«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դումայի երեսփոխանները վերջերս Ռուսիոյ նախագահին առաջարկած են ջնջել Մոսկուայի 16 Մարտ 1921ի ռուս-թրքական համաձայնագիրը։ Իրաւագէտ, Գանատայի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Արա Պապեան կը կարծէ, որ այդ պայմանագիրի ջնջումէն Հայաստանը միայն պի
տի շահի։
«Մոտուս Վիվանտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան այն կարծիքը կը յայտնէ, որ Մոսկուայի համաձայնագիրը, ըստ էութեան‚ արդէն ուժի մէջ չգտնուող փաստաթուղթ է‚ որովհետեւ զայն ստորագրած են ոչ թէ պետութիւններ‚ այլ երկու չճանչցուած ուժեր՝ քեմալականները եւ պոլշեւիկները։
Վերջերս Ռուսիոյ Դումայի Համայնավար կուսակցութենէ երեսփոխաններ Վալերի Ռաշքինն ու Սերկէյ Օպուխովը Ռուսիոյ նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին յղած են նամակ, որով կ’առաջարկեն ջնջել 16 Մարտ 1921ի Ռուս-Թրքական Բարեկամութեան ու Եղբայրութեան մասին համաձայնագիրը։ Պապեան կ’ողջունէ Մոսկուայի համաձայնագիրը ջնջելու ռուս երեսփոխաններու նախաձեռնութիւնը եւ կը նշէ‚ որ այդ համաձայնագիրը անհեթեթ է իրաւական տեսանկիւնէ‚ որովհետեւ այդ ժամանակ Ռուսիան սահմանակից չէր Թուրքիոյ եւ չէր կրնար որոշել սահման մը‚ որ իրեն չէր պատկաներ‚ իսկ Խորհրդային Միութիւնը ձեւաւորուած էր աւելի ուշ՝ Դեկտեմբեր 1922ին։
«Այսինքն՝ իշխանութեան ձգտող երկու ուժեր համաձայնագիր ստորագրած են երրորդ եւ չորրորդ երկիրներու սահմաններուն վերաբերեալ»‚- կը բացատրէ իրաւագէտը։
Պապեան դիտել կու տայ‚ որ միշտ կը խօսի այդ համաձայնագիրի երրորդ յօդուածին մասին‚ որով Նախիջեւանի տարածքը իբրեւ խնամատիրութիւն յանձնուած է Ատրպէյճանին։ Ու եթէ Մոսկուայի համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարուի‚ ապա Նախիջեւանի Ատրպէյճանին պատկանելիութիւնը կը դրուի հարցականի տակ։
Մոսկուայի համաձայնագիրի 15րդ յօդուածին կ’ածանցուի Կարսի պայմանագիրը‚ սակայն Մոսկուայի համաձայնագիրի ջնջումը‚ ըստ Պապեանի‚ չի կրնար համարուիլ Կարսի համաձայնագիրի ջնջում։
«Կարսի համաձայնագիրի ջնջումը աւելի բարդ է‚ որովհետեւ ստորագրուած է քեմալականներու‚ ինչպէս նաեւ Հայաստանի‚ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ‚ այսինքն՝ իրաւական տեսանկիւնէն ջնջելու համար այդ երեք երկիրները պէտք է միասնաբար հանդէս գան‚ ինչ որ պիտի չընեն»‚- կը նշէ Պապեան։
Պապեանի կարծիքով՝ ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հանդէս գան յստակ դիրքորոշումով եւ նշեն‚ որ Կարսի համաձայնագիրը ի սկզբանէ եղած է անվաւեր‚ որովհետեւ Մոսկուայի համաձայնագիրը կնքուած է երկու ոչ պետական ուժերու միջեւ։ Վիեննայի Ուխտի համաձայնագիրներու վերաբերեալ 52րդ յօդուածը կ’ըսէ‚ որ եթէ համաձայնագիր մը կնքման պահուն հակասած է միջազգային հիմնադրոյթին‚ ատիկա ի սկզբանէ անվաւեր է։ «Հայաստանը պէտք է զբաղի իր տարածքային ամբողջականութեան հարցով‚ ատիկա երկիրի սահմանադրական պարտաւորութիւնն է‚ պէտք է խօսի իր սահմաններուն մասին»‚- կ’ընդգծէ դիւանագէտը։
Պապեան կը նշէ‚ թէ այս հոլովոյթին մէջ կարեւոր է‚ որ պիտի արծարծուի Նախիջեւանի պատկանելութեան հարցը‚ որ ներկայ պայմաններուն մէջ պիտի օգնէ Իրանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման‚ Հայաստան կրնայ արդէն բարձրացնել Կարսի հարցը‚ կրնայ դիրքորոշում յայտնել Ուիլսընի իրաւարար վճիռի վերաբերեալ։ Նշենք‚ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի հաշտարար որոշումով՝ Հայաստանի կազմի մէջ կը մտնէր գրեթէ ամբողջ Էրզրումի վիլայէթը‚ Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներու երկու երրորդը‚ Տրապիզոնի Վիլայէթի մեծ մասը։ Տրապիզոնի նաւահանգիստը կը տրուէր Հայաստանին‚ որուն շնորհիւ Հայաստանը ելք կը ստանար դէպի Սեւ Ծով։ Հայաստանի վերադարձուող տարածքները կը կազմէին 100 հազար քառ. քլմ. տարածք՝ ներկայ 29 հազարի փոխարէն։