Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt«Ա՜խ, լե­զո՜ւն, լե­զո՜ւն, լե­զո՜ւն. լե­զուն որ չը­լի...»

­Հա­յերս վստա­հա­բար միակ ժո­ղո­վուր­դը չենք, որ տագ­նապ ապ­րած ենք ու կ­’ապ­րինք մեր լե­զո­ւին կրած նա­հանջ­նե­րուն ու ա­ղա­ւա­ղում­նե­րուն. ազ­գի ա­պա­գա­յով

մտա­հոգ ենք՝ նոր սե­րուն­դին կող­մէ ­Հա­յե­րէ­նին հան­դէպ ա­ճող ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռով, եր­բեմն ալ կը բո­լո­րենք նման մտա­հո­գու­թիւն­ներ փա­րա­տող փու­լեր։

­Մե­զի ճա­կա­տագ­րա­կից-վի­ճա­կա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հար­ցե­րը թո­ղունք ի­րենց, մտնենք մեր «փոքր ա­ծուն», ո­րո­նե­լու հա­մար նա­հան­ջին ու ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճառ­նե­րը եւ դար­մա­նու­մի ան­մի­ջա­կան ու հե­ռա­հաս մի­ջոց­ներ։

Ոչ մէկ կաս­կած, որ ա­ռաջ­նոր­դող շրջա­նակ­նե­րուն, մտա­ւո­րա­կան­նե­րու եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ մեր լե­զո­ւին վի­ճա­կէն առ­թած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն դի­մաց հնչե­ցո­ւող ա­հա­զան­գե­րը կը բխին ար­դար մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէ, ո­րով­հե­տեւ թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Ս­փիւռ­քի մէջ ա­կա­նա­տես ենք ­Հա­յե­րէ­նին ապ­րած մա­կե­րե­սայ­նաց­ման ու նօս­րա­ցու­մին։ Եւ այս ար­դար մտա­հո­գու­թե­նէն մեկ­նե­լով է որ կը բա­նանք այս «Թղ­թած­րար»ը։ Ն­շենք, որ այս ճի­գը ան­նա­խըն­թաց չէ, վստահ ենք նաեւ, որ ա­նի­կա պի­տի չմնայ ան­վա­ղոր­դայն, այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ ար­ձա­գանգ­ներ պի­տի ըլ­լան նոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը ար­տա­յայ­տող­նե­րու։

Երբ այս տագ­նա­պը կ­’ար­ծար­ծո­ւի, յա­ճախ ա­նոր դէմ կը բարձ­րա­նայ մտա­ծում-ա­ռար­կու­թիւն մը. ար­դեօք լե­զո­ւի պահ­պան­ման եւ մաք­րազտ­ման պա­հան­ջը որ­քա՞ն ա­ռաջ­նա­հերթ է, երբ ազ­գո­վին կը դի­մագ­րա­ւենք ի՛ս­կա­պէս ծանր տագ­նապ­ներ, ինչ­պէս ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան ապ­րած օր­հա­սա­կան վի­ճա­կը, ­Հա­յաս­տա­նի ու ժո­ղո­վուր­դին ա­ռար­կա­յա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց շար­քին՝ ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­րը բար­ձող իշ­խա­նու­թեան մը ո­րո­նու­մը, զան­գո­ւա­ծա­յին ար­տա­գաղ­թը, տար­բեր գա­ղութ­նե­րու մէջ տե­ղա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ու ծրա­գիր­ներ... ։

­Ճիշդ է, որ նմա­նօ­րի­նակ տագ­նապ­ներ ու ա­նոնց­մէ բխող մտա­հո­գու­թիւն­ներ ի­րենք զի­րենք կը պար­տադ­րեն բո­լո­րիս, սա­կայն խոր­քին մէջ այդ հար­ցե՛րն իսկ յա­ւե­լեալ մար­տահ­րա­ւէր­ներ են, որ լե­զո­ւի պահ­պան­ման ու ծաղ­կու­մին ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը ա­ռա­ջա­նա­յին տեղ գրա­ւեն մեր օ­րա­կար­գին վրայ։

­Հայ­րե­նի ու սփիւռ­քեան եր­կու գլխա­ւոր օ­ղակ­նե­րուն մէջ ան­բաղ­ձա­լի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը մա­սամբ նոյ­նան­ման են, սա­կայն ու­նին նաեւ տար­բե­րու­թիւն­ներ՝ գոր­ծօն­նե­րու եւ հե­տե­ւանք­նե­րու ի­մաս­տով։ Ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հո­ղը կա­րե­ւոր ե­րաշ­խիք ու են­թա­հող է մայ­րե­նիին պահ­պան­ման, ու հոն ա­ռա­ւե­լա­բար կը դի­մագ­րա­ւենք օ­տար եւ բար­բա­ռա­յին, հա­սա­րակ տե­ղիք ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու խճո­ղու­մին ախ­տը, Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, օ­տա­րու­մի ու ձու­լու­մի հե­տե­ւան­քով մեր լե­զո­ւին կո­րուս­տը կը գրա­ւէ հար­ցին կո­րի­զը։ (Այդ պատ­ճա­ռով ալ, այս սիւ­նակ­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­բար նկա­տի պի­տի ու­նե­նան Ս­փիւռ­քի ի­րա­վի­ճա­կը

Յս­տակ է որ տագ­նա­պը ու­նի մէկ հա­սա­րակ յայ­տա­րար. պարզ ու հա­րա­զատ ­Հա­յե­րէ­նը կորսն­ցու­ցած է ո­րակ, կը շա­րու­նա­կէ կորսնց­նել են­թա­հող. ստեղ­ծո­ւած է տա­րօ­րի­նակ մրցում մը՝ լե­զո­ւի նա­հան­ջին ու զայն վե­րա­կանգ­նե­լու ու զար­գաց­ման ա­ռաջ­նոր­դե­լու ճի­գե­րուն մի­ջեւ, ու այս ար­տա­ռոց մրցու­մը դժբախ­տա­բար յա­ռաջ չ­’եր­թար ի նպաստ երկ­րոր­դին...

­Թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի եւ թէ սփիւռ­քեան կեդ­րոն­նե­րու մէջ, այս վի­ճա­կը դար­մա­նե­լու եւ նա­հան­ջի ըն­թաց­քը բա­րեշր­ջե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, մեծ ճիգ ի գործ կը դրո­ւի պե­տա­կան թէ այլ հե­ղի­նա­կա­ւոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ. գի­տա­ժո­ղով­ներ, խորհր­դա­ժո­ղով­ներ, մաս­նա­գի­տա­կան քննար­կում­ներ, յատ­կա­պէս վեր­ջին 10-15 տա­րի­նե­րուն, ի­րա­րու յա­ջոր­դած են ան­կեղծ նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, մա­մու­լը բեմ է լե­զո­ւա­գէտ­նե­րու եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու քննար­կում­նե­րուն (ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րու եւ դար­մա­նու­մի ա­ռա­ջարկ­նե­րու ճամ­բով), հաս­տա­տու­թիւն­ներ գործ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կը դի­մեն, պիւտ­ճէ­ներ կը տրա­մադ­րո­ւին լուծ­ման մի­ջոց­նե­րու ո­րոն­ման նպա­տա­կով եւ ըն­թաց­քը բա­րեշր­ջե­լու կամ­քով ու ծրագ­րում­նե­րով, եւ սա­կայն քա­նա­կա­կան բաղ­ձա­լի ար­դիւն­քը միշտ ալ կը խու­սա­փի...

Ե­թէ պահ մը կանգ առ­նենք եւ հարց տանք, թէ ար­դեօք այս մտա­հո­գու­թիւ­նը նո­րու­թի՞ւն է, միայն վեր­ջին տաս­նա­մեա­կի՞ն, կամ քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րո՞ւն յա­տուկ է, ար­դեօք ա­նոր ծան­րա­ցու­մը զգա­ցինք ա՞յն օ­րե­րէն աս­դին, երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕն Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը դա­սեց «վտան­գո­ւած լե­զու­ներ»ու կար­գին, թէ՞ ա­նի­կա ու­նի ո­րոշ հնու­թիւն։

­Պա­տաս­խան­նե­րը կա­րե­լի է դիւ­րաւ տես­նել՝ ա­րագ ակ­նարկ մը նե­տե­լով վեր­ջին գո­նէ եր­կու դա­րե­րու մեր հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին վրայ։ Ե­թէ ըն­դու­նինք (ար­դէն հաս­տա­տո­ւած ի­րո­ղու­թիւն է), որ ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ան­կիւ­նա­դար­ձը նշող ա­ռա­ջին գրող-մտա­ւո­րա­կանն է, ան մե­զի կ­’ը­սէ, որ այս տագ­նա­պը գո­յու­թիւն ու­նէր նաեւ իր օ­րե­րուն, իսկ իր գի­րը ա­ռա­ջին խի­զախ փորձն էր ժո­ղովր­դա­կան-խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն գրա­կա­նաց­նե­լու, հա­յե­րէ­նով գրո­ւա­ծը զան­գո­ւած­նե­րուն մատ­չե­լի դարձ­նե­լու նպա­տա­կովՄես­րոպ ­Մաշ­տոց ալ նոյ­նը ը­րած էր՝ տար­բեր մեկ­նա­կէ­տով ու տար­բեր պայ­ման­նե­րու մէջ

­Թէեւ «լե­զուն ղա­յիմ պա­հե­ցէք» թե­լադ­րան­քին մէջ, Ա­բո­վեանն ալ օ­տա­րա­բա­նու­թեան դի­մած է, ան­կէ կէս դար ետք ալ, ու­րիշ ան­մահ մը՝ ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան եւս իր եր­գի­ծան­քով լու­սար­ձա­կի տակ բե­րած է նոյն տագ­նա­պը, ձաղ­կե­լով օ­տար եզ­րե­րու ա­ռատ գոր­ծա­ծու­թիւնն ու օ­տա­րա­մո­լու­թիւ­նը։

­Պա­րո­նեա­նէն ետք, ա­հա շուրջ մէկ ու կէս դա­րու ճամ­բայ կտրած ենք եւ մեր լե­զո­ւի պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման պա­հան­ջը ու­նե­ցած է բազ­մա­թիւ վե­րի­վայ­րում­ներ, իսկ ­Հա­յե­րէ­նը օ­տա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րէ ձեր­բա­զա­տե­լու եւ մայ­րե­նիին կառ­չե­լու ա­նոնց պատ­գա­մը այ­սօ՛ր ալ ի զօ­րու է թէ՛ հայ­րե­նի հո­ղին վրայ եւ թէ Ս­փիւռ­քի սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

Այն ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ այս տագ­նա­պը մեր կեան­քին մէջ գոյ է Ա­բո­վեա­նի օ­րե­րէն՝ չ­’ար­դա­րաց­ներ ա­նոր յա­րա­տե­ւումն ու անխ­նամ-ան­դար­ման մնա­լը, նաեւ չենք կրնար մխի­թա­րո­ւիլ, փոք­րա­մաս­նու­թեանց մօտ ­Հա­յե­րէին հան­դէպ հո­գա­ծու մօ­տե­ցում նկա­տե­լով։ Չար­դա­րա­նար՝ մա՛­նա­ւանդ մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ հա­յաշ­խար­հի «փոք­րա­ցու­մը» եւ ար­դի մի­ջոց­նե­րը կրնան դիւ­րու­թեամբ լու­ծում բե­րել ընդ­հա­նուր «հի­ւան­դու­թեան», ա­նոր իւ­րա­քան­չիւր «են­թա-ախտ»ին, պայ­մա­նաւ, որ ազ­գո­վին ներգ­րա­ւո­ւինք այս ճի­գին մէջ։

Մ­տա­հո­գու­թեանց կրկնու­թե­նէն ու ա­նոնց մա­սին ի­րա­րու ար­ձա­գանգ­ե­լէ ան­դին, դար­մա­նու­մը գործ­նա­պէս յա­ռաջ կ­’ըն­թա­նայ, երբ ա­նի­կա դի­մագ­րա­ւո­ւի հա­մա­տա­րած կեր­պով, գործ­նա­կան (ան­մի­ջա­կան-դիւ­րին ի­րա­գոր­ծե­լի, եւ հե­ռա­հաս ու հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի մեծ ճիգ-պիւտ­ճէ պա­հան­ջող) քայ­լեր ծրագ­րո­ւին ու ի­րա­գոր­ծո­ւին օ­ղակ առ օ­ղակ, ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը տա­րա­ծե­լով ուղ­ղա­հա­յեաց եւ հո­րի­զո­նա­կան յար­դակ­նե­րու վրայ, յա­ռա­ջա­տո­ւա­կան ընդ­հա­նուր ծրա­գի­րով մը, ճշդե­լով ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ ու ա­նոնց հե­տե­ւող քայ­լե­րը, այն մտա­սե­ւե­ռու­մով, որ գործ­նա­կան դար­ման­նե­րը վա­րա­կեն ու ներգ­րա­ւեն մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր շրջա­նակ­նե­րը, չմնան մտա­ւո­րա­կան­նե­րու եւ ա­ռաջ­նոր­դող շրջա­նակ­նե­րու այ­լա­պէս սեղմ գօ­տիէն ներս (չենք նա­խընտ­րեր գոր­ծա­ծել «Փ­ղոսկ­րեայ աշ­տա­րակ» պատ­կե­րը, որ բա­ցա­սա­կան ե­րանգ ու­նի

­Մէկ խօս­քով, անհ­րա­ժեշտ է ստեղ­ծել շար­ժում մը, որ տա­րա­ծո­ւի մե­զի ներ­կա­յա­ցո­ւող ԲՈԼՈՐ ԱՌԻԹՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ օգ­տա­գոր­ծու­մով, նաեւ՝ ստեղ­ծե­լով ա­ռիթ­ներ եւ մի­ջոց­ներ, ներգ­րա­ւե­լով հայ ըն­տա­նի­քը, դպրո­ցը, ե­կե­ղե­ցին, միու­թիւն­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ան­պայ­ման նաեւ հաս­նե­լով հոն, ուր «տի­րա­պե­տու­թիւն» հաս­տա­տած է հա­յու­թե­նէ (ինք­նեկ թէ ա­ռար­կա­յա­կան պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով) մե­կու­սա­ցած հսկայ զանգուա­ծը, ստեղ­ծե­լով «խոր­շեր»։

Որ­քան ալ փոր­ձենք լայն բա­նալ կար­կի­նը, յա­ւակ­նու­թիւ­նը չու­նինք հար­ցերն ու լու­ծում­նե­րը սպա­ռիչ կեր­պով ներ­կա­յաց­նե­լու, սա­կայն կը հա­ւա­տանք, որ մեր կամ այս մտա­հո­գու­թեանց բաժ­նե­կից­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեանց կրկնու­թիւնն ու մէկ­տե­ղու­մը կրնայ օ­գու­տի աղ­բիւր ըլ­լալ, յա­մե­նայն դէպս ան­կէ վնաս չի գար...։

«Թղ­թած­րար»ին յա­ջորդ հա­մար­նե­րով, կանգ պի­տի առ­նենք այ­սօ­րո­ւան վի­ճա­կին կարգ մը իս­կա­կան ու քիչ մը շին­ծու պատ­ճառ­նե­րուն առ­ջեւ, սա­կայն նաեւ պի­տի փոր­ձենք ներ­կա­յաց­նել լու­ծու­մի մի­ջոց­ներ, ո­րոնք, ինչ­պէս նշե­ցինք, նկա­տի ու­նին յա­ռա­ջա­տո­ւա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւն մը եւ ցարդ ե­ղա­ծէն ա­ւե­լի՛ կազ­մա­կեր­պո­ւած ձե­ւով գոր­ծե­լու ձգտում, մաս­նա­կի­նե­րէն ա­ւե­լի՛ հա­մա­պար­փակ մօ­տեց­ման ե­ղա­նակ, որ­պէս­զի հա­մա­տա­րած կեպր­պով մտնենք մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը փա­րա­տե­լու փու­լը։ Էա­կան ա­ռա­ջադ­րան­քը, նաեւ՝ մեկ­նա­կէ­տը կը հան­դի­սա­նայ լե­զո­ւի պահ­պա­նու­մը եւ բնա­կան զար­գա­ցու­մը, իբ­րեւ յե­նա­րան հայ­րե­նի­քի ու հա­յու­թեան պահ­պան­ման ու ա­ճին, ո­րով­հե­տեւ »...լե­զուն որ չը­լի, մարդ ըն­չի՞ նման կ­’ը­լի»։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ