Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­alt«­Միայն լա­ւա­գոյ­նը ըն­դու­նե­լի է ին­ծի հա­մար»

«­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեա­նի ա­նու­նը եւ գոր­ծը շատ մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին ­Փոր­թու­գա­լի մէջ: Ա­մէն մարդ գի­տէ զինք»: ­Փոր­թու­գա­լի մէջ գոր­ծա­կիցս է ­Թի­մո­թէոն, ո­րուն հետ եր­կար տա­րի­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւն եւ գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նիմ: Ե­թէ ո­րոշ չա­փով լսած է հա­յե­րու մա­սին, ա­տի­կա նաեւ` մեկ­նե­լով մեր բա­րե­

կա­մու­թե­նէն։

­Բայց ­Թի­մո­թէո­յին հա­մար ­Կիւլ­պէն­կեա­նը լա­ւա­գոյն հա­յու մը պատ­մու­թիւնն է:

­Յու­նո­ւար 2016ին ­Լիզ­պո­նի գե­ղե­ցիկ փո­ղոց­նե­րը կը շրջա­գա­յէինք` հաս­նե­լու հա­մար կեդ­րո­նա­կան մաս եւ մեծ տա­րա­ծու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նարկ:

­Փոր­թու­գա­լը ու­նի հե­տաքրք­րա­կան եւ այ­լա­տե­սակ պատ­մու­թիւն: Ե­թէ եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած է մէկ կող­մէ գա­ղու­թա­տի­րա­կան «կայս­րու­թիւն», միւս կող­մէ` նաեւ ու­նե­ցած է ծո­վագ­նաց­ներ եւ հե­տա­զօ­տող­ներ, ո­րոնք միշտ ալ տքնած են աշ­խար­հի մէջ նոր հո­րի­զոն­ներ գտնե­լու:

Ք­սա­նե­րորդ դա­րուն եր­կի­րը մտած է տի­րա­պե­տու­թեան տակ մե­նա­տի­րա­կան, այլ խօս­քով` «բռնա­տի­րա­կան» կա­ռա­վա­րու­թեան մը, որ եր­կի­րը ա­ռաջ­նոր­դած է աղ­քա­տու­թեան եւ դար­ձած` յե­տամ­նաց:

25 Ապ­րիլ 1974ին է, որ խա­ղաղ ու կա­նաչ յե­ղա­փո­խու­թեամբ մը` «­Մե­խակ­նե­րու յե­ղա­փո­խու­թիւն»ով, ­Փոր­թու­գալ կրցաւ Ան­թո­նիօ ­Սա­լա­զա­րի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տա­պա­լել եւ հի­մը դնել ա­ւե­լի ժո­ղովր­դա­վար պե­տու­թեան մը:

­Թի­մո­թէոն վայր­կեա­նո­ւան մը հա­մար կանգ ա­ռաւ «Ա­ւիս» պան­դո­կին առ­ջեւ եւ, զայն ցոյց տա­լով, ը­սաւ.- «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեա­նը ­Փոր­թու­գա­լի մէջ իր ամ­բողջ կեան­քը ան­ցուց այս պան­դո­կին մէջ»: Ան կը խօ­սէր ա­ւե­լի քան տա­սը եւ ե­րեք տա­րի­նե­րու մա­սին`1942էն մին­չեւ մա­հը 1955:

Ս­կիւ­տար՝ ­Պո­լիս ծնած ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան սի­րեց ­Լիզ­պո­նը, եւ հա­ւա­նա­բար ­Լիզ­պո­նը սի­րե­լուն մէջ կար ան­ցեա­լէն` իր «ար­մա­տէն» յու­շեր եւ պատ­կա­նե­լու­թեան զգա­ցում, ինչ որ կ­՛ար­տա­ցո­լար ա­նոր յու­շագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ. «­Լիզ­պո­նի ­Թա­կուս գե­տը կը յի­շեց­նէր իր ծննդա­վայր ­Վոս­փո­րը...»: Եւ այդ յու­շերն ու պատ­կա­նե­լու­թիւ­նը զինք մղե­ցին ստեղ­ծե­լու իր «ե­րա­զը»` «կտա­կը», նոյ­նինքն ­Թա­կու­սի գե­տին ա­փե­րուն: Ե­թէ «կտա­կը» տուն տո­ւաւ հիմ­նար­կի մը` հա­մա­մարդ­կա­յին բնոյ­թի, բայց նոյն­քան նաեւ հայ­կա­կան հիմ­քով օժ­տո­ւած կա­ռոյց մըն էր ա­տի­կա, եւ հոն ­Կիւլ­պէն­կեան պի­տի ապ­րէր, ապ­րեց­նէր եւ բազ­մաց­նէր իր «ինք­նու­թիւ­նը»:

­Հաս­տա­տու­թեան մեծ շէն­քին, թան­գա­րա­նին, պար­տէ­զի մուտ­քին կանգ­նած` ու­զե­ցի տես­նել Ո­ւի­լիըմ ­Սա­րո­յեա­նի ա­նո­ւա­նած` «Այս իւ­րա­յա­տուկ ծեր մարդ»ը եւ ա­նոր կեան­քին մէ­ջէն տուն տո­ւած մեծ գոր­ծը:

­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան սի­րած է ա­րո­ւես­տը եւ բնու­թիւ­նը: ­Նա­խընտ­րած է ըլ­լալ ա­ռան­ձին եւ հե­ռու` լու­սար­ձակ­նե­րէ: ­Բայց ե­ղած է ինք­նավս­տահ, նոյ­նը ներշն­չած է ու­րիշ­նե­րու, այդ ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը իր կեան­քին մէջ ու­նե­ցած է որ­պէս տես­լա­կան: «­Միայն լա­ւա­գոյ­նը ըն­դու­նե­լի է ին­ծի հա­մար...»: ­Բայց ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեա­նի հա­մար «ին­ծի»ն­ ե­ղած է իր անձ­նա­կան կեան­քէն շատ ա­ւե­լի լայն եւ ըն­դար­ձակ`դուրս գա­լով իր «ես»էն`բա­ցո­ւե­լու հա­մար աշ­խար­հին ու քա­ղա­քակր­թու­թեան:

­Վեր­ջա­պէս ան ե­ղած է «հա­մաշ­խար­հա­յին» քա­ղա­քա­ցի` նկա­տի ու­նե­նա­լով այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ ապ­րած եւ ե­ղած է գոր­ծա­րար շատ մը եր­կիր­նե­րու մէջ` սկսե­լով քա­րիւ­ղի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու իր գոր­ծարք­նե­րէն եւ հաս­նե­լու հա­մար «­Պա­րոն հինգ առ հա­րիւր»ի պա­տո­ւա­բեր մակ­դի­րին:

Այդ «բա­ցո­ւե­լու» իր տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թեան մէջ, միշտ իւ­րա­յա­տուկ մնա­ցած է «իր հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը, ինչ որ իր կեան­քին եւ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար ստեղ­ծած է կա­յու­նու­թիւն եւ տո­ւած` իւ­րա­յա­տուկ ինք­նու­թիւն»:

Իսկ այս «իւ­րա­յատ­կու­թեան» ա­պա­ցո՞յ­ցը...: ­Հա­պա՞ հպար­տու­թիւ­նը:

Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան ի­րեն շնոր­հած է ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­ցա­գի­րը: ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան ճամ­բոր­դած է հայ­կա­կան ան­ցա­գի­րով`ան­կախ այն ի­րա­կա­նու­թե­նէն, որ ան ու­նէր նաեւ եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն…:

Իր հայ ժո­ղո­վուր­դին ապ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ող­բեր­գու­թիւ­նը կա­րե­լի չէր անն­կատ թող­նուլ: Ան հա­ւա­տաց հայ ժո­ղո­վուր­դին վե­րապ­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նին, նաեւ` ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին, ուր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած­նե­րը հա­սած ու ստեղ­ծած են հայ գա­ղութ­ներ` իբ­րեւ հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման փաստ:

Ան հիմ­նեց կրթա­թո­շակ­ներ, ըն­ծա­յեց բժշկա­կան խնամք եւ ա­նոր օգ­նու­թիւ­նը հա­սաւ մին­չեւ Այն­ճարԼի­բա­նան): Իր նպաս­տը բե­րաւ Այն­ճա­րի հո­ղա­տա­րած­քին գնման, ո­րով­հե­տեւ տե­ղա­հա­նո­ւած հա­յուն նոր պատս­պա­րան տե­սաւ այս շրջա­նին մէջ:

«­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քը մէկ այլ խօ­սուն եւ գոր­ծօն շա­րու­նա­կու­թիւնն է այս կտակ-ի­տէա­լին: ­Հոն, ուր հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­մը հիմ­նա­կան կռո­ւան­ներ են հա­յա­պահ­պան­ման: ­Դոկտ. ­Ռազ­միկ ­Փա­նո­սեա­նի աշ­խոյժ եւ գոր­ծօն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քը այ­սօր նոր շունչ եւ տրա­մադ­րու­թիւն կը ներշն­չէ հա­յաս­տա­նեան եւ սփիւռ­քեան մեր կեան­քե­րուն:

­Հան­դի­պում­նե­րը եւ տար­բեր յայ­տա­գիր­նե­րը, ա­րո­ւես­տի թան­գա­րա­նի հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոն, ­Կիւլ­պէն­կեա­նի ա­նո­ւան նո­ւա­գա­խում­բին ե­լոյ­թը, պար­տէզ-զբօ­սա­վայ­րը ու... տա­կա­ւին:

Սյս բո­լո­րին մէջ մտքիս մէջ կար մէկ հար­ցում. «Ո՞ւր է մե­ծու­թիւ­նը այս հայ մար­դուն», ե­թէ ոչ իր ապ­րած կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան, բայց ան­պայ­մա­նօ­րէն իր… «կտակ»ին մէջ:

«Կ­տակ»ը` իր անձ­նա­կան աս­պա­րէ­զա­յին կեան­քի նիւ­թա­կան գոր­ծարք­նե­րու հսկա­յա­կան ե­կա­մուտ­նե­րուն եւ հարս­տու­թեան վե­րա­բե­րող: «Կ­տակ»ը` իր հա­մա­մարդ­կա­յին ու հա­մա­հայ­կա­կան «ար­ժէք­նե­րու» գի­տակ­ցու­թեան եւ ա­նոնց գո­յա­պայ­քա­րի գոր­ծըն­թա­ցին:

Ե­թէ կայ «կտակ»ը լից­քա­ւո­րող նիւ­թա­կան ու­ժը, բայց նաեւ` ա­նոր հո­գին... ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեա­նի մե­ծու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ հոն, ուր ան նիւ­թա­կա­նը եւ հո­գին կրցաւ միա­ւո­րել եւ տա­նիլ զայն դէ­պի ա­պա­գան: Ու ան մնաց «ինք­նավս­տահ» իր հա­մո­զու­մին մէջ, թէ հա­յը պէտք է շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ, եւ թէ` հա­յուն ապ­րի­լը ինք­նամ­փոփ եւ ինք­նիր մէջ չէ, թէ՝ ու­րի­շին «բա­ցո­ւե­լու» քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է, բայց միշտ պա­հե­լով հիմ­քը` «հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը»: ­Բան մը, ո­րուն ա­մուր կառ­չած մնաց ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան:

­Բայց յու­շագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ իր իսկ ար­տա­յայ­տու­թեամբ կան (չ­)ի­րա­կա­նա­ցած նպա­տակ­ներ: «Եր­կու նպա­տակ­ներ չկրցայ ի­րա­կա­նաց­նել կեան­քիս մէջ: ­Գի­տա­կան մար­դը եւ ե­րա­զող մը` պար­տէ­զի մը մէջ, զոր ես մշա­կած եմ»:

Ե­թէ ան չկրցաւ ի­րա­կա­նաց­նել այս եր­կու նպա­տակ­նե­րը իր ողջ կեան­քին ըն­թաց­քին, բայց հիմ­նեց «կտակ»ը` հիմ­նար­կը...

­Հոն, ուր հա­յը պի­տի կա­րե­նայ «ե­րա­զել եւ «ե­րազ»ին մէ­ջէն «մշա­կել» իր` հա­յուն «պար­տէ­զը», ի­մա՛ կեան­քը: Իսկ հա­յուն կեան­քին մա­սին ե­րա­զե­լու հա­մար պէտք է զգա­ցում եւ հպար­տու­թիւն, բայց նոյն­քան նաեւ` «գի­տա­կան» միտք, որ հա­մա­մարդ­կա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէ­ջէն պի­տի ստեղ­ծէ հա­մա­հայ­կա­կան են­թա­հո­ղը: Այն են­թա­հո­ղը, որ հա­յուն պի­տի տայ ապ­րե­լու ա­պա­հո­վու­թիւ­նը:

­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեա­նի «կտակ»ը իւ­րա­քան­չիւր հա­յուն «կտակ»ն­ է, նաեւ` ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, հա­մա­մարդ­կա­յի­նի մէ­ջէն հա­մա­հայ­կա­կան կեան­քեր ա­պա­հո­վե­լու կռո­ւան­նե­րը:

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ