Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԵ­րե­ւա­նի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի Ա­րամ ­Մա­նու­կեան կեդ­րո­նին մէջ 27-28 ­Փետ­րո­ւա­րին տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կօ­րեայ տե­ւո­ղու­թեամբ խորհր­դա­ժո­ղով մը ՝ սփիւռ­քի ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հար­ցե­րու քննարկ­ման նո­ւի­րո­ւած:

Ծա­ւա­լուն ու տա­րո­ղու­նակ օ­րա­կարգ, ո­րու քննար­կու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ վեց են­թա­բա­ժին­նե­րով՝ իւ­րա­քան­չիւ­րին հա­մար յատ­կա­ցո­ւած ա­ռան­ձին նիս­տով:

 

ա. Ս­փիւռ­քեան հա­մայնք­նե­րու կազ­մու­թիւն եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հո­լո­վոյթ,

բ. ­Հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը 21րդ ­դա­րուն. յա­մե­ցող եւ նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ.

գ. ­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցում եւ ազ­գա­յին մշա­կոյթ.

դ. Ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը շեշ­տադ­րող գոր­ծա­դաշ­տեր եւ հա­մա­ցան­ցի օգ­տա­գոր­ծում.

ե. Ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն եւ Հ.ՅԴաշ­նակ­ցու­թիւն.

զ. ­Հա­յաս­տա­նի դե­րը սփիւռ­քի ազ­գա­յին դի­մագ­ծի շեշ­տու­մին մէջ.

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի նա­խա­ձեռ­նած այս խորհր­դա­ժո­ղո­վին՝ սփիւռ­քեան տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած ժո­ղո­վա­կան­նե­րը նշուած են­թա­բա­ժին­նե­րուն առն­չո­ւած եւ մտա­ւո­րա­կան ըն­կեր­նե­րու կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած խոր­քա­յին վեց զե­կու­ցում­նե­րու հե­տե­ւե­ցան, ո­րոնց գրա­ւոր պատ­ճէն­նե­րը նա­խա­պէս եւ ի նկա­տա­ռում արդէն իսկ դրո­ւած էին մաս­նակ­ցող­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ:

­Զե­կու­ցում­նե­րը եւ ժո­ղո­վա­կան­նե­րու կող­մէ կա­տա­րո­ւած քննար­կում­ներն ու ար­տա­յայ­տո­ւած հա­մա­հունչ թէ հա­կա­հունչ տե­սա­կէտ­նե­րը, ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով,  կը պար­զէին եր­կու մա­կար­դակ ու մօ­տե­ցում. նախ՝ սփիւռ­քը ինքն իր մէջ, իր իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րով ու տագ­նապ­նե­րով, իր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով ու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րով, ա­պա նաեւ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ը­նե­լի­քը Ս­փիւռ­քին հա­մար:

­Դաշ­նակ­ցա­կա­նի դի­տար­կու­մով եւ ժո­ղո­վա­կան­նե­րու գրե­թէ ամ­բող­ջին հաս­տա­տու­մով, սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը տար­բեր ինք­նու­թիւն­նե­րով զար­գա­ցող, բազ­մա­լե­զու, բազ­մամ­շա­կու­թա­յին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու են­թա­կայ բազ­մա­շերտ ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է՝ հայ ազ­գի 2/3ը ներ­կա­յաց­նող համ­րան­քով: Իր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով եւ մաս­նա­գի­տա­կան տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ ա­ճող իբ­րեւ մար­դու­ժի աղ­բիւր կա­րե­ւոր ազ­դակ է ան եւ ու­նի ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը՝ գործ­նա­պէս նպաս­տե­լու ­Հա­յաս­տա­նին, ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման, հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման, ղա­րա­բա­ղեան դա­տին եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ներ­կայ ու հե­ռա­հար նպա­տակ­նե­րու ի­րաց­ման պայ­քա­րին: Անհ­րա­ժեշտ է մտքե­րու մէջ ամ­րագ­րել ու միշտ շեշ­տել, որ ­Հա­յա­տանն է սփիւռ­քի տե­ւե­լիու­թեան ե­րաշ­խի­քը: Ս­փիւռ­քի գո­յու­թիւ­նը կի­մաս­տա­ւո­րո­ւի, ներ­գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը կա­պա­հո­վո­ւի այն­քան ժա­մա­նակ, որ ան կառ­չած կը մնայ ­Հա­յաս­տա­նին, միա­ցեա­լի մեծ նպա­տա­կին եւ իր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կուղ­ղոր­դէ դէ­պի հայ­րե­նիք:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի ­Հա­յաս­տա­նին, նախ պէտք է յստա­կաց­նել, թէ հայ­րե­նի հա­սա­րա­կու­թեան ու քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւի մտա­պատ­կե­րին մէջ ինչ­պի­սի ըն­կա­լում ձե­ւա­ւո­րո­ւած է սփիւռ­քի մա­սին: ­Հա­յաս­տա­նին հա­մար ինչ կը նշա­նա­կէ կազ­մա­կեր­պո­ւած սփիւռք եւ ինչ­պի­սի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը պատ­կե­րա­ցո­ւին ա­պա­գա­յին՝ յստա­կաց­նե­լով միա­ժա­մա­նակ գոր­ծա­դաշ­տերն ու գոր­ծա­մի­ջոց­նե­րը:

­Յա­մե­նայն­դէպս, իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի եւ յան­դուգն նա­խա­փորձ մը կա­րե­լի է հա­մա­րել Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի նա­խա­ձեռ­նած այս խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ բնա­կա­նա­բար  յա­ւակ­նորդ  չդար­ձաւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներ բա­նա­ձե­ւե­լու, այլ  պար­զա­պէս բա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ յայտ­նո­ւած տե­սա­կէտ­նե­րը նօ­թագ­րե­լով:

­Թե­ման կը մնայ բաց, հա­ւա­նա­բար նաեւ եր­կար ժա­մա­նակ ու­սում­նա­սի­րե­լի: ­Զե­կու­ցող­նե­րէն մին ի­րա­ւա­ցիօ­րէն կար­ձա­նագ­րէր, որ թե­րեւս անհ­րա­ժեշտ են քա­նի մը գի­տամ­շա­կու­թա­յին հա­մա­գու­մար­ներ, բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար թե­մա­յին ծա­ւալն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը: ­Պատ­կե­րա­ցու­ցէ՛ք. ոչ թէ լու­ծում­ներ գտնե­լու, այլ ծա­ւալն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը յստա­կաց­նե­լու:

Կ­’ար­ժէ կրկնել փոր­ձը՝ այս ան­գամ սա­կայն ա­նի­կա չսահ­մա­նա­փա­կե­լով միայն կու­սակ­ցա­կան ո­լոր­տի մէջ:

­Նոյն­պէս, կ­՚ար­ժէ հրա­պա­րա­կա­յին քննարկ­ման են­թար­կել այս ծա­ւա­լուն թե­ման:

 Միհ­րան  Ք.

Ա­թէնք, 2 ­Մարտ 2016