Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Թուր­քիա խիստ զայ­րա­ցաւ, երբ 30 Յու­նո­ւա­րին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պ­րետ Մք­Կըրք Ա­րաբ Բու­նար այ­ցե­լե­լով հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Սու­րիոյ քրտա­կան Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան միու­թեան կու­սակ­ցու­թեան (ԺՄԿ) ղե­կա­վար­նե­րէն Էլ­տար Խա­լի­լի հետ, իսկ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­ տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի օգ­նա­կան Ան­թո­նի Պ­լին­քին միեւ­նոյն օ­րը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ քրտա­կան նշեալ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Սա­լեհ Մուս­լի­մի հետ: Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղան Է­քո­ւա­տո­րէն իր վե­րա­դար­ձի ըն­թաց­քին Ո­ւա­շինկ­թը­նին կոչ ուղ­ղեց` Թուր­քիոյ եւ «ա­հա­բեկ­չա­կան» ԺՄԿի մի­ջեւ ընտ­րանք մը կա­տա­րե­լու: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ճոն Քըր­պի պա­տաս­խա­նեց, որ իր եր­կի­րը ԺՄԿն­ ա­հա­բեկ­չա­կան չի նկա­տեր, այլ` ՏԱՀԵՇի դէմ պայ­քա­րին մէջ դաշ­նա­կից մը: Այդ ի­րո­ղու­թիւ­նը Թուր­քիոյ հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է: Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մեթ Տա­ւու­թօղ­լու պա­տաս­խա­նե­լով Ո­ւա­շինկ­թըն-Ան­գա­րա լա­րո­ւա­ծու­թեան մա­սին հար­ցու­մի մը ը­սաւ.- «Ս­պա­սե­ցէ՛ք եւ պի­տի տես­նէ՛ք»: 13 Փետ­րո­ւա­րէն ի վեր թրքա­կան բա­նա­կի հրե­տա­նիին կող­մէ Ա­զե­զի մէջ քրտա­կան ու­ժե­րու դիր­քե­րու ռմբա­կո­ծու­մը յստա­կա­ցուց այդ խօս­քին նշա­նա­կու­թիւ­նը:

Ան­գա­րա­յի մօտ Ո­ւա­շինկ­թը­նի նկատ­մամբ կը տի­րէ անվս­տա­հու­թեան մթնո­լորտ մը եւ Տա­ւու­թօղ­լու մա­տը ճիշդ այդ վէր­քին վրայ դրաւ, երբ նշեց, թէ ա­մէն ան­գամ, որ ռուս-ա­մե­րի­կեան ժո­ղով մը տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ, Սու­րիոյ բա­նա­կին եւ ռու­սա­կան օ­դու­ժին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը թափ կը ստա­նան: Այլ խօս­քով` ան ա­մե­րի­կա­ցիք մեղ­սա­կից կամ առ­նո­ւազն պա­տաս­խա­նա­տու կը նկա­տէ հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ մէջ ներ­կայ զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ոչ թրքան­պաստ զար­գա­ցում­նե­րուն: Տի­րող կա­ցու­թեան մէջ` Ան­գա­րա­յի մօտ ար­դէն գո­յա­ցած է ինք­նիր ու­ժե­րուն վստա­հե­լու հա­մո­զում մը: Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լութ Չա­ւու­շօղ­լու յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը կը պատ­րաս­տո­ւի Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հետ Սու­րիոյ մէջ զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թեան մը: Ատ­կէ ա­ռաջ Էր­տո­ղան ար­դէն յայ­տա­րա­րած էր, որ «ե­թէ Թուր­քիան 2003ին Ի­րաք մի­ջամ­տած ըլ­լար, այդ­տեղ պի­տի չտես­նէինք ներ­կայ կա­ցու­թիւ­նը»` ա­ւելց­նե­լով. «­Չենք ու­զեր Սու­րիոյ մէջ կրկնել Ի­րա­քի մէջ գոր­ծո­ւած նոյն սխա­լը»: Ղե­կա­վա­րու­թեան մօտ տի­րող զի­նո­ւո­րա­կան մի­ջամ­տու­թեան մը ի նպաստ մթնո­լոր­տը նաեւ տե­սա­նե­լի է թրքա­կան մա­մու­լին մէջ. Իպ­րա­հիմ Քա­րա­կիւլ իշ­խա­նա­մէտ «Ե­նի Շա­ֆաք» օ­րա­թեր­թին մէջ վեր­ջերս գրեց.- «Ե­թէ Թուր­քիան այ­սօր չմի­ջամ­տէ, ա­պա քրտա­կան շրջան­նե­րուն մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ բռնա­րարք­նե­րու մագլ­ցում, իսկ այն, ինչ որ տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ Թուր­քիոյ դէմ, ռուս-ի­րա­նեան պա­տե­րազմ է: Թուր­քիան պէտք է ուղ­ղա­կիօ­րէն մի­ջամ­տէ, այ­լա­պէս են­թա­կայ պի­տի ըլ­լայ մաս­նա­տու­մի վտան­գին»:

Հիւ­սի­սա­յին Սու­րիա ներ­խու­ժե­լով, սա­կայն, թրքա­կան բա­նա­կը մուտք պի­տի գոր­ծէ ի­շա­մե­ղու­նե­րու փե­թա­կը: Այդ­տեղ մեծ է Թուր­քիոյ հա­կա­ռա­կորդ կող­մե­րու եւ խմբա­ւո­րում­նե­րու թի­ւը: Ա­ւե­լի՛ն` Ան­գա­րա ի­շա­մե­ղու­նե­րէն ան­դին, իր դի­մաց կանգ­նած պի­տի գտնէ ռու­սա­կան ար­ջը, որ պի­տի չվա­րա­նի օգ­տա­գոր­ծել Թուր­քիոյ կող­մէ վար առ­նո­ւած «­Սու-24»ի վրէ­ժը լու­ծե­լու այդ ոս­կի ա­ռի­թը, մա­նա­ւանդ որ Թուր­քիան իր այդ ինք­նագ­լուխ ա­րար­քով զրկո­ւած պի­տի ըլ­լայ ՕԹԱՆի ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թե­նէն` նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ նշեալ դա­շին­քին իր ան­դամ­նե­րուն նկատ­մամբ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը միայն պաշտ­պա­նո­ղա­կան բնոյ­թի է: Թուր­քիան նա­խա­յար­ձակ դառ­նա­լով ինք­զինք պի­տի մեր­կաց­նէ ՕԹԱՆի պաշտ­պա­նու­թե­նէն: Բա­ցա­ռո­ւած չէ, որ Ո­ւա­շինկ­թըն ար­տօ­նէ, որ Մոս­կո­ւա «ամ­բար­տա­ւան ու մե­ծա­միտ» Ան­գա­րա­յին քի­թը քիչ մը ա­րիւ­նէ:

Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սեր­կէյ Լաւ­րով 10 փետ­րո­ւա­րին յայ­տա­րա­րեց.- «Մ­տա­հոգ ենք Սու­րիոյ սահ­մա­նին վրայ Թուր­քիոյ շար­ժում­նե­րէն»: Երբ մեծ տէ­րու­թիւն մը կա­ցու­թեան մը նկատ­մամբ մտա­հո­գու­թիւն կը յայտ­նէ, ընդ­հան­րա­պէս ը­սել կ­՛ու­զէ, թէ ձեռ­նա­ծալ պի­տի չմնայ: Ռու­սիան 2008ին նոյն­պի­սի մտա­հո­գու­թիւն մը յայտ­նած էր Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ սահ­մա­նին մօտ վրա­ցա­կան բա­նա­կին շար­ժում­նե­րուն նկատ­մամբ: Մոս­կո­ւան, ինչ­պէս օ­րին, այ­սօր եւս մա­տը թա­փա­հա­րե­լով` առն­չա­կից կող­մին կը փո­խան­ցէ հե­տե­ւեալ պատ­գա­մը. «Զ­գո՜ւշ, չփոր­ձո­ւի՛ս»: Այն­քան ա­տեն որ թրքա­կան բա­նա­կը կը շա­րու­նա­կէ մնալ Թուր­քիոյ սահ­մա­նին մէջ, ա­պա­հով է շնոր­հիւ ՕԹԱՆին ան­դա­մակ­ցու­թեան, սա­կայն ե­թէ մուտք գոր­ծէ սու­րիա­կան ան­տառ, ա­պա այդ­տեղ պի­տի վե­րա­ծո­ւի ռու­սա­կան ար­ջին հա­մար ար­դար որ­սի:

Վահ­րամ Էմ­միեան