Բրիտանացի դիւանագէտ, ճանապարհորդ, հետախոյզ եւ խորհրդարանի անդամ Օպրի Հերպըրթ բացառիկ հարցազրոյց ունեցած է Թալէաթ փաշայի հետ 1921 թուականի Փետրուարին` Սողոմոն Թեհլերեանի կողմէ Պերլինի մէջ Թալէաթի ահաբեկումէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ:
Թալէաթ փաշայ, իբրեւ Օսմանեան Կայսրութեան ամենազօր Մեծ Վէզիր (նախարար), բռնակալ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ, 1918 Նոյեմբերին փախած էր Թուրքիայէն` նոր վարչակարգի կողմէ հետապնդուելէ խուսափելու համար:
Թալէաթի հետ կատարուած 23 էջնոց այդ հարցազրոյցը հրապարակուեցաւ 1924 (Լոնտոն) եւ 1925 (Նիւ Եորք) թուականներուն՝ Հերպըրթի «Պըն Քէնտիմ. Արեւելեան ճանապարհորդութեան նոթեր» խորագիրը կրող յուշերուն մէջ:
Հերպըրթ Թալէաթի հետ առաջին անգամ հանդիպած էր 1908 թուականին, երբ կը պաշտօնավարէր Կոստանդնուպոլսոյ բրիտանական դեսպանատան մէջ: Տասնըմէկ տարի յետոյ, Հերպըրթ անակնկալ նամակ մը ստացած է Թալէաթէն` անոր հետ «որեւէ չէզոք երկրի մէջ» հանդիպելու խնդրանքով: Յուսահատօրէն փորձելով վերականգնել իր դիւային կերպարը Արեւմուտքի մէջ՝ Թալէաթ կը պնդէր, թէ «ինքը պատասխանատուութիւն չի կրէր հայկական ջարդերուն համար, թէ կրնար ատիկա ապացուցել եւ շատ կը փափաքէր ընել ատիկա»: Հերպըրթ օրին մերժեց Թալէաթի խնդրանքը՝ ըսելով.- «Ես շատ ուրախացայ լսելով, որ ան այն մարդը չէր, որ պատասխանատու էր հայկական ջարդերուն համար, սակայն չէի կարծեր, որ մեր հանդիպումը այդ ժամանակ կրնար որեւէ նպատակի ծառայել»:
Սակայն, Հերպըրթ փոխեց իր որոշումը 1921 Փետրուարին, երբ բրիտանական հետախուզութեան տնօրէն պարոն Պասիլ Թոմսըն հրամայեց իրեն անմիջապէս մեկնիլ Գերմանիա եւ հանդիպիլ Թալէաթի հետ: Գաղտնի ժամադրութիւնը տեղի ունեցաւ Փետրուար 26ին, գերմանական փոքրիկ Համ քաղաքին մէջ: Թալէաթ անգամ մը եւս ըսաւ Հերպըրթին, որ «ինքը անձամբ միշտ դէմ եղած է հայերու բնաջնջման փորձերուն»: Առաւել՝ անհաւատալիօրէն, Թալէաթ պնդեց, թէ ինք «երկու անգամ ընդդիմացած է այդ քաղաքականութեան, սակայն մերժում ստացած է գերմանացիներու կողմէ»:
Մոռնալով ջարդերուն հետ կապուած իր անմեղութեան պնդումներուն մասին՝ Թալէաթը արդարացուց զանգուածային սպանութիւնները` հայերը մեղադրելով պատերազմի ժամանակ իր երկիրը թիկունքէն հարուածելու մէջ: Կրկին ինքզինք հակասելով՝ Թալէաթ իր աջակցութիւնը յայտնեց հայերուն, յայտարարելով, որ ինքը «կողմ եղած է ազգային փոքրամասնութիւններուն առաւել ընդլայնուած ձեւով ինքնավարութիւն շնորհելուն եւ ուրախութեամբ դիտարկած է իրեն ներկայացուած իւրաքանչիւր առաջարկ»:
Այնուհետեւ, հայկական կոտորածներուն համար Թալէաթ մեղքը բարդեց բրիտանացիներուն վրայ՝ ըսելով.- «Դուք` անգլիացիներդ, չէք կրնար այս հարցի գծով խուսափիլ ձեր պատասխանատուութենէն: Մենք` Երիտթուրքերս, գործնականօրէն Թուրքիան ձեզի հրամցուցինք, իսկ դուք մերժեցիք մեզ: Անվիճելի հետեւանքներէն մէկը եղաւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն կործանումը, որոնք ձեր վարչապետին պնդումով կը դիտարկուէին իբրեւ ձեր դաշնակիցներ: Եթէ յոյները եւ հայերը ձեր դաշնակիցներն էին այն ժամանակ, երբ մենք կը գտնուէինք պատերազմի մէջ ձեր հետ, ուստի դուք չէք կրնար ակնկալել, որ մեր թրքական կառավարութիւնը անոնց հետ վարուէր իբրեւ բարեկամներու»:
Հերպըրթ եւ Թալէաթ այնուհետեւ որոշեցին տեղափոխուիլ Գերմանիոյ Տիւսելտորֆ քաղաք, ուր երկու օր եւս շարունակեցին իրենց գաղտնի զրոյցը: Հերպըրթ կը պատմէր Թալէաթի հակասական փորձին մասին` մէկ կողմէ քողարկելու իր դերը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ, միւս կողմէ արդարացնելու այդ հրէշաւոր ոճրագործութիւնը: Թալէաթ նշած է, որ ինք «յուշագիր գրած էր հայկական կոտորածներուն մասին եւ շատ կ՝ուզէր, որ բրիտանացի պաշտօնատարները կարդան զայն:
Ըստ Թալէաթի՝ պատերազմին սկիզբը, 1915 թուականին, հայերը բանակ կազմեցին եւ յարձակեցան թուրքերու վրայ, որոնք այն ժամանակ կը կռուէին ռուսերուն դէմ: Երեք հայ պատգամաւոր, իբր թէ, մեծ աշխուժութեամբ մասնակցած են ատոր. մահմետականներու դէմ իբր թէ ջարդեր տեղի ունեցած են, որոնք ուղեկցուած են կանանց եւ երեխաներու նկատմամբ վայրագութիւններով: Թալէաթ իբր թէ երկու անգամ դէմ եղած է բռնի տեղահանութիւններուն, նաեւ եղած է հեղինակը հետաքննութեան մը, որուն հետեւանքով մեղաւոր քիւրտերէն եւ թուրքերէն քանի մը հոգին ենթարկուեցան մահապատիժի»:
Ճակատագրի հեգնանքով՝ Թալէաթ ինքնավստահօրէն ըսաւ Հերպըրթին, որ ան չի վախնար սպաննուելէ: «Ան ըսաւ, որ երբեք չէ մտածած այդ մասին: Ինչո՞ւ պէտք է ոեւէ մէկը չսիրէ զինք: Ես ըսի, որ թերթերուն մէջ իր մասին այդքա՜ն գրուելէ յետոյ, հնարաւոր է, որ հայերը կամենան վրէժխնդիր ըլլալ իրմէ, սակայն ան անուշադրութեան մատնեց իմ խօսքերը»: Երկու շաբաթ անց, հայոց վրիժառու Սողոմոն Թեհլերեանը, Պերլինի մէջ, գնդակահարեց դահիճ Թալէաթը...»։
Աւարտելով Թալէաթի հետ իր հարցազրոյցը, Հերպըրթ կը նկատէ.- «Ան իր սերնդակից սակաւաթիւ մարդոցմէ էր, որ մահացաւ ատելութեան մէջ, իսկապէս անիծեալ: Չեմ կրնար ըսել, որ ան հաւանաբար այնպէս էր, ինչպէս զինք կը պատկերացնէին: Ես գիտեմ, որ ան բացառիկ կարողութիւն եւ գրաւչութիւն ունէր, սակայն չեմ գիտեր, թէ արդեօք ան պատասխանատո՞ւ էր հայկական կոտորածներուն համար»:
Միայն այդ ժամանակաշրջանի մասնագէտները կրնան ստուգել այս ծաւալուն հարցազրոյցին հաւաստիութիւնը եւ իսկութիւնը: Եթէ անիկա իրօք ճիշդ է, ուրեմն ո՞րն էր Թալէաթի նպատակը «անգլօ-թրքական դաշինք» առաջարկելու պահուն, եւ ինչո՞ւ բրիտանական կառավարութիւնը այդքան կ՝ուզէր զրուցել անոր հետ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»