Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՄա­մու­լին նկատ­մամբ իր գոր­ծադ­րած բռնու­թիւն­նե­րով՝ ­Թուր­քիա նեղ կա­ցու­թեան մատ­նած է Ա­րեւ­մուտ­քի իր դաշ­նա­կից­նե­րը:

Ան­ցեալ տա­րի «­Ճում­հու­րի­յէթ» թեր­թը յանդգ­նե­ցաւ բա­ցա­յայ­տել այն, ին­չը շա­տոնց բա­ցա­յայտ էր ամ­բողջ հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թեան: Այ­սինքն` ­Սու­րիոյ մէջ կռո­ւող ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն ­Թուր­քիոյ ցու­ցա­բե­րած գործ­նա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը: ­Թեր­թը հրա­պա­րա­կած էր պատ­կեր­նե­րը զի­նամ­թեր­քով լե­ցո­ւած բեռ­նա­կառ­քե­րու, ո­րոնք կ­՛ուղ­ղո­ւէին ­Սու­րիա (ան­շուշտ` օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար ­Սու­րիոյ մէջ «ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն» եւ «ար­դար կար­գեր» հաս­տա­տե­լու մի­տող խա­ժա­մու­ժին…):

­Թեր­թին գլխա­ւոր խմբա­գի­րը եւ լրագ­րող­նե­րէն մէ­կը դա­տա­րան քա­շո­ւե­ցան «լրտե­սու­թեան» մե­ղադ­րան­քով: ­Բո­ղոք, աղ­մուկ, ա­ղա­ղակ, ցոյց-մոյց` օ­գուտ չը­րին: ­Սուլ­թան Էր­տո­ղան մնաց անդր­դո­ւե­լի: «­Ճում­հու­րի­յէթ»ին առն­չո­ւած դէպ­քը (բնա­կա­նա­բար) լուրջ ու­շադ­րու­թեան չար­ժա­նա­ցաւ Ա­րեւ­մուտ­քին կող­մէ, պարզ այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ` «­Թուր­քիան մեր ա­մե­նավս­տա­հե­լի դաշ­նա­կիցն է» եւ, ու­րեմն, ին­չո՞ւ նե­ղաց­նել զայն: ­Մա­նա­ւանդ որ ­Թուր­քիան կը կա­տա­րէր ­Սու­րիան քան­դե­լու ա­րեւմտեան յանձ­նա­րա­րու­թիւ­նը:

Անց­նող օ­րե­րուն սուլ­թա­նին հեր­թա­կան մամ­լոյ զո­հը դար­ձաւ «­Զա­ման»ը: Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը «ա­փաշ­կա­րա» փա­կե­ցին թեր­թը, իսկ ա­նոր լրագ­րող­ներն ալ վռնտուե­ցան եւ փո­ղոց նե­տո­ւե­ցան (չգոր­ծա­ծե­լու հա­մար ձեր բո­լո­րին գիտ­ցած թրքե­րէն բա­ռը…):
Ընդ­դի­մա­դիր նկա­տո­ւած հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան մը ա­ւե­լի բախ­տա­ւոր չե­ղաւ, երբ ուղ­ղա­կի սփռո­ւող հե­ռա­տե­սի­լա­յին բա­նա­վէճ-քննար­կու­մի մը ըն­թաց­քին թրքա­կան ա­պա­հո­վա­կան ու­ժե­րը մտան տա­ղա­ւար եւ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր դի­տող­նե­րու աչ­քե­րուն առ­ջեւ («կէօզ կէօ­րէ կէօ­րէ») կա­սե­ցու­ցին հա­ղոր­դու­մը:

Այս ան­գամ, սա­կայն, մամ­լոյ, խօս­քի եւ կար­ծի­քի ա­զա­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան վեհ գա­ղա­փար­նե­րու հրայր­քով տո­չո­րող Ա­րեւ­մուտ­քը «լուռ չմնաց»:
­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր­նե­րէն ­Ճան ­Քըր­պի, անդ­րա­դառ­նա­լով մամ­լոյ դէմ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած բռնա­մի­ջոց­նե­րուն` յայ­տա­րա­րեց.- «Ե­թէ հարց­նէք, թէ ա­տի­կա մեզ կը մտա­հո­գէ՞, թէ՞ ոչ, պի­տի պա­տաս­խա­նենք` ա­յո՛»: Այս­քա՛ն միայն. դա­տա­պար­տու­մի ոչ մէկ խօսք: ­Միւս կող­մէ, ­Թուր­քիա շատ լաւ գի­տէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու այս «մտա­հո­գու­թեան» ար­ժէ­քը` աղ­բա­նոց թա­փո­ւե­լիք ապ­րանք:

Իսկ ՆԱԹՕի գլխա­ւոր քար­տու­ղար Ենս Ս­թոլ­թըն­պըրկ յայ­տա­րա­րեց, թէ` «­Դա­շին­քին (ՆԱԹՕի - Վ.Բ.) մաս կազ­մող եր­կիր­նե­րը պէտք է յար­գեն ժո­ղովր­դա­վար ար­ժէք­նե­րը… ­Դա­շին­քը հիմ­նո­ւած է հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րու վրայ, ո­րոնք են ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, ան­հա­տա­կան ա­զա­տու­թիւ­նը եւ օ­րէն­քի գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը… ­Մեր միու­թիւ­նը այդ ար­ժե­չա­փե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած է եւ կ­՛ակն­կա­լեմ, որ բո­լոր դաշ­նա­կից­նե­րը գոր­ծեն ա­նոնց հի­ման վրայ… ­Կա­րե­ւոր է, որ դա­շին­քին բո­լոր ան­դամ­նե­րը այս հա­սա­րա­կաց ար­ժե­չա­փե­րը բաժ­նեկ­ցին»:

Անգ­լե­րէ­նով կ­՛ը­սեն` No kidding!
Ն­կա­տե­լի է, որ ո՛չ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան բան­բե­րը, ոչ ալ ՆԱԹՕի գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րը դա­տա­պար­տե­ցին մա­մու­լի ու խօս­քի ա­զա­տու­թեան դէմ ի­րենց «ա­մե­նավստա­հե­լի» դաշ­նա­կի­ցին ա­ռած քայ­լե­րը, ո­րոնք բա­ցա­յայ­տօ­րէն բիրտ էին: ­Թուր­քիա բա­ցա­յայտ ար­հա­մար­հանք կը ցու­ցա­բե­րէ ՆԱԹՕի իբր թէ դա­ւա­նած «ար­ժէք­նե­րուն» նկատ­մամբ, ո­րով­հե­տեւ վստահ է, թէ իր դաշ­նա­կից­նե­րը իր նկատ­մամբ ոչ մէկ գործ­նա­կան քայլ պի­տի առ­նեն ու պի­տի բա­ւա­րա­րո­ւին միայն խօս­քե­րով, ո­րոնց ա­նար­ժէք ըլ­լա­լը ոչ ո­քի հա­մար գաղտ­նիք է:

Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք, որ թերթ, կամ հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան փա­կո­ղը ըլ­լար ոչ թէ Ա­րեւ­մուտ­քի դաշ­նա­կից մը, այլ` եր­կիր մը, ո­րուն հետ նոյն այդ Ա­րեւ­մուտ­քը շատ ալ հաշտ չէ: Ը­սենք` ­Չի­նաս­տա­նը, կամ՝ ­Վե­նե­զո­ւե­լան: ­Կա­րե­լի է ե­րե­ւա­կա­յել ա­րեւմ­տեան մամ­լոյ թէ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու բարձ­րաց­նե­լիք աղ­մուկ-ա­ղա­ղա­կը, դա­տա­պար­տու­մի ա­լի­քը, չհա­շո­ւած ա­ծա­կան­նե­րը, կամ մին­չեւ իսկ` պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը:
­Սու­րիոյ դէմ մղո­ւած պա­տե­րազ­մին մէջ ­Թուր­քիոյ տրո­ւած այս «քարտ պլանշ»ը սկսած է օ­րէ օր ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր դառ­նալ տա­րա­ծաշր­ջա­նի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու հա­մար: ­Նե­րա­ռեալ` ­Հա­յաս­տա­նի:

­Թուր­քիոյ քիւրտ հպա­տակ­նե­րուն դէմ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն թրքա­կան բա­նա­կին գոր­ծադ­րած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ ա­րեւմ­տեան լռու­թիւ­նը պար­զա­պէս կը քա­ջա­լե­րէ սուլ­թան Էր­տո­ղա­նը ու զայն կրնայ մղել վտան­գա­ւոր ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու: Ա­րեւ­մուտ­քի այս ա­նուղ­ղա­կի քա­ջա­լե­րան­քը, ինչ­պէս նաեւ թրքա­կան մա­մու­լի ճնշում­նե­րուն նկատ­մամբ ա­նոր դրսե­ւո­րած կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը կրնայ վտան­գա­ւոր նա­խըն­թաց­ներ ստեղ­ծել:

Ա­րեւ­մուտ­քը շա­տոնց սկսած է խեղ­դո­ւե­լու իր իսկ սե­փա­կան կեղ­ծի­քի ծո­վուն մէջ: Իսկ ա­նոր ընդ­դի­մա­ցող ու­ժե­րը, ի­րենց կար­գին, եր­բեք բա­րի վա­րուց վկա­յա­կան­ներ չեն ու­նե­ցած:
­Մե­զի, այ­սինքն` հա­յու­թեան ու ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար, էա­կա­նը այն է, որ լաւ պէտք է ճանչ­նանք հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կան մթնո­լոր­տին մէջ տի­րա­կան դար­ձած կեղ­ծիք­նե­րու էու­թիւ­նը:

­Թուր­քիոյ այս բա­ցա­յայտ ճնշա­մի­ջոց­նե­րուն նկատ­մամբ Ա­րեւ­մուտ­քի վե­րոն­շեալ կեղծ «մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը» մեզ եր­բեք պէտք չէ խա­բեն: ­Յան­կարծ չգտնո­ւին հայ մար­դիկ, ո­րոնք սկսին Ա­րեւ­մուտ­քին դի­մե­լու ա­մէն ան­գամ, որ ի­րենց հա­մար ան­հա­ճոյ զար­գա­ցում մը տե­ղի ու­նե­նայ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: ­Միշտ պէտք է վստահ ըլ­լալ, որ Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար բնաւ նշա­նա­կու­թիւն չու­նին մարդ­կա­յին վեհ գա­ղա­փար­նե­րը կամ ար­ժէք­նե­րը: ­Հե­տե­ւա­բար նաեւ ա­րեւմ­տեան բո­լոր հա­ւա­նա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը պի­տի ըլ­լան ի վնաս տե­ղա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն ու ա­նոնց շա­հե­րուն: Անխ­տի՛ր:
­Փաս­տե­րը ա­ղա­ղա­կող են` Ի­րաք, ­Լի­պիա, ­Սու­րիա, իսկ հի­մա` ­Թուր­քիոյ մա­մու­լը:

 ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ