Յունահայ գաղութի օրաթերթ «Ազատ Օր»ը եղած է 72-ամեայ ամէնօրեայ պայքարի հաստատակամ հոմանիշ, յաջորդելով 1922ի Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք յունահայ գաղութին կողմէ հիմնուած «Նոր Օր» օրաթերթին, որ իր հրատարակութեան դռները փակեց պարտադրաբար՝ նացիական գրաւման շրջանին, 1940ին։
Հասարակական հրատարակութեան իր հետեւողական գոյութեան բոլոր ժամանակներուն, թերթը երբեւէ հռետորական ընթացիկ մրցակցական ախոյեանութիւններու խաղին մէջ մտած չէ, այլ՝ ժամանակներու տաք ու պաղ տագնապները դիմագրաւած է իրատես յանդգնութեամբ, մաքուր խօսքով, խիղճով, պայքարունակ յամառութեամբ ու տոկունութեամբ, կապուած միշտ յուշին, քանի ամուր յուշը փարած է իր իսկ անցեալի պատմութեան ու անոր ներշնչած արժէքներուն վրայ, բոլոր ժամանակներուն հետ դիւրահաղորդ կապը պահելով։
Յունահայ գաղութային ազգային հաւաքական կառոյցներու հիմնումին ու ստեղծման գործին մէջ առաջնակարգօրէն դերակատար եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ, արտօնելի այն ձեւով ու չափով, որ անոնք արժանի կ’ըլլան մեր համայնքային համընդհանուր գործին ու նպատակին ամբողջականութեան մաս կազմելով, ու հաւաքական պայքարի առաքելութեան իրենց անսակարգ դերն ու ներդրումը ունենալով մեր կեանքին, խիղճին ու ազգային գիտակցութեան վրայ։
Ազգային բարոյական դիրքաւորումներու փաստերով՝ «Ազատ Օր»ը անցեալ ունեցող թերթ է։ Ունի սակայն ներկայ, որ կը ներշնչուի իր անցեալէն, եւ ապագայ, որ կը ներշնչուի իր ներկայէն։ Անցեալ, ներկայ ու ապագայ՝ որ յատկանշուեցան կենդանի ու կառուցողական ներկայութեամբ մը, որ լաւագոյնս արժեւորուեցաւ ամէն պարագային, քանի երբ հիները կը յիշեն, նորերը պէտք է սորվին ու ձեւաւորեն իրենց ազգային նկարագիրը։
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն վերջ՝ գաղութային մեր կեանքի պահանջներէն ծնունդ առնող այս թերթը, իր իսկ գաղութի օրակարգերու առաջնահերթութեանց մանրամասնութիւններէն բխաւ ու մեծցաւ, արժանահաւատութեան իր դրամա- գլուխով, միշտ ալ ժամանակի անխուսափելի այն մանրամասնութիւններէն որ կարեւոր կը նկատուէին իր ժամանակին, բայց որ կարեւոր կը նկատւին այսօր ալ, ու կարեւոր պիտի ըլլան նաեւ ապագային, քանի հայ մամուլի դերակատարութեան ազգային քաղաքականութիւնն ու անոր քաղաքական քաղաքակրթութիւնը հայու սրտին ու մտքին մէջ է, մեծցած ու ուռճացած է իր ներաշխարհին մէջ, մեծնալով՝ մեծցուցած է նաեւ նուիրումի ու ծառայութեան զգացումը, զայն անփոխարինելի ապրումի վերածելով։ Այդ ապրումն է որ վերածուած է ազգային թիրախներու հետապնդման նպատակի ու տեսլականի՝ հայութեան, հայկականութեան, Հայ Դատի, Հայաստանի, Արցախի ու մեր բռանագրաւուած հայրենիքներու աննահանջ պահանջատիրութեան սկզբունքով։
Մեր ազգային հաւաքականութիւններուն մէջ զանազան առիթներով կը խօսինք անցեալի բաներու մասին։ Եկէ՛ք, ասկէ վերջ ալ, քիչ մը խօսինք մի՛այն ներկայի ու ապագայի մասին, քանի մեր կեանքի անմիջական կարիքները ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ աւելի նախ այդ կը պահանջեն։
Թերթի մը, -որեւէ թերթի հրատարակութեան պահանջը ազգային ռազմավարութեան թիրախ է։ «Ազատ Օր»ը հիմնող ու տարածող կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դ. ատենի օրուան ղեկավարութեան դիմագրաւելի ռազմավարութիւնը եղած է՝ հիմնականօրէն գաղափարներ ներշնչող ջրառատ ամբար մը կազմել, ուրկէ մաքուր ու յագեցնող ջուր սրսկուի մեր բոլոր միութիւններուն եւ տուեալ միութեանց անդամակցող անձերուն, անոնց ընտանիքներուն ու զաւակներուն։
Կրնաք վստահ ըլլալ, որ մամուլի մը բացակայութիւնը կազմակերպ հաւաքականութիւններու մօտ կտրուկ անապահովութիւն կը ստեղծէ, որովհետեւ այդ բացակայութիւնը ամէն բանէ աւելի կը հաստատէ ու կը փաստէ ազգային ու քաղաքական յղկուած մշակոյթի պակաս մը։ Ընդհակառակը՝ կազմակերպ զանգուածներ, մամուլի շուրջ համախմբուելով, ստեղծած ու կազմաւորած են հաւաքական բացառիկ մտածողութիւն եւ մտածողութեան հայկական այլազան փորձառութիւններ։ Մտածողութիւնը դաստիարակութիւն, կրթութիւն, յարգանք ու գիտակցութիւն կը ստեղծէ։
Մարդ չի կրնար կասկածիլ, թէ կազմակերպ գաղութներու մէջ ծրագիրներն ու ծրագրումները կարեւոր ու անհրաժեշտ են գաղութի յետագայ աշխատանքներուն համար, դաշնակցելով միշտ ժամանակին հետ եւ ինքզինքին համար դրական պատկեր մը ներշնչելով։
Կազմակերպ գաղութներու մէջ՝ կառոյցներու կայունութիւնն ու հաստատակամութիւնը կենսական գոյութեան երաշխիք կը կազմեն եւ որեւէ յայտնի թէ գաղտնի ուժի հետ չեն բաղդատւիր, քանի հայ թերթը, մանաւանդ հայ օրաթերթը, կոչուած է առանձնայատուկ դեր մը խաղալու, որ կապակցըւած է նեղ ու լայն իմաստով ալ՝ ազգի մը գաղափարական, ազգային ու քաղաքական ընտրանքներու նոյնացումի հեռանկարներու ակնկալութեան հետ։ Եւ այդ մէկը լիովին կը յաջողի երբ թերթ մը շրջապատուած ըլլայ ու վայելէ նախ եւ առաջ իր նմաններու եւ համագաղափարակիցներու աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը։
Գիտէ՞ք, բոլոր ժամանակներուն մէջ մեր ազգային կառոյցներուն նահանջը սուղ վճարած ենք։ Այնքան սուղ, որ որեւէ գինով չենք կրցած անոր պարտքը հատուցել։ Եւ այս պատահած է մանաւանդ, երբ անհեռատեսօրէն չենք կրցած հասկնալ, որ մեր կեանքին մէջ ամէն ինչ իր գինը ունի, որ մեր օրերուն կրնայ անսպասելի արագութեամբ արժեզրկուիլ, կամ ալ բազմապատկուիլ։
Մենք մեր արժէքները հայերէնով արտայայտած ենք։ Հայերէնով գիտակցա՞ծ ենք։
Չսպասուած անակնկալներու ժամանակները շատոնց անցած են։ Տըն- տեսական ու ընկերային նախատեսելի թէ աննախատեսելի տագնապները անհաշտ բաղադրութիւններ, ի դէպ՝ նորանոր բարդութիւններ կը ստեղծեն մեր կեանքին մէջ։ Անգիտութիւնը օրէնքի չվերածենք, արդիւնքը լաւ չ’ըլլար վստահաբար։
Պահ մը բաղդատենք սակայն, աւելի ճիշդ՝ վկայակոչենք, թէ ի՜նչ դէմքեր անցած են այս գաղութէն, եւ ի՜նչ դէպքեր դիմագրաւած է այս գաղութը։ Մեր յիշողութեան բեւեռէն դուրս չհանենք զանոնք։
Հաշտ դէմքերու եւ անհաշտ դէպքերու շարունակականութեան ընթացիկ հոլովոյթին մէջ, մեր թերթը՝ գաղափարական ուղղամտութեան եւ խտացած փորձառութեան մեր բանգէտ ուսուցիչն ու իմաստուն դաստիարակը եղաւ։ Մենք այսօր կ’ապրինք ու կը գոյատեւենք անոր ազգային անփոխարինելի ժառանգութեամբ, իր թողած կտակի սերմանող ու սերնդագործող հարստութեամբ, որ կրնայ վերածնիլ ու բազմապատկուիլ։
«Ազատ Օր»ի 72 տարուան դերն ու առաքելութիւնը՝ իր սեփական ներ- դրումին զուգահեռ, հաւաքական անհատականութեան ծանր դրոշմ մը կը կրէ։ Կը խօսինք համատարած խիղճի մասին, որ վարակիչօրէն փոխանցիկ եղած է եւ այդ փոխանցիկութեան բովով իսկ տոկացած ու տոկացուցած է։ Գործած է իբրեւ հասուն երիտասարդ, յաճախ իբրեւ խոհեմ չափահաս, ամէն տեղ ու ամէն առիթով բաժնելով ու բաժնեկից դառնալով իր հաւասարաչափուած փորձառութիւններով, որ պատմութիւն գրեց ու դեռ կը գրէ։
Հաւատացէ՛ք, հայ թերթը, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր հրատարակութիւնները, հայրենասիրական իւրայատկութիւններու ծագումնային արմատներէ սեռած ու բնական ճամբով ալ ճիւղաւորուած են։ Այդ իմաստով ու խորքով ալ՝ հայ թերթը ճշդած է իր ժողովուրդի հայրենասիրական չափանիշներուն իմացական ճանապարհը, իր ուղին ընդգրկելով մեր հասարակային զանգուածներու ապրումներուն ամէնէն նրբագեղ լարերով եւ իրեն տեղ տալով յունահայ գաղութի աշխարհագրական քարտէսին վրայ։
* * *
Գիտական-մասնագիտական վերլուծումներով ու փաստացի վիճակագրական բաղդատական տուեալներով՝ թերթ մը երբ կը փակուի, դժուար կը վերաբացուի։ Կը թուի, թէ մեր ալ եզրակացութիւնները նոյնատեսակ վաւերագրութիւններու դիմաց, միեւնոյն տեղը կը յանգեցնեն։
«Ազատ Օր»ը պատմական արժէքով թերթ մըն է։ Մեր ազգի ողջամիտ զաւակները գիտցած են գնահատել իր անցած խորտուբորտ ուղիի պատմութիւնը, երեւան բերելով իր իրական դերն ու նկարագիրը, մեր պատմութիւնը կարդալով ազգային զգացումով ու հայերէն լեզուով։ Որովհետեւ, պարզապէս, պատմութիւնը արժէք կուտայ ազգային քաղաքական ու գաղափարական գործին, Աւարայրէն Սարդարապատ ու Արցախ։
Որովհետեւ, պարզապէս, պատմութիւնը կը հաշտուի պատմական գործին հետ, երբ այդ գործը ներշնչուածօրէն ստեղծագործական է, երբ այդ գործը անհունօրէն հայրենասիրական է եւ երբ այդ հայրենասիրութիւնը սահման չունի։
Պատմութեան խիղճի զարթնումը նախապայման եղած է հայկականացած հայրենասիրութեան, դարերու ընթացքին, երբ մանաւանդ հայրենասիրութիւնը հայու պարագային միշտ ալ շեղբին ծայրը գտնուած է, մեր հին թէ նորագոյն պատմութեան բարդ հանգրուաններուն, երբ մարդիկ կը փնտռեն իրարու, երբ մարդիկ աւելի մօտ կուգան իրարու։
«Ազատ Օր» իր պատմութեան ընթացքին կերտած ու ձեւաւորած է իր գաղափարական դիմագիծը ժողովըրդային քաղաքակրթութեան քաղաքականութեամբ։ Դիմագիծ ունեցող թերթ մը, մէկ օրէն միւսը չի կրնար ապաառասպելականանալ, որովհետեւ իր երկար պայքարի ճանապարհին ընդմէջէն գծած է իր ժողովորւդի եւ անոր զաւակներու ազգային երազները, տեսլականները եւ խորհրդանիշները։ Խորհրդանիշները մասնաւորապէս երբեք պակաս եղած չեն մեր թերթէն, որովհետեւ անոնք մեր ժողովուրդէն դիմագրաւուած են, որպէս աւանդական ու սերտ կապուածութեան մը փոխադարձ սկզբունքով։
«Ազատ Օր»ի հրատարակչական դերակատարութիւնը բազմատեսակ, բազմաբնոյթ ու բազմարժէք է. այդ իմաստով ալ՝ յարգանքի արժանի։ Չմոռնանք, որ նպատակի մը համար ռազմավարական ու գաղափարական պայքարն է որ մեզ զանազանել կուտայ ուրիշներէն։ Ի դէպ, մեր թերթը եղած է այն թերթը, որ երբեք երկընտրած չէ իր հասուն, հաստատ ու առինքնող գաղափարները արտայայտելէ։ Հիմա՝ պէտք է վերագտնէ իր յորձանուտը։ «Ազատ Օր»ի գոյութիւնը՝ իր գոյութեան մէջ իսկ կը կայանայ։ Գիտնանք ընտրել։
ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ