութային եւ գիտական մարզերուն մէջ զոյգ երկիրներու համագործակցութեան մարզերուն ընդարձակման՝ համապատասխան համաձայնագիրներու ստորագրումով։
Յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Յունաստանի մէջ հայագիտական բարձրագոյն ամպիոնի մը ստեղծման շուրջ համաձայնութիւնը։ Նման ամպիոնը անկասկած պիտի նպաստէ հայերէնի ուսուցման եւ կատարելագործման՝ յոյն ուսանողական շրջանակներուն մօտ։ Նաեւ՝ ամպիոնը վստահաբար իր բարեբեր անդրադարձը պիտի ունենայ յունահայերուս համար, մանաւանդ ազգային ու հայկական մեր վարժարանները որակեալ ուսուցչական կազմերով օժտելու ուղղութեամբ։
Աթէնք իր այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ. Կոմիտէին հետ՝ փոխադարձ ծանօթացման եւ մտքեր փոխանակելու համար Հայաստանն ու հայութիւնը, այդ կարգին յունահայութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ։
Հայաստանի նախագահին Յունաստան եւ Կիպրոս այցելութիւնները յատկանշուեցան նաեւ հայ, յոյն եւ կիպրացի ժողովուրդներուն զօրակցութեան մակարդակը բարձրացնելու կոչերով, ինչպէս եւ մեր ժողովուրդներուն դէմ գործուած թրքական ոճիրներուն դիւանագիտական դատապարտումով, այլեւ՝ իրաւունքի եւ արդարութեան պահանջներվ։
Բարեկամական եւ զօրակցական այդ պաշտօնական յայտարարութիւնները ըստ երեւոյթին ջղագար անհանգստութիւն առաջացուցին թրքական պետութեան ղեկավար շրջանակներուն մօտ։ Թրքական կոպիտ հակազդեցութեան կրքոտ թարգմանը հանդիսացաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ «Թրքական ինքնութեան դէմ մտապաշարման եւ յաճախանքի մէջ գտնուելու յանցանքով մեղադրեց» Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի պետական պատասխանատուները։
Իբր թէ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի պետական այրերը հայերու, յոյներու եւ կիպրացիներու մօտ «անհիմն ատելութիւն» կը սերմանեն թրքական «ինքնութեան» դէմ...
Թրքական կոպիտ հակազդեցութիւնը բնականաբար անպատասխան չձգուեցաւ։
Յատկապէս Յունաստան, թէ՛ իր արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութեամբ եւ թէ գլխաւոր ընդդիմադիր Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան համահունչ ու ձայնակցող արձագանգով՝ ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան դրական ցուցադրութիւն կատարեց. դատապարտեց թուրք պետական վարիչներուն կամակոր եւ կամապաշտ կեցուածքը՝ շեշտելով սեփական պատմութեանց հետ հաշուի նստելու եւ անցեալի սխալներուն սրբագրման պատասխանատուութիւնը ընդունելու հրամայականը, թրքական պետութեան համար։
Թրքական պետութեան կոպիտ եւ կարծր հակազդեցութիւնը հասկնալիօրէն չի սահմանափակուիր Հայաստանի նախագահին այցելութեանց առթիւ դրսեւորուած զօրակցութեան յայտարարութիւններով։ Անգարա չէ մարսած, որ Աթէնք օրէնքով քրէականօրէն պատժելի հռչակեց Ցեղասպանութեանց ժխտումը։
Անգարա նոյնպէս մտահոգ է, որ այս տարի կը լրանայ 20ամեակը Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումին, ինչ որ կրնայ շարժառիթ ծառայել Հայկական Պահանջատիրութեան համար, որպէսզի Մեծ Եղեռնի 101րդ տարելիցին նորովի թափ տայ յունահայութեան դատապարտանքի ու բողոքի քայլերուն։
Յունահայութիւնը շարժառիթի պէտք չունի, որովհետեւ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը շատոնց թեւակոխած է անդուլ պայքարի փուլ, մինչեւ որ Թուրքիա ստիպուի հաշուի նստելու սեփական պատմութեան եւ արդար հատուցումը կատարելու իր գործած Հայոց Ցեղասպանութեան ծանրագոյն ոճիրին։