Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­alt Չ­մոռ­նանք եր­բեք, որ ի­րաւ իշ­խա­նու­թիւ­նը ծա­ռա­յու­թիւնն է:

……….

Երբ ու­տե­լիք մը կը թա­փեմ, կար­ծէք զայն

 

կը գող­նամ աղ­քա­տի սե­ղա­նէն, ան­կէ՝ որ ա­նօ­թի է:

­Պապ Ֆ­րան­սո­ւա

Մեծ քա­հա­նա­յա­պե­տը՝ Ֆ­րան­սո­ւա կամ Ֆ­րան­սիս­քօ ­Պա­պը:

Լ­սող­նե­րը՝ բո­լոր կրօն­նե­րու հե­տեւորդ­նե­րը, նաեւ քա­ղա­քա­կան մար­դիկ, կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, դրա­մա­տէ­րեր, մտա­ւո­րա­կան­ներ, հա­մեստ­ներ:

Ես, դուն, ան, մենք:

­Պիոս ԺԱ. պա­պը խօ­սած էր դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան մա­սին, բայց նոյ­նիսկ ա­նոր դէմ պայ­քա­րող­նե­րը (ի­րաւ կամ կեղծ) չէին լսած:

Այս ութ­սուն տա­րե­կան ար­տա­կարգ ­Պա­պը, մե­զի ծա­նօթ իր քաջ վե­րա­բե­րու­մով, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ­րե­նա­հան­ման 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով, Հ­ռո­մի Ս. ­Պետ­րոս տա­ճա­րի կա­մար­նե­րուն տակ աշ­խար­հին յի­շե­ցուց, որ ժո­ղո­վուրդ մը բնաջնջ­ման են­թար­կո­ւած էր իր բազ­մա­դա­րեան հայ­րե­նի­քին մէջ եւ զայն կորսն­ցու­ցած:

Ը­սած էր՝ ա­ռանց մսկո­տու­թեան եւ ճապ­կու­մի, զորս կուշ­տե­րը կը կո­չեն դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն եւ... կը լռեն:

Ան ­Պոր­ճիա­նե­րու ժա­ռանգ չէ, ոչ ալ ժա­մա­նա­կա­կից դիր­քա­պաշտ «մեծ»ե­րու: Երբ ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի ծի­րա­նա­ւոր ե­պիս­կո­պոս էր, ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն պէս հան­րա­կառ­քով կը տե­ղա­փո­խո­ւէր, այս կամ այն մակ­նի­շով կառք չու­նէր, ո՛չ վա­րորդ, ո՛չ թիկ­նա­պահ:

Երբ ա­ռանց կան­խա­կալ եւ ստրու­կի կար­ծի­քի մեր շուր­ջը պտտցնենք մեր հա­յեաց­քը, պի­տի տես­նենք, որ ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւած­ներ ճո­խու­թեան մէջ կապ­րին եւ զայն կը կո­ղոպ­տեն, որ հա­մա­տա­րած ե­րեւոյթ է, փտախտ, ո­րուն օ­տար բա­ռը դար­ձած է մի­ջազ­գա­յին՝ կո­ռուպ­ցիա (corruption):

Ե­թէ հրաշ­քով կա­րե­լի ըլ­լար զո­ւի­ցե­րիա­կան դրա­մա­տու­նե­րու մէջ պահ դրո­ւած գու­մար­նե­րու եւ ա­նոնց տէ­րե­րու ցան­կը հրա­պա­րա­կել, մար­դոց աչ­քի կա­պանք­նե­րը կը վեր­ցո­ւէին, եւ ե­րազ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն ու ար­դա­րու­թիւն կի­րա­կա­նա­նա­յին:

Իր նոր գիր­քին մէջ, Հ­ռո­մի ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը կը խօ­սի կո­ռուպ­ցիա­յի մա­սին, զոր կը դա­սէ մեղ­քե­րու շար­քին, որ դար­ձած է հա­մա­կարգ, կա­ռա­վար­ման հա­մա­կարգ, բա­ցա­յայտ կամ ճապ­կում­նե­րով թաք­նո­ւած:

Ըստ ի­րեն՝ կա­րեկ­ցան­քը (compassion) պէտք է, որ կա­րե­նայ յաղ­թել ան­տար­բե­րու­թեան հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը: Կ­’ը­սէ, որ ո­ղոր­մա­ծու­թիւ­նը (misericorde) հա­ւա­տա­ցեա­լին պոր­տա­քարն է, որ կը նշա­նա­կէ՝ բա­ցո­ւիլ դէ­պի միւ­սը: 20րդ ­դա­րու ի­մաս­տա­սէր մը չէ՞ր ը­սած, որ «ու­րի­շի ի­րա­ւուն­քը իմ պար­տա­կա­նու­թիւնս է» (­Րը­նէ լը ­Սէն):

Աս­կէ ա­ռաջ ար­տա­յայ­տո­ւած եմ այս մեծ-հո­գի ­Քա­հա­նա­յա­պե­տին մա­սին:

­Բա­ռե­րը բա­ւա­րար չեն մար­դը ճանչ­նա­լու եւ կա­ցու­թիւն­նե­րը ըմբռ­նե­լու, ե­թէ բա­ցա­կա­յի օ­րի­նա­կի ար­ժէ­քը: ­Բա­ռը յա­ճախ կը խա­բէ: Ի­րա­դար­ձու­թիւն մը մտա­ծե­լու պէտք է մղէ ոչ միայն ըն­թեր­ցո­ղը, որ ան­պայ­ման մե­ծե­րու շրջա­նա­կին մէջ չէ, այլ նաեւ մե­ծե­րը, ո­րոնք ժո­ղո­վուր­դը կը դարձ­նեն աս­պան­դակ ձիու թամ­բին վրայ նստե­լու հա­մար: ­Դէպ­քին պա­տահ­մամբ հան­դի­պե­ցայ հա­մա­ցան­ցի ե­թե­րին մէջ: ­Լու­սան­կար­ներ եւ քա­նի մը տող:

Էս­թէպ­լիշ­մընթ-նո­մանք­լա­թու­րան գե­րան­ցող գե­րի­րա­պաշտ պատ­կեր­ներ:

Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը, ­Վա­տի­կա­նի բա­նո­ւոր­նե­րուն հետ, կէ­սօ­րին, ճա­շա­րա­նի մը առ­ջեւ հեր­թի կանգ­նած է, ափ­սէն ձեռ­քին, ընտ­րած է ինչ որ կու­զէր ու­տել, բո­լոր բա­նո­ւոր­նե­րուն պէս, ա­նոնց հետ գա­ցած եւ նստած է եր­կար սե­ղա­նի մը առ­ջեւ: ­Յի­շեց­նենք, որ մեր­ժած էր բնա­կիլ պա­պա­կան յար­կա­բաժ­նին մէջ, բո­լոր կրօ­նա­կան­նե­րուն պէս վա­նա­կան սե­նեա­կով մը գո­հա­ցած: Երբ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ գնաց, պզտիկ ­Ֆիաթ ինք­նա­շար­ժով մը շրջե­ցաւ, ոչ՝ զրա­հա­պատ եւ հսկայ կառ­քով:

­Խօս­քի եւ քա­րո­զի կեն­դա­նի օ­րի­նակ:

­Վա­ճա­ռա­տան մը գիր­քե­րու բաժ­նի սե­ղա­նին վրայ տե­սայ ­Քա­հա­նա­յա­պե­տին գիր­քը, կող­քին վրայ իր ձե­ռա­գի­րը: ­Հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վա­բար չկայ: ­Մաղ­թե­լի պի­տի ըլ­լար, որ ո­րա­կա­ւոր թարգ­մա­նու­թեամբ ան լոյս տես­նէր: Ֆ­րան­սե­րէ­նը սե­ղա­նիս վրայ է եւ ու­զե­ցի պատ­կեր­նե­րէ կամ մէջ­բե­րում­նե­րէ ան­դին, ծա­նօ­թա­նալ­ժա­մա­նա­կա­կից ըն­կե­րու­թեան ցա­ւին վկայ ­Պա­պի միտ­քե­րուն եւ զա­նոնք լսե­լի դարձ­նել, աղ­մու­կէ, կար­գա­խօս­նե­րէ եւ մա­կե­րե­սայ­նու­թե­նէ ան­դին:

Մ­տա­ծե­ցի, որ ի­րաւ մե­ծը (ա­ռաջ­նոր­դը) մեծ կըլ­լայ պար­զու­թեան եւ հա­մես­տու­թեան մէջ: Հս­կայ ­Մա­հադ­մա ­Կան­տին ա­պա­րան­քի մէջ չէր բնա­կեր, երբ ճամ­բոր­դէր «ժա­գու­զի»ով սե­նեակ չէր ու­զեր, հիւ­րըն­կալ­նե­րուն չէր հարց­ներ, թէ գի­շե­րը ո՞ր հա­ճե­լի վայ­րը պի­տի եր­թան:

Ի­տա­լա­ցի լրագ­րող Անտ­րէա ­Դոր­նիէլ­լիի հետ զրոյ­ցը ամ­փո­փո­ւած է գիր­քի մը մէջ, զոր լոյս ըն­ծա­յած են ութ­սուն­վեց եր­կիր­ներ: Էա­կան հար­ցեր կար­ծար­ծո­ւին: ­Մար­դիկ կրնան մե­ղան­չել կամ ըն­դու­նիլ ստրկու­թիւ­նը՝ վախ­նա­լով ա­զա­տու­թե­նէն: Այս միտ­քի լոյ­սին մէջ կրնա՞նք դի­տել մենք մեզ եւ մեր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը.- հայ, ֆրան­սա­ցի, ա­մե­րի­կա­ցի, չի­նա­ցի, թուրք, քիւրտ, եւ բո­լոր միւս­նե­րը:

Լ­րագ­րո­ղին հետ չորս ժամ տեւած զրոյ­ցը ի­նը գլուխ­նե­րով տեղ գտած է գիր­քին մէջ: Լ­րագ­րո­ղը քա­ռա­սուն հար­ցում­ներ ուղ­ղած է Սր­բա­զան ­Պա­պին, ո­րոնց ա­ռանց­քին կը գտնո­ւի աս­տո­ւա­ծա­յին կա­րեկ­ցան­քը, որ «Աս­տու­ծոյ ան­ցա­գիրն է», ինչ­պէս տա­րա­զած է ինք՝ քա­հա­նա­յա­պե­տը: Ինչ որ ը­սո­ւած է, սոսկ կրօ­նա­կան չէ, այլ հա­մա­մարդ­կա­յին բա­րո­յա­կան, ե­թէ դեռ նման բա­նի հա­ւա­տա­ցող կայ: Զ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին կը լսենք ­Պա­պի ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ քա­հա­նա­յա­գոր­ծու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի փոր­ձի վկա­յու­թիւն­նե­րը:

Երբ կը խօ­սի խոս­տո­վա­նան­քի մա­սին, կը­սէ՝ թէ ա­տի­կա ո՛չ մաք­րա­գոր­ծում է, ոչ ալ չար­չա­րանք: Ան պէտք է, որ հիմ­նո­ւած ըլ­լայ լսու­մի վրայ եւ չըլ­լայ հար­ցաքն­նու­թիւն: Ինչ որ այ­սօր կը պակ­սի ժա­մա­նա­կա­կից ըն­կե­րու­թեան այն է, որ զա­նա­զան բնոյ­թի եւ մա­կար­դա­կի «էս­թէպ­լիշ­մընթ»նե­րը չեն լսեր, իշ­խա­նու­թեան եւ ան­փո­խա­րի­նե­լիու­թեան ե­տին թաք­նո­ւած, կո­ռուպ­ցիան կը վե­րա­ծեն հա­մա­կար­գի: ­Մեծ հա­ւա­տա­ցեալ ըլ­լա­լու կա­րիք չկայ հասկ­նա­լու հա­մար, որ Աս­տու­ծոյ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը սի­րոյ տրա­մա­բա­նու­թիւն է: Ֆ­րան­սա­ցի մեծ գրող Անտ­րէ ­Ժիտ չէ՞ր ը­սած, որ «աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն կա­րի­քը սէրն է եւ վստա­հու­թիւ­նը»:

Լ­րագ­րող Անտ­րէա ­Դոր­նիէլ­լի, Ֆ­րան­սո­ւա ­Պա­պի քա­րո­զը լսե­լու ըն­թաց­քին, մտա­ծած է ա­նոր ուղ­ղել հար­ցում­ներ ո­ղոր­մա­ծու­թեան եւ ներ­ման մա­սին, խո­րաց­նե­լու հա­մար ա­նոր կող­մէ այդ բա­ռե­րուն տրո­ւած ի­մաս­տը, որ­պէս մարդ եւ որ­պէս քա­հա­նայ, յստա­կաց­նե­լու հա­մար ե­կե­ղե­ցիին դի­մա­գի­ծը՝ ըն­կե­րու­թիւ­նը յու­զող խնդիր­նե­րուն նկատ­մամբ:

Ա­ռա­ջար­կը ըն­դու­նո­ւած է:

Զ­րոյ­ցը սկսած է ­Վա­տի­կա­նի Ս. ­Մար­թա ­Տան մէջ, ուր կը բնա­կի ­Պա­պը, ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յէն վե­րա­դար­ձէն քա­նի մը օր ետք: Լ­րագ­րո­ղի նե­րա­ծա­կան խօսքն է.- «... Որ­պէս­զի շնոր­հը կա­րե­նայ ազ­դել եւ ո­ղոր­մա­ծու­թիւ­նը տրո­ւիլ, ըստ Ե­կե­ղե­ցիի մը փոր­ձին, որ ինք­զինք չի տես­ներ ինչ­պէս մաք­սա­տուն, այլ կը փնտռէ բո­լոր ճա­նա­պարհ­նե­րը նե­րե­լու հա­մար»:

­Գիր­քին ըն­թեր­ցու­մը կա­տա­րե­ցի ոչ թէ կրօ­նա­կան զգա­ցու­մէ մը տա­րո­ւած, այլ մեր ժա­մա­նա­կի դի­մա­ւո­րած բարդ հար­ցե­րուն մարդ­կայ­նա­կան լու­սա­ւո­րում մը փնտռե­լու հա­մար: ­Մեր օ­րե­րու ի­մաս­տու­նի մը հետ հան­դի­պե­լու տրա­մադ­րու­թիւն, զոր կու­զեմ բաժ­նել, յու­սա­լով որ գէթ պահ մը դուրս կու գանք ան­հա­տա­պաշ­տու­թեան ինք­նա­պար­տադ­րո­ւած զսպա­շա­պի­կէն:

Ո­ղոր­մա­ծու­թիւ­նը, այ­սինքն ան­յի­շա­չա­րու­թիւ­նը, ա­ռանցքն է ­Պա­պի մտա­ծու­մին: Կ­’ը­սէ.- «­Յի­սուս ը­սաւ, որ Ինք չէր ե­կած ար­դար­նե­րուն հա­մար, այլ՝ մե­ղա­ւոր­նե­րուն: Ան չէր ե­կած ա­նոնց հա­մար, որ ա­ռողջ էին եւ բժիշ­կի պէտք չու­նէին, այլ հի­ւանդ­նե­րու: Կր­նանք ը­սել, որ ո­ղոր­մա­ծու­թիւ­նը մեր Աս­տու­ծոյն ան­ցա­գիրն է» (էջ 29):

­Խիստ հե­տաքրք­րա­կան է հե­տեւեալ մարդ­կայ­նա­կան պա­տու­մը, որ­մէ կրնանք ներշն­չո­ւիլ ա­մէ­նօ­րեայ քէ­նե­րու եւ մրցակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին. «Ոչ ոք կրնայ, եր­կար ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, մեծ կամ պզտիկ սխալ­նե­րէ խու­սա­փիլ: Այ­սու­հան­դերձ, ինչ­պէս կը­սէր սուրբ Ֆ­րան­սո­ւա տը ­Սալ, ե­թէ պզտիկ էշ մը ու­նիս, եւ որ կը սա­հի սա­լա­քա­րե­րուն վրայ եւ կիյ­նայ, ի՞նչ պէտք է ը­նես: ­Զայն պի­տի չծե­ծես գա­ւա­զա­նի հա­րուած­նե­րով, ան ար­դէն այդ վի­ճա­կին մէջ բա­ւա­րար չա­փով դժբախտ է: ­Պէտք է բռնես իր լկա­մէն եւ ը­սես. «Արդ, շա­րու­նա­կենք մեր ճամ­բան: Սկսինք քա­լել, դուն ա­ւե­լի ու­շա­դիր պի­տի ըլ­լաս յա­ջորդ ան­գամ» (էջ 35): Ար­դա­րեւ, ա­մէ­նու­րեք, ա­ռա­ջին ա­ռի­թով իսկ կը մտա­ծենք պատ­ժե­լու մա­սին: ­Կը մոռ­նանք, որ պա­տի­ժը կամ դի­տո­ղու­թիւ­նը պէտք է ձգտին լա­ւին, ըլ­լան դաս­տիա­րա­կիչ, ոչ թէ ամ­րաց­նեն իշ­խա­նու­թիւն կամ հե­ղի­նա­կու­թիւն, նպաս­տեն շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան:

­Ժա­մա­նա­կա­կից­ներս ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն հե­տաքրք­րող հար­ցում մը կուղ­ղէ լրագ­րո­ղը.- «Ըստ ձե­զի, ին­չո՞ւ մարդ­կու­թիւ­նը, այ­սօր, մեր ժա­մա­նա­կին մէջ, այն­քան կա­րիք ու­նի ո­ղոր­մա­ծու­թեան»: Այ­սինքն՝ ան­յի­շա­չա­րու­թեան, նե­րել գիտ­նա­լու:

Ֆ­րան­սո­ւա ­Պապ ի­րեն յա­տուկ պար­զու­թեամբ կը պա­տաս­խա­նէ.- «­Քա­նի որ մարդ­կու­թիւ­նը վի­րա­ւոր է, մարդ­կու­թիւն մը՝ որ խոր վէր­քեր ու­նի: Ան չի գի­տեր ինչ­պէս զա­նոնք խնա­մել, կամ կը խոր­հի, որ այդ ան­կա­րե­լի է: Չ­կան միայն ըն­կե­րա­յին հի­ւան­դու­թիւն­ներ, թշո­ւա­ռու­թեան պատ­ճա­ռով վի­րա­ւոր­ներ, ըն­կե­րա­յին մեր­ժում­ներ՝ այս եր­րորդ հա­զա­րա­մեա­կի ստրկու­թեան բազ­մա­թիւ ձեւե­րով: ­Յա­րա­բե­րա­կա­նու­թիւ­նը նաեւ կը վի­րա­ւո­րէ. ­Կը թուի թէ ա­մէն բան նոյն կա­րեւո­րու­թի­նը ու­նի: Այս մարդ­կու­թիւ­նը կա­րիք ու­նի ո­ղոր­մա­ծու­թեան» (էջ 37):

Սր­բա­զան ­Պա­պը կանդ­րա­դառ­նայ մեր փակ ըն­կե­րու­թեան.- «­Մար­դիկ մաս­նա­ւո­րա­բար կը փնտռեն մէ­կը, որ զի­րենք լսէ: Որ տրա­մա­րիր ըլ­լայ, ժա­մա­նակ տրա­մադ­րէ լսե­լու ի­րենց ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը եւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը: Ինչ որ ես կը կո­չեմ «ա­կան­ջի ա­ռա­քե­լու­թիւն», եւ այս կա­րեւոր է: ­Շատ կա­րեւոր» (էջ 39):

Ան­շուշտ ­Պա­պին խօս­քը եւ մտա­ծում­նե­րը ազ­նիւ կրօ­նա­կան բնոյթ ու­նին: ­Բայց ըն­թեր­ցո­ղը, որ ես եմ, հոն կը գտնեմ մեր աշ­խար­հիկ կեան­քը լու­սա­ւո­րող ի­մաս­տու­թիւն: ­Կը յանձ­նա­րա­րէ.- «... Ես կը կրկնեմ յա­ճախ՝ դո՜ւրս գալ: ­Դո՜ւրս գալ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն եւ ծու­խե­րէն (մտա­ծել ը­սո­ւա­ծի մա­սին, կրնանք ը­սել մեր քա­ղա­քէն, թա­ղէն, միու­թիւն­նե­րէն, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն, ա­կումբ­նե­րէն - Յ.Պ.), դո՛ւրս գալ եւ եր­թալ գտնել մար­դի­կը հոն, ուր ա­նոնք կապ­րին, ուր կը տա­ռա­պին, ուր կը յու­սան» (էջ 74): Ա­սի­կա ե­թէ կա­տա­րո­ւի, ըն­կե­րու­թիւ­նը կըլ­լայ ա­ւե­լի խա­ղաղ եւ ար­դար: ­Կար­դալ եւ մտա­ծել ը­սո­ւա­ծին մա­սին: Ի­մաս­տու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փա­կում չու­նի, եւ թե­րեւս կա­րե­լի կըլ­լայ յաղ­թա­հա­րել «մար­դը մար­դուն գայլն է» ­Հոպ­զեան յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը:

Այս ար­տա­կարգ ի­մաս­տու­նը կը­սէ նաեւ.- «Ոչ ոք ա­նար­դա­րու­թեան մա­սին կրնայ խօ­սիլ, ե­թէ չմտա­ծէ այն ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, զորս ինք գոր­ծած է Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ (այ­սինքն իր խիղ­ճին առ­ջեւ - Յ.Պ.): ­Մենք եր­բեք պէտք չէ մոռ­նանք մեր ծա­գում­նե­րը, ցե­խը՝ ուր­կէ հա­նո­ւած ենք, եւ այդ կա­րեւոր է ա­մէ­նէն ա­ռաջ ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք Աս­տու­ծոյ կը ծա­ռա­յեն» (ընդգծ. Յ.Պ.): ­Ծա­ռա­յե­լու կո­չո­ւած­նե­րուն՝ այ­սինքն՝ «ղե­կա­վար­նե­րուն»: ­Կը յի­շէ ա­ւե­տա­րա­նի­չին տո­ւած օ­րի­նա­կը.- «Ան կը նկա­րագ­րէ կե­ցո­ւած­քը ա­նոնց, ո­րոնք ու­րիշ­նե­րու կը պար­տադ­րեն ծանր բեռ­ներ, մինչ ի­րենք ի­րենց ճկոյթն ան­գամ չեն բարձ­րաց­ներ, կու­զեն որ զի­րենք կո­չենՏէր» (էջ 89): Այս մտա­ծու­մը ե­թէ փո­խադ­րենք մեր կեան­քին եւ ըն­կե­րու­թեան մէջ, կըլ­լանք ա­ւե­լի ար­դար եւ յար­գան­քը կը դադ­րի ձեւա­կա­նու­թիւն ըլ­լա­լէ:

­Կը լսե՞ն այս պա­պը, որ կը­սէ.- «­Նե­րու­մի մեր­ժու­մը, «ակն ընդ ա­կան»ի եւ «ա­տամն ընդ ա­տա­ման»ի օ­րէն­քը, կը սպառ­նան սնու­ցա­նե­լու ան­վեր­ջա­նա­լի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու ո­լո­րա­գի­ծը» (էջ 99):

Ար­դիա­կան եւ ան­մի­ջա­կան է քա­հա­նա­յա­պե­տին դա­տու­մը ըն­կե­րու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից ախ­տին հան­դէպ, որ փտախտն է, «կո­ռուպ­ցիա»ն, (corruption): Կ­’ը­սէ.- «Փ­տախ­տը այն մեղքն է, որ փո­խա­նակ ճանչ­ցո­ւե­լու որ­պէս այդ­պի­սին եւ հա­մեստ դարձ­նե­լու, վե­րա­ծո­ւած է հա­մա­կար­գի, մտա­յին սո­վո­րու­թիւն մը, ապ­րե­լու ոճ մը: ­Ներ­ման եւ ո­ղոր­մա­ծու­թեան պա­հանջ չենք զգար, մենք մեզ կար­դա­րաց­նենք, եւ կար­դա­րաց­նենք մեր վե­րա­բե­րում­նե­րը» (էջ 101-102): ­Նոյ­նիսկ գիրք մը գրած է այս մա­սին. ԲՈՒԺԵԼ ՓՏԱԽՏԸ (1991ին, ֆրան­սե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը՝ 2014ին): ­Նաեւ՝ «Փ­տախ­տի մէջ ե­ղո­ղը (կո­ռում­պա­ցո­ւա­ծը, ­Հա­յաս­տան ըն­դու­նո­ւած բա­ռով), կը թաքց­նէ այն, ինչ որ կը հա­մա­րէ իր գան­ձը, որ զինք կը դարձ­նէ ստրուկ, եւ իր ախ­տը կը ծած­կէ լաւ կրթու­թեան մը ջնա­րա­կով՝ ը­նե­լով այն­պէս, որ ե­րեւոյթ­նե­րը պահ­պա­նո­ւին» (էջ 103):

Այս ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը յանդգ­նու­թեամբ կը քննա­դա­տէ ժա­մա­նա­կա­կից ըն­կե­րու­թիւ­նը կրծող փտախ­տը: Այս պար­բե­րու­թիւ­նը կար­ժէ շրջա­նա­կի մէջ առ­նել եւ պա­տէն կա­խել հան­րա­յին վայ­րե­րու եւ պաշ­տօ­նա­տու­նե­րու մէջ.

«Փ­տախ­տը (կո­ռուպ­ցիան, corruption) գործ չէ, վի­ճակ է, անձ­նա­կան վի­ճակ, ո­րուն մէջ ապ­րե­լու սո­վո­րու­թիւն է:

Փ­տախ­տի մէջ ե­ղող ան­ձը այն­քան բան­տար­կո­ւած կըլ­լայ իր ինք­նա­գո­հու­թեան մէջ, ան­կէ գոհ, որ ոչ մէկ բա­նէ եւ ոչ ո­քէ կազ­դո­ւի: Ան կա­ռու­ցած է խար­դա­խու­թեան վե­րա­բե­րում­նե­րու վրայ հիմ­նո­ւած ինք­նագ­նա­հա­տում մը. իր կեան­քը կանց­նէ պատ­եհա­պաշ­տու­թեան կողմ­նա­կի ճամ­բա­նե­րու վրայ, ի գին իր ան­հա­տա­կան եւ ու­րիշ­նե­րու ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան: Ա­պա­կա­նա­ծը միշտ ու­նի մէ­կու դէմ­քը, որ կը­սէ.- «Ես չեմ, ինքն է, որ այդ ը­րած է» (էջ 104):

Եւ կը նկա­րագ­րէ տի­պա­րը, որ կը բո­ղո­քէ, թէ «իր դրա­մա­պա­նա­կը գող­ցած են, որ փո­ղոց­նե­րուն մէջ ա­նա­պա­հո­վու­թիւն կայ, որ կը կո­ղոպ­տէ պե­տու­թիւ­նը տուր­քէ խու­սա­փե­լով, կամ գոր­ծէ կար­ձա­կէ իր պաշ­տօ­նեա­նե­րը ե­րեք ա­մի­սը ան­գամ մը, որ­պէս­զի ա­նոնց հետ ա­նո­րոշ ժա­մա­նա­կով հա­մա­ձայ­նա­գիր չկնքէ, կամ զա­նոնք աշ­խատց­նե­լով ա­ռանց պե­տու­թեան մօտ յայ­տա­րա­րե­լու՝ որ ա­նոնք իր աշ­խա­տա­ւոր­ներն են: ­Թե­րեւս ա­մէն կի­րա­կի պա­տա­րա­գի ալ ներ­կայ կըլ­լայ, եւ ինք­զինք կը գո­վէ իր հե­րո­սու­թիւն­նե­րուն հա­մար, եւ իր հան­գա­ման­քը կը շա­հա­գոր­ծէ կա­շառք ստա­նա­լու հա­մար:

Փ­տախ­տը կորսնց­նել կու տայ ա­մօ­թի զգա­ցու­մը, որ իր կար­գին կը ծած­կէ ճշմար­տու­թիւ­նը, բա­րու­թիւ­նը, գե­ղե­ցի­կը… ­Յա­ճախ փտախ­տի մէջ ե­ղո­ղը չանդ­րա­դառ­նար իր վի­ճա­կին, ա­նոր պէս՝ որ կան­գի­տա­նայ, թէ իր շուն­չը կը հո­տի » (էջ 104-105)...

­Մեր շրջա­պա­տը եւ մենք մեզ ճանչ­նա­լու ո­րա­կա­ւոր­ման դաս: Լ­սել եւ թա­փան­ցո­ւիլ պէտք է գիտ­նալ եւ ա­պա կանգ չառ­նել...

Այս զրոյ­ցին կրօ­նա­կան եւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը կրնան ը­նել ու­րիշ­ներ: Իմ ըն­թեր­ցումս կա­տա­րե­ցի ըն­կե­րու­թեան տագ­նապ­նե­րուն առն­չո­ւող մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով:

­Բա­նո­ւոր­նե­րու ճա­շա­րա­նը գա­ցող ­Քա­հա­նա­յա­պե­տի պատ­կե­րը ե­թէ կա­խենք նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու եւ ար­քա­յա­կան կամ նա­խա­գա­հա­կան, ե­պիս­կո­պո­սա­կան կամ մեծ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նա­տու­նե­րուն մէջ, կը ներշնչուինք «օ­րի­նա­կի ար­ժէք»ի մարդ­կայ­նաց­նող լոյ­սէն:

Ա­սի­կա տի­րա­ցո­ւա­կան քա­րոզ չէ:

Այդ լոյ­սը կա­րեւոր է այ­սօր, երբ տագ­նապ­նե­րը հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած են...

Յ. ՊԱԼԵԱՆ