Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­alt«Great Game» - ­Մեծ ­Խաղ։ Այս­պէս ա­նո­ւա­նո­ւած էր, ԺԹ. դա­րէն մին­չեւ Ա. Աշ­խար­հա­մարտ, գեր-պե­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող տա­րածք­նե­րը ա­նոնց մի­ջեւ բաժ­նե­լու մրցա­պայ­քա­րը։

Պայ­քա­րը նախ սահ­մա­նա­փակո­ւած էր ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ, ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆ­րան­սա­յի մի­ջեւ՝ բաժ­նե­լու հա­մար Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը, ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիան եւ ­Ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւել­քը։

­Վիլ­հելմ Բ.ի շրջա­նին գեր­մա­նա­կան գա­ղու­թա­տի­րու­թիւնն ալ «Drang nach Osten» (Ա­րե­ւե­լեան Մ­ղում) կար­գա­խօ­սով մաս­նակ­ցե­ցաւ այս կեղ­տոտ մրցակ­ցու­թեան։ Այդ հանգրուա­նին Իս­լամ կրօնն ալ սկսաւ յայտ­նուե­լու իբ­րեւ նոր դե­րա­կա­տա­րի։ ­Սոյն գոր­ծօ­նը ա­ւե­լի ետք շա­հա­գոր­ծո­ւե­ցաւ նախ ­Նա­ցիա­կան ­Գեր­մա­նիոյ, ա­պա՝ Ա.Մ.Ն.ի կող­մէ։

­Խորհր­դա­յին աշ­խար­հի մը առ­կա­յու­թեան, ան­խու­սա­փե­լի էր գա­ղու­թա­տի­րու­թեան նա­հան­ջը եւ ազ­գա­յին շար­ժում­նե­րուն ծաղ­կու­մով երկ­բե­ւեռ աշ­խար­հի մը կազ­մու­թիւ­նը։

Ֆ­րան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան 200 ա­մեա­կին, ու­զէք յե­ղա­փո­խու­թիւն ը­սէք, ու­զէք հա­կա­յե­ղա­փո­խու­թիւն, երկ­բե­ւեռ հա­մա­կար­գը խան­գա­րո­ւե­ցաւ, իր ե­տին դէ­պի ան­դունդ տա­նող հսկայ ձգո­ղու­թեան ուժ մը գո­յաց­նե­լով։

Ան­խու­սա­փե­լի էր գո­յա­ցած պա­րա­պու­թիւ­նը լեց­նե­լը։

Ա­րեւմ­տեան եւ ­Կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի մէջ հա­մե­րաշ­խու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցաւ այդ անց­ման շրջա­նը, իսկ ­Պալ­քա­նեան եր­կիր­նե­րու եւ ­Կով­կաս­նե­րու մէջ բազ­մա­թիւ բա­խում­ներ եւ պա­տե­րազմ­ներ ծա­գե­ցան։

Ա­մէ­նու­րեք հան­դի­պե­ցանք «­Մե­խակ»ի եւ այլն յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու։ Եւ պատ­մու­թեան այս հո­սան­քով ի վեր­ջոյ բռնկե­ցաւ «Ա­րա­բա­կան ­Գա­րուն»ը։ ­Թէեւ «Ա­րա­բա­կան ­Գա­րուն»ի նա­խա­փոր­ձը ար­դէն փոր­ձուած էր՝ Ե­գիպ­տո­սի մէջ ­Նա­սը­րա­կա­նու­թեամբ, Ի­րա­քի եւ ­Սու­րիոյ մէջ ­Պաա­սա­կան շար­ժու­մի վե­րել­քով, ­Թու­նու­զի մէջ աշ­խար­հիկ հա­մա­կար­գի հաս­տա­տու­մով, ­Լի­պիոյ մէջ «­Կա­նաչ ­Յե­ղա­փո­խու­թեամբ», Ե­մէ­նի մէջ «­Ժո­ղովր­դա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նով»։

Երկ­բե­ւեռ հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­կար­գը շուրջ 30 տա­րի­ներ ա­ռիթ տո­ւաւ այդ հա­մա­կար­գե­րու շա­րու­նա­կո­ւե­լուն։

­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան ժա­ռան­գորդ ­Ռու­սաս­տա­նի ­Դաշ­նու­թիւ­նը, բա­ցի ­Կեդ­րո­նա­կան եւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի ու կարգ մը ­Պալ­քա­նեան եր­կիր­նե­րու մօտ ազ­դե­ցու­թեան տա­րած­քի կո­րուս­տէ, նախ­կին ­Խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու տա­րան­ջա­տու­մով հե­ռա­ցաւ նաեւ ­Պալ­թեան ծո­վէն։ ­Սեւ ­Ծո­վու հետ կա­պը նոյն­պէս կա­րե­ւոր չա­փով խզո­ւե­ցաւ Ուք­րա­նիոյ մի­ջո­ցաւ։ ­Կորսն­ցուց Վ­րաս­տա­նը, փոր­ձեց ետ ստա­նալ, բայց չյա­ջո­ղե­ցաւ։ Վ­րաս­տան մտաւ ՆԱԹՕ՝ ­Թուր­քիոյ ազ­դե­ցու­թեան տակ գտնո­ւող ան­դամ դառ­նա­լով։ 1921էն ետք ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով՝ ­Պա­թու­մը դար­ձած է Վ­րաս­տա­նի ու ­Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կաց օ­դա­կա­յա­նը։

Ի վեր­ջոյ ե­կած է նոր «­Մեծ ­Խաղ»ի ժա­մա­նա­կը։

­Ռու­սաս­տա­նի թե­ւե­րը մաս առ մաս կը հա­տո­ւին։ Ուկ­րա­նիոյ ճգնա­ժա­մը պատ­ճառ ե­ղաւ, որ ­Ռու­սաս­տան զարթ­նի։ ­Ռու­սաս­տա­նը ամ­բող­ջու­թիւն մը ըլ­լա­լով՝ ­Հա­մա­կար­գը զայն չէր ու­զած իր մէջ։ Ֆ­րան­քօ-­Գեր­մա­նա­կան կո­րի­զի մը շուրջ ձե­ւա­ւո­րո­ւած Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ տա­րա­ծեց դէ­պի ա­րե­ւելք եւ պա­շա­րու­մը հա­սաւ մին­չեւ ­Սանկտ ­Փե­թերս­պուր­կի եւ ­Մոս­կո­ւա­յի մեր­ձա­կայ­քը։ ­Նա­ցի­նե­րու հրա­սայ­լե­րը ետ շպրտած այդ հո­ղե­րը, այս ան­գամ, կը գրա­ւո­ւէին «խա­ղաղ» մի­ջոց­նե­րով, նախ DMի, ա­պա՝ Եւ­րո­յի զօ­րու­թեամբ։

­Նոր «­Մեծ ­Խաղ»ով զարթ­նած ­Մոս­կո­ւան, շախ­մա­տի ա­ղիւ­սա­կին վրայ, ա­ռա­ջին քայ­լին դի­մեց Ուք­րա­նիոյ մէջ։ ­Նո­ւա­ճեց ԺԹ. եւ Ի. դա­րե­րուն թա­թար­նե­րուն դէմ գոր­ծադ­րո­ւած տոհ­միկ մաք­րա­գոր­ծու­մով կազմուած Ղ­րի­մը։

­Փո­խա­դարձ հա­րո­ւա­ծը ե­կաւ ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ՝ ­Խորհրդա­յին տա­րի­նե­րէն մնա­ցած «վեր­ջին թե­ւը» ­Սու­րիոյ մէջ հա­տե­լու ձե­ւով։ ­Սու­րիա ան­դամ­նե­րէն մէկն էր ­Սատ­տա­մեան Ի­րա­քի դէմ մղո­ւած «­Ծոց»ի պա­տե­րազ­մի դաշ­նա­կից ճա­կա­տին, բայց քսան տա­րի անց հա­սած էր իր հեր­թը։

ԱՔ­Փի մի­ջո­ցաւ ծաղ­կե­ցաւ Ան­գա­րա­յի գա­րու­նը։ ­Մա­րե­ցաւ քե­մա­լա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Ա­րա­բա­կան քե­մա­լա­կա­նու­թիւն հա­մա­րո­ւող ­Պաա­սի ­Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ ան­կու­մով՝ մեծ խա­ղի դե­րա­կա­տար­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան հա­ւատ­քի խա­ղա­քար­տին։ ­Չո­քած էր ա­րա­բա­կան ա­պակ­րօ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը։ Երբ ­Սատ­տա­մա­կան­ներ ՏԱՀԵ­Շի հուն­տեր կը սեր­մա­նէին, ան­դին ­Սու­րիոյ մէջ ­Ճի­հա­տա­կան­նե­րը ընդ­դի­մա­դիր շար­ժու­մի ղե­կը խլե­ցին թոյլ ա­զա­տա­կան­նե­րու ձեռ­քէն։ ­Ճի­հա­տա­կան­նե­րու այս յա­ռա­ջըն­թա­ցին դէմ ա­լէ­վի­նե­րը եւ այլ ոչ-սիւն­նի խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­մառ դի­մադ­րու­թե­նէ զատ մի­ջոց չու­նե­ցան։

Եզ­րա­կաց­նե­լով՝ կա­րե­լի է ը­սել, թէ ­Սայքս ­Փի­քո­յի քար­տէս­նե­րը ա­ւե­լի քան 90 տա­րի գոր­ծադ­րո­ւե­ցան ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու մէջ։ Քր­տա­կան բնօր­րա­նը նախ ԺԷ. դա­րուն ­Քաս­րը ­Շի­րի­նի դա­շին­քով եր­կու­քի բաժ­նո­ւած էր։ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տէն ետք չոր­սի բաժ­նո­ւե­ցաւ։ Ի­րա­րու հա­կադ­րո­ւած ա­րաբ, թուրք եւ պար­սիկ ազ­գայ­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը հա­մա­ձայ­նու­թիւն կնքե­ցին՝ միա­ցեալ ­Քիւր­տիս­տա­նի մը հա­ւա­նա­կա­նու­թեան դէմ ա­մէն գնով պայ­քա­րե­լու հա­մար։

­Նոր «­Մեծ ­Խաղ»ին մէջ ­Սայքս ­Փի­քո­յի քար­տէս­նե­րը ժա­մա­նա­կավ­րէպ դար­ձան, իսկ Օս­մա­նեան վի­լա­յէթ­նե­րու (նա­հանգ­նե­րու) եւ Ֆ­րան­սա­կան ման­տա­թի (հո­գա­տա­րու­թեան) քար­տէս­նե­րը վե­րար­ժե­ւո­րո­ւե­ցան։ ՏԱՀԵՇ այս նոր խա­ղի դե­րա­կա­տար­նե­րէն է։ ­Նոյն­պէս՝ սու­րիա­կան-ռու­սա­կան յար­ձա­կում­նե­րը ­Հա­լէ­պի ուղ­ղու­թեամբ, խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րեա­կին։

­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի նոր քար­տէ­սը կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի տոհ­մա­յին եւ կրօ­նա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ։ ­Միայն քիւր­տերն են, որ կրօ­նա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու ըն­դու­նակ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­ներ ու­նին։ Ափ­սոս, որ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի մէջ ար­դէն թոյլ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը բո­լո­րո­վին կքե­ցան։

­Նոր քար­տէ­սով ան­խու­սա­փե­լի կը դառ­նայ Ի­րա­քի ե­րեք մա­սի բա­ժա­նու­մը եւ սիւն­նի հա­տո­ւա­ծին ­Սու­րիոյ հա­մա­պա­տաս­խան բաժ­նի հետ միա­ցու­մը։ ­Խիստ հա­ւա­նա­կան է ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ա­փին ա­լէ­վի­նե­րու գե­րակշռու­թեամբ, այլ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու ալ բաց, եւ ­Ռու­սիոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ նոր պե­տու­թեան մը կազ­մու­թիւ­նը։ Կ­՚ակն­կա­լո­ւի որ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւնն ալ պի­տի յօ­ժա­րի այդ պե­տու­թեան։ ­Կը նպա­տա­կադ­րո­ւի ­Հա­լէ­պի ալ այս կա­ռոյ­ցին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։

­Հիւ­սի­սա­յին քրտաբ­նակ հա­տո­ւա­ծը ծանր սպառ­նա­լի­քի մը են­թա­կայ է։ Ան­գա­րա եր­դո­ւած է՝ նոր քրտա­կան պե­տու­թեան մը ա­ռիթ չտա­լու հա­մար։ ­Պա­րոն ­Տա­ւու­թօղ­լու մա­սամբ ի­րա­ւա­ցի ըլ­լա­լով մտա­հոգ է ­Հա­լէ­պի սիւն­նի­նե­րու դէմ էթ­նի­կա­կան մաք­րա­գոր­ծում մը կա­տա­րուելէն։ Այս մտա­վա­խու­թեամբ սահ­մա­նը կը փա­կէ ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն իս­լամ եղ­բայր­նե­րուն դի­մաց։ Իսկ ինք նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը գոր­ծադ­րէ ­Ռո­ժա­վա­յի քիւր­տե­րուն դէմ։

Ան­գա­րա նոր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիով մը փոր­ձեց սիւն­նիա­կան էն­թեր­նա­սիո­նալ (մի­ջազ­գայ­նա­կան) մը գո­յաց­նել, եւ սխա­լե­ցաւ ան­շուշտ։ ­Քիւր­տե­րուն գլխա­ւոր սպառ­նա­լիք հա­մա­րեց։ Այս ռազ­մա­վա­րու­թեամբ ալ ­Նոր «­Մեծ ­Խաղ»ին մէջ ա­ռան­ձին մնաց։ ­Հի­մա կը փոր­ձէ այդ սխա­լի հե­տե­ւան­քով մատ­նո­ւած իր պար­տու­թեան ո­խը քիւր­տե­րէն առ­նել։

Լ­քե­լով ­Ռու­սիոյ եւ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու հետ խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան նա­խա­սի­րու­թեամբ մը իր պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն սխա­լը գոր­ծած է ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը։ ­Դեռ մօտ ան­ցեա­լին, ­Պարս­կաս­տա­նի հետ միջ­նոր­դու­թեան ջան­քեր կը փոր­ձէր։ ­Հի­մա մատ­նո­ւած է ա­ւան­դա­կան թշնա­մու­թեան։ Ա­ւե­լի քան 60 տա­րիէ ի վեր գոր­ծըն­կեր Ա.Մ.Ն.ի հետ ալ հա­կա­դիր դիր­քե­րու մատ­նո­ւե­լու հա­մար յի­մար ըլ­լալ պէտք է։

­Քիւր­տե­րը սի­րա­շա­հե­լով՝ ­Թուր­քիա կրնար տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ իր ե­րա­զած ազ­դե­ցու­թիւ­նը հաս­տա­տել։ ­Ներ­կայ դրու­թեամբ ՓՔ­Քէն շատ ա­ւե­լի ար­մա­տա­կան միա­ւո­րում­նե­րուն զար­գաց­ման ա­կա­նա­տես կ­՚ըլ­լանք։ 30 տա­րո­ւան պա­տե­րազ­մի պայ­ման­նե­րուն մէջ հա­սակ ա­ռած քիւրտ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին հե­ռա­ցած է ­Թուր­քիոյ հետ հա­մե­րաշխ ըլ­լա­լու մտայ­նու­թե­նէն։ Ո՛չ Ան­գա­րա­յի ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մը, ո՛չ ալ բա­նա­կի եւ ոս­տի­կա­նու­թեան յա­տուկ ծա­ռա­յու­թեան բա­ժին­նե­րու քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րու մէջ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րած վայ­րա­գու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լի կրնան ըլ­լալ։ Եր­կուքն ալ ­Ժը­նե­ւեան սկզբունք­նե­րու խախ­տումն են։

­Քիչ մը ա­ւե­լի հան­դարտ, ող­ջա­միտ եւ ա­նո­խա­կալ ըլ­լալ ե­թէ յա­ջո­ղինք, մի գու­ցէ կա­րե­նանք վե­րա­դառ­նալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղան։

­Յու­սանք այս հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը կը յա­ջո­ղի մին­չեւ նոր ­Նէվ­րոզ։

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
«Ա­կօս»