Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՀա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման ու ծաղ­կու­մին ա­ռա­ջադ­րան­քը կը հար­կադ­րէ ազ­գա­յին հա­մա­տա­րած շար­ժում մը, որ ընդգր­կէ ­Հա­յաս­տանն ու ար­տերկ­րի բո­լոր՝ մեծ ու փոքր օ­ճախ­նե­րը։ Այս հաս­տա­տու­մը չի նշա­նա­կեր, որ ցարդ ո­րե­ւէ շար­ժում տե­ղի չէ ու­նե­ցած կամ աշ­խա­տանք չկայ, այլ կ­’են­թադ­րէ սկսուած աշ­խա­տանք­նե­րուն տալ ա­ւե­լի ու­ժեղ թափ, զա­նոնք փո­խադ­րել տե­սա­կա­նէն

գործ­նա­կան դաշ­տեր։ Այլ խօս­քով, վճռա­կան քայ­լեր առ­նել, որ­պէս­զի խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու, հա­մա­գու­մար­նե­րու, գի­տա­ժո­ղով­նե­րու եւ ա­մէն տե­սա­կի մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի օգ­տա­կար ար­դիւնք­նե­րը թարգ­մա­նո­ւին գործ­նա­կան քայ­լե­րով, չմնան ի­րենք ի­րենց մէջ սեղ­մո­ւած օ­ղակ­նե­րու մէջ, ան­բա­ւա­րար՝ դար­մա­նու­մի հաս­նե­լու ի­մաս­տով։

Ն­ման շար­ժում կ­’են­թադ­րէ բո­լոր «զօ­րա­վար­նե­րուն «ու» հե­տե­ւակ­նե­րուն», մաս­նա­ւո­րա­բար ի­րա­րու յա­ջոր­դող նոր սե­րունդ­նե­րուն ներգ­րա­ւու­մը՝ այս վսեմ նպա­տա­կին ի­րա­կա­նաց­ման ճի­գե­րուն մէջ, այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ դա­սա­կան ինք­նա­շարժ մը յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու հա­մար, պէտք ու­նի առ նո­ւազն չորս ա­նի­ւի. ե­թէ ա­նիւ մը-եր­կու պա­կաս են, եր­րորդ մը բա­ւա­րար օ­դով չէ լե­ցո­ւած, մէկ-մէկ ու կէս ա­նի­ւով կա­րե­լի չէ ար­դիւն­քի հաս­նիլ (շար­ժակն ու այլ սար­քեր ալ կա­րե­ւոր են ան­շուշտ)։ ­Սա նաեւ կը հար­կադ­րէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տերկ­րի ձեռ­քե­րուն իս­կա­կան միա­ցու­մը, անց­նե­լով ա­րա­րո­ղա­կան-ձե­ւա­կա­նէն ան­դին։ ­Պե­տա­կան, բա­րե­սի­րա­կան ու այլ մա­կար­դակ­նե­րու վրայ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն առ­նո­ւած քայ­լե­րը, տրա­մադ­րո­ւած պիւտ­ճէ­ներն ու ար­դի մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գործ­ման ծրա­գիր­նե­րը ար­դէն կա­րե­ւոր նա­խա­քայ­լեր են։

Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի այժ­մու ա­ռար­կա­յա­կան դրո­ւած­քը, նման շար­ժու­մի մը ա­ռա­ջին տա­րած­քը՝ հաս­տա­տո­ւած միա­ւոր­ներն են, այ­սինքն՝ դպրո­ցը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կող­քին գոր­ծող այլ կա­ռոյց­ներ, միու­թիւն­ներ, ա­շա­կեր­տա­կան-ու­սա­նո­ղա­կան խմբակ­ցու­թիւն­ներ...։ Այս բո­լո­րը ու­նին մէկ գլխա­ւոր հիմ­նա­քար, որ կը կո­չո­ւի ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ, ուր­կէ կը մեկ­նին բո­լոր գլխա­ւոր գի­ծե­րը։ Այս ճշմար­տու­թեան վրայ ա­ւե­լորդ կը նկա­տենք այս սիւ­նա­կին մէջ եր­կար կանգ առ­նել։

Բ­նա­կան է, որ ցարդ առ­նո­ւած քայ­լերն ու մշա­կո­ւած ծրա­գիր­նե­րը նկա­տի ու­նին յի­շեալ ո­լորտ­նե­րը, իսկ իբ­րեւ գործ­նա­կան ան­մի­ջա­կան դաշտ՝ մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը. մէկ խօս­քով, նշո­ւած ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման գոր­ծը ա­ռա­ջին հեր­թին ԴՊՐՈՑԱԿԵԴՐՈՆ է ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, այ­սինքն՝ իբ­րեւ ան­մի­ջա­կան հաս­ցէ՝ նկա­տի ու­նի ա­շա­կեր­տը, ու ա­նոր ճամ­բով՝ ծնող­ներն ու հա­րա­զատ­նե­րը, ձգտե­լով ա­պա­հո­վել ծնող­նե­րուն լծակ­ցու­թիւնն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ դաս­տիա­րակ­նե­րուն հետ։ Այս օ­ղա­կին նո­ւա­ճու­մը, դպրո­ցա­կան մա­կար­դա­կի վրայ շօ­շա­փե­լի ձեռք­բե­րում­նե­րը՝ ան­պայ­ման որ պի­տի ըն­դար­ձա­կեն օ­ղակ­նե­րը եւ պի­տի ներգ­րա­ւեն միւս հաս­տա­տո­ւած օ­ղակ­նե­րը՝ միու­թիւն­ներ, ա­շա­կեր­տա­կան-ու­սա­նո­ղա­կան-սկաու­տա­կան եւ այլ խմբակ­ներ, հաս­նե­լու հա­մար այն զան­գո­ւած­նե­րուն, ո­րոնք «ան­հա­ղորդ» կը նկա­տո­ւին, եւ սա­կայն, պատ­րաստ են բիւ­րա­ւոր­նե­րով քայ­լար­շաւ­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու՝ իբ­րեւ ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տէր։

Այս ա­ռա­ջադ­րան­քին ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար, պէտք է ձեռ­նար­կել լայ­նա­ծիր ու դրա­պաշտ քա­րոզ­չա­կան քայ­լե­րու։ Եւ ինչ­պէս քա­րոզ­չա­կան ո­րե­ւէ աշ­խա­տանք (ապ­րանք ծա­խող ա­ռեւտ­րա­կան­ներ եւս նոյ­նը կ­’ը­նեն), մեր քա­րոզ­չու­թիւնն ալ կ­’են­թադ­րէ «յա­ճա­խորդ»ը հա­մո­զե­լու սկզբունք­նե­րու յստա­կա­ցումն ու զա­նոնք «ծա­խե­լու» մի­ջոց­նե­րու ո­րո­նու­մը։ ­Մեր պա­րա­գա­յին, հա­յու­թեան զան­գո­ւած­նե­րուն «ծա­խո­ւե­լիք ապ­րանք»ը նիւ­թա­կան չէ, նիւ­թա­կան շահ չի խոս­տա­նար ոե­ւէ մէ­կուն, բայց հիմն է մեր գո­յա­տեւ­ման ու ազ­գա­յին ԲՈԼՈՐ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ի­րա­կա­նաց­ման։

­Ման­րա­մաս­նենք. ա­ռանց ­Հա­յե­րէ­նի ի­մա­ցու­թեան ու ա­նոր կեն­սու­նակ պահ­պան­ման, մեր ժո­ղո­վուրդն ու, հե­տե­ւա­բար նաեւ հայ­րե­նիքն ու ա­նոնց առնչուած բո­լոր ար­ժէք­նե­րը կը մատնուին ա­նէաց­ման։ Ի­մաս­տէ կը զրկո­ւի մա­նա­ւանդ մեր ­Դա­տը, կը նօս­րա­նայ ­Ցե­ղաս­պա­նին իբ­րեւ պա­հան­ջա­տէր ներ­կա­յա­նա­լու մեր են­թա­հո­ղը, ո­րով­հե­տեւ ի՞նչ պա­հան­ջա­տի­րու­թիւն եւ մին­չեւ ո՞ւր, երբ պա­հան­ջողն ու կրող­նե­րը կը նո­ւա­զին դան­դաղ կամ ա­րագ ըն­թաց­քով...։ Որ­մէ՞ պի­տի սպա­սենք, որ տի­րու­թիւն ը­նէ մեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեանց, գրող­նե­րու, ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու ու մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան կու­տա­կած հարս­տու­թեանց, ե­թէ զան­գո­ւած­նե­րը, նոր հա­սակ առ­նող սե­րունդ­նե­րը ան­հա­ղորդ մնան ա­նոնց, չի­մա­նան, թէ ի՞նչ ու­նին-չու­նին (ա­ռանց մոռ­նա­լու բա­նաս­տեղ­ծին «մենք մեզ ոչ մէ­կից չենք գե­րա­դա­սում» տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը)։ Բ­նա­կան հե­տե­ւան­քը կ­’ըլ­լայ հե­ռա­ւոր ու ան­մի­ջա­կան ան­ցեա­լին հետ խզում, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­ցիի վի­ճա­կի տա­րա­ծում-ամ­րապն­դում եւ... իբ­րեւ ազգ ու հայ­րե­նիք՝ դան­դաղ մահ։ ­Մինչ­դեռ լե­զո­ւին ի­մա­ցու­թեան ճամ­բով, հաս­տատ կա­մուրջ­ներ կը ստեղ­ծո­ւին սե­րուդ­նե­րուն եւ ազ­գի բո­լոր ժա­ռան­գու­թեանց մի­ջեւ, նո­րեկ­նե­րը կ­’ու­նե­նան ար­դար հպար­տան­քի շօ­շա­փե­լի յե­նա­րան։
Ն­շե­ցինք ար­դէն, որ ա­ռա­ջադ­րան­քը կը կա­րօ­տի հա­մա­տա­րած աշ­խա­տան­քի ու գոր­ծակ­ցա­կան մթնո­լոր­տի գո­յառ­ման։ ­Սո­վո­րու­թիւն ու­նինք ը­սե­լու, որ նման նպա­տա­կա­կէտ հե­տապն­դել՝ կը նշա­նա­կէ «թիա­վա­րել հո­սանքն ի վեր»։ Ո­րոշ ճշմար­տու­թիւն կայ հոս. ճիշդ է նաեւ, որ դիւ­րին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կայ աշ­խար­հին մէջ, հա­յու­թեան կեան­քը մարմ­նա­ւո­րող տար­բեր ան­դաս­տան­ներ յա­ճախ կը մնան «ներ­հա­յեաց» կա­ցու­թեան մէջ, այ­սինքն, կը ծրագ­րեն ու կը գոր­ծեն ի­րենց ան­մի­ջա­կան շրջա­գի­ծին մէջ, քիչ հա­ղոր­դակ­ցե­լով նոյն նպա­տա­կին հե­տա­մուտ այլ շրջա­նակ­նե­րու հետ. մենք մեզ կը զրկենք շօ­շա­փե­լի փոր­ձա­ռու­թեանց բաժ­նեկ­ցու­թե­նէն։ ­Տա­կա­ւին, նա­հան­ջած է հե­ղի­նա­կու­թեանց ա­կանջ տա­լու եւ ճիշդ մտա­ծում­ներ ըն­կա­լե­լու, զա­նոնք որ­դեգ­րե­լու զան­գո­ւա­ծա­յին ու­նա­կու­թիւ­նը։ ­Կար ժա­մա­նակ, երբ կրօ­նա­կան, կու­սակ­ցա­կան, մտա­ւո­րա­կան-ա­կա­դե­մա­կան ան­հա­տի մը ար­դար ու­ղե­ցոյ­ցը պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ կ­’ըն­կա­լո­ւէր հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ, թեր­թի մը խմբագ­րա­կանն ու ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւած­նե­րը ու­ղե­ցոյց կը հան­դի­սա­նա­յին մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար (մեր խօս­քը չի վե­րա­բե­րիր միայն կու­սա­կա­ցա­կան-քա­ղա­քա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րու)։

Այ­սօր, «որ­դեգ­րած» ենք «գիրքն ու թեր­թը հին­ցած բա­ներ են» նե­րար­կուած մտա­ծու­մը, զի­րար չենք լսեր, գրո­ւած տե­սա­կէտ­ներ չենք կար­դար, սա­կայն նաեւ պատ­րաստ ենք տա­րո­ւե­լու եւ սահ­մա­նա­փա­կո­ւե­լու այ­լա­պէս օգ­տա­կար գոր­ծիք­նե­րու, ինչ­պէս՝ ­Դի­մա­տետ­րի (Face book) «տի­րա­պե­տու­թեամբ», հոն տե­ղադ­րո­ւած ան­հիմն-կի­սագ­րա­գէտ կար­ծիք­նե­րը ըն­դու­նե­լու իբ­րեւ ճշմար­տու­թիւն, ստո­րագ­նա­հա­տե­լու հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րու տե­սա­կէտ­նե­րը եւ... գլխապ­տոյ­տի մատ­նո­ւե­լու։ Ի դէպ, բա­րե­բախ­տու­թի՞ւն պէտք է սե­պել, թէ այս վի­ճա­կին մէջ հա­յերս ա­ռան­ձին չենք, այլ կայ մտա­յին բթաց­ման աշ­խար­հա­կուլ ա­լիք մը...։ Այս բո­լո­րը կը շեշ­տեն «հո­սանքն ի վեր թիա­վա­րե­լու» հրա­մա­յա­կա­նը, ա­նոր տա­լով նոր բո­վան­դա­կու­թիւն, մա­նա­ւանդ մենք զմեզ նման վա­խե­րէ ձեր­բա­զա­տե­լու կամ­քին ամ­րա­ցու­մը։

Ա­հա թէ ին­չի՛ կը մի­տէինք բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րու եւ մա­կար­դակ­նե­րու վրայ ­Շար­ժու­մի մը յա­ռա­ջաց­ման հրա­ւէ­րով։ Ն­ման նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը դրա­կան գի­ծե­րը կը կազ­մո­ւին, երբ ինք­նա­ճա­նաչ­ման, ա­նոր հա­մար հիմ­նա­կան գոր­ծի­քին՝ լե­զո­ւին ի­մա­ցու­թեան սկզբուք­նե­րը իւ­րա­ցո­ւին հա­յու­թիւ­նը կազ­մող բո­լոր զան­գո­ւած­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք այ­նու­հե­տեւ կը դադ­րին «խե­լա­գա­րած ամ­բոխ» ըլ­լա­լէ ու կը դառ­նան ինք­նա­ճա­նաչ ու ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու կեն­սա­գործ­ման հե­տա­մուտ գի­տա­կի՛ց ժո­ղո­վուրդ։ Ա­յո, դիւ­րին չէ, բայց նաեւ ան­կա­րե­լի չէ...

Կրկ­նե­լու գնով ար­ձա­նագ­րենք, որ թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Ս­փիւռ­քի մէջ, ճշդուած ու ճշդե­լի ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն, աշ­խա­տան­քի դաշ­տե­րուն մէջ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեանց հար­ցը կեն­սա­կան է ու բա­նա­լի դեր ու­նի։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, լե­զո­ւի կո­րուս­տի մտա­հո­գու­թիւ­նը Ս­փիւռ­քի չափ գե­րակ­շիռ հան­գա­մանք չու­նի, այլ կը մտա­հո­գո­ւինք ա­ղա­ւա­ղում­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ ­Կան օ­տար եզ­րե­րու ա­ռատ գոր­ծա­ծու­թեան, գա­ւա­ռա­յին-բար­բա­ռա­յին եզ­րե­րու-ը­սե­լա­ձե­ւե­րու, բայց մա­նա­ւանդ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան շա­րու­նա­կո­ւող մեր­ժու­մին տա­րօ­րի­նակ «հաս­տա­տամ­տու­թեան» ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը (ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցը ա­ռան­ձին տագ­նապ է), մինչ­դեռ ան­դին, ող­ջու­նե­լի ի­րո­ղու­թիւն­ներ են ժո­ղո­վուր­դին ու նոր սե­րուն­դին ինք­նա­ճա­նա­չում, պատ­մու­թեան «սպի­տակ կէ­տեր«ու դար­ման­ման ուղ­ղու­թեամբ առ­նո­ւող գործ­նա­կան քայ­լե­րը (ման­րա­մաս­նու­թեանց կ­’անդ­րա­դառ­նանք հե­տա­գայ «թի­ւեր»ու մէջ)։ ­Պէտք է ըն­դու­նիլ նաեւ, որ Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն խօ­սող­նե­րը՝ ա­շա­կերտ, մտա­ւո­րա­կան կամ հա­սա­րակ մահ­կա­նա­ցու, բաղ­դա­տա­բար ա­ւե­լի հա­կա­մէտ են անս­խալ ու նո­ւի­րա­կա­նա­ցած լե­զո­ւով մը ար­տա­յայ­տո­ւե­լու, քան ինչ որ կ­’ը­նեն սփիւռ­քեան օ­ճախ­նե­րու զա­ւակ­նե­րը՝ առ­հա­սա­րակ։

Ինչ որ ալ ըլ­լայ պա­րա­գան մէ­կուն կամ միւ­սին, այս մտա­հո­գու­թեանց փա­րա­տու­մին մեկ­նա­կէ­տը պի­տի ըլ­լայ ­Հա­յե­րէ­նին պահ­պա­նու­մը հայ զան­գո­ւած­նե­րուն կող­մէ՝ բա­նա­ւոր ու գրա­ւոր հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րու ճամ­բով։ Այս ի­րա­գոր­ծու­մին կը յա­ջոր­դէ քե­րա­կա­նա­կան, ուղ­ղագ­րա­կան, շա­րա­դա­սա­կան եւ այլ սխալ­նե­րու ար­տաք­սու­մը գոր­ծա­ծա­կան ­Հա­յե­րէ­նէն։ Ու­րեմն, նա­խընտ­րե­լի է նախ վե­րա­կանգ­նել ­Հա­յե­րէ­նին գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ աշ­խա­տանք տա­նե­լով, որ այդ ը­նող­նե­րը կի­րար­կեն ճիշ­դը։ Եւ այս հաս­տա­տու­մը չի նշա­նա­կեր ստո­րագ­նա­հա­տել «մա­քուր հա­յե­րէն»ի մը տա­րած­ման ա­ռա­ջադ­րան­քը։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ