1915 ի Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ մէջ կը կատարուին մեծածաւալ ձերբակալումներ՝ թրքական իշխանութեանց կողմէ նախապէս պատրաստուած ցուցակով: Շուրջ 220 հայ երեւելիներ, որոնց մէջ կ՛ըլլան մտաւորականներ, առեւտրականներ, բժիշկներ, դեղագործներ, հոգեւորականներ, փաստաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ, անակնկալօրէն կը
ձերբակալուին եւ կը բանտարկուին Պոլսոյ մօտերը գտնուող Այաշ գիւղաքաղաքին մէջ: Այս բանտարկեալներէն 45ը կը սպաննուի եւ մնացեալը կը փոխադրուի Չանղըրը քաղաքի աքսորավայրի բանտը: Հոն ալ կը սպաննուին փոխադրուած խումբէն որոշ թիւով հայ երեւելիներ: Մնացեալ բանտարկեալներէն պոլսեցի առեւտրական եւ թաղապետ Վարդերես Աթանասեան, որ ետքը նահատակուած է Տէր Զօրի անապատի Մեսքենէ քաղաքին մօտերը, իր 99 հատիկներով համրիչին վրայ կը փորագրէ իր եւ մնացեալ բանտարկեալներէն 103ին անունները: Համրիչի հատիկները իրարու կապող մեծ հատիկին վրայ կը գրէ՝ «Չանղըրը, 1915, Ապրիլ 11, Յիշատակ»:
Վարդերես Աթանասեանի ձերբակալութենէն մի քանի օրեր ետք, թուրք կառապան մը կը յայտնուի անոր տունը եւ տիկնոջը՝ Սրբուհիին կ՛ըսէ.- «Ձեր ամուսինը ինծի ժամացոյց մը նուիրեց եւ խնդրեց, որ այս մասունք-համրիչը յանձնեմ ձեզի»: Սրբուհին կը ստանձնէ ամուսնոյն համրիչը, առանց անդրադառնալու համրիչի հատիկներուն վրայի փորագրութիւններուն: Այդ օրուընէ ետք Վարդերես Աթանասեան բնաւ տուն չի վերադառնար: Վարդերես Աթանասեանի դուստրը՝ Էօժենի, Հայոց Ցեղասպանութենէն ազատելով, կ՛ապրի Փարիզ՝ իր հետ ունենալով հօրը համրիչը: 1946ին ան կը փոխադրուի Հայաստան ու կը հաստատուի Երեւան: 1965ին Էօժենի Աթանասեան Հայոց Ցեղասպանութեան 50ամեակին առթիւ տեղի ունեցած ցոյցերէն ետք կը գիտակցի, որ իր հօր թողած համրիչ-մասունքը արժէքաւոր էր ոչ միայն իրենց ընտանիքին, այլեւ ողջ հայ ազգին համար: Ուրեմն, 1965ին, ան համրիչ-ուլունքաշարը կը նուիրէ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին: Համրիչը կը ցուցադրուի թանգարանի ցուցափեղկերէն մէկուն մէջ: Համրիչը ոչ մէկ մակագրութիւն ունեցած է եւ ոչ մէկ արձանագրութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակ ըլլալուն, միայն գրուած է՝ «19-20րդ դարերու զարդարուեստ»:
Մինչեւ 1984, ոչ մէկը պատկերացուցած է, որ այս համրիչը հայ աքսորեալի մը սովորական յիշատակ-իրեղէնը չէ, այլ՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան խորհրդաւոր փաստաթուղթ-վաւերագիր մը: Նոյնիսկ թանգարանի պաշտօնէութենէն ոչ ոք կը հետաքրքրուի այս պատմական համրիչով, եւ ան կը մնայ անշուք ցուցափեղկին մէջ: 1984ին, թանգարանի աւագ գիտաշխատող, պատմաբան-հնագէտ Կարինէ Աւագեան, որ 27 տարիներէ ի վեր գործած է հոն, կը սկսի պատրաստել Սեւակի 60ամեակին նուիրուած պատի թերթ մը: Պատրաստութեան ընթացքին իր ուշադրութիւնը կը գրաւէ ցուցափեղկին 99 հատիկներով համրիչը:
Մանրակրկիտ քննութենէ ետք ան կ՛անդրադառնայ անոր պատմական կարեւորութեան: Կարինէ կը նկարէ համրիչը եւ կը տեղաւորէ նկարը պատի թերթին մէջ ու կը գրէ՝ «Վերագտնուած մասունք»:
Կարինէ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կ՛ուսումնասիրէ համրիչին պատմականը: Ի յայտ կու գան հետեւեալ մանրամասնութիւնները. համրիչը կազմուած է 99 հատիկներէ, 97 հատիկներէն իւրաքանչիւրին վրայ Վարդերես Աթանասեան փորագրած է Չանղըրը բանտ աքսորուած հայու մը անունը, 55րդ հատիկին վրայ փորագրուած են երկու անուններ, իսկ 86րդ հատիկին վրայ՝ 4 անուն: 71րդ հատիկին վրայ փորագրած է իր անունը եւ հատիկները իրարու կապող աւելի մեծ հատիկին վրայ՝ «Չանղըրը, 1915, Ապրիլ 11, Յիշատակ»: Վարդերես բանտին մէջ գտնուող աքսորեալներէն միայն 103ին անունները փորագրած է համրիչի հատիկներուն վրայ:
Ահաւասիկ համրիչի հատիկներուն վրայ փորագրուած հայ բանտարկեալներուն անուանացանկը՝ համրիչի հատիկի թիւին կարգով.
1. Կոմիտաս Վ., 2. Յովհան Վ., 3. Քաջունի Քհնյ., 4. Ճեւահիրճի, 5. Ռ. Սեւակ, 6. Միսքճեան, 7. Թօփճեան, 8. Վաբղան Քհնյ., 9. Գ. Տէլալ, 10. Գազազեան, 11. Թորգոմեան – բժիշկ, 12. Պօղոսեան, 13. Տինանեան, 14. Միրզա, 15. Ալթունեան – ատամնաբոյժ, 16. Կխլիառան, 17. Զարեհ, 18. Եզնիկ, 19. Ասատուր Վ. – դեղագործ, 20. Մանիկեան, 21. Զարիֆեան, 22. Միսքճեան, 23. Հաճեան, 24.Ղազարոս, 25. Թէրզեան, 26. Նշան, 27. Նար-Կիլէճեան, 28. Արսէնեան, 29. Դանիէլեան Պ. – փաստաբան, 30. Չերագ 31. Մովսէս, 32. Տ. Քէլէկ-խմբագիր, 33. Բ. Քկեան, 34. Թօփճեան, 35. Անաոնեան, 36. Թօլայեան, 37. Շահնուր, 38. Մ. Մրենց – ուսուցիչ, 39. Խօճասարեան, 40. Վարուժան, 41. Շամտանճեան, 42. Չաւուշեան, 43. Թապագեան, 44. Տխբու-Օխ 45. Աղապապեան, 46. Բարսէյեան, 47. Տօրեան, 48. Եսայեան-տաղարտը, 49. Գոչոյ Սրբին, 50. Երջանիկ, 51. Զենոբ, 52. Հոսչիկ, 53. Հրանդ 54. Երէում, 55. Լեւոն-2, 56. Ազբիկ, 57. Գանթարեան, 58. Կոզմոս, 59. Պէյլէրեան, 60. Թաշճեան, 61. Հանեսեան, 62. Արամ, 63. Ցիֆր (ռուս.), 64. Տէուլեթեան, 65. Քէհեայեան – արհեստաւոր, 66. Մայսպաճեան, 67. Պասմաճեան, 68. Սէքոնեան, 69. Զպճը – ճարտարապետ, 70. Արսչանեան, 71. Վարդերես – մուխբար, 72. Ֆէրու- խան, 73. Սարաֆեան, 74. Աւթունեան, 75. ճամպազ, 76. Հրաչ, 77. Մոմճեան, 78. Գալէնտէր, 79. Վաղինակ, 80. Գալֆայեան – պաշտօնեայ, 81. Պէյեբեան, 82. Պարոյր, 83. Նոյիկ – յանձնակատար, 84. Թաթարեան, 85. Քէօլէեան, 86. Օհնիկեանք-4, 87. Թէրլէմէզ սեղանաւոր,88. Տէր-Գէորզեան, 89. Պասմաճեան, 90. Դայըզճեան, 91. Ինճիճէեան, 92. Գաբակէօզեան, 93.Մանէասեան, 94. Ղոնչէկիւլ 95. Փարիսեան, 96. Գորեան – վճռկն, 97. Քերոբեան – պատուէ- Փ, 98. Թումաճան, 99. Պալազեան- Ծ.Վ.:
1992ին Կարինէ կը հանդիպի Ծ. Վրդ. Գրիգորիս Պալաքեանի «Հայ Գողգոթան» գիրքին. ան կը վերյիշէ, որ վարդապետին անունը փորագրուած էր համրիչի 99րդ հատիկին վրայ: Մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայ վարդապետին գիրքը եւ կը տեսնէ, որ վարդապետ Պալաքեան յիշած է միայն 69 աքսորեալներու անուանցանկը: Ուստի Կարինէին համար «Հայ Գողգոթան» կը դառնայ խթան՝ աւելի ուսումնասիրելու համրիչին 99 հատիկներուն վրայ փորագրուած անունները: Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններէ ետք ան հետեւողական աշխատանքով եւ պրպտումներով կարողացած է գտնել համրիչի հատիկներուն վրայ փորագրուած անուններու ժառանգորդներէն շատերը, կապ հաստատած է անոնց հետ եւ հաւաքած է անոնցմէ մանրամասն տեղեկութիւններ: Այս բոլորէն ետք Կարինէ Աւագեան 2002ին հրատարակած է «Եղեռնայուշ Մասունք Կամ Խոստովանողք Եւ Վկայք Խաչի» գիրքը, որ համրիչի վերծանիչ պատմութիւնն է: Գիրքի հրապարակումէն ետք Կարինէին փոխանցուած են նորանոր տեղեկութիւններ համրիչի հատիկներուն վրայ արձանագրուած անուններու կարգ մը ժառանգորդներէն: Կարինէ Աւագեան իր գիրքին մէջ յիշատակած է համրիչի հատիկներուն վրայ փորագրուած անուններուն կենսագրականները, անոնց աքսորի ճանապարհը, նկարագրած է նահատակներու եւ վերապրողներու կեանքը ու յիշատակած է որոշ տեղեկութիւններ իւրաքանչիւրի մասին:
Ան յիշած է համրիչի անուններէն 35 նահատակներու անունները եւ վերապրած 61 անձերուն անունները. իսկ մնացեալ 7 անուններու մասին տեղեկութիւն չէ կրցած հաւաքել: Ան թուղթին յանձնած է նաեւ բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնք ստացած է վերոյիշեալ անուններու ժառանգորդներէն, օրինակի համար՝ բժիշկ Ճեւահիրճին ազատած է աքսորէն, որովհետեւ ան եղած է Սուլթանի հարէմի կիներուն կնաբուժը (gynecologist):
Շնորհիւ Կարինէ Աւագեանի պրպտումներուն եւ բացայայտումներուն, այս համրիչը կը դադրի լքուած ըլլալէ ցուցափեղկին մէջ եւ կը դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան անժխտելի վաւերագիր մը:
Կը մէջբերեմ Կարինէ Աւագեանի խօսքը.-
«Համրիչը եղած է մի պատմութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան փորագիր վկան, սերունդներ կապող համրիչ»:
Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ