Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt«­Գիտ­նամ, որ եր­կու տա­րիով պի­տի ա­զա­տիմ՝ խնդիր չէ, կ­՛եր­թամ կը լրաց­նեմ այդ պա­տի­ժը: Բայց տա­կա­ւին բա­զում դա­տեր կը շա­րու­նա­կո­ւին իմ դէմ: Բան­տար­կու­թե­նէս ետք յան­կարծ ե­թէ ա­նոնք ալ պա­տի­ժով ա­ւար­տին, կրնամ կեան­քիս մին­չեւ վեր­ջը բան­տը մնալ»:

 

Այս­պէս ը­սած էր Սե­ւան Ն­շա­նեան, «Ա­կօս» իր վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին: Դա­տա­խա­զը երկ­րէն դուրս ել­լե­լու ար­գելք չէր դրած: Ար­դէն ինքն ալ քա­նի մը օ­րո­ւան հա­մար ար­տա­սահ­ման գնաց ու ա­պա վե­րա­դար­ձաւ: Վե­րա­դար­ձաւ, որ­պէս­զի փոր­ձանք ըլ­լայ իր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րուն գլխուն:
Որ­պէս եր­կի­րը ճանչ­ցող մտա­ւո­րա­կա­նի՝ ան չէր սխա­լած իր կան­խա­տե­սում­նե­րուն մէջ: Բանտ մտնե­լէն կարճ ժա­մա­նակ ետք, սկսան ի­րե­րա­յա­ջորդ վճիռ­ներ ար­ձա­կո­ւե­լու ա­նոր դէմ: Ներ­կայ դրու­թեամբ, ան ար­դէն դա­տա­պար­տո­ւած է ա­ւե­լի քան 11 տա­րի­նե­րու բան­տար­կու­թեան: Եւ դա­տե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւին... Չա­րա­գու­շակ են­թադ­րու­թեամբ մը՝ Ն­շա­նեա­նի դէմ բան­տար­կու­թիւ­նը կրնայ հաս­նիլ 25 տա­րիի:

Պարզ ու պար­կեշտ միտ­քով ե­թէ դա­տենք, կաս­կած չկայ, որ Սե­ւան Ն­շա­նեա­նի բան­տար­կու­թիւ­նը մե՛ծ ա­մօթ մըն է Թուր­քիոյ հա­շո­ւոյն: Ն­շա­նեան մեծ թիւ մըն է: Ս­տեղ­ծա­գործ պայ­ծառ միտք է Սե­ւան Ն­շա­նեա­նը: Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ՝ իր ձեռ­նար­կած բո­լոր գոր­ծե­րէն յա­ջո­ղու­թեամբ դուրս ե­կած:
Շի­րին­ճէ գիւ­ղը, որ Իզ­մի­րի մեր­ձա­կայ զբօ­սաշրջա­յին կա­րե­ւոր կեդ­րոն մը կը հա­մա­րո­ւի այ­սօր, ոչ մէկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր այն օ­րե­րուն, երբ Ն­շա­նեան ա­ռա­ջին ան­գամ այ­ցե­լեց հոն:

Հին յու­նա­կան գիւղ մըն էր Շի­րին­ճէ, ո­րուն բնա­կիչ­նե­րը բնակ­չու­թեան փո­խա­նակ­ման ծրա­գի­րով պար­տա­դիր գաղ­թի են­թար­կո­ւած եւ ղրկո­ւած էին Յու­նաս­տան: Նոյն պար­տա­դիր գաղ­թով Յու­նաս­տա­նէն ե­կած թուր­քերն ալ բնա­կե­ցո­ւած էին Շի­րին­ճէ: Սա­կայն այս վեր­ջին­նե­րը ոչ մէկ կեր­պով հա­մա­կեր­պած էին այս պատ­մա­կան գիւ­ղին: Ա­նոնք շու­տով լքե­ցին ի­րենց տրա­մադ­րո­ւած այդ գիւ­ղը եւ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­ցին մօ­տա­կայ Սել­չու­կի եւ Իզ­մի­րի մէջ:

Սե­ւան Ն­շա­նեան իր կնոջ հետ միա­սին կի­սա­փուլ տուն մը գնեց եւ սկսաւ այդ տու­նը իր բնօ­րի­նա­կին հա­մա­պա­տաս­խան կեր­պով վե­րա­կա­ռու­ցե­լու: Ար­դիւն­քը զար­մանք պատ­ճա­ռեց բո­լո­րին: Ան ա­պա գնեց երկ­րորդ եւ եր­րորդ եւ չոր­րորդ տու­ներ, բո­լորն ալ վե­րա­նո­րո­գեց՝ ա­ռա­ջին օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով: Սկ­սաւ տու­նե­րը հիւ­րա­նո­ցի նման շա­հա­գոր­ծե­լու: Գիւ­ղի սա­կա­ւա­թիւ բնա­կիչ­նե­րը ու­րախ էին այս զար­գա­ցու­մէն, քա­նի որ ան­տե­սո­ւած այս վայ­րը հի­մա կ­՛ար­ժա­նա­նար այ­ցե­լու­նե­րու ու­շադ­րու­թեան:
Ա­նոնց­մէ ո­մանք հա­մեստ ճա­շա­րան­ներ սար­քե­ցին, ո­մանք՝ գիւ­ղա­կան ար­տադ­րու­թիւն վա­ճա­ռող փոք­րիկ խա­նութ­ներ եւ, այս­պի­սով, ե­ռու­զեռ գո­յա­ցաւ այդ ա­մա­յի գիւ­ղէն ներս:

Սե­ւան Ն­շա­նեա­նի միտ­քի թռիչ­քը ան­սահ­ման է: Իր վա­ղե­մի բա­րե­կա­մին՝ թո­ւա­բա­նա­գէտ փրոֆ. Ա­լի Նե­սի­նի հետ հիմ­նեց «Ու­սո­ղու­թեան Գիւղ» մը: Գիւ­ղը իս­կոյն ար­ձա­գանգ գտաւ թո­ւա­բա­նու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս: Բազ­մա­թիւ օ­տար գիտ­նա­կան­ներ կապ հաս­տա­տե­ցին Ն­շա­նեա­նի եւ Նե­սի­նի հետ, գիւ­ղը այ­ցե­լե­լու եւ այն­տեղ թո­ւա­բա­նու­թիւն դա­սա­ւան­դե­լու հա­մար:

Վ­րայ հա­սաւ ու­րիշ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը՝ «­Թատ­րո­նի Լ­սա­րան»: Ան կը սի­րէր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կեղծ սրբու­թիւն­նե­րուն հետ ծի­ծա­ղիլ: Իր ա­նու­նով աշ­տա­րակ մը կա­ռու­ցեց եւ ժայ­ռա­փոր գե­րեզ­ման մը: «1000 տա­րի ետք Թուր­քիոյ հան­րա­պե­տու­թիւն չի մնար, բայց իմ աշ­տա­րակն ու գե­րեզ­մա­նը կը մնան»: Լե­զու եր­կա­րած էր իս­լամ­նե­րու մար­գա­րէին՝ ը­սե­լով, թէ «չեմ կրնար սուրբ հա­մա­րել իր ա­ռեւտ­րա­կան շա­հե­րուն եւ կնա­մո­լու­թեան հա­մար Աս­տու­ծոյ ա­նու­նով պատ­գամ­ներ փո­խան­ցող մէ­կը»:

Պե­տու­թիւ­նը այս ե­լոյթ­նե­րուն հա­մար չէր կրնար պատ­ժել Ն­շա­նեա­նը, ուս­տի դի­մեց զար­տու­ղի մի­ջոց­նե­րու… Մե­ղադ­րեց ա­պօ­րի­նի շի­նու­թեան յան­ցան­քով։ Սե­ւան սա պա­հուն թէ՛ կը բո­լո­րէ բան­տի դա­ժան պայ­ման­նե­րը, եւ թէ զրկո­ւած է իր գրա­կան ու գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րէն:
Բո­լո­րիս կը վի­ճա­կո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ ճնշում բա­նեց­նել՝ Ն­շա­նեա­նի ա­զա­տու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ - «Ա­կօս»