Գործազրկութեան հարցով զբաղող լրագրող բարեկամս լուսանկարած էր երէկ ընտանիք մը, որ կը բնակէր լքուած օթոպիւսի մը մէջ։ Մայրաքաղաքին մէկ ծայրը, ամայութեան մէջ, ձգուած էր այս անտէր ու անպէտ օթոպիւսը, որ երկնային նուէր մը եղած էր այդ անտուն ընտանիքին համար։ Ընտանիքին հայրը
կարգի բերած էր զայն, գամած էր անոր կոտրտած մասերը, ամրացուցած էր, վարագոյրներ անցուցած էր պատուհաններուն եւ այդ անպէտ ինքնաշարժը դարձուցած էր անշարժ կալուած...։
Թերեւս ասոր նման բնակարաններ դուք ալ տեսած էք։ Ես տեսայ հատ մը։ Բարեկամներէս մէկը, ամիսներ առաջ կը բնակէր այդպիսի կառքի մը մէջ։ Եւ հրաւիրեց զիս, որ այցելեմ իրեն։ Ճիշդն ըսելով, ուղղակի ապշեցայ, երբ գտնուեցայ իր «յարկաբաժնին» առջեւ (իր բնորոշումով)։
- Այստե՞ղ կը բնակիս, հարցուցի։
- Այո՛, եղաւ պատասխանը։
Եւ, որպէսզի կարենայ ջնջել դէմքիս վրայ գծուած կարեկցութիւնս, սկսաւ կատակել եւ աւելցուց զուարթօրէն.
- Կը տեսնես, տուներու ամենավերջին մոտէլն է... Ամերիկայի մէջ շատ կան այս տուներէն։ Հարուստ ամերիկացիները, այսպիսի թաւալող տուներու վրայ կ’անցընեն իրենց Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը եւ կ’երթան, ուր որ կ’ուզեն։
Մօտեցայ քառանիւ բնակարանին։ Եւ երբ կը դիտէի, աչքիս զարկաւ յառաջամասին վրայ գտնուող ցուցատախտակ մը, որուն վրայ գրուած էր.- «Օմոնիա-Սինտաղմա» (Աթէնքի երկու մեծագոյն հրապարակներուն անունները)։
- Գիտես, բացատրեց բարեկամս, ցուցատախտակը չհանեցի, որպէսզի ձգեմ այն տպաւորութիւնը, թէ կը բնակիմ Օմոնիա եւ Սինտաղմայի մէջտեղը, տեղ մը...
Յետոյ, թեթեւ մը բռնեց ձեռքէս եւ ըսաւ.
- Վեր ելիր... տոմսակ պիտի չվճարես, եղբա՛յր...
Այդ պահուն մեր մօտը վազեցին հինգ-վեց երեխաներ, որոնք կը խաղային կառքին շուրջը եւ կ’ուզէին մեզի հետ ներս մտնել։
- Է՜, է՜, պոռաց անոնց բարեկամս... Կարգի մտէք, նայիմ, պոչ կապեցէք...
Եւ երբ պոչ կապեցին, ինչպէս մարդիկ կը կապեն օթոպիւսի կայաններուն առջեւ, մէկիկ-մէկիկ մտան յարկաբաժինէն ներս։
- Զաւակնե՞րդ են, հարցուցի բարեկամիս։
- Այո, բոլորն ալ։
- Բայց ինչպէ՞ս կը սղմիք հոս...
- Կարեւորութիւն չունի, օթոպիւսները խճողումներու վարժուած են...
Քիչ յետոյ կինն ալ եկաւ։
- Եկուր, հիւր ունինք, ըսաւ բարեկամս կնոջը։
Եւ ներկայացուց զիս։ Աղքատիկ կինը բարեւեց զիս քաշուելով, ամչնալով եւ ըսաւ մրմնջելով.
- Ներեցէք, որ մեզ այս վիճակին մէջ կը տեսնէք։
- Իսկ ի՞նչ ունի մեր վիճակը, կնի՛կ, հարցուց ամուսինը զուարթութեամբ։
- Իմ հոգս չէ, աւելցուց բարի կինը, բայց սա պզտիկները...
- Պզտիկներուն համա՜ր ալ լաւ է, վրայ բերաւ բարեկամս։ Այստեղ անոնք կը սորվին քաղաքավարութիւն, կենցաղավարութիւն։ Տես, հոն ինչ գրուած է...
Եւ ցոյց տուաւ վերի կողմը հինէն մնացած փոքր ցուցատախտակ մը, որուն վրայ գրուած էր.- «Գետին մի՛ թքնէք»...
Կինը փորձեց ժպտիլ, քիչ մը խնդալ։
Չկրցայ սակայն զանազանել, թէ այդ ժպիտն ու խնդուքը զսպուած հեկեկանքի մը սկզբնաւորութիւնը չէի՞ն արդեօք...
Անո՛ւնդ վերնայ, ա՛յ աղքատութիւն...
Ասիմաքիս Եալամաս