Քաթրին Քարփենթըրի կողմէ, առաջին անգամ ըլլալով, անգլերէնի թարգմանուած եւ Արա Ղազարեանի խմբագրութեամբ ու ներածականով լոյս տեսած «Ռուստամի յուշերը. Նափոլէոնի մեմլուք կայսերական թիկնապահը» գիրքը (The Memoirs of Roustam: Napoleon’s Mamlik Imperial Bodyguard) որոշ գաղափար կու տայ Օնորէ տը Պալզաքի‚ Լէօ Թոլսթոյի եւ Ֆիոտոր Տոսթոյեւսքիի կողմէ իբրեւ տիպար օգտագործուած եւ բազմաթիւ գեղանկարիչներու կողմէ նկարուած Ռուստամի հետաքրքրական եւ բարդ կեանքին մասին։
Ռուստամ (1781-1845) փոքր տարիքին Կովկասի շրջանէն առեւանգուած եւ բազմաթիւ անգամ իբրեւ գերի ծախուած է։ Ան իբրեւ մեմլուք մարզուած է Եգիպտոսի մէջ‚ ապա շուրջ 15 տարի դարձած Նափոլէոնի թիկնապահը ու վստահելի անձը։ Այս մասին կը հաղորդէ Horizonweekly.ca՝ վկայակոչելով Mirrorspectator.comը։
Ղազարեան վերջերս կատարուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարած է.- «Մեր պատմութեան պատճառով՝ հայերը ամբողջ աշխարհի վրայ տարածուած են։ Ունէինք մարդիկ‚ որոնք տարբեր համայնքներու եւ երկիրներու կը ծառայէին բարձրագոյն մակարդակի վրայ՝ ինչպէս կայսրեր‚ զօրավարներ եւ նախարարներ։ Այդ իրողութիւնը ի մտի ունենալով՝ Ռուստամ մեր հանդիպած ամէնէն արտասովոր տիպարներէն մէկն է։ Հիմնականին մէջ ան սկզբնական շրջանին պարզապէս ստրուկ երեխայ մըն էր։ Սակայն առանց կրթութիւն եւ ընկերային կարգավիճակ կամ դիրք ունենալու, ան դարձաւ Ֆրանսայի կայսեր՝ Նափոլիոնի վստահելի անձը։ Ձեւով մը ան ունեցաւ դիրք մը‚ ուր շատեր զինք լուրջի առին»։
Ղազարեան աւելցուցած է‚ որ գոյութիւն ունին կարգ մը փաստեր‚ թէ Ռուստամ օգնած է Մոսկուայի եւ Վենետիկի մէջ գտնուող իր հայ հայրենակիցներուն՝ դրական կերպով ազդելով Նափոլէոնի որոշումներուն վրայ‚ որոնք կը վերաբերէին Սուրբ Ղազարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ եւ Մխիթարեան վանքին։
Վերջերս, Ղազարեան ընկերային ցանցի վրայ հանդիպած է Ռուստամի մասին բազմաթիւ սխալ տեղեկութեանց‚ ըստ որոնց՝ ան իբր թէ եղած է վրացի եւ, մինչեւ իսկ, ատրպէյճանցի, հակառակ անոր‚ որ Ռուստամ իր յուշերուն մէջ յստակօրէն կը նշէ, թէ ղարաբաղցի հայ է։
1814ին‚ երբ Նափոլէոն հրաժարեցաւ գահէն՝ Ռուստամ մերժեց անոր հետ մեկնիլ Ալպա աքսորի՝ զգուշանալով դաւերու մեղսակից նկատուելէ, նաեւ՝ իր ընտանիքէն չբաժնուելու համար։ Կարճ ժամանակ բանտը մնալէ ետք‚ Ռուստամ տասնամեակ մը ապրեցաւ Փարիզի մէջ‚ ապա փոխադրուեցաւ Տուրտան‚ ուր Լուի Ֆիլիփ թագաւորին կողմէ նշանակուեցաւ թղթատարական տեսուչի պաշտօնին եւ յաջորդող երկու տասնամեակներու ընթացքին ապրեցաւ խաղաղ կեանք մը։
Ֆրանսացիները Ռուստամի մասին տարբեր կարծիքներ ունին։ Անոր ժամանակակիցները կը զմայլէին անոր վրայ։ Այլ իրողութեանց կողքին, ան Ֆրանսայի մէջ միակ մեմլուքն էր‚ որուն արտօնուած էր իր աւանդական տարազը կրելու եւ այդ պատճառով ալ աչքի կը զարնէր։
Ֆրանսացի ակադեմական Ֆրետերիք Մասոն Ռուստամի յուշերուն ֆրանսերէն գիրքին նախաբանին մէջ գրած է‚ որ Ռուստամ «կոպիտ տգէտ մըն էր... ամբողջովին անկարող երախտագիտութիւն կամ նուիրում ցուցաբերելու» եւ որ, կարգ մը պարագաներու, «սուտի կը դիմէ»։ Սակայն կ’եզրակացնէ‚ որ անոր յուշերը արժէքաւոր են անոնց պարունակած տեղեկութեանց ու հետաքրքրութեան պատճառով։ «Նշմարած եմ, որ Ռուստամ հազուադէպօրէն կը հեռանայ ճշմարտութենէն»‚- գրած է ան։
Ղազարեան իր ներածականին մէջ կը նշէ‚ թէ Ռուստամի յուշերը Նափոլէոնի կեանքին մասին կարգ մը երեւոյթներ կը ներկայացնեն։ Ան բազմաթիւ տարիներ Ֆրանսայի կայսրին ֆիզիքապէս ամէնէն մօտը եղած է եւ ծանօթ՝ վերջինիս անձնական ու հասարակական կեանքին‚ ներառեալ գլխաւոր ճակատամարտերուն եւ արշաւներուն։
Ռուստամի յուշերը առաջին անգամ հրատարակուած են ֆրանսերէնով 1888ին‚ անոր մահէն ետք։ 1935ին լոյս տեսած է յուշերուն իտալերէն թարգմանութիւնը‚ իսկ ռուսերէն‚ հայերէն եւ վրացերէն տարբերակները լոյս տեսած են վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին։
Վերջերս ֆրանսահայ զինուորական վեթերաններ Ռուստամի գերեզմանին մօտ արարողութիւններ կատարած են‚ ընդհանրապէս Դեկտեմբերին անոր մահուան տարելիցին մօտ թուականի մը՝ մասնակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանին‚ Տուրտանի քաղաքապետին եւ այլ երեւելիներու‚ ինչ որ այս առեղծուածային տիպարին նկատմամբ վերանորոգ հետաքրքրութեան ցուցանիշ է։
2007ին, Ռուստամի գերեզմանին ու ապրած տան վրայ նոր ցուցանակ մը զետեղուեցաւ։