Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­alt«Էր­ւում եմ, էր­ւում, Կար­միր քա­րը տա­շած ա»

ԿՈՄԻՏԱՍ

Երկ­րա­շար­ժէն վե­րապ­րած Գիւմ­րիի մէջ, երկ­րա­շար­ժէն 28 տա­րի ետք, տա­կա­ւին երկ­րա­շար­ժին հե­տե­ւանք­նե­րուն ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը յի­շեց­նող թի­թե­ղեայ խրճի­

թի մը կող­քին պարզ, ան­պա­ճոյճ բե­մին վրայ հայ ե­րա­ժիշտ, Մոն­քի ա­նո­ւան աշ­խար­հահռչակ մի­ջազ­գա­յին ճազ մրցու­մին յաղ­թա­նակ ա­պա­հո­ված Տիգ­րան Հա­մա­սեանն էր, որ կու գար միա­նա­լու մար­դա­սի­րա­կան-բա­րե­սի­րա­կան իւ­րա­յա­տուկ նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը` Գիւմ­րիի մէջ տուն կո­չո­ւե­լու ա­նար­ժան եր­դիք­նե­րու տակ ի­րենց գո­յու­թիւ­նը գարշ տո­ւող ա­նօ­թե­ւան 13 ըն­տա­նիք­նե­րու բնա­կա­րան տրա­մադ­րե­լու նպա­տա­կով ձեռ­նար­կո­ւած:

Յու­զիչ է պատ­կե­րը, հայ­րե­նի վեհ լեռ­նե­րը տի­րա­պե­տող ներ­կա­յու­թիւն են, Հա­մա­սեանն ու ա­նոր իս­կա­պէս մարդ­կա­յին քայ­լը, բարձ­րա­ցու­ցած ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, ուր տի­րա­կան են կո­մի­տա­սեան եր­գե­րը, գրա­ւող ու սիրտ լեց­նող են, իսկ բե­մին ե­տե­ւի կող­մը, ուր սո­վո­րա­բար քու­լի­սա­յին բա­ժինն է, կանգ­նած խեղճ մա­նուկ­նե­րը, գլու­խը ձեռ­քե­րուն մէջ ա­ռած ու մտած­կոտ նստած հայ­րը, այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը յա­ւե­լեալ խոր­քով եւ ի­մաս­տով կը պա­տեն:

Կո­մի­տա­սեան ե­րաժշ­տու­թեան թա­փան­ցու­մը իւ­րա­քան­չիւր ներ­կա­յի ու ունկն­դի­րի սրտին խո­րե­րը կը յու­շէ, որ հա­յու­թեան վե­րապ­րու­մին հա­մար պայ­քար պէտք է, հա­յու­թեան եր­թի շա­րու­նա­կու­թեան հա­մար վճռա­կա­մու­թեան կա­րիք կայ, անհ­րա­ժեշտ է միա­նալ` ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գա­յի հա­մար: Սկզ­բուն­քով ո­րո­շո­ւած էր հա­մեր­գը կա­յաց­նել տնակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, սա­կայն նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ մե­ծա­թիւ ան­ձեր կ­՛ու­զէին հե­տե­ւիլ հա­մեր­գին, տնակ­նե­րէն մէ­կուն կից` բա­ցօ­թեայ տա­րած­քին մէջ կա­ռու­ցո­ւած էր փոք­րիկ բե­մա­հար­թակ, տե­ղադ­րո­ւած էր դաշ­նակ: Կա­յին հա­զա­րէ ա­ւե­լի հան­դի­սա­տես­ներ, ո՛չ միայն Գիւմ­րիէն, այլ նաեւ Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րէն ու մայ­րա­քա­ղա­քէն, բա­ցօ­թեայ «հա­մեր­գաս­րահ» հաս­նե­լու հա­մար ա­նոնք ստի­պո­ւած ե­ղան անց­նիլ Գիւմ­րիի քա­րու­քանդ ե­ղած փո­ղոց­նե­րով, շատ ցե­խե­րով լե­ցուն բազ­մա­թիւ փո­սե­րով:

Իր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լէ եւ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը այդ տխուր տա­րած­քին մէջ սփռե­լէ ետք, Տիգ­րան Հա­մա­սեան ը­սաւ.- «Ա­մօթ է, որ մին­չեւ հի­մա մար­դիկ այս պայ­ման­նե­րում են ապ­րում»` ա­ւելց­նե­լով, որ մեծ յոյս ու­նի, որ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կը յա­ջո­ղի եւ կա­րե­լի կ­՛ըլ­լայ ա­նօ­թե­ւան­նե­րուն բնա­կա­րան տրա­մադ­րել: «Ա­հա­ւոր զգա­ցո­ղու­թիւն­ներ էին` բա­ցատ­րե­լու, պատ­մե­լու բան չէ, ա­մօ­թի զգա­ցո­ղու­թիւն ու­նեմ, որ­պէս հայ­րե­նա­կի­ցիՄարդ­կանց հան­դէպ ու­շադ­րու­թիւն է պէտք ու պատ­կե­րաց­նել, որ ե­թէ դու նոյն վի­ճա­կում լի­նէիր, մէ­կը քեզ օգ­նէր կամ չօգ­նէր ար­դէն 30 տա­րի, ի՞նչ կը զգա­յիր»,- ը­սած է դաշ­նա­կա­հա­րը:

Հա­մեր­գին ա­ւար­տին Գիւմ­րիի քա­ղա­քա­պետ Սա­մո­ւէլ Բա­լա­սա­նեան ոս­կի շքանշա­նով պար­գե­ւատ­րեց Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նը. «­Հա­շո­ւի առ­նե­լով ճա­զա­յին եւ հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան զար­գաց­ման բնա­գա­ւառ­նե­րում ու­նե­ցած զգա­լի ներդրու­մը, մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը եւ համ­բա­ւը, ան­սահ­ման նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւնն իր ծննդա­վայր Գիւմ­րիին եւ գիւմ­րե­ցի­նե­րին, հայ­րե­նի քա­ղա­քը մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ­նե­րում ու փա­ռա­տօ­նե­րում հան­րահռ­չակ­ման գոր­ծում ու­նե­ցած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դը, ինչ­պէս նաեւ մար­դա­սի­րա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը` ո­րո­շում եմ աշ­խար­հահռ­չակ ճազ դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նին պար­գե­ւատ­րել Գիւմ­րիի քա­ղա­քա­պե­տի ոս­կէ շքան­շա­նով»,- նշո­ւած է քա­ղա­քա­պե­տին ու­ղեր­ձին մէջ:

Այս ան­նա­խըն­թաց հա­մեր­գը մաս կը կազ­մէ քա­ղա­քի ա­նօ­թե­ւան­նե­րուն հար­ցին կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ լու­սար­ձակ սփռե­լու, ինչ­պէս նաեւ կա­ցու­թեան ան­հան­դուր­ժե­լի ու ա­նըն­դու­նե­լի ըլ­լա­լը մար­դոց ու­շադ­րու­թեան յանձ­նե­լու նպա­տա­կով լու­սան­կա­րիչ Հայկ Բար­սե­ղեա­նի եւ խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեան` «Ե­րե­ւա­նը` Գիւմ­րիի կող­քին» խո­րա­գի­րը կրող:

Ա­սի­կա դրա­մա­հա­ւաք է կա­տա­րո­ւած անգ­լիա­կան http://www.crowdfunder.co.uk/day-of-shame/ կայ­քի մի­ջո­ցով, եւ ո­րով կը նա­խա­տե­սո­ւի 55 օ­րո­ւան մէջ` մին­չեւ 20 Մարտ, հա­ւա­քել 175 հա­զար տո­լար: Դ­րա­մա­հա­ւա­քին նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը յայ­տա­րա­րած են, որ ե­թէ այդ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին նշո­ւած գու­մա­րը չհա­ւա­քո­ւի, նուի­րա­տո­ւու­թիւն կա­տա­րած ան­ձե­րուն պի­տի վե­րա­դար­ձո­ւին ի­րենց գու­մար­նե­րը:

Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը բա­ւա­կան մեծ տա­րա­ծում գտած է հա­մա­ցան­ցին մի­ջո­ցով, ու­նի բա­ւա­կան մե­ծա­թիւ ա­ջա­կից­ներ, ո­րոնց կար­գին` նշա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ: Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան, միեւ­նոյն նպա­տա­կով Ե­րե­ւա­նի Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ եւս կա­տա­րո­ւե­ցան տար­բեր բա­րե­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց միա­ցան մե­ծա­թիւ հա­յոր­դի­ներ: Պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի նաեւ բա­րե­սի­րա­կան ա­ճուրդ, ուր վա­ճառ­քի պի­տի դրո­ւին հայ ա­նո­ւա­նի մար­դոց անձ­նա­կան ի­րե­րը:

Դ­ժո­ւար է պատ­կե­րաց­նել այդ բնա­կա­րան­նե­րուն մէջ պար­զո­ւած պատ­կե­րը, իւ­րա­քան­չիւր «տուն» ու­նի իր ող­բեր­գա­կան վի­ճակն ու պատ­մու­թիւ­նը, երկ­րա­շար­ժին ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը համ­տե­սած գիւմ­րե­ցի­նե­րուն հա­մար ա­ւե­լի ա­հա­ւոր վի­ճակ է շա­րու­նա­կել ապ­րիլ ան­տուն, մարդ­կա­յին տար­րա­կան պայ­ման­նե­րէն զրկո­ւած, ուր մա­նուկ­նե­րը ի­րենց խա­ղա­լիք­նե­րուն կող­քին քնա­նա­լու փո­խա­րէն ի­րենց կող­քին կը տես­նեն առ­նէտ­ներ

Թէեւ մեծ ա­մօթ է տի­րող վի­ճա­կը, ինչ­պէս ը­սաւ Տիգ­րան Հա­մա­սեան, սա­կայն ող­ջու­նե­լի է նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը` խա­ւա­րը ա­նի­ծե­լու փո­խա­րէն մոմ մը վա­ռե­լու սկզբուն­քին հա­ւա­տա­րիմ:

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ