Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՍի­րե­լի ըն­թեր­ցող, անց­նող տա­րի­նե­րը մե­զի շատ բան սոր­վե­ցու­ցին։

­Ժա­մա­նակ­նե­րը գլխի­վայր կը փո­խո­ւին։ Այ­սօր, ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ է վե­րա­դառ­նալ մեր ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ այդ ար­ժէք­նե­րը ծա­ռա­յե­ցին մարդ­կա­

յին, ա­ռա­ւել՝ մարդ­կու­թեան սկզբունք­նե­րուն ու վե­րել­քին, մար­դայ­նաց­նե­լով մար­դը, հա­յաց­նե­լով հա­յը, հայ­կա­կա­նաց­նե­լով հայ­րե­նի­քը, ա­նոր սրտագ­րաւ նկա­րա­գիր ու ան­հա­տա­կա­նու­թիւն ըն­ձե­ռե­լով։

­Ներ­կա­յի տո­ւեալ­նե­րու ախ­տա­ճա­նա­չու­մով եւ մեր կեան­քի յանձ­նա­ռու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան բնա­կան ըն­թաց­քով՝ «Ա­զատ Օր»ը սերտ կապ ու­նի ոչ միայն ե­րէ­կին, այլ՝ ի մաս­նա­ւո­րի կապ պէտք է ու­նե­նայ այ­սօ­րին ու վա­ղո­ւան հետ, քա­նի իր ժա­մա­նա­կի, իր ժա­մա­նակ­նե­րու խօս­քը ար­ժե­ցուց պտղա­բեր խօս­քով ու գոր­ծով, որ խո­հուն ի­մաստ մը ու­նէր, որ խո­հուն ի­մաստ մը կը պատ­գա­մէր։ Եւ այդ խօս­քը միշտ ալ ներ­դաշ­նա­կո­ւե­ցաւ գա­ղու­թի խօս­քին ու գոր­ծին, տա­րա­զին ու կեր­պա­րին հետ՝ հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած կա­նոն­նե­րով, ա­ռանց ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու եւ ան­տաշ չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րու։

­Թեր­թին բա­րե­կամ­նե­րը մեր բա­րե­կամ­ներն են եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ մեր բա­րե­կամ­նե­րը թեր­թին բա­րե­կամ­նե­րը։ Այդ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, հա­ւա­տա­ցէ՛ք, կը յու­զէ, կը գօ­տեպն­դէ մեզ մին­չեւ այ­սօր, ո­րով­հե­տեւ թեր­թին հան­դէպ ա­նոնց յա­րու­մը, յատ­կա­պէս ներ­գոր­ծա­կան զօ­րակ­ցու­թեան ի­մաս­տով, կ­’ազ­դէր ու կրնայ ազ­դել մեր յա­րա­տե­ւող ժո­ղո­վուր­դի կամ­քին վրայ։ ­Քա­նի ա­նոնք եւս, թեր­թին հետ եւ թեր­թին ընդ­մէ­ջէն գոր­ծե­ցին ժա­մա­նա­կի զգա­ցու­մով, մտքե­րու եւ գա­ղա­փար­նե­րու ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թեամբ, հա­ղոր­դա­կան խօս­քով, ինչ­պէս ի­րենց սե­րուն­դին մար­դը, ինչ­պէս ի­րենց սե­րուն­դին գա­ղա­փա­րը, ինչ­պէս ի­րենց սե­րուն­դին պատ­րանքն ու տես­լա­կա­նը։ ­Մեր թեր­թը իր բա­րե­կամ­նե­րու գա­ղա­փար­նե­րուն հան­դէպ միշտ ալ հիւ­րա­սէր ու ըն­կա­լող ե­ղաւ, բեմ տո­ւաւ ա­նոնց եւ այ­սօր ան­ցեա­լի միեւ­նոյն հա­րա­զա­տու­թիւնն ու փա­րու­մը կ­’ակն­կա­լէ։ ­Թեր­թը գա­ղու­թի ան­բա­ժան մասն է եւ իր պատ­մու­թիւ­նը՝ այն որ կը գրո­ւի իր մա­սին, հի­նե­րէն եւ նո­րե­րէն։ ­Հին յի­շա­տակ­նե­րը հին ար­ժէք­նե­րու կա­ռաջ­նոր­դեն։

* * *

«Ա­զատ Օր»ը ըն­դու­նած ենք, ինչ­պէս որ ինք է, իր հա­ւա­նա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով եւ իր հա­ւա­նա­կան տկա­րու­թիւն­նե­րով։

­Հի­մա, ինչ­պէս աշ­խար­հի բնակ­չու­թիւ­նը՝ հայ բնակ­չու­թիւնն ալ կը ծե­րա­նայ։ ­Կը ծե­րա­նայ նաեւ հայ ըն­թեր­ցո­ղը։ ­Կը հին­նայ նաեւ հայ թեր­թը։ Անհ­րա­ժեշտ է, որ մեր թեր­թը իր նոր դե­րը գտնէ մեր օ­րե­րու պայ­ման­նե­րուն ու պա­հանջ­նե­րուն զու­գա­հեռ, քա­նի ան ալ 72ա­մեայ ա­լե­հեր մըն է այ­լեւս։

Ո­մանք կ­’ը­սեն, թէ կեան­քի ար­ժէք­նե­րը փո­խո­ւե­ցան։ Ո­մանք ալ կ­’ու­զեն հաս­տա­տել, թէ հին լե­զուն այժմ փայ­տեայ լե­զու մը կը հա­մա­րո­ւի, ա­ռաձ­գա­կան թէ գա­ղա­փա­րա­կան յոգ­նա­ծու­թիւն ու ժա­մա­նա­կավ­րէ­պու­թիւն մը բե­րած է։ ­Հին բա­նե­րը ձանձ­րոյթ կը պատ­ճա­ռեն նո­րե­րուն, բա­ռերն ալ կը մա­շին ի­մաստ­նե­րուն պէս եւ ժա­մա­նա­կին մէջ ի­մաս­տա­զուրկ կը դառ­նան։

Այդ­պէս է կ­’ե­րե­ւի. բա­ցա­կան եր­բեք իր ի­րա­ւուն­քը չի գտներ, ա­պա­տես­լա­կա­նա­ցած մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ...։

­Ճիշդ է, 72 տա­րի թեր­թը ան­սահ­մա­նօ­րէն զբա­ղե­ցաւ՝ իւ­րա­յատ­կօ­րէն մեր ազ­գա­յին ա­մէ­նէն լուրջ ու ցաւց­նող հար­ցով՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի ճմլող ու ճզմող ճա­կա­տա­գի­րը ե­ղաւ, որ դառ­նօ­րէն բնո­րո­շեց գա­ցող-ե­կող սե­րունդ­նե­րուն յե­տա­գայ կեան­քի հո­գե­բա­նա­կան ապ­րում­նե­րը, վի­ճա­կը, ար­դա­րու­թեան յա­րա­տե­ւու­մը. բայց թեր­թը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն չվախ­ցաւ, ա­տոր հա­մար ալ չնա­հան­ջեց, չպար­տո­ւե­ցաւ։ ­Պայ­քա­րե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կի, իր ժա­մա­նակ­նե­րու զգա­ցու­մով ու վճռա­կա­մու­թեամբ, իր «սե­րուն­դի մար­դու» ճա­ռա­գայ­թու­մով։ Զ­բա­ղե­ցաւ զու­գա­հե­ռա­բար «­Հա­յաս­տա­նա­սի­րու­թեամբ», «ան­կա­խա­սի­րու­թեամբ» ալ, որ այ­սօր ան­մեր­ձե­նա­լի ե­րազ մը չէ, այլ շօ­շա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն մը։

­Հի­մա, ո­մանց մօտ, շատ կը հո­լո­վո­ւի ճնշող ժա­մա­նա­կա­կից մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէ բխող հար­ցում մը.- «Ա­զատ Օր» յու­նա­հայ գա­ղու­թով, կամ յու­նա­հայ գա­ղու­թը մա­սամբ «Ա­զատ Օր»ով։

Ան­գամ մը եւս պարտք կը զգամ յի­շեց­նե­լու, որ մի­՛այն գի­տե­լիք­նե­րով, մի­՛այն գի­տու­թեամբ կրնանք դի­մագ­րա­ւել մեր ա­պա­գան, ո­րով­հե­տեւ գի­տե­լի­քը ազ­գու­թիւն չու­նի, ինչ­պէս ազ­գու­թիւն չու­նին մարդ­կա­յին գա­ղա­փար­ներն ու հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը։

Մ­տա­դի՞ր ենք, ժա­մա­նակ տա­լու «Ա­զատ Օր»ին, որ գո­յա­տե­ւէ։

«Ա­զատ Օր»ի դե­րա­կա­տա­րու­թեան ու­ղին՝ եր­բեմն կարճ, եր­բեմն եր­կար ճամ­բոր­դու­թիւն մը ե­ղած է։ Կու­զե՞նք կա­սեց­նել. ա­ւե­լի ծայ­րա­յե­ղօ­րէն ը­սո­ւած՝ կ­’ու­զենք վերջ տալ այդ սքան­չե­լի ճամ­բոր­դու­թեան։

­Վեր­ջա­պէս, «Ա­զատ Օր»ի գո­յու­թիւ­նը սա­կար­կե­լի, թէ՞ ան­սա­կար­կե­լի հարց մըն է յու­նա­հա­յու­թեան՝ կար­դա­ցող կամ չկար­դա­ցող հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր մի­ջա­վայ­րե­րուն հա­մար։

­Ժա­մա­նա­կը հա­սա՞ծ է, որ «Ա­զատ Օր»ի գո­յու­թեան շուրջ պաշտ­պա­նա­կան զսպող նոր օ­ղակ մը, նոր շրջա­գիծ մը, նոր շղթայ մը ստեղ­ծենք։

­Ժա­մա­նա­կը հա­սա՞ծ է, որ մեր ազ­գա­յին հռե­տո­րա­կա­նու­թիւ­նը փո­խենք։

­Բաց խօ­սե­լով. յու­նա­հայ գա­ղու­թը «Ա­զատ Օր»ը լրիւ պա­հե­լու-պահ­պա­նե­լու կա­րե­լիու­թիւն ու­նի՞։ ­Կը փա­փա­քի՞ այդ կա­րե­լիու­թեան պաշտ­պա­նա­կան-ա­պա­հո­վա­կան գօ­տին ստեղ­ծել։ ­Մեր դի­մագրա­ւած խնդիր­նե­րուն ել­քե­րը կա­խար­դա­կան ձե­ւով չեն լու­ծո­ւիր, ե­թէ մեր ձեռ­քե­րը չսօտ­թենք։

­Վեր­ջին շրջա­նին հրա­պա­րա­կի վրայ կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի նաեւ նոր մտա­ծե­լա­կերպ մը, որ թեր ու դէմ մտքե­րու ար­տա­յայ­տու­թեան ա­ռիթ կը ստեղ­ծէ։ Այդ մտքե­րէն մաս մը հա­կոտ­նեայ շփոթ­ներ կը ստեղ­ծէ նախ ար­տա­յայ­տող­նե­րուն, ա­պա նաեւ ըն­կա­լող­նե­րուն թէ չըն­կա­լող­նե­րուն մօտ։

­Թո՛ղ յստակ ըլ­լայ. մտքի մար­զանք­նե­րով ու փութ­կոտ սո­փես­տու­թիւն­նե­րով, այ­սօր՝ այս­պէ՛ս, վա­ղը՝ այն­պէ՜ս, ո՛չ թեր­թը կը պա­հո­ւի, ոչ յու­նա­հա­յու­թիւն, ոչ ալ ազգ։

Այ­սօր «Ա­զատ Օր»ի ինք­նու­թիւ­նը վտան­գո­ւա՞ծ է։ Իսկ մեր ինք­նու­թեան ինք­նա­սի­րու­թիւ­նը վտան­գո­ւած չէ՞։ ­Յի­շեց­նենք. ինք­նու­թիւ­նը կը ճշդէ գա­ղա­փա­րը, տես­լա­կա­նը։ ­Պի­տի դադ­րի՞նք պա­տաս­խա­նա­տու պայ­քա­րող­ներ ըլ­լա­լէ։

Մ­տա­ծենք փո­խա­րի­նա­կան լու­ծում­նե­րու մա­սին։ ­Փո­խա­րի­նա­կան լու­ծում­նե­րը եր­բեք նոյ­նը չեն եւ նոյնը չեն կրնար ըլ­լալ։ Կը­սեմ, որ լաւ հասկ­ցո­ւիմ եւ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րու դուռ չբա­ցո­ւի։ ­Կը խօ­սիմ բա­րե­լա­ւող այն տա­րազ­նե­րուն մա­սին, որ այ­լեւս դժո­ւար կը հա­մո­զեն, որ այ­լեւս դժո­ւար կը յու­զեն, որ այ­լեւս ըն­դու­նե­լի են, կամ չեն, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ չփո­խենք, չփո­խո­ւինք, ա­պա­գայ չու­նինք։ Յս­տա­կաց­նենք սա­կայն. բան մը փո­խե­լու եւ թերթ սահ­մա­նա­փա­կե­լու մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւ­նը հսկա­յա­կան է։

Ո՞ւր կ­’ու­զենք եր­թալ, կա­ռոյց­նե­րու տկա­րա­ցու­մի՞ն, կա­ռոյց­նե­րու մեր­կա­ցու­մի՞ն։ Այս­պի­սի կե­ցո­ւածք­նե­րու հետ կրնա՞նք հաշ­տո­ւիլ։

Ժխ­տո­ղա­կա­նու­թիւ­նը տեղ չ­’ա­ռաջ­նոր­դեր գա­ղու­թը, ազ­գը, ոչ ալ չփոր­ձո­ւած ի­րա­պաշ­տու­թիւ­նը։

Լ­սենք, թէ ո­մանք ին­չո՞վ կը յու­զո­ւին այ­լեւս, ին­չո՞վ կը ներգ­րա­ւո­ւին։ Ան­սո­վոր վեր­լու­ծա­բա­նու­թիւն­ներ կար­ծես ա­ռօրեայ ե­րե­ւոյթ դար­ձած են։ ­Լաւ է այդ լճա­ցած ջու­րե­րէն դուրս ել­լել։

­Գա­ղու­թի հայ­րե­նա­կի­ցը միայն ի­րա­ւունք­ներ չու­նի, պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ ալ ու­նի։ Ո­րո՞ւ վրայ պի­տի կռթնի, ե­թէ ոչ նախ եւ ա­ռաջ իր գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րուն։ Ա­նոնց ձեռքն է, որ ա­մէ­նէն ա­ռաջ պի­տի սեղ­մէ փո­խան­ցիկ հա­ղոր­դա­կա­նու­թեամբ։

­Մենք մեր թերթն ենք, ո­րով­հե­տեւ մենք մեր գա­ղութն ենք։ ­Հի­մա ժամն է չափուե­լու մեր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն հետ։ ­Գա­ղու­թա­յին ճամ­բան կոյր ճամ­բայ մը չէ։

­Մենք հոս՝ երե­ւա­կա­յա­կան գա­ղութ մը չենք, ոչ ալ ե­րե­ւա­կա­յա­կան ժո­ղո­վուրդ ենք։ ­Կա­մա­ւո­րու­թեան մէջ մար­դիկ կը տի­րա­նան հնարք­նե­րու։ ­Մեր քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար ա­մէն օր մէկ կեանք ապ­րե­ցանք.  ա­մէն օր տար­բեր կեանք մը. մէյ մը այս­պէս, մէյ մը այն­պէս. մէյ մը տաք. մէյ մը պաղ։ ­Բայց երբ ժա­մը հա­սաւ՝ գիտ­ցանք զա­նա­զա­նել տա­քը պա­ղէն եւ պա­ղը տա­քէն, եւ բնազ­դա­բար նա­խընտ­րե­ցինք ճիշ­դը՝ ճի՛շդ պա­հուն ու ժա­մա­նա­կին։

­Թեր­թի քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը մեր ա­պա­գան է։ ­Քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը յան­դուգն նա­խա­տե­սում­նե­րով կ­’ըլ­լայ։ ­Գա­ղու­թը հին եւ նոր հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու մէջ ներ­դաշ­նա­կու­թեան ճամ­բան պէտք է գտնէ։

* * *

Այ­սօր, հա­շո­ւեկ­շի­ռը կա­տա­րե­լով հայ թեր­թի մը, որ 72 տա­րի ա­նընդ­մէջ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ան­կեղծ ու ու­ղիղ խօս­քով այս գա­ղու­թին ներ­կան ե­ղաւ, կը հաս­տա­տենք, թէ հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը նա­հան­ջէ, ո­րով­հե­տեւ ազ­գե­րը սկսած են կորսնց­նել ի­րենց լե­զո­ւա­կան իւ­րա­յատ­կու­թեան հարս­տու­թիւ­նը։ ­Չա­փա՞ծ ենք այդ հարս­տու­թեան ար­ժէ­քը։ Եօ­թա­նա­սուն տա­րո­ւան թան­կա­գին պատ­մու­թիւ­նը պզտիկ պատ­մու­թիւն մը չէ։ ­Բայց կը թո­ւի թէ՝ պզտիկ պատ­մու­թիւն­նե­րը սկսած են մա­շիլ ու ան­հե­տա­նալ, մեր ժա­մա­նակ­նե­րու նո­րահ­նար քա­ղա­քա­կան ի­րա­պաշ­տու­թեան գլա­նին տակ։

Փնտ­ռա՞ծ ենք, թէ ո՞ւր կը կա­յա­նան մեր ար­ժէք­նե­րը։ Ին­չի՞ վրայ պի­տի դնենք մեր յոյ­սը։

Ար­դեօ՞ք բա­րո­յա­կան սար­սա­փի մատ­նո­ւած ենք։ ­Մեր մտա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քը ին­չո՞ւ չի հա­կազ­դեր խո­րա­պէս քա­ղա­քա­կան ու խո­րա­պէս բա­րո­յա­կան այս հար­ցին մէջ։

Որ­պէս­զի կա­րե­նանք օ­ժան­դա­կել թեր­թի յա­րա­տե­ւու­թեան, անհ­րա­ժեշտ է միա­ժա­մա­նակ կա­տա­րել մեր ի­րա­պաշտ ու վճռա­կան ինք­նաքն­նա­դա­տու­թիւ­նը։ Ինք­նաքն­նա­դա­տու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ է ա­մէն ին­չի մէջ, ի մաս­նա­ւո­րի հան­րա­յին կեան­քի բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րու հաշ­ւոյն, մա­նա­ւանդ, որ մեր մի­ջեւ սկզբունք­նե­րու բա­խում ալ գո­յու­թիւն չու­նի բնաւ։

­Նոր թի­րախ­ներ ո­րո­նե­լու հա­մար այդ թի­րախ­նե­րը յստա­կօ­րէն պէտք է ճշդուին։ ­Պա­տա­հա­կա­նու­թեան պէտք չէ ձգո­ւի նո­ւա­զա­գոյն ման­րա­մաս­նու­թիւնն ալ։ Այս մէ­կը ը­նե­լու հա­մար հարկ է ան­վա­խօ­րէն ու ձայ­նի ուժգ­նու­թեամբ տե­սա­կէտ ու վեր­լու­ծում դրսե­ւո­րել։

«Ա­զատ Օր» կը դի­մագ­րա­ւէ պարզ եւ լուրջ խնդիր­ներ։ ­Բո­լոր խնդիր­նե­րը տնտե­սա­կան չեն։ ­Ճիշդ չ­’ըլ­լար ա­մէն ինչ դրա­մի չգո­յու­թեան վե­րագ­րել։ Ազ­գա­յին ի­մաս­տով գո­յու­թիւն ու­նին նաեւ ո­րա­կա­կան տո­ւեալ­նե­րը, ո­րոնց վրայ պէտք է կանգ առ­նենք։ ­Գա­ղութ­նե­րը կ­’ինք­նա­սու­նու­ցո­ւին ոչ միայն քա­նա­կէն, այ­լեւ ո­րա­կէն։

­Քա­ջա­լե­րե­լին այն է, որ թեր­թը մին­չեւ այ­սօր տո­կաց եւ պէտք է շա­րու­նա­կէ իր հրա­տա­րակ­չա­կան կեան­քը։ ­Մա­մու­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը չա­փա­զանց կա­րեւ­որ է։ Կու­զեմ հա­ւա­տալ, որ «Ա­զատ Օր»ը ա­պա­գա­յին եւս պի­տի վե­րա­պա­հէ ան­ցեա­լի կա­րե­ւոր իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Ո­րե­ւէ ազ­գա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ար­ժա­նա­հա­ւատ դիր­քա­ւո­րում ու շա­րու­նա­կու­թիւն պէտք է ու­նե­նայ։ ­Նաեւ պար­տա­ւո­րիչ է այդ մէ­կը, որ­պէս­զի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կա­րե­նան ար­դա­րաց­նել ի­րենց դե­րը զար­գաց­ման պա­տո­ւաս­տում­նե­րու ընդ­մէ­ջէն։

­Շատ բան կրնանք ը­նել։ Կր­նանք նաեւ ա­ւե­լին։ ­Շա­հա­ւոր պի­տի ել­լենք, ե­թէ ոչ՝ այս մատ­նան­շում­նե­րը ի­մաստ ու­նե­նա­լէ կը դադ­րին։

­Մեր ա­մէ­նէն գէշ թշնա­մին ժա­մա­նակն է։ Օ­տար՝ օ­տար­նե­րու մէջ։ ­Կը հասկ­նա՞ք։ ­Ժա­մա­նա­կին հետ խա­ղա­լը դիւ­րին չէ։ Ն­կա­րա­գիր պա­հելն ալ դիւ­րին չէ։ ­Շատ մը բա­ներ երկ­րոր­դա­կան կը թո­ւին ըլ­լալ, բայց բնաւ ալ երկ­րոր­դա­կան չեն։

«Ա­զատ Օր»ի գոր­ծը պա­տի­ւով գլուխ հա­նե­լու հա­մար ծանր աշ­խա­տանք կ­’ու­զէ։ ­Ժա­մա­նա­կը կը ճնշէ։ Ար­դէն ձու­լո­ւիլ սկսած ենք։ ­Ժա­մա­նա­կի զէն­քե­րը ան­հա­ւա­սար են։ ­Նո­ւա­ճում­նե­րը կը դի­մա­նան ժա­մա­նա­կի մէջ, այն­պէս ու այն­քան՝ որ ժա­մա­նա­կը կը դա­տէ զի­րենք։

Զ­գու­շա­նանք որ իւ­ղը կան­թե­ղէն չպակ­սի։

(Բ. եւ վերջ)

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ