Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մ.Ա.Կ.ի կրթու­թեան, գի­տու­թեան եւ մշա­կոյ­թի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ UNESCO 2008 տա­րե­թի­ւը հռչա­կած էր «­Լե­զու­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին Տա­րի»։ Նոյն թի­ւի 18 Փետ­րո­ւա­րին UNESCO հրա­տա­րա­կեց վտան­գո­ւած լե­զու­նե­րու քար­տէս մը։ Կը պար­զո­ւէր, թէ ցարդ խօ­ս­ւած 6 հա­զար 700 լե­զու­նե­րէն 2 հա­զար 400ը կոր­սո­ւե­լու վտան­գին դէմ յան­դի­ման են։ Այդ լե­զու­նե­րէն 18ն կը խօ­սո­ւէր Թուր­քիոյ տա­րած­քին. ա­նոնց­մէ մէկն էր նաեւ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն խօ­սող­նե­րու նը­ւա­զու­մը թրքա­հա­յու­թեան գլխա­ւոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն մէկն է։Սա­կայն վեր­ջերս յատ­կա­պէս հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մօտ մայ­րե­նի լե­զո­ւի նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ճը նոր յոյ­սեր կը թե­լադ­րէ։ 21 Փետ­րո­ւա­րի Մայ­րե­նի Լե­զո­ւի Հա­մաշ­խար­հա­յին Օ­րո­ւան առ­թիւ, Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի թրքա­հա­յոց հա­մար նշա­նա­կած կա­րե­ւո­րու­թեան շուրջ զրու­ցե­ցինք «­Ժա­մա­նակ» թեր­թի խմբա­գիր եւ Մ­խի­թա­րեան Վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ, լե­զո­ւա­բան, Սե­ւան Տէ­յիր­մէն­ճեա­նի հետ։

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ - AGOS

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վտան­գը­ւած լե­զու­նե­րու ցան­կին մէջ յայտ­նո­ւե­լէն ետք, այս­տեղ եւ սփիւռ­քի տա­րած­քին ի՞նչ աշ­խա­տու­թիւն­ներ կը տա­րո­ւին։

Ս­փիւռ­քի մէջ աչ­քա­ռու է Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան Հիմ­նար­կի ջան­քե­րը։ Բազ­մա­թիւ ժո­ղով­ներ գու­մա­րո­ւե­ցան, ո­րոնց­մէ վեր­ջին եր­կու­քին ես ալ մաս­նակ­ցե­ցայ։ Կը տես­նենք, որ հա­յե­րը բո­լոր եր­կիր­նե­րու մէջ նման հար­ցեր եւ մտա­հո­գու­թիւն­ներ կը բաժ­նեն։ Ու­րեմն ոչ ոք ա­ռան­ձին է եւ այս աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գի կը ստեղ­ծեն։ Ն­ման աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը պէտք է Պոլ­սոյ մէջ ալ կա­տա­ր- ­ւին։ Խն­դի­րը միայն դպրոց­նե­րով սահ­մա­նո­ւած չէ, հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր շեր­տերն ալ նման հո­գեր կը բաժ­նեն։

Ի­րա՞ւ է, որ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը իս­կա­պէս վտան­գո­ւած է։

Վեր­ջերս զա­նա­զան աշ­խա­տու­թիւն­ներ, ժո­ղով­ներ եւ շար­ժում­ներ ե­ղան, ո­րոնց ա­ռանց­քը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէնն էր։ Այս աշ­խու­ժու­թիւ­նը փաս­տա­ցի ա­պա­ցոյց մըն է նիւ­թի շուրջ գո­յա­ցած մտա­հո­գու­թեան։ Այդ մտա­հո­գու­թիւնն ալ կ­՚ա­պա­ցու­ցէ վտան­գի առ­կա­յու­թիւ­նը։ Կ­՚ըն­դու­նինք որ ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի հաս­տա­տու­մն­ ալ գի­տա­կան տո­ւեալ մըն է։

Թուր­քիա­յէն դի­տե­լով՝ ի՞նչ է այս վտան­գին ծա­ւա­լը։

Թր­քա­հա­յոց հա­մար հա­յե­րէ­նի ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը հար­ցա­կան է։ Դպ­րոց­նե­րէ ներս ան­գամ ա­շա­կերտ­նե­րը միայն դա­սա­պա­հե­րուն հա­յե­րէն կը խօ­սին եւ դպրո­ցէ դուրս կ­՚իշ­խէ տե­ղա­կան լե­զուն։ Ն­շեմ, որ հա­յե­րէ­նը սո­վո­րե­լիք լե­զու մը նկա­տե­լով՝ ար­դէն դուրս հա­նած կ­՚ըլ­լանք ան­մի­­ջա­կան եւ գոր­ծա­­ծո­ւող լե­զու մը ըլ­լա­­լէ։ Ե­րե­խան կ­՚անդ­րա­դառ­նայ, թէ հա­յե­րէ­նը սո­վո­րե­լիք լե­զու մըն է, բայց այդ ու­սու­մը կեան­քին մէջ բնաւ շա­հե­կան չէ։ Այս ըն­կա­­լու­մին մէջ մենք ալ բա­ժին ու­նինք։ Հե­տե­ւեալ կեր­պով ալ կրնանք խոր­հիլ, բո­լոր թրքա­խօս­նե­­րը տե­ղեա՞կ են Սա­պա­հատ­տին Ա­լիի գրա­կա­նու­թեան։ Մար­դը 500 կամ 1000 բա­ռե­րով կը տի­րա­պե­տէ լե­զո­ւին։ Մենք ա­ւե­լին կը սպա­սենք՝ կը սպա­սենք, որ հա­յե­րէն խօ­սո­ղը ըն­թեր­ցէ նաեւ Գ­րի­գոր Զոհ­րա­­պի գրա­կա­նու­թիւ­նը։ Ո՛չ. ե­րե­խան պէտք է հա­յե­րէ­նը խինդ ու խա­ղով, ապ­րե­­լով խօ­սի։

Թր­քա­հա­յոց հա­մար հա­յե­րէ­նը ե՞րբ ոչ-գոր­ծա­­ծե­լի, այլ սո­վո­րե­լի լե­զո­ւի մը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ։

Այս խնդի­րը առն­չո­ւած է նաեւ թրքե­րէ­նի զար­գա­­ցու­մին։ Մին­չեւ ո­րոշ ժա­մա­նակ մրցակ­ցե­­լու կա­րո­ղու­թիւն ու­նէինք, բայց երբ Թուր­քիոյ մէջ մշա­կոյ­թի մա­կար­դա­­կը մեր մրցակ­ցու­թեան կա­րո­ղու­թե­նէն վեր մնաց, մենք ալ հե­տե­ւա­բար նա­հան­ջե­­ցինք։ Շատ ցա­ւա­լի է «հա­յե­րէ­նը ին­չի՞ կը ծա­ռա­յէ» հար­ցու­մը լսել։ Մենք հա­յե­րէ­նը ազ­գա­­յին ինք­նու­թեան փո­խանց­ման հա­մար մի­ջոց մը ըլ­լա­­լու մէջ կը տես­նենք։ Միւս կող­մէ Թուր­քիոյ մէջ հա­յե­րէն սոր­վե­­լու մար­մաջ ու­նե­­ցող զան­գո­ւած մըն ալ կայ։ Հա­յե­րէ­նը Թուր­քիոյ պատ­մու­թիւ­նը ըն­կա­­կե­լու հա­մար շատ կա­րե­ւոր լե­զու մըն է։ Մենք ի ծնէ հա­յա­խօս ըլ­լա­­լով բախ­տա­­ւո­րու­թիւն մը կ­՚ապ­րինք։ Հա­յե­րէ­նի ի­մա­ցու­թիւ­նը գրա­կա­նու­թեան կամ պատ­մա­­բա­նու­թեան նման գի­տե­լիք­նե­­րու հա­մար անգ­լե­րէ­նի ի­մա­ցու­թե­­նէ շատ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր յատ­կու­թիւն մըն է։

Ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք պոլ­սա­­հա­յոց հա­յե­րէ­նի կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

Ան­պէտք հա­մա­րող շա­տեր կան, ի՞նչ կրնամ ը­սել, ի­րենց սխալն է։ Շատ ան­գամ ծնող­ներ ի­րենց զա­ւակ­նե­­րը հա­մալ­սա­­րան կը մղեն յատ­կա­­պէս ալ բժշկա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու եւ ճար­տա­­րա­գի­տու­թեան ուս­ման ցան­կու­թեամբ։ Այն որ շատ է, ա­նար­ժէք է։ Ան­թիւ, ան­հա­­մար բժիշկ­ներ, ճար­տա­­րա­գէտ­ներ կամ տնտե­սա­գէտ­ներ ու­նինք։ Իսկ այն, որ քիչ է, ար­ժէ­­քա­ւոր է։ Մենք ար­դէն տէր ենք այդ քիչ գտնը­ւա­ծին։ Ե­րի­տա­սարդ­ներ թող շրջա­հա­յեաց ըլ­լան եւ տես­նեն, թէ հա­յե­րէն գիտ­նա­­լով ին­չե՜ր ը­նել կա­րե­լի է։ Ան­շուշտ դպրոց­ներն ալ այս մա­սին պէտք է գի­տակ­ցու­թիւն գո­յաց­նեն։

Իսկ ի՞նչ է նա­խակր­թա­րա­նի ուս­ման հա­յե­րէ­նի ի­մա­ցու­թեան հա­մար կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Ես ծնո­ղքիս հետ միշտ հա­յե­րէն խօ­սե­ցայ։ Բա­նա­կի ծա­ռա­յու­թեան ժա­մա­նակ դժո­ւա­րա­ցայ, քա­նի որ պար­տա­­ւոր էի թրքե­րէն խօ­սե­լու։ Կը նա­խընտ­րէի չխօ­սիլ։ Ն­ման վար­ժու­թիւ­ն մը պէտք է հաս­տա­տել ըն­կե­­րա­յին մի­ջա­վայ­րին մէջ, ո­րուն հա­մար կը կա­րե­ւո­րեմ նա­խակր­թա­րա­նի, միջ­նա­­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­­կան վար­ժա­­րա­նի ու­սու­մը։ Մեր խնդի­րը ման­կա­­պար­տէ­­զէ, նա­խակր­թա­րա­նէ ա­ւե­լի՝ երկ­րոր­դա­­կան վար­ժա­­րա­նի մէջ կը շեշ­տո­ւի։ Տ­ղան այդ դա­սա­րան­նե­­րուն է, որ կը հրա­ժա­րի հա­յա­խօ­սու­թե­­նէ։ Այդ հանգ­րո­ւա­նին յան­կարծ հա­յե­րէ­նը կը սկսկի ան­բա­­ւա­րար թո­ւիլ։ Ան­շուշտ որ սխալ հա­մո­զում մըն է, ո­րուն ե­տին կայ հա­յե­րէ­նը դպրո­ցին մէջ սոր­ված ըլ­լա­­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Մինչ­դեռ հա­յե­րէ­նը միայն դպրո­ցի լե­զուն չէ, այլ փո­ղո­ցի լե­զուն, սի­րոյ լե­զուն։ Ա­շա­կերտ­ներ այս ի­րո­ղու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան փոր­ձը չու­նե­­նա­լով՝ ա­կա­մայ կը հե­ռա­նան հա­յե­րէ­նէն։

Այս ի­րա­վի­ճա­կը ինչ­պէ՞ս կը բա­րե­լա­ւո­ւի։

Պէտք է խու­սա­­փիլ խրա­տե­լէ եւ նա­խընտ­րել խրա­խու­սե­­լու ճամ­բան։ Քա­ջա­լե­րե­լու ենք ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­յա­խօ­սու­թեան եւ հա­յե­րէն գրե­լու հա­մար։ Շատ ան­գամ ա­նոնք կրնան ինք­նա- վս­տա­հու­թեան պա­կաս ու­նե­­նալ։ Մենք յօ­ժա­րե­լու ենք սխալ­նե­­րը մի առ մի սրբագ­րե­­լու, բաւ է որ ա­նոնք գրեն։
Ս­փիւռ­քի հա­մար նշա­նա­կա­նու­թիւ­նը տար­բեր կրնայ ըլ­լալ, բայց Թուր­քիոյ հա­մար հա­յե­րէ­նը դի­մադ­րու­թեան մի­ջոց մըն է նաեւ։ Երբ շրջա­պա­տո­ւած ես ազ­գայ­նա­կան ճնշու­մի մը մէջ, հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը, հա­յա­վա­րի ապ­րու­մը ինք­նին դի­մադ­րու­թիւն են։ «­Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­­րուն կամ «­Քեմփ Ար­մէն»ի դի­մադ­րու­թեան օ­րե­րուն՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­յե­րէն վեր­տա­­ռու­թիւն­ներ պատ­րաս­տե­ցին։ Քուր­թու­լու­շի փո­ղոց­նե­­րը շրջե­լով՝ կը հան­դի­­պիք հա­յե­րէ­նով պա­տի գրու­թիւն­նե­րու։ Այս օ­րի­նակ­նե­­րը կ­՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, որ Թուր­քիոյ մէջ հա­յե­րէ­նի նկատ­մամբ գի­տակ­ցու­թիւն մը, կեն­սու­նա­կու­թիւն մը կայ։ Շուրջ բո­լորս հա­յե­րէն խօ­սե­լու ջա­նա­ցող ե­րի­տա­սարդ­ներ կը տես­նեմ։ Այս ե­րե­ւոյ­թը կը յու­սադ­րէ զիս։ Պէտք չէ մոռ­նալ նաեւ, որ մենք ան­ցեա­լը քիչ մը չա­փա­զանց կ­՚ար­ժե­­ւո­րենք։ Կ­՚ան­տե­­սենք, թէ ան­ցեա­լին ալ կարգ մը քա­ղաք­նե­­րու հայ բնա­կիչ­ներ նա­խընտ­րած են թրքա­խօս ըլ­լալ։ Միւս կող­մէ հա­յե­րէ­նի վե­րա­տի­րա­պե­տե­լով՝ շատ հա­րուստ մշա­կոյ­թի թա­փան­ցած պի­տի ըլ­լանք։ Միայն այս գոր­ծօ­­նը ան­գամ բա­ւա­րար է, որ հա­յե­րէն սոր­վինք եւ գոր­ծա­­ծենք։

Ինչ­պէ՞ս պէտք է խրա­խու­սել թուր­քիա­ցի հա­յե­րը, որ­պէս­զի հա­յե­րէ­նով ար­տադ­րեն։

Ար­տադ­րու­թիւ­նը երկ­րորդ հանգ­րո­ւանն է։ Նախ հա­յը պէտք է հա­յե­րէ­նով ապ­րի։ Պատ­մու­թեան մէջ կը տես­նենք բազ­մա­­թիւ գրող­ներ, ո­րոնք գրա­կա­նու­թիւն մուտք գոր­ծած են տե­ղա­կան լե­զո­ւով։ Օ­րի­նա­կի հա­մար Ռո­պէր Հատ­տէ­­ճեան նախ թրքե­րէն, ա­պա հա­յե­րէն գրած է։ Շատ կա­րե­ւոր վի­պա­գիր մը ըլ­լա­­լով ծա­նօթ Կոս­տան Զա­րեան իր գոր­ծե­­րը նախ ի­տա­լե­րէն եւ ֆրան­սե­­րէ­նով գրած, ա­պա գրի­չը ուղ­ղած է դէ­պի հա­յե­րէն։ Կարգ մը թուր­քիա­ցի հայ հե­ղի­նակ­նե­­րու լե­զուն շատ պարզ է։ Զա­ւէն Պի­պէ­ռեան, Կար­պիս Ճան­ճի­­կեան կամ Զահ­րա­­տի նման շատ կա­րե­ւոր գրող­ներ հա­յե­րէ­նը խիստ մատ­չե­­լի գոր­ծա­­ծած են։ Ե­րի­տա­սարդ­ներ այս օ­րի­նակ­նե­­րուն հե­տե­ւե­լով՝ կրնան ար­տադ­րու­թիւն ալ փոր­ձել։