Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­­Մօ­տա­ւո­րա­պէս շա­բաթ մը ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ կա­յա­ցած հան­րա­հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին, 1in.am կայ­քի թղթա­կի­ցը հար­ցուց «­­Ժա­ռան­գու­թիւն» խմբա­ւո­րու­մի (չեմ հա­մար­ձա­կիր կու­սակ­ցու­թիւն կո­չե­լու) ղե­կա­վար ­­Րաֆ­ֆի ­­Յով­հան­նի­սեա­նին, թէ ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէ Հ.Յ.Դ.-իշ­խա­նու­թիւն հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն (կոա­լի­ցիա) կազ­մե­լու մա­սին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը:

«­­Ժա­ռան­գու­թեան» ղե­կա­վա­րը բա­ռա­ցիօ­րէն պա­տաս­խա­նեց (կ­­՛ար­տագ­րենք նոյն կայ­քի տե­սաե­րի­զէն).- «... ­­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ին­քը եւ յատ­կա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան շար­քա­յին­նե­րը ի­րե՛նք պի­տի գնա­հա­տեն ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի խօս­քը, ե­թէ իս­կա­պէս այդ խօս­քը ներ­կա­յաց­նում է ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ամ­բող­ջա­կան, հա­մա­պար­փակ եւ պաշ­տօ­նա­կան տե­սա­կէ­տը: Իսկ ե­թէ ա­յո, ու­րեմն ես հա­մա­րում եմ, որ մեծ խզում կայ ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ար­ժէք­նե­րի, ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան եւ այդ ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած մօ­տե­ցում­նե­րի մի­ջեւ: Եւ այդ խզու­մը եւ այդ խզման հե­տե­ւանք­նե­րը պէտք է գնա­հա­տի ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դը, այլ յատ­կա­պէս շար­քա­յին դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րը: ­­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րին ան­դամ են (ե­ղել) իմ պա­պերս, ո­րին ծա­ռա­յել են իմ պա­պերս, այդ գա­ղա­փա­րը՝ ա­զա­տու­թեան, ան­կա­խու­թեան, ան­կա­շա­ռու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րը, եւ այն, ինչ որ մենք այ­սօր տես­նում ենք, թէ՛ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ յան­ցա­գործ ռե­ժի­մին հետ, թէ՛ ակն­յայ­տօ­րէն կեղ­ծո­ւած հան­րա­քո­ւէի ար­դա­րա­ցում, ե­ւայլն, ե­ւայլն, պար­զա­պէս խօ­սում է մի այլ ի­րա­կա­նու­թեան մա­սին: Ես դա գնա­հա­տել եմ: Ես մեծ ցա­ւով եմ մօ­տե­նում, ո­րով­հե­տեւ ես մեծ ար­ժէք եմ տես­նում ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ընդ­հա­նուր գա­ղա­փա­րին մէջ: ­­Բայց ցա­ւօք սրտի, այդ յստակ խզու­մը, որ հի­մա կայ ղե­կա­վար խմբա­կի եւ ժո­ղովր­դի, այդ ղե­կա­վար խմբա­կի եւ շար­քա­յին դաշ­նակ­ցա­կա­նի մի­ջեւ, այն­քան ակն­յայտ է եւ աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն այն­պէս տա­րա­ծո­ւած, ո­ր­ ա­նի­մաստ է դարձ­նում ար­դէն իմ պա­տաս­խա­նը»:

Այս բա­ժի­նը ար­տագ­րե­ցինք լրիւ, որ­պէս­զի ըն­թեր­ցո­ղին հա­մար յստակ ըլ­լայ ը­սո­ւած խօս­քին հա­րա­զատ պա­րու­նա­կը:

­Մեր նա­խորդ շաբ­թո­ւան յօ­դո­ւա­ծին իբ­րեւ խո­րա­գիր ընտ­րած էինք՝ «­­Գէշ ­բան ­չէ գ­­րե­լէ ­կամ ­խօ­սե­լէ ա­ռաջ ­կար­դա­լը»: ­­Հի­մա, մեր խօս­քը ուղ­ղե­լով ­­Րաֆ­ֆի ­Յով­հան­նի­սեա­նին՝ կրնանք ը­սել.- «­­Գէշ բան չէ խօ­սե­լէ ա­ռաջ... մտա­ծե­լը»: Իսկ չմտա­ծո­ւած խօս­քը, մա­նա­ւանդ քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս, եր­բեք չէ փաս­տած իր օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը:

«­­Ժա­ռան­գու­թեան» ղե­կա­վա­րին խօս­քը ու­րիշ բան չէ, ե­թէ ոչ գրգռիչ ցե­խար­ձա­կում ու ա­նար­գանք Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան հաս­ցէին: ­­Նախ՝ ո­րով­հե­տեւ Հ.Յ.Դ.ն ­չու­նի «ղե­կա­վար խմբակ», այլ՝ ու­նի ­­Բիւ­րօ, ու­նի ­­Գե­րա­գոյն ­Մար­մին, ու­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէ­ներ եւ ­Կո­մի­տէ­ներ: Եւ Ր. ­­Յով­հան­նի­սեան լաւ գի­տէ Հ.ՅԴի կա­ռոյ­ցը: ­­Սա­կայն մի­տում­նա­ւոր կեր­պով կը գոր­ծա­ծէ «ղե­կա­վար խմբակ» ա­նար­գա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը: Ի­րեն յի­շեց­նենք, որ քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ ի վեր­ջոյ կայքա­ղա­քա­վա­րու­թիւն ը­սո­ւած բա­նը: Ինք ու­նի ի­րա­ւուն­քը իր ու­զած վար­քա­գի­ծը ճշդե­լու ­­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ. ա­զատ է մեր­ժե­լու ո­րե­ւէ խօ­սակ­ցու­թիւն, բա­նակ­ցու­թիւն, կամ գոր­ծակ­ցու­թիւն: Իւ­րա­քան­չիւր կողմ, հո­սանք, կազ­մա­կեր­պու­թիւն թէ ան­հատ, ու­նի՛ ի­րա­ւուն­քը հա­մա­հայ­կա­կան խնդիր­նե­րու նկատ­մամբ իր վե­րա­բե­րու­մը ճշդե­լու: ­­Բայց ան­թոյ­լատ­րե­լի է, երբ նոյն այդ վե­րա­բե­րու­մէն մեկ­նե­լով կ­­՛ա­նար­գէ այ­լոց կե­ցո­ւած­քը կամ ի­րա­ւուն­քը: ­­Րաֆ­ֆի ­­Յով­հան­նի­սեան կրնայ տա­րա­կար­ծիք ըլ­լալ ՀՅ­.­Դի այս կամ այն քայ­լին ու կե­ցո­ւած­քին նկատ­մամբ: ­­Սա­կայն իր տա­րա­կար­ծիք ըլ­լա­լը ի­րեն ի­րա­ւունք չի տար ա­նար­գե­լու ՀՅ.­­­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու նման ան­քա­ղա­քա­վար բա­ռա­պա­շար գոր­ծա­ծե­լու ա­նոր նկատ­մամբ: ­­Րաֆ­ֆի ­­Յով­հան­նի­սեան, ակ­նար­կե­լով ՀՅԴ.­ ­­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­­Մար­գա­րեա­նի անց­նող շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թեան, կաս­կա­ծի տակ կ­­՛առ­նէ ա­տոր կազ­մա­կեր­պա­կան օ­րի­նա­կա­նու­թիւ­նը, երբ կ­՛ը­սէ.- «...­ Ե­թէ իս­կա­պէս այդ խօս­քը ներ­կա­յաց­նում է ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ամ­բող­ջա­կան, հա­մա­պար­փակ եւ պաշ­տօ­նա­կան տե­սա­կէ­տը»: Ր. ­­Յով­հան­նի­սեա­նին ուղ­ղե­լով մեր խօս­քը, յստա­կօ­րէն կ­­՛ը­սենք.- ­­Բիւ­րօն իբ­րեւ Հ.ՅԴ.ի վե­րին գոր­ծա­դիր մար­մին, կը գոր­ծէ Ընդ­հա­նուր ժո­ղով­նե­րու ճշդած ռազ­մա­վա­րու­թեան ու ո­րո­շում­նե­րուն հա­մա­ձայն եւ հա­շո­ւե­տու է ոչ թէ… «­­Ժա­ռան­գու­թեան» ա­ռաջ­նոր­դին, այլ՝ օ­րի­նա­կան կար­գով, նոյն այդ ժո­ղով­նե­րուն ու բա­րո­յա­պէս՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին: ­­Վերջ: Հ.Յ.Դ.ի վար­կի պահ­պա­նու­մի հրայր­քով քու­նը փախ­ցու­ցած Ր. ­­Յով­հան­նի­սեան նաեւ «մեծ խզում» կը տես­նէ Հ.Յ.Դ.ի դա­ւա­նած ար­ժէք­նե­րուն, գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան եւ «ղե­կա­վա­րու­թեան դրսե­ւո­րած կե­ցո­ւածք­նե­րուն» մի­ջեւ: Իր յի­շո­ղու­թիւ­նը թար­մաց­նե­լու կար­գով ը­սենք, որ ե­րե­ւի այս «մեծ խզում»ի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներն էին Հ.Յ.Դ. 125ա­մեա­կին առ­թիւ ժո­ղովր­դա­յին այն ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը եւ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը՝ մեր բո­լո՛ր ձեռ­նարկ­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ Ս­փիւռ­քի: ­­Վեր­ջի­նը՝ ­­Փա­սա­տի­նա­յի մէջ, 17 ­Յու­նո­ւա­րին, եւ ո­րուն ներ­կայ ու ա­կա­նա­տես վկան էր նոյ­նինքն «­­Ժա­ռան­գու­թեան» ա­ռաջ­նոր­դը, իբ­րեւ հրա­ւի­րեալ: Իսկ ի՞նչ կ­­՛ը­սեն ի՛ր, Ր. ­­Յով­հան­նի­սեա­նի՛ն ղե­կա­վա­րած կազ­մա­կեր­պու­թեան շար­քե­րը, ի­րենց ա­ռաջ­նոր­դին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն կամ կե­ցո­ւածք­նե­րուն նկատ­մամբ: ­­Կա՞յ ար­դեօք նման բան: ­­Մեր կար­ծի­քով, այդ բնա­գա­ւա­ռէն ներս քար լռու­թիւն կը տի­րէ, ո­րով­հե­տեւչկան շար­քեր: Իսկ ա­ռանց շար­քե­րու՝ ի՞նչ «ա­ռաջ­նորդ»: ­­Րաֆ­ֆի ­­Յով­հան­նի­սեան պէտք է անդ­րա­դառ­նայ, որ ճիշդ է, կա՛յ ի վեր­ջոյ խզում մը ու այդ խզու­մը ի՛նքն իսկ է …­ ի­րա­կա­նու­թե­նէն:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ