Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Շ­նորհք ­­Պատ­րիար­քի վեր­ջին կամ թե­րեւս ալ վեր­ջըն­թեր ուխ­տագ­նա­ցու­թիւնն էր դէ­պի գա­ւա­ռի ե­կե­ղե­ցի­ներ։ ­­Պատ­րիար­քը սո­վո­րու­թիւն դար­ձու­ցած էր ա­մէն տա­րի հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ տալ գա­ւա­ռի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն։ Այս վեր­ջի­նին մայրս ալ մաս­նակ­ցած էր։ ­­Կե­սա­րիա, Ա­ղէք­սանտ­րէթ, ­­Քը­րըք­խան եւ ­­Վա­քըֆ­լը ­գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցի­նե­րը այ­ցե­լե­լէ ետք շատ վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձած էր։ Ա­ռա­ջին ան­գամ մօրս պատ­մած­նե­րով լսե­ցի ­­Սար­գիս ­­Թէ­քէի մա­սին։

«­­Կե­սա­րիոյ մուտ­քին դի­մա­ւո­րեց մեզ եւ մին­չեւ որ քա­ղա­քէն հե­ռա­նանք միշտ մեր հետ ե­ղաւ»։ Իբ­րեւ հե­ղի­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող անձ, ազ­դած էր մօրս վրայ։ «­­Դե­ւին ա­նու­նը դա­ջած էր -­­Սար­գիս-, հար­ցու­ցի պատ­ճա­ռը, - մարդ ես, կը պա­տա­հի որ վա­խե­նաս եւ ինք­նու­թիւնդ ու­րա­նաս, այդ չը­նե­լու հա­մար է որ ա­նունս մոր­թիս դա­ջած եմ»։ Այս լսե­լով մայրս գնա­հա­տած էր թա­լաս­ցի «­­Քա­պա­տա­յը» ­­Սար­գի­սը։

­Տա­րի­ներ անց, երբ հան­դի­պե­ցանք ի­րա­րու, փո­խան­ցե­ցի մօրս պատ­մած­նե­րը։ Ու­րախ էր «քա­պա­տա­յը» ա­ծա­կա­նով։ Իւ­րա­ցու­ցած էր ու­րիշ­նե­րու հա­մար ստո­րագ­նա­հա­տա­կան թո­ւա­ցող այդ պի­տա­կը։ «­­Պէտք չէ շփո­թիլ, այս բա­ռին ի­մաս­տը խո­րունկ է։ ­­Նախ կրթու­թիւն կը նշա­նա­կէ, բա­րե­կիրթ պի­տի ըլ­լայ քա­պա­տա­յըն։ ­­Պի­տի գիտ­նայ թէ՛ իր տե­ղը եւ թէ՛ դի­մա­ցի­նին ար­ժա­նի­քը։ Այդ ար­ժա­նի­քին հա­մա­պա­տաս­խան պի­տի վե­րա­բե­րի շուր­ջին­նե­րուն։ Այդ ա­ծա­կա­նը կրո­ղը ստի­պո­ւած է օ­րի­նա­կե­լի ըլ­լալ։ ­­Յան­ցան­քէ ու յան­ցա­գոր­ծու­թե­նէ հե­ռու պի­տի մնայ։

­­Հե­ռու պի­տի մնայ կռի­ւէ եւ կռո­ւա­զա­նու­թե­նէ։ ­­Բայց ե­թէ պէտք է՝ ա­ռանց աչ­քը թար­թե­լու պի­տի մտնէ կռի­ւի։ Այս սկզբունք­նե­րով է, որ կը բնա­կիմ 300 տա­րիէ ի վեր ըն­տա­նի­քիս պատ­կա­նող տան մէջ։ ­­Մին­չեւ 100 տա­րի ա­ռաջ ­­Թա­լա­սի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հա­յեր էին։ ­­Բո­լորն ալ գաղ­թե­ցին։ ­­Նախ ­­Պո­լիս, ա­պա՝ Ա­մե­րի­կա կամ Եւ­րո­պա գա­ցին։ Այն, ինչ որ մնա­ցած էր ի­րենց նախ­նի­նե­րէն, թա­լա­նո­ւե­ցաւ տե­ղա­ցի­նե­րու կող­մէ։ Իմ ու­նե­ցո­ւած­քիս վրայ ալ աչք ու­նէին։ Ես տէր կանգ­նե­ցայ։ ­­Հօ­րե­նա­կան ժա­ռան­գը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար մարդ սպան­նե­ցի եւ այդ ալ հա­տու­ցե­ցի։ 12 տա­րի բան­տար­կո­ւե­ցայ։ Այ­սօր ես հպար­տու­թեամբ կ­­՚ապ­րիմ ­­Թա­լա­սի մէջ, բայց իմ թշնա­մի­նե­րը թո­ղե­ցին հե­ռա­ցան»։

Այս պատ­մե­լէն ետք կը տա­րո­ւի խոր­հուրդ­նե­րու։ ­­Յե­տոյ վրայ կը բե­րէ՝ «Ես ալ չկրցայ ա­մուս­նա­նալ, չկրցայ ըն­տա­նիք մը կազ­մել։ Ա­մէն ինչ իր հե­տե­ւան­քը ու­նի։ Ծնն­դա­վայ­րէն, հօ­րե­նա­կան ժա­ռան­գէն զրկո­ւող­նե­րը ու­նե­ցան այդ բո­լո­րը։ ­­Կեան­քը բո­լո­րիս հա­մար ու­ղի­ներ ճշդած է, ես ալ իմ ու­ղիով կը յա­ռա­ջա­նամ»։

­­Սար­գիս ­­Թէ­քէն իր հայ ինք­նու­թիւ­նով մին­չեւ օրս կեն­դա­նի վկա­յու­թիւնն է ­­Կե­սա­րիոյ հա­յու­թեան։ Ա­կա­մայ կը տա­րո­ւիմ մտա­ծում­նե­րու։ Ա­նուն­ներ կը տո­ղան­ցե­ն մտ­քիս մէջ, «­­Հա­պէշ ­­Սե­պուհ», «Ա­տը­կիւ­զէլ» ­­Պոլ­սոյ ա­նուա­նի քա­պա­տա­յը­նե­րը ե­ղած են։ ­­Բազ­մա­թիւ ա­ռաս­պել­ներ հիւ­սո­ւած են ի­րենց ա­նուն­նե­րուն շուրջ։ ­­Մեր տու­նը յա­ճախ կը յի­շո­ւէր ­­Սե­պու­հին 6-7 ­­Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րուն իր դա­սըն­կե­րոջ ­­Վա­րու­ժա­նի խա­նու­թը պահ­պա­նե­լու դրո­ւա­գը։ «­­Դէպ­քե­րը լսե­լով փու­թաց ­­Վա­րու­ժա­նի ­­Թար­լա­պա­շիի խա­նու­թը։ Ա­թոռ մը դրաւ դրան առ­ջեւ եւ խու­ժա­նը չհա­մար­ձա­կե­ցաւ այդ կողմ նա­յե­լու ան­գամ»,- կը պատ­մէր հայրս։

­­Քաղ­քե­նիի բար­քե­րը բա­զում ար­ժա­նիք­նե­րու կար­գին մա­շե­ցու­ցին քա­պա­տա­յըի մշա­կոյթն ալ։ Այդ ճղճի­մու­թեան մէջ ­­Սար­գիս ­­Թէ­քէն կա­տա­րեալ «­­Տօն ­­Քի­խոտ» մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յա­նայ մե­րօ­րեայ հա­սա­րա­կու­թեան։ ­­Զինք ճանչ­նա­լով է, որ կրնաս գնա­հա­տել ա­նոր ար­ժա­նիք­նե­րը։ Իսկ ժխտա­կան բո­լոր կան­խա­կար­ծիք­նե­րը միայն տգի­տու­թեանդ ա­պա­ցոյցն են։ Իսկ ­­Սար­գիս այս բո­լո­րէն հե­ռու, կը մնայ ­­Թա­լա­սի եւ բո­վան­դակ ­­Կե­սա­րիոյ հա­յու­թեան պայ­ծառ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։