Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՀար­ցազ­րոյց-Դե­րա­սա­նու­հի ­Տի­միդ­րա ­Խա­թու­բի Ար­ցա­խի մէջ

Հար­ցազ­րոյ­ցը կա­տա­րեց եւ հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծեց՝
­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան -­Գու­յում­ճեան

Ան­ցեալ ա­մա­րո­ւան ըն­թաց­քին յոյն ծա­նօթ դե­րա­սա­նու­հի ­Տի­միդ­րա ­Խա­թու­բի Ար­ցախ այ­ցե­լեց, դեր վերց­նե­լու հա­մար ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի «­Վեր­ջին Բ­նա­կի­չը» նոր ֆիլ­մին մէջ, որ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի եւ հան­րու­թեան պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի 2016ի գար­նան:
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թը մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ հա­յազ­գի տա­ղան­դա­ւոր բե­մադ­րիչ ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նին, երբ ան ­Յու­նաս­տան հրա­ւի­րո­ւած էր իր բե­մադ­րած «­Թե­ւա­նիկ» ֆիլ­մի ցու­ցադ­րու­թեան ա­ռի­թով: Իր նոր գոր­ծով, ան կրկին շար­ժա­պատ­կե­րի աշ­խար­հին կ­՛ու­զէ պար­զել Ար­ցա­խի ի­րա­վի­ճակն ու ար­ցախ­ցիին ապ­րած ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­րո­ւես­տի մի­ջո­ցով փո­խան­ցել հա­կա­պա­տե­րազ­մա­կան պատ­գամ­ներ: «­Վեր­ջին Բ­նա­կի­չը» ֆիլ­մին հիմ­նա­կան դե­րե­րը կը խա­ղար­կեն տար­բեր-տար­բեր ազ­գու­թիւ­ննե­րու պատ­կա­նող եւ մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի տէր դե­րա­սան-դե­րա­սա­նու­հի­ներ, ո­րոնց կար­գին գլխա­ւոր դե­րե­րուն մէջ՝ պար­սիկ հան­րա­ծա­նօթ դե­րա­սան ­Հո­մա­յուն Էր­շա­տի եւ հա­յազ­գի սի­րո­ւած դե­րա­սան Ա­ղեք­սանտր ­Խա­չատ­րեան:
Այս ա­ռի­թով հե­տաքրք­րա­կան զրոյց մը ու­նե­ցանք ­Տի­միդ­րա ­Խա­թու­բիին հետ եւ ա­հա­ւա­սիկ կը ներ­կա­յաց­նենք ա­նոր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը այս գոր­ծակ­ցու­թեան եւ Ար­ցախ իր ճամ­բոր­դու­թեան մա­սին:
Կ­՛ար­ժէ նշել, թէ հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին ­Տի­միդ­րա ­Խա­թու­բի մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու ջեր­մու­թեամբ խօ­սե­ցաւ ար­ցա­խեան իր փոր­ձա­ռու­թեան մա­սին:

Ինչ­պէ՞ս ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ ձե­զի որ մաս­նակ­ցիք ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի «­Վեր­ջին Բ­նա­կի­չը» ֆիլ­մին:

­Ջի­ւա­նին ծա­նօ­թա­ցայ ան­ցեալ տա­րի, «­Թե­ւա­նիկ»ի ցու­ցադ­րու­թեան օ­րը, երբ իբ­րեւ մէ­կը «բա­նըլ»ի մաս­նակ­ցող­նե­րէն, խօսք տրո­ւե­ցաւ ին­ծի, որ գնա­հա­տա­կանս կա­տա­րեմ ֆիլ­մին մա­սին: Ա­պա, մտե­րիմ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին գրա­ւեց զիս դե­րա­սան­նե­րու հետ աշ­խա­տե­լու իր ե­ղա­նա­կը: Ա­թէնք գտնո­ւած օ­րե­րուն ներ­կայ ե­ղաւ «­Շան ­Մայ­րը» թա­տե­րա­խա­ղի ներ­կա­յաց­ման, ո­րուն գլխա­ւոր դե­րա­կա­տարն էի ես: Ա­ւար­տին, չմեկ­նած, ­Ջի­ւան դեր մը ա­ռա­ջար­կեց ին­ծի իր յա­ջորդ ֆիլ­մին հա­մար: Ես շատ դրա­կան տրա­մադ­րո­ւած էի նման գոր­ծակ­ցու­թեան մը հա­ւա­նա­կա­նու­թեան դի­մաց: Ան­կեղծ ըլ­լա­լու հա­մար ը­սեմ, թէ կար­ծե­ցի, որ պա­հու ինք­նա­բուխ ա­ռա­ջարկ մըն էր կա­տա­րա­ծը, բայց սխա­լե­ցայ: ­Յա­ջոր­դող օ­րե­րուն իսկ ե­լեկտ­րո­նա­յին նա­մա­կով պաշ­տօ­նա­պէս դեր մը կ­՛ա­ռա­ջար­կէր ին­ծի «­Վեր­ջին Բ­նա­կիչ»ը ֆիլ­մին մէջ:

Ո՞րն է ձեր դե­րը «­Վեր­ջին Բ­նա­կիչ»ին մէջ: Ի՞նչ իւ­րա­յատ­կու­թիւն­ներ ու­նէր եւ ար­դեօք դժո­ւա­րու­թիւն­ներ դի­մագ­րա­ւե­ցի՞ք:

­Նախ ը­սեմ, որ նկա­րա­հա­նում­նե­րը ե­ղան Ար­ցա­խի մէջ, մաս­նա­ւո­րա­բար ­Ջի­ւա­նի գիւ­ղին մէջն ու շրջա­կայ­քը: Ն­կա­րա­հա­նում­նե­րու պա­հուն հրա­շա­լի մթնո­լորտ կը տի­րէր, շատ հե­տաքրք­րա­կան, հա­ճե­լի եւ լաւ ժա­մա­նակ ան­ցու­ցի: Ա­մէն բան բա­ցա­ռիկ ձե­ւով կազ­մա­կերպո­ւած էր եւ բո­լո­րին մի­ջեւ սքան­չե­լի գոր­ծակ­ցու­թիւն կար: ­Նոյ­նիսկ գիւ­ղա­ցի­նե­րը միշտ տրա­մա­դիր ու պատ­րաստ էին օգ­նե­լու՝ զա­նա­զան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար: Այդ գիւ­ղին մէջ ման­կու­թեանս յի­շա­տակ­ներ արթնցան, երբ ժա­մա­նա­կին մար­դիկ ա­ւե­լի բա­րեա­ցա­կամ ու պարզ էին ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ:
Ես ա­զե­րի հե­րո­սին կինն է, որ կ­՛անձ­նա­ւո­րեմ ֆիլ­մին մէջ: ­Դերս կը պա­հան­ջէր, որ ա­զե­րի լե­զուն խօ­սիմ: Կ­՛են­թադ­րէի, որ ա­տի­կա պի­տի լու­ծո­ւէր հե­տա­գա­յին մոն­թա­ժի ժա­մա­նակ՝ լու­զո­ւի կրկնա­խօս­քով (doublage), սա­կայն...ոչ: ­Ջի­ւան կ­՛ու­զէր, որ ես խօ­սիմ բնա­կա­նոն ձե­ւով, դե­րա­խա­ղիս ար­տա­սա­նե­լիք ա­զե­րիե­րէ­նը (թրքե­րէն) սոր­վեց­նե­լու կար­գադ­րու­թիւն տե­սած էր: ­Ճիշդն ը­սեմ՝ շատ դժուա­րա­ցայ այդ լե­զո­ւով, բայց ան­շուշտ ի վեր­ջոյ յա­ջո­ղեցայ: ­Ֆիլ­մը ամ­բող­ջու­թեամբ չեմ տե­սած դեռ, այ­սու­հան­դերձ այն պատ­կեր­ներն ու մա­սե­րը, որ տե­սած եմ, շատ հաւ­նած եմ: «­Գաս­դը» - դե­րա­սան­նե­րու խում­բը- սքան­չե­լի էր եւ բո­լոր աշ­խա­տող­նե­րը՝ լաւ մաս­նա­գէտ­ներ, իսկ նկա­րա­հա­նում­նե­րու ըն­թաց­քին մթնո­լոր­տը՝ հո­յա­կապ, ինչ որ մե­ծա­պէս կ­՛ազ­դէ աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին վրայ:

­Յու­նաս­տա­նի մէջ վաս­տա­կա­շատ դե­րա­սա­նու­հի ըլ­լա­լէ ան­դին, կը զբա­ղիք բե­մադ­րու­թեամբ, նաեւ հիմ­նած էք ­Տի­լոս «Δήλος» ա­նո­ւան թատ­րո­նի դպրո­ցը, ուր կը դա­սա­ւան­դէք: «­Վեր­ջին Բ­նա­կիչ»ին ձեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը նոր փոր­ձա­ռու­թիւն մը ե­ղած պէտք է ըլ­լայ ձե­զի հա­մար, մա­նա­ւանդ ե­թէ նկա­տի ու­նե­նանք Ար­ցա­խի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ուր մար­դիկ պա­տե­րազ­մի ա­մէ­նօրեայ սպառ­նա­լի­քին տակ ապ­րե­լով հան­դերձ, հպարտ են ի­րենց ա­զա­տու­թեամբ ու կեր­տած պե­տու­թեամբ: ­Խօ­սե­ցէք մե­զի այդ փոր­ձա­ռու­թեան մա­սին: Ինչ­պէ՞ս էր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բե­մադ­րիչ ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի հետ:

­altՃիշդ է, որ իս­կու­թեան մէջ պա­տե­րազ­մա­կան շրջան է Ար­ցա­խը: Ես ու­զե­ցի եր­թալ մին­չեւ սահ­մա­նի գիւ­ղե­րը, բայց թոյլ չտո­ւին ին­ծի, վտան­գին պատ­ճա­ռով: Կ­՛ը­սո­ւի, թէ զի­նա­դա­դար հռչա­կուած է, բայց ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, թէ գրե­թէ ա­մէն օր ե­րի­տա­սարդ զինո­ւոր­ներ կը զո­հո­ւին սահ­ման­նե­րուն վրայ: Ա­զե­րի­նե­րը ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կը մեծց­նեն ա­տե­լու­թեան զգա­ցում­նե­րով եւ ա­տի­կա սոս­կա­լի է, ա­տե­լու­թեամբ լե­ցուն հո­գի­նե­րը ա­մէ­նէն ա­հա­ւորն են: ­Հա­յե­րը շատ հիւ­րա­սէր ժո­ղո­վուրդ են: ­Չեմ խօ­սիր ձե­ւա­կան հիւ­րա­սի­րու­թեան մա­սին, հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը ի­րենց նա­յուած­քին մէջ կը զգաս, բա­ռին բուն ի­մաս­տով ազ­նուա­կան մար­դիկ են:
Իսկ ֆիլ­մի ար­տադ­րու­թեան առն­չո­ւած ա­մէն մար­զի մէջ աշ­խա­տող­նե­րը լաւ մաս­նա­գէտ­ներ էին, բայց ա­մէն բա­նէ վեր՝ իւ­րա­յա­տուկ սէր ու­նէին ի­րենց գոր­ծին հան­դէպ, բո­լո­րը անխ­տիր: ­Զար­մա­նա­լի կեր­պով ջերմ մտեր­մու­թիւն մը կար բո­լո­րիս մի­ջեւ եւ ա­սի­կա ան­շուշտ նոյ­նինքն ­Ջի­ւա­նի շնոր­հիւն էր: Իր ա­րուես­տին սի­րա­հար է ­Ջի­ւա­նը, եւ այդ իր սէ­րը կը փո­խան­ցէ ի­րեն հետ աշ­խա­տող­նե­րուն: Այդ սի­րով ու կիր­քով ի­րա­րու կը միաց­նէ բո­լո­րը:
­Միայն այդ­պէս կա­րե­լի է ար­դէն շատ քիչ դրա­մագ­լու­խով բար­ձրո­րակ գործ ար­տադ­րել: Դ­րա­մագ­լու­խի պա­կա­սը միեւ­նոյն դժո­ւա­րու­թիւնն է հոս ալ, ­Յու­նաս­տա­նի պա­րա­գա­յին: ­Ջի­ւան ընտ­րած է ընդ­հան­րա­պէս ե­րի­տա­սարդ գոր­ծա­կից­ներ եւ սի­րա­լիր ու ար­դիւ­նա­բեր կա­պեր ու­նի ար­հես­տա­ւոր­նե­րուն հետ: ­Մար­դոց հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­զա­տու­թիւն մը ու­նի ան, լաւ գի­տէ, թէ ինչ է իր ու­զա­ծը, բայց եւ այն­պէս միշտ կը զրու­ցէ իր գոր­ծա­կից­նե­րուն հետ, մտիկ կ­՛ը­նէ ա­նոնց ը­սե­լի­քը եւ ա­պա կ’ո­րո­շէ: ­Շատ ինք­նավս­տահ բե­մադ­րիչ է, միա­ժա­մա­նակ լաւ գոր­ծա­կից... Ինքն է գոր­ծին, ֆիլ­մին, պատ­մու­թեան շուն­չը, հո­գին: Գ­լու­խէն կը սկսի ա­մէն բան չէ՞:

Իսկ իբ­րեւ ճամ­բորդ, ո­րո՞նք են ձեր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Ար­ցա­խէն եւ ­Հա­յաս­տա­նէն:

Ս­քան­չե­լի ճամ­բոր­դու­թիւն մըն էր դէ­պի Ար­ցախ եւ ­Հա­յաս­տան: Զ­գա­ցի, որ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րը նմա­նու­թիւն­ներ ու­նին ի­րենց բնա­ւո­րու­թեան մէջ, օ­րի­նակ եր­կուքն ալ հիւ­րա­սէր են:
Ար­ցա­խի մէջ զիս մե­ծա­պէս տպա­ւո­րեց ժո­ղո­վուր­դի ըն­կե­րա­յին մա­կար­դա­կը, որ ի յայտ կու գար ա­մէ­նօ­րեայ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով: Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ ա­մէն օր ե­րի­տա­սարդ­նե­րով լե­ցուն էր հրա­պա­րա­կը, ուր քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի իս­կա­պէս բա­ցա­ռիկ նո­ւա­գա­խում­բը ե­րաժշ­տու­թեամբ կը լեց­նէր մար­դոց ե­րե­կո­նե­րը: Ա­մէն տա­րի­քի մար­դիկ, պա­տա­նի, ե­րի­տա­սարդ, ե­րէց, բո­լո­րը հրա­պա­րակ հա­ւա­քո­ւած ի­րա­րու հետ գե­ղե­ցիկ կապ մը կը ստեղ­ծեն ու կը պա­հեն: ­Շատ զգա­լի էր ա­սի­կա ին­ծի հա­մար եւ ան­ցեա­լի լաւ ժա­մա­նակ­ներ բե­րաւ յի­շո­ղու­թեանս: ­Շատ կա­րե­ւոր է, որ բո­լոր տա­րիք­նե­րը կա­րե­նան զի­րար վա­յե­լել, ի­րա­րու հետ «գոր­ծակ­ցիլ». պէտք է ը­սել, որ դրա­մա­տի­րա­կան (գա­բի­թա­լիս­տա­կան) ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մէջ կոր­սո­ւած է ա­սի­կա, ընդ­հա­կա­ռա­կը տա­րի­քոտ­նե­րուն հան­դէպ խտրա­կա­նու­թիւն մը ստեղ­ծո­ւած է: ­Նոյն­պէս, հարկ չկայ կա­րե­ւո­րե­լու ե­րաժշ­տու­թեան մշա­կոյ­թը մեր ա­մէ­նօ­րեա­յին մէջ... ­Շու­շին նաեւ տպա­ւո­րիչ էր: Ար­ցախ հա­րուստ է մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րով, յայտ­նի է, որ մար­դիկ ջանք կը թա­փեն պահ­պա­նե­լու ի­րենց մշա­կոյթն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը:
Դժ­բախ­տա­բար միայն մէկ օր կրցայ կե­նալ Ե­րե­ւա­նի մէջ, այ­սու­հան­դերձ հոն ալ զգա­ցի մշա­կոյ­թի փա­ռա­ւոր ներ­կա­յու­թիւ­նը: ­Շատ սի­րե­ցի ­Քասքա­տը եւ ­Գա­ֆես­ճեան ա­րո­ւես­տի կեդ­րո­նը:
Կ­՛ու­զեմ եր­կու խօսք ալ ը­սել երկ­րի բնա­կան գե­ղեց­կու­թեան մա­սին: Ե­րե­ւա­նէն Ար­ցախ զիս հաս­ցու­ցին ինք­նա­շար­ժով, այլ ա­պա­հով մի­ջոց չկայ առ այժմ: Ի մի­ջի այ­լոց, պէտք է ը­սել, որ հա­յաս­տան­ցի­նե­րը ան­տա­նե­լի վա­րորդ են, շատ անզգոյշ կը քշեն... Երկ­րի բնու­թեան վայ­րի գե­ղեց­կու­թիւ­նը ան­զու­գա­կան է, լեռ­ներ ու ժայ­ռեր եւ յան­կարծ կա­նաչ ծաղ­կա­ւոր դաշ­տեր, ու նո­րէն լերկ ժայ­ռեր, լի­ճեր... ­Հայ­կա­կան բնու­թեան հմայ­քը...

­altՎեր­ջա­պէս քա­նի մը խօսք ձեր մա­սին: Ո­րո՞նք են ձեր ներ­կա­յի գոր­ծե­րը եւ ա­պա­գա­յի ծրա­գիր­նե­րը:

Ա­ռա­ջին հեր­թին ես կը զբա­ղիմ իմ հիմ­նած «­Տի­լոս» թատ­րո­նի դպրո­ցով, ուր կը դա­սա­ւան­դեմ թա­տե­րա­խա­ղի ա­րուեստ եւ շար­ժա­պատ­կե­րի պատ­մու­թիւն: ­Դա­սա­ւան­դե­լու գա­ղա­փա­րը միշտ հրա­պու­րիչ էր ին­ծի հա­մար (ծնողքս ու­սու­ցիչ ե­ղած են), այս­պէս 10 տա­րի ա­ռաջ հի­մը դրի այս դպրո­ցին: ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դեռ շատ ետ ենք այս մար­զին մէջ, բան մը յա­ջողց­նե­լու հա­մար մարդ պէտք է յենո­ւի իր հո­գե­կան ու­ժին եւ սե­փա­կան աշ­խա­տան­քին վրայ: ­Հա­կա­ռակ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եր­ջա­նիկ եմ այս դպրո­ցով եւ ա­նոր յա­ջո­ղու­թեամբ: ­Նաեւ հիմ­նած ենք ­Տի­լոս թա­տե­րա­խում­բը, որ կազ­մո­ւած է դպրո­ցը ա­ւար­տող ե­րի­տա­սարդ դե­րա­սան­նե­րէ: Այս խում­բին գործն է, իմ բե­մադ­րու­թեամբս «ԹԵՐԵԶԻՆ» ե­րաժշ­տա­կան թա­տե­րա­կա­նի ներ­կա­յա­ցու­մը, որ հրեա­նե­րու ող­ջա­կիզ­ման նիւ­թով դրո­ւագ մըն է:
Ան­շուշտ այս բո­լո­րէն ան­դին թատ­րոնն ու թա­տե­րա­խաղն է իմ ա­ռա­ջին սէրս: Ան­ցեալ տա­րի ­Մա­թէ­սի­սի «­Շան մայ­րը» թա­տե­րա­խա­ղին գլխա­ւոր դերն ու­նէի: ­Շատ յա­ջող ըն­կա­լո­ւե­ցաւ հան­րու­թե­նէն, հա­ւա­նա­բար այս տա­րի ալ նոյն թա­տե­րա­խա­ղի ներ­կա­յա­ցում­ներ տե­ղի ու­նե­նան: ­Վեր­ջա­պէս, այս ձմեռ, Ազ­գա­յին ­Թատ­րո­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Հո­մե­րո­սի Օ­տի­սիա վէ­պի ասմունքներուն պի­տի մաս­նակ­ցիմ:
Եւ ան­շուշտ կայ «­Վեր­ջին Բ­նա­կի­չը» ֆիլ­մի ներ­կա­յա­ցու­մը:

Շ­նոր­հա­կալ ենք ձե­զի տիկ. ­Տի­միդ­րա ­Խա­թու­բի այս հար­ցազ­րոյ­ցին հա­մար: ­Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք ձեր ծրա­գիր­նե­րուն: Իսկ մենք ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սենք ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի «­Վեր­ջին Բ­նա­կի­չը»ին:

 

-------------------------------------------------------------------------

Ս­նան­կա­ցած ըն­կե­րու­թիւն՝ դա­տա­պար­տո­ւած կրթու­թիւն

Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան


­altՇուրջ 5 տա­րի է ար­դէն, որ ­Յու­նաս­տան կանգ­նած է ա­նո­րոշ ա­պա­գա­յի առ­ջեւ։ Ար­տա­քին պարտ­քը եւ իր պիւտ­ճէա­կան կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը եր­կի­րը բե­րած են այն կէ­տին, որ խօս­քը չի վե­րա­բե­րիր այ­լեւս ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան ան­կա­խու­թեան զո­հա­բե­րու­թեան միայն, այ­լեւ ու մաս­նա­ւո­րա­բար՝ յոյն ժո­ղո­վուր­դի եւ նոր սե­րուն­դի ա­պա­գա­յին ու կեան­քին։

­Դիւ­րաւ հնչած մէկ ու միակ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան՝ տնտե­սա­կան սնան­կաց­ման հար­ցը ա­ռաջ քշե­լով, երկ­րի պե­տու­թիւն ու ղե­կա­վա­րու­թիւն յան­գած են հապ­ճէպ լու­ծում­նե­րու՝ կրթու­թեան ծախ­սե­րու ա­ւե­լի քան 45 առ հա­րիւր կրճա­տում, 1000է ա­ւե­լի դպրոց­նե­րու փա­կում, ու­սու­ցիչ­նե­րու ար­ձա­կում, ա­շա­կերտ­նե­րու շատ մեծ թի­ւի կեդ­րո­նա­ցում մէկ դա­սա­րա­նի մէջ, շէն­քա­յին ան­յար­մա­րու­թիւն­ներ, ե­ւայլն, ե­ւայլն։ Այս հար­ցե­րը ե­կան բար­դո­ւե­լու ար­դէն խա­խուտ կրթա­կան հա­մա­կար­գի մը վրայ, որ եւ­րո­պա­կան գէշ մրցա­նիշ ար­ձա­նագ­րած էր, դպրո­ցի կող­քին գոր­ծող «ֆրոն­տիս­թի­րիօ­նե­րու» ե­րե­ւոյ­թով, ուր հան­րա­յին ու­սու­մը «մէ­նաշնոր­հեալ» ու­սու­մի վե­րա­ծո­ւած էր շա­տոնց։

Կր­թա­կան հա­մա­կար­գը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դա­տա­պարտուած է։ ­Դա­տա­պար­տո­ւած է աս­տի­ճա­նա­կան վատ­թա­րաց­մամբ, երկ­րին ու ազ­գին ու­րոյն յատ­կու­թիւն­նե­րու կո­րուս­տով, ամ­բող­ջա­կան կազ­մա­լու­ծու­թեամբ։ Ա­պար­դիւն կ’անց­նին կրթա­կան մշակ­նե­րու ա­հա­զանգ­նե­րը, ա­նօ­գուտ կը հնչեն խե­լա­միտ ձայ­նե­րը, որ կ­’ազ­դա­րա­րեն թէ ա­ռանց ո­րե­ւէ քննու­թեան առ­նո­ւած քայ­լե­րը, վերջ­նա­կան հա­րո­ւած կը հասց­նեն ար­դէն անհ­րա­պոյր կրթա­կան հա­մա­կար­գի մը, որ տա­րի­նե­րէ ի վեր երկ­րէն դուրս կը մղէր ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը։

Ան­ցեալ­ներս կար­դա­լով կրթու­թեան նա­խա­րար ­Ֆի­լի­սի մէկ հար­ցազ­րոյ­ցը, ուր ան մեծ-մեծ կը խօ­սէր իր կա­տա­րե­լիք բա­րե­փո­խում­նե­րուն մա­սին, զար­մա­նա­լիօ­րէն միտքս ե­կաւ խօսք մը, որ լսած եմ, թէ «Կր­թու­թիւ­նը գոր­ծըն­թաց մըն է, ուր պա­րապ միտք մը կը փոր­ձես բաց մտքով փո­խա­րի­նել...»։ Ե­րա­նի կրթա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներն ալ անդ­րա­դառ­նա­յին այս գոր­ծըն­թա­ցին։

­Մե­ծա­գոյն հիաս­թա­փու­թիւ­նը սա­կայն կու­գայ եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րէն նաեւ հնչած մեծ-մեծ խօս­քե­րէն, որ հակառակ իրենց բա­րո­յա­խօ­սու­թեան, լրիւ խուլ են ժո­ղո­վուր­դի մը կա­րիք­նե­րուն հան­դէպ։ Ար­դէն փաս­տո­ւած է, թէ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հիմ­նա­կէ­տը ժո­ղո­վուրդ­ներն ու ազ­գե­րը չեն, այլ հա­րուստ շա­հագր­գիռ կող­մե­րու եւ ֆի­նան­սա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պա­հանջք­նե­րը։

Ս­նան­կա­ցած ըն­կե­րու­թիւն մը չի կրնար գոր­ծել։ Երբ հան­րա­յին բնա­գա­ւա­ռի աշ­խա­տա­տե­ղե­րը կը կրճա­տո­ւին, հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կը չքա­նան, երկ­րի մը ըն­կե­րա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հո­լո­վոյ­թը գլխի­վայր կը շրջի, ոչ զար­գա­ցում կրնայ ըլ­լալ, ոչ ալ ժո­ղովր­դա­յին հիմ­նա­կան կա­րիք­նե­րու գո­հա­ցում։ Աղ­քա­տու­թեան ա­ճը եւ գոր­ծազր­կու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին փո­խած են մի­ջին ըն­տա­նի­քի մը տնտե­սա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը։ Տ­նա­յին տնտե­սու­թեան կրճա­տո­ւած կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն խո­ցած են ա­ռող­ջու­թեան եւ կրթու­թեան վե­րա­բե­րող նուրբ մար­զե­րը։
­Բայց միւս կող­մէ, ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կի բնոյ­թը վեր­լու­ծե­լով, կա­րե­լի է ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ազ­դե­ցու­թեամբ մօ­տե­նալ հար­ցե­րուն, ա­ւե­լի լաւ հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան հիմ­քը դնե­լով։

Ե­թէ կը հաս­տա­տենք, որ կրթու­թիւ­նը հիմքն է ըն­կե­րու­թեան, եւ պե­տու­թիւն մը պար­տի իր պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հեն­քը նկա­տել ազ­գա­յին դպրո­ցի գո­յու­թիւ­նը, այն ժա­մա­նակ յստակ է, թէ ի՛նչ պէտք է ը­նել։ ­Հաս­տա­տել մաս­նա­գի­տա­կան պատ­շաճ պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թիւն ու­նե­ցող պար­տա­ւո­րիչ ու անվ­ճար հա­մա­կարգ, որ ան­ձի մը դաս­տիա­րակ­ման ու ձե­ւա­ւոր­ման մէջ նկա­տի պի­տի առ­նէ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան ո­գին եւ մարդ­կա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան օ­րէնք­նե­րը։

Այս ձե­ւով, դաս­տիա­րա­կո­ւած քա­ղա­քա­ցի­ներն են, որ երկ­րի մտա­ւո­րա­կան-քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին խա­ւը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս պի­տի լրաց­նեն, յա­ռա­ջի­կայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած կրթա­կան հա­մա­կար­գին բո­վան­դա­կու­թիւն տա­լով, ո­րա­կը բարձ­րաց­նե­լով, յա­ռաջ­դի­մա­կան գա­ղա­փար­ներ բե­րե­լով, մտա­ծո­ղու­թեամբ եւ վար­քով յատ­կան­շե­լով ներ­կա­յիս լրիւ ար­ժեզր­կո­ւած մի­ջա­վայ­րը։ ­Բայց որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք ը­սել, թէ ա­ռա­ջին քայ­լը նե­տած ենք, որ­պէս ըն­կե­րու­թիւն, նա­խա­պայ­ման է հար­ցը տես­նել ան­հա­տա­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րէ ան­դին, ինչ որ յու­նա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը թա­լա­նող ա­մէ­նա­վատ ե­րե­ւոյթն է։ ­Բայց դեռ ա­մէ­նա­վա­տը՝ հե­ռան­կա­րի ու ներշն­չու­մի բա­ցա­կա­յու­թիւնն է։

 

------------------------------------------------------------------------

Բարեկենդան

Պատրաստեց՝ՇուշիկՄաւսագալեան

Հին ժամանակ հայկական տօներէն ամէնէն ուրախն ու ամենատարածուածը Բարեկենդանն էր: Անիկա կը յաջորդէր Ս. Սարգիսի տօնին եւ կը տեւէր մինչեւ Մեծ պահքի նախօրեակըԵրկշաբաթեայ այս տօնախմբութիւնը կատակով յաճախ կ՛անուանէին «փորեկենդան», որովհետեւ տօնին գլխաւոր յատկանիշը կեր ուխումն էր:

Այս առիթով կը պատրաստէին տարբեր տեսակի ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ, կ՛օգտագործուէր առատ խմիչք, իսկ հարբեցողութիւնը բնականաբար ներելի էր այդօրերուն: Կաղանդի նման, կ՛այցելէին իրարու տուն եւ կը շնորհաւորէին, կը մասնակցէին ճոխսեղաններու խնճոյքներու, կը կազմակերպէին խաղեր, երգ, պար, ներկայացումներ եւայլն

altՅատկանշական էր այն, որ խնճոյքներուն կը մասնակցէին նաեւ կիները, եթէ այլ տօներու ան կ՛առանձնանար, ապա Բարեկենդանին կը տիրէր սեռի, տարիքի եւ խաւի հաւասարութիւն:

Բարեկենդանի աւանդոյթը կու գայ շատ հին ժամանակներէն, բառը ստուգաբանելով (բարե=բարի, կենդան=կենդանութիւն) կարելի է եզրակացնել, որ անիկա կապ ունի բնութեան զարթօնքին, բերքի, բարիքի հետ: Այս իմաստով Բարեկենդանը բազմաթիւ ծիսական պաշտամունքային տարրեր ունի, որոնք մնացած են խաղերու ձեւով: Այսպէս, օրինակ, խաղերու ընթացքին սուտմեռուկ ձեւանալ, յետոյ` յառնող բնութեան պաշտամունքին հետ:

Բարեկենդանի խորհուրդներէն մէկն ալ բարիի ու չարի պայքարը կը խորհրդանշէ: Խաղերու ընթացքին կը ծաղրուին համայնքի անարդար մեծաւորները, դատաստան կ՛ընեն եւ կը պատժեն: Իրական կեանքի մէջ չկրցածը կարելի է կատարել Բարեկենդանի օրերուն, խաղերու ընդմէջէն: Այդօրը մէկը միւսէն նեղուելու իրաւունք չունէր, բոլորը կրնային կատակել, ծաղրել եւ քննադատել:

Չափազանց հետաքրքրական էր նաեւ հայկական գիւղերուն մէջ Բարեկենդանի խաղերու եւ դիմակահանդէսներու սովորութիւնը, երբ պատանիները դռնէ դուռ շրջելով` կը զուարճանային: Դժբախտաբար մոռցուած է այդ գեղեցիկ աւանդոյթը, միայն դպրոցներուն մէջ կը յիշուի կամ կը տօնուի. մինչդեռ, օրինակ, Վենետիկի մէջ անիկա վերածուած է ազգային փառատօնի:

Բարեկենդանի խաղերէն էին ընկուզախաղն ու ճօճախաղը: Ճօճախաղին առաւելաբար կը մասնակցէին կիները, երիտասարդ աղջիկներն ու երեխաներըԱնոնք պարանով պատրաստուած ճօճանակներու վրայ կ՛օրօրուէին, իսկ իրենց շուրջ հաւաքուած բազմութիւնը ճիպոտով կը հարուածէր ոտքերուն, որպէսզի ճօճուողը որեւէ գաղտնիք յայտնէ, կամ սիրած երիտասարդին անունը բացայայտէ:

Հայ Եկեղեցին

Հայ եկեղեցին յատուկ արարողութիւններով կը նշէ այս տօնը:

Բարեկենդանը մարդու երջանկութեան յիշատակն է, զոր կը վայելէին Ադամն ու Եւան դրախտին մէջ: Անիկա նաեւ դրախտային կեանքին օրինակն է, ուր մարդուն արտօնուած էր ճաշակել բոլոր պտուղները, բացի գիտութեան ծառին պատկանողներէն: Իսկ յաջորդ կիրակին կը կոչուի արտաքսման կիրակի եւ կը բնորոշուի մարդուն արտաքսումով երանութեան դրախտէն:

Բուն Բարեկենդանի նախորդող օրը` շաբաթ երեկոյեան, ժամերգութեան ընթացքին եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրը կը քաշուի, խորանը կը ծածկուի եւ այնպէս փակ կը մնայ քառասնօրեայ պահքի շրջանին:

Բարեկենդանի Խոհանոց

Բարեկենդանի օրերու ամենաբնորոշը, սակայն, կերակուրներու առատութիւնը եւ այլազանութիւնն է: Անպայման իւրաքանչիւր ընտանիք, նիւթական իր հնարաւորութիւններուն չափով, կը մորթէր կով, այծ, ոչխար կամ հաւ:

Սովորական օրերուն գիւղացին հազուադէպօրէն կը մորթէր իր տան անասունները, սակայն Բարեկենդանի աւանդոյթի արմատներուն մէջ նաեւ կայ զոհաբերութեան գաղափարը. յանուն յաջողակ երկրագործական տարեսկիզբի, մատաղով սիրաշահուած են աստուածները` խնդրելով բերքիառատութիւն:

Հետագայ օրերու կեր ու խումն ու խրախճանքներն ալ աստուածներուն նուիրուած շքահանդէսներու մնացուկներն են:

Բարեկենդանի տօնի աւանդական ճաշատեսակներէն են ՓԱԹԻԼԼԱՆ (պանիրով կամ միսով տապկուած խմորեղէն), ԱՄԻՃԸ (լեցուած հաւ կամ հնդկահաւ), ԲԽԲԽԻԿԸ (տապկուած անուշեղէն), ՀԱԼՎԱՆ, ՓԱԽԼԱՒԱՆ, ՍԸՌՈՆԸ (թանապուրի մէջ եփած խմորէ գնդիկներ), ԹԱՆԱՊՈՒՐԻ տեսակները, ձուածեղներ, ՍԵՄՍԵԿԸ (միսով խմորեղէն), Գաթաներու տեսակները, աղանձը, փոխինձը, ինչպէս նաեւ` կոլոլակները, խորովածներն ու խաշլաման: