Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԿի­նե­րու ա­զա­տագր­ման հար­ցը, ընտ­րե­լու եւ ընտ­րո­ւե­լու ի­րա­ւունք ձեռք ձգե­լու հար­ցը, աշ­խա­տան­քա­յին կեան­քին մէջ տղա­մար­դոց հետ հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­ներ ու­նե­նա­լու հար­ցը, հայ­րիշ­խա­նա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րուն դէմ պայ­քա­րը, պայ­քա­րը` քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ տղա­մար­դոց պէս հա­մա­հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­ներ ու­նե­նա­լու եւ ներ­կա­յա­ցո­ւած ըլ­լա­լու, ինչ­պէս նաեւ պայ­քա­րը սե­

ռա­յին խտրա­կա­նու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին կարծ­րա­տի­պե­րուն դէմ, սկիզ­բէն ալ ե­ղած են մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ա­ռանցք­նե­րը` հա­ւա­սա­րու­թեամբ օժ­տո­ւած ա­ւե­լի ար­դար հա­սա­րա­կարգ մը ստեղ­ծե­լու ճամ­բուն վրայ, ո­րով­հե­տեւ ըն­կե­րա­յին ի­մաս­տով ան­հա­ւա­սար կար­գե­րը եւ դա­սա­կար­գա­յին հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցած են ըն­կե­րու­թեան մէջ կի­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեան ստո­րա­դաս­ման, թե­րագ­նա­հա­տու­մին եւ ա­ծան­ցեալ ներ­կա­յու­թեան: Ա­նոր հա­մար ալ, աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գի ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին մէջ, ըն­կեր­վա­րա­կան մտքի դա­սա­կան­նե­րուն կող­մէ միշտ ալ կա­րե­ւոր նկա­տո­ւած է կնոջ ա­զա­տագ­րու­մը իր ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան կա­պանք­նե­րէն, կարծ­րա­տի­պե­րէն, հնա­մաշ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րէն, ո­րոնք կաշ­կան­դած են ա­նոր ստեղ­ծա­գործ սլաց­քը, կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տո­ւած է կնոջ ու­սում­նա­ռու­թիւ­նը եւ անհ­րա­ժեշտ «բա­նա­լի»նե­րուն տի­րա­նա­լը` ըն­կե­րու­թեան մէջ ներ­գոր­ծօն ներ­կա­յու­թեան վե­րա­ծուե­լու հա­մար:

Կի­նե­րու ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­զա­տագր­ման հա­մար մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան եւ տե­սա­կան պայ­քա­րին մէջ, Ք­լա­րա Ցեթ­քի­նի պէս հսկա­յի մը կող­քին կա­րե­լի չէ ան­տե­սել նաեւ ու­րիշ հսկայ բար­ձուն­քի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը ըն­կեր­վա­րա­կան եւ մարք­սա­կան դա­սա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ: Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի 19րդ դա­րա­վեր­ջի եւ 20րդ դա­րաս­կիզ­բի ըն­կեր­վար-յե­ղա­փո­խա­կան տե­սա­բան, փի­լի­սո­փայ, ըն­կեր­վա­րա­կան տնտե­սա­գէտ եւ գեր­մա­նա­կան Ըն­կեր­վար ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան մեծ դէմ­քե­րէն Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուր­կին: Ըն­կեր­վա­րա­կան եւ մարք­սա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ու­սում­նա­սիր­ման աշ­խա­տան­քին մէջ Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուր­կը բա­ցա­ռիկ հե­տաքրք­րա­կան դէմք մըն է, որ գրե­թէ ան­տե­սո­ւած է հայ քա­ղա­քա­կան մտքին կող­մէ, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ինք եւ իր գա­ղա­փա­րա­կից, դար­ձեալ մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րու­թեան մեծ դէմ­քե­րէն Քարլ Լիփք­նեխթ Հայ­կա­կան Հար­ցով բա­ւա­կան հա­յան­պաստ կար­ծիք­ներ ու­նե­ցած են:

Բայց այս հար­ցին տա­կա­ւին կ­՛անդ­րա­դառ­նանք ու­րիշ ա­ռի­թով: Հի­մա կեդ­րո­նա­նանք կի­նե­րու քա­ղա­քա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան հար­ցին վրայ, ինչ­պէս որ տե­սած է Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուրկ` իբ­րեւ ան­մաս­նա­տե­լի բա­ժի­նը աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գի ա­զա­տագր­ման պայ­քա­րին:

Գա­ղա­փա­րի ու միա­ցեալ պայ­քա­րի ըն­կե­րու­հի­ներ Ք­լա­րա Ցեթ­քի­նը եւ Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուր­կը կը պատ­կա­նէին միեւ­նոյն գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղո­ւա­ծու­թեան` ըն­կեր­վար ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ձախ` ար­մա­տա­կան թե­ւին, որ կը հա­ւա­տար, թէ աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գի, կի­նե­րու եւ ըն­կե­րա­յին ի­մաս­տով ճնշո­ւած փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն ա­զա­տագ­րու­մը ան­կա­րե­լի է` բա­ցի յե­ղա­փո­խու­թեան մի­ջո­ցով: Իր նշա­նա­ւոր «­Յե­ղա­փո­խա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մէջ. յե­տոյ ի՞նչ» տե­սա­կան բնոյ­թի աշ­խա­տու­թեան մէջ Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուրկ կը նշէ. «Իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի մէջ աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գե­րը ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար կռո­ւիլ կը սոր­վին միայն պայ­քա­րին ընդ­մէ­ջէն: Ըն­կեր­վար ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը… միայն յա­ռա­ջա­մար­տիկն է աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գին, փոքր մէկ բա­ժի­նը ընդ­հա­նուր աշ­խա­տա­ւոր զան­գո­ւած­նե­րէն. ա­րիւն` ի­րենց ա­րիւ­նէն, միս` ի­րենց մի­սէն: Ըն­կեր­վար ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը փնտռէ ու կը գտնէ մի­ջոց­ներ եւ մաս­նա­յա­տուկ կար­գա­խօս­ներ աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու պայ­քա­րին հա­մար` միայն այս պայ­քա­րի զար­գաց­ման ծի­րին մէջ, իսկ իր յա­ռա­ջըն­թա­ցին հա­մար ուղ­ղու­թիւն­ներ կը գտնէ միայն այս պայ­քա­րին ընդ­մէ­ջէն»:

1912ին գրո­ւած` «­Կի­նե­րու քո­ւէար­կե­լու ի­րա­ւուն­քը եւ դա­սա­կար­գա­յին պայ­քա­րը» խո­րա­գի­րով ծրագ­րա­յին աշ­խա­տու­թեան մէջ՝ Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուրկ ըն­կեր­վար ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան այն ժա­մա­նա­կո­ւան` մարք­սեան հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն մեկ­նե­լով ար­դէն կը հիմ­նա­ւո­րէ կի­նե­րու քա­ղա­քա­կան ա­զա­տագ­րու­մի հար­ցը, այն­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ, երբ եւ­րո­պա­կան բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ տա­կա­ւին չէր կի­րար­կո­ւեր կի­նե­րու քո­ւէար­կու­թեան ի­րա­ւուն­քը: Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուրկ իր այս աշ­խա­տու­թեան մէջ կը նշէ, որ այդ տա­րի­նե­րուն կին աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գի քա­ղա­քա­կան եւ սեն­տի­քա­յա­կան զար­թօն­քը հիա­նա­լի ե­րե­ւոյթ էր, բայց այս զար­թօն­քը եւ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­լի դար­ձան այն բա­նի շնոր­հիւ, ո­րով­հե­տեւ կի­նե­րը ի­րա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին ի­րենց վե­րա­բե­րող քա­ղա­քա­կան եւ խորհր­դա­րա­նա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն գծով, այն­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ, երբ քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րէ գրե­թէ զուրկ էին ա­նոնք:

Բայց ե­թէ ո­մանք կը մտա­ծեն, որ ա­ռանց քա­ղա­քա­կան հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­նե­րու տի­րաց­ման ալ կի­նե­րը բա­ցա­ռիկ յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած են ու­սա­նե­լու եւ կազ­մա­կեր­պո­ւե­լու ի­մաս­տով, ուս­տի կա­րի­քը չու­նին քո­ւէար­կե­լու ի­րա­ւուն­քին, ա­նոնք պար­զա­պէս մո­լո­րած են: Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուրկ կը յի­շէ 19րդ դա­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան ապ­րած ըն­կեր­վա­րա­կան ի­տէալ­նե­րու մեծ մար­գա­րէ­նե­րէն մէ­կուն` ֆրան­սա­ցի Շարլ Ֆու­րիէի խօս­քե­րը. «Ո­րե­ւէ ըն­կե­րու­թեան մէջ կի­նե­րու ա­զա­տագր­ման աս­տի­ճա­նը բնա­կան աս­տի­ճա­նա­չափն է  ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան ա­զա­տագր­ման»: Լիւք­սեմ­պուրկ կ­՛ը­սէ, որ այս խօս­քը ի­րա­կա­նու­թիւն է նաեւ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու ըն­կե­րու­թեան հա­մար, ո­րով­հե­տեւ կի­նե­րու քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման  հա­մար մղո­ւող զան­գո­ւա­ծա­յին պայ­քա­րը պար­զա­պէս ար­տա­յայ­տու­թիւնն է եւ մէկ բա­ժի­նը աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար մղո­ւող հա­մընդ­հա­նուր պայ­քա­րին, եւ ա­սոր մէջ կը կա­յա­նայ այդ պայ­քա­րի զօ­րու­թիւ­նը եւ ա­պա­գան, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ աշ­խա­տա­ւոր կի­նը ձեռք ձգէ իր քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը, ա­սի­կա ինք­նա­բե­րա­բար յա­ռաջ պի­տի մղէ ու աշ­խու­ժաց­նէ աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գի ընդ­հա­նուր պայ­քա­րը ա­զա­տագր­ման հա­մար:

Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուր­կը նշա­նա­ւոր կար­գա­խօս մը ու­նի` «Ըն­կեր­վա­րու­թիւն կամ բար­բա­րո­սու­թիւն»: Այս կար­գա­խօ­սը ինք ստեղ­ծած է գի­տա­կան ըն­կեր­վա­րու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Ֆ­րե­տե­րիք Էն­կել­սի աշ­խա­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը վեր­լու­ծե­լու ըն­թաց­քին: Այդ ժա­մա­նա­կաշրջա­նին մարդ­կու­թիւ­նը մեծ քայ­լե­րով կ­՛ուղ­ղո­ւէր դէ­պի զի­նո­ւո­րա­կա­նա­ցում, եւ բնա­կան էր այդ ուղ­ղու­թեան դէմ գա­ղա­փա­րա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը ըն­կեր­վա­րու­թեան` հա­մայ­նա­կան-ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան կա­ցու­թա­ձե­ւե­րու քա­րոզ­չու­թեան ընդ­մէ­ջէն: Կար­գա­խօ­սը հի­մա ալ այժ­մէա­կան է, հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով գրե­թէ նոյն հար­ցե­րը կան` յա­րա­ճուն զի­նո­ւո­րա­կա­նա­ցու­մի եւ ան­մարդ­կայ­նու­թեան ի­մաս­տով, բայց բար­բա­րո­սու­թեան փո­խա­րէն կան բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րու տե­սակ­ներ, անց­նող դա­րու ըն­թաց­քին ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կան մի­ջոց էր, նոյ­նիսկ յա­ռաջ­դի­մա­կան մի­ջոց յե­ղա­փո­խա­կան ու­ժե­րու ձեռ­քին` յե­տա­դի­մու­թիւ­նը եւ հա­կա­յե­ղա­փո­խա­կա­նու­թիւ­նը կա­սեց­նե­լու հա­մար, իսկ հի­մա ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը դար­ձած է յե­տա­դի­մու­թեան ձեռ­քին մէջ մի­ջոց` մահ սփռե­լու աշ­խար­հի տա­րած­քին:

Եւ հոս կու գանք մեր բուն ը­սե­լի­քին: Մեծ պե­տու­թիւն­նե­րը որ­քան ուժ կու­տա­կեն այս օ­րե­րու ծայ­րա­յե­ղա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը մէջ­տե­ղէն վերց­նե­լու հա­մար, այդ ա­հա­բեկ­չու­թեան վտան­գը ա­ւե­լի եւս պի­տի մեծ­նայ եւ հա­րո­ւա­ծէ այդ պե­տու­թիւն­նե­րուն սիր­տը: Պի­տի չյա­ջո­ղին յաղ­թել ա­հա­բեկ­չու­թեան, ո­րով­հե­տեւ այս հա­ցը այդ խմո­րէն է, իս­լա­մա­կան այս ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, յե­տա­դի­մա­կան կրօ­նա­կան միտ­քը ծնունդն է մե­ծա­պե­տու­թեան, կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան: Յա­ռաջ­դի­մա­կան մարդ­կու­թեան խնդի­րը չէ այ­սօր պա­տե­րազ­միլ յե­տա­դի­մա­կա­նու­թեան եւ ՏԱՀԵՇա­կա­նու­թեան դէմ, փաս­տօ­րէն ա­սոնք սոսկ ման­րա­մաս­նու­թիւն են, բայց այդ մարդ­կու­թեան խնդիրն էր եւ պի­տի մնայ պայ­քա­րի­լը կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան դէմ, զի­նո­ւո­րա­կա­նաց­ման եւ զի­նո­ւո­րա­կան ար­տադ­րան­քի ընդ­հա­նուր տա­րած­ման դէմ, դրա­մա­տի­րու­թեան զար­գաց­ման նոր եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւած ձե­ւե­րուն դէմ` յա­նուն մար­դոց մի­ջեւ ա­ւե­լի ար­դար փոխ-­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, հա­ւա­սա­րու­թեան, հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ իր յե­ղա­փո­խա­կան դի­մա­գի­ծը վե­րագ­տած ըն­կեր­վա­րու­թեան: Թշ­նա­մին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թիւնն է ու դրա­մա­տի­րու­թիւ­նը, եւ հոս է, որ Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուր­կի միտ­քը ա­ւե­լի քան այժ­մէա­կան է:

«Ըն­կեր­վա­րու­թիւն կամ բար­բա­րո­սու­թիւն». Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուր­կի այս կար­գա­խօ­սը ա­ւե­լի քան այժ­մէա­կան է նաեւ այս օ­րե­րուս կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման ի­մաս­տով: Կը տես­նենք մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հա­մա­տա­րած խախ­տում­ներ, ո­րոնց ա­ռա­ջին զո­հե­րը կ­՛ըլ­լան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­մէ­նէն ան­պաշտ­պան­նե­րը` մա­նուկ­նե­րը, ծե­րե­րը եւ կի­նե­րը:

Այս խախ­տում­նե­րուն դի­մաց եւ զու­գա­հեռ, կը տես­նենք, որ կարգ մը ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մէջ կի­նե­րու քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը տա­կա­ւին շատ հե­ռու են գո­հա­ցու­ցիչ մա­կար­դա­կէն:

Եւ յստակ է վե­րոն­շեալ ամ­բողջ շա­րադ­րան­քէն, որ կի­նե­րու քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ան­տե­սու­մը, օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ տղա­մար­դոց կող­քին ա­նոնց հա­ւա­սար ներ­կա­յու­թեան զլա­ցու­մը ար­դիւնք են միայն ու միայն բար­բա­րո­սա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պին, դրա­մա­տի­րու­թեան եւ հայ­րիշ­խա­նա­կան գե­րա­կա­յու­թեան բար­դոյ­թին: Բայց մխի­թա­րա­կա­նը նաեւ այն է, որ հա­կա­ռակ եր­բեմն շատ յո­ռե­տե­սա­կան կա­ցու­թիւն­նե­րուն, կան տա­կա­ւին ար­մա­տա­կան շար­ժում­ներ, ո­րոնք կի­նե­րուն պայ­քա­րը կը հու­նա­ւո­րեն դէ­պի իր ի­րա­ւունք­նե­րուն ձեռք­բե­րու­մը` քա­ղա­քա­կան յա­ւե­լեալ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն, աշ­խա­տան­քի կա­րե­լիու­թեան ստեղ­ծում, վար­ձատ­րու­թեան ար­դար եւ հա­ւա­սար պայ­ման­ներ: Այն ամ­բող­ջու­թիւ­նը, ո­րուն մա­սին Ք­լա­րա Ցեթ­քի­նը, Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուր­կը եւ Ա­լեք­սանտ­րա Քո­լոն­թա­յը խօ­սած են շուրջ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ:

Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուր­կը մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րու­թեան պատ­մու­թեան մէջ կը ներ­կա­յա­նայ իբ­րեւ բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­կան, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բա­ւա­կան խնդրա­յա­րոյց տի­պար:

Իր կեան­քին եւ պայ­քա­րին վեր­ջա­լոյ­սը զու­գա­դի­պե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան շար­ժու­մին մէջ յա­ռա­ջա­ցած մեծ երկ­փեղ­կու­մին եւ երկ­պա­ռա­կու­թեան, եւ ա­սի­կա գեր­մա­նա­կան ըն­կեր­վա­րու­թեան պատ­մու­թեան սեւ է­ջե­րէն մէկն է:

Մեր անձ­նա­կան կար­ծի­քով՝ ան նա­հա­տա­կը դար­ձաւ իր եր­բեմ­նի գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րուն եղ­բայ­րաս­պան փամ­փուշ­տին: Բայց ան մե­զի հա­մար կը մնայ ըն­կեր­վա­րա­կան մտքի հսկա­յա­կան բար­ձունք­նե­րէն մէ­կը, հա­ւա­սա­րա­պէս խա­րա­զա­նող` թէ՛ ըն­կեր­վար ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան շար­ժու­մին մէջ տեղ գտած պա­տե­հա­պաշ­տա­կան ու գործ­նա­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն, թէ՛ ալ խորհր­դա­յին վի­ժած տար­բե­րա­կին:

Երբ այ­սօր` Մարտ 8ի առիթով Ռո­զա Լիւք­սեմ­պուրկ կը մէջ­բե­րենք, Կի­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը, ա­ւե­լի ճիշ­դը Աշ­խա­տա­ւոր կի­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րը դուրս կու գայ իր ըն­թա­ցիկ քաղ­քե­նիա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան պա­րու­նա­կէն, այդ օ­րո­ւան ամ­բողջ խոր­հուր­դը կը քա­ղա­քա­կա­նա­նայ:

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ