Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Պոլ­սոյ «­Մար­մա­րա» օ­րա­թեր­թին հա­մա­ձայն՝ «­Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի ­Սին­ճար քա­ղա­քի միակ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին՝ Ս. ­Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծա­ծին կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին, հիմ­նա­յա­տակ քան­դո­ւած է։

­Վեր­ջերս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ի յայտ ե­կած են տաս­նեակ մար­դոց կմախք­ներ, եւ կը կար­ծո­ւի, որ այդ ա­ճիւն­նե­րը կը պատ­կա­նին այդ շրջա­նը ապ­րած ե­զի­տի­նե­րու»։ ­Թեր­թը

կը յի­շեց­նէ, որ շրջա­նը ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան տի­րա­պե­տու­թե­նէն ան­ցեալ տա­րո­ւայ ­Նո­յեմ­բե­րին, իսկ նախ­քան Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան զի­նեալ­նե­րու մուտ­քը այդ շրջան, հայ բնակ­չու­թիւ­նը հե­ռա­ցած էր այդ­տե­ղէն։

Որ­պէս Ի­րա­քի հա­յոց Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեան նախ­կին փոխ ա­տե­նա­պետ եւ վե­րո­յի­շեալ շրջա­նին մէջ տա­րիէ մը ա­ւե­լի պաշ­տօ­նա­վա­րած,  հե­տե­ւեալ ճշգրիտ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կու­զէի յի­շա­տա­կել շրջա­նի մեր գաղ­թօ­ճա­խի մա­սին:

­Սին­ճա­րը  կը գտնո­ւի ­Մու­սու­լի հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան կող­մը, 100 քի­լո­մեթր հե­ռու եւ բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ե­զի­տի­ներ են: Ե­ղեռ­նի տա­րին ­Տէր ­Զօ­րի ար­հա­ւիրք­նե­րէն մա­զա­պուրծ ա­զա­տած եւ հոս հա­սած բազ­մա­թիւ հայ գաղ­թա­կան­ներ՝ ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րէն, մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ­Մեր­տի­նէն, ա­զա­տո­ւած ու պատս­պա­րո­ւած են տե­ղա­ցի­նե­րու կող­մէ: Ան Ի­րա­քա­հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի երկ­րորդ մեծ բնա­կա­տե­ղին էր Ի­րա­քի մէջ, ուր հաս­տա­տո­ւած են եւ ե­կե­ղե­ցի կա­ռու­ցած 1930ին  Ս. ­Գէորգ ­Նա­հա­տակ (եւ ոչ թէ Ս. ­Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծա­ծին) ա­նու­նով, որ կը գոր­ծեր մին­չեւ 2000 թո­ւա­կան: Ոչ-պաշ­տօ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւ­նե­րու հա­մա­ձայն՝ ա­նոնց թի­ւը մօտ հա­րիւ­րի կը հաս­նէր:

Առ այդ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ քան­դո­ւած ե­կե­ղե­ցիի մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած կմախք­նե­րը կը պատ­կա­նին ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած այս գաղ­թօ­ճա­խի մեր տա­րա­գիր­նե­րուն եւ ոչ թէ տե­ղա­ցի ե­զի­տի­նե­րու:

1972ին որ­պէս պե­տա­կան բժիշկի պաշ­տօ­նա­վա­րած եմ ­Սին­ճա­րին պատ­կան ­Սու­նու­նի կո­չո­ւած գիւղ-կեդ­րո­նի բու­ժա­րա­նին մէջ:

Երբ ազ­գու­թիւնս ճանչ­ցո­ւե­ցաւ շրջա­նին մէջ, կարգ մը «այ­ցե­լու­ներ» ու­նե­ցայ նախ մօ­տա­կայ ա­պա հե­ռու գիւ­ղե­րէն, զիս «ի­րենց հայ­րե­նա­կից»ը տես­նե­լու ու լսե­լու հա­մար ... բո­լո­րը կոր­սո­ւած հա­յեր, ո­րոնք ­Սին­ճար լե­ռը ա­պաս­տան գտած էին ար­հա­ւիր­քի օ­րե­րուն, ե­զի­տի­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան ա­պա­ւի­նե­լով  կեան­քեր­նին փրկած եւ ... ա­նոնց հո­գա­տա­րու­թեան ընդ­միշտ ե­րախ­տա­պարտ:

Ա­սոնց­մէ մա­նա­ւանդ ­Խա­չօն կա­նո­նա­ւո­րա­պէս կայ­ցե­լէր զիս Ուր­բաթ օ­րե­րուն ու եր­կար կը պատ­մէր ե­զի­տի «թարգ­մա­նի­չիս» օգ­նու­թեամբ իր ու իր «ա­զիզ­ներ»ուն, ինչ­պէս կա­նո­ւա­նէր, գլխուն ե­կած ա­ղէ­տէն: Ան փոքր տա­րի­քին հոս ա­պաս­տան գտած էր: Իր պատ­մե­լով նոյ­նիսկ ա­նու­նը չգի­տէր, հե­տե­ւա­պէս ըստ իր յի­շո­ղու­թեան գաղ­թի ճամ­բուն կորսնցուցած իր­մէ մեծ եղ­բօր ա­նու­նը, որ լսած էր ­Խա­չօ կը կան­չէին, ի­րեն վրայ ա­ռած էր իր ինք­նու­թիւ­նը յա­ւեր­ժաց­նե­լու հա­մար:

­Քար­տի­նալ Ա­ղա­ջա­նեան այ­ցե­լած է ­Սին­ճա­րի հօ­տը 1940ի աշ­նան, Ի­րաք կա­տա­րած հո­վո­ւա­կան այ­ցե­լու­թեան մի­ջո­ցին:

Ինքս ալ ան­ձամբ այ­ցե­լած եմ ե­կե­ղե­ցին պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեանս ըն­թաց­քին ու հան­դի­պած  հա­ւա­տա­ցեալ հայ­րե­նա­կից­նե­րու, ո­րոնք կը խօ­սէին տե­ղա­ցի­նե­րու քրտե­րէն ­Զա­զա լե­զուն:

Տոքթ. ­Վե­հու­նի ­Մի­նա­սեան