Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՈ­րա­կով զար­գա­ցում: Ո՛չ ձե­ւա­կան, ո՛չ մար­դոր­սա­կան:

Ո­րա­կով զար­գաց­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ո­րակ ժա­ռան­գել եւ փո­խան­ցել:

 Իսկ ի՞նչ բան է այդ ո­րա­կը ազ­գի զոյգ հա­տո­ւած­նե­րուն հա­մար:

Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռք(ներ)ի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ընդ­հա­նուր առ­մամբ խա­ղաղ եւ հե­զա­սահ են: Ոչ ոք կը խոր­հի խո­չըն­դոտ ստեղ­ծե­լու մա­սին:

Ե­թէ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը իս­կա­կան ար­ժե­ւոր­ման ու­զենք են­թար­կել, պի­տի տես­նենք, որ Ս­փիւռք(ներ)ը դա­սո­ւած է կառ­քի հին­գե­րորդ ա­նի­ւը ըլ­լա­լու եւ զբօ­սաշր­ջի­կի դե­րին մէջ: Ո­մանք ալ մեծ քա­ղա­քա­վա­րու­թեամբ կըն­դու­նո­ւին եւ կը գո­հա­նան զի­րենք լսող­ներ գտնե­լով, երբ խելք կը բաժ­նեն եւ ա­պա հիւ­րա­նո­ցէն կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց բնա­կու­թեան վայ­րե­րըհայ­րե­նա­սի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն կա­տա­րած ըլ­լա­լու ինք­նա­գո­հու­թեամբ:

Ճա­ռեր ալ կը խօ­սո­ւին սփիւռք(ներ)ի նե­րու­ժին մա­սին: Ճիշդ է, նե­րուժ կայ: Բայց ո՞վ կա­տա­րած է այդ նե­րու­ժին գնա­հա­տու­մը: Ի բաց ա­ռեալ ի­րենք զի­րենք կրկնող միա­ւոր­նե­րէ, ո՞ւր կը տես­նենք այդ նե­րու­ժը: Այդ նե­րու­ժը կօգ­տա­գոր­ծո՞­ւի, օգ­տա­գործ­ման ծրա­գիր կա՞յ, «թու­քով կպցրած» ման­րուք­նե­րէ տար­բեր ո­րա­կով, որ ըլ­լայ իս­կա­կան նպաստ, մաս­նակ­ցու­թիւն՝ ի­րա­ւուն­քով եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, գե­րան­ցե­լով հա­ճո­յա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը, «սա­լամ ա­լէք»նե­րը, ո­րոնք ո­րակ կը փճաց­նեն:

Ս­փիւռք(ներ)ը միաս­նա­կան եւ միա­տե­սակ չէ, ա­նոր ծո­ցին մէջ զար­գա­ցած եւ զար­գա­ցող մտայ­նու­թիւն­նե­րուն եւ հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, լա­ւա­գոյն բա­րի-կա­մե­ցո­ղու­թեամբ ան­գամ, դժուար է հա­սա­րակ յայ­տա­րար մը գտնել: Դեռ չենք խօ­սիր Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռք(ներ)ի մի­ջեւ հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րի մա­սին: Թէեւ պէտք է ըն­դու­նիլ, որ տար­բեր ձե­ւե­րով եւ բո­վան­դա­կու­թեամբ, մէ­կու­թեան ըմբռ­նում­ներ կան, զորս իւ­րա­քան­չիւր անձ իր ու­զած ձե­ւով կը հասկ­նայ եւ կը մեկ­նա­բա­նէ: Ճառ կամ կար­գա­խօս:

Ս­փիւռք(ներ)ը աս­տի­ճա­նա­բար կորսն­ցուց եւ կը շա­րու­նա­կէ կորսնց­նել այն հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րը, որ հայ­րե­նա­հան­ման հե­տե­ւող սփիւռ­քի ա­ռա­ջին շրջա­նին յա­ջո­ղե­ցաւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը պա­հել հա­րա­զա­տու­թեան եւ մէ­կու­թեան ա­ւա­զա­նին մէջ: Ան լե­զու-մշա­կոյթն էր, որ հետզ­հե­տէ կը կծկո­ւի: Ա­պա­ցոյ­ցը՝ դպպրոց­նե­րու փա­կումն է, օ­տա­րա­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու բազ­մա­ցու­մը եւ հա­մա­ցան­ցա­յին լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի ներ­խու­ժու­մը: Ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին ոչ մէկ մտա­հո­գու­թիւն կը դրսե­ւո­րո­ւի այս նա­հան­ջա­կա­նու­թեան դէմ եւ կը շա­րու­նա­կո­ւի «էս­թէպ­լիշ­մընթ»ա­յին ինք­նա­գո­հու­թիւ­նը, եր­թե­ւեկ եւ ժո­ղով­ներ կը շա­րու­նա­կո­ւին լե­զու եւ մշա­կոյթ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար: Իսկ մշա­կոյթ պաշտ­պա­նե­լու ի­րա­րան­ցու­մը կը ծան­ծա­ղի մեր ու­նե­ցա­ծը ու­րի­շին ծա­նօ­թաց­նե­լու քա­րոզ­չու­թեան ե­զերք­նե­րու վրայ:

Տաս­նեակ­նե­րով դպրոց­ներ փա­կուե­ցան եւ կը շա­րու­նա­կեն փա­կո­ւիլ մեր աչ­քին առ­ջեւ ա­ռանց ընդվ­զու­մի ա­լիք յա­ռա­ջաց­նե­լու: Ա­մօ­թա­լի է այն ե­րե­ւոյ­թը, որ նոյ­նիսկ հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու (չենք խպնիր) ծա­նու­ցում­նե­րը օ­տա­րա­լե­զու դար­ձած են, թեր­թե­րը եւ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը կը դառ­նան օ­տա­րա­բար­բառ, հա­յա­խօս­նե­րու թի­ւը հե­ղե­ղա­յին թա­փով կը նո­ւա­զի, հա­յե­րէն ըն­թեր­ցող-գրո­ղը ա­մէն օր քիչ մը ա­ւե­լի հա­զո­ւա­գիւտ կը դառ­նայ: Այս­պէս պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի, երբ ո­րո­շում կա­յաց­նող­նե­րը եւ գոր­ծադ­րող­նե­րը ա­մէն օր քիչ մը ա­ւե­լի կը դադ­րին ազ­գա­յի­նը եւ խոր­քը ա­ռաջ­նա­հերթ հա­մա­րե­լէ, ան­մի­ջա­կան շա­հե­րու զո­հե­լով էա­կա­նը:

Այ­սինքն՝ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը դառ­նան հա­կամ­շա­կոյթ: Ին­չո՞ւ չը­սել նաեւ՝ կը դարձ­նենք հա­կամ­շա­կոյթ: Մեծ մտա­ւո­րա­կան կամ մար­գա­րէ ըլ­լա­լու կա­րիք չկայ նա­խա­տե­սե­լու հա­մար հե­տե­ւան­քը: Միամ­տօ­րէն հա­ւա­տա­ցինք, որ բա­րե­սի­րու­թիւն եւ քա­ղա­քա­կա­նա­ցում պի­տի փո­խա­րի­նէին ինք­նու­թիւն-պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, եւ ազ­գը բան­տար­կե­ցինք կար­գա­խօ­սա­յին աղ­մու­կի մէջ, որ պարզ հա­յե­րէ­նով կը­սո­ւի՝ «­Հա­յաս­տա­նին կօգ­նենք»: Այս բո­լո­րը՝ Հա­յաս­տան-սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ճահ­ճաց­ման, փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու, յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու եւ լու­սան­կար­նե­րու ե­թե­րին մէջ:

Հա­յաս­տան եւ սփիւռք(ներ) կար­գա­խօս­նե­րը նոյն հնչե­ղու­թիւ­նը չու­նէին եւ չու­նին:

Յատ­կան­շա­կան է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ հո­ղա­յին պա­հան­ջի նոյն եւ տար­բեր հար­ցը: Հա­յաս­տան, խորհրդա­յին օ­րե­րէն մին­չեւ այ­սօր, հո­ղա­յին պա­հան­ջի օ­րա­կարգ չու­նի: Եր­բեմն պէտք է յի­շել վե­րան­կա­խա­ցած Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հի խօս­քը, որ կա­րե­լի չէ վերս­տին գրել պատ­մու­թեան է­ջե­րը: Հասկ­նալ, պարզ ժո­ղովրդա­կան (չ­)ի­մաս­տու­թեամբ, որ ան­ցու­կը մոռ­ցուկ է: Ա­նոր ան­յայ­տա­ցած ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը կը գրէր, որ հա­յը ա­ւե­լի կը սի­րէ իր պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քը քան ներ­կայ հայ­րե­նի­քը: Իսկ սփիւռ­քը կար­գա­խօ­սա­յին աղ­մու­կով նպա­տակ կը հա­մա­րէր, եւ կը հա­մա­րէ, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, եւ այդ­քա՛ն: Նոյ­նիսկ այն պա­րա­գա­յին, երբ կը խօ­սո­ւէր հո­ղա­յին պա­հան­ջի մա­սին, ա­նոր նշա­նա­կու­թեան միս եւ ոս­կոր տա­լու կո­չո­ւած բնա­կե­ցում-հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն էա­պէս ա­պա­գա­յա­կերտ միտ­քը խօս­քի սահ­մա­նէն ան­դին չէր անց­ներ:

Գործ­նա­պաշտ­ներ նոր ի­մաս­տու­թեամբ ալ կը­սեն, որ «­Հայ Դատ»ի քա­րոզ­չա­կան հե­տապն­դու­մը օգ­տա­կար է սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման, փա­կա­գի­ծի մէջ դնե­լով լե­զու, մշա­կոյթ եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն:

Հա­յաս­տան-սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ե­րե­ւե­լիա­պաշ­տա­կան եւ զգա­ցա­կան մի­գա­մած մըն են, ուր կը տի­րեն ան­հատ­նե­րու կամ իշ­խող ու­ժե­րու մի­ջեւ ինքն­պա­տակ մրցակ­ցու­թիւն­նե­րը, եւ այս ա­մէ­նը՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան շղար­շի ներ­քեւ: Իսկ զան­գո­ւա­ծը ո՛չ մի­ջոց եւ ոչ ժա­մա­նակ ու­նի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան շուրջ­պա­րին մաս­նակ­ցե­լու, եւ կը հե­տե­ւի պար­կո­թի դե­րը ստանձ­նած ար­հես­տա­վարժ իշ­խող­նե­րուն, յա­ճախ ըն­տա­նե­կան շա­րու­նա­կու­թեամբ, եւ ա­նոնց շու­քին ծո­ւա­րած մի­ջա­կու­թիւն­նե­րուն: Ժա­մա­նա­կին, Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու մը ը­սաւ, որ ա­մէն ա­ռա­ւօտ երբ կա­ծի­լո­ւի, կը մտա­ծէ նա­խա­գահ դառ­նա­լու մա­սին, եւ նա­խա­գահ դար­ձաւ, իսկ ա­մէն օր այդ մա­սին մտա­ծե­լու ա­ռիթ եւ մի­ջոց չու­նին ու­րիշ­ներ: Ա­ղէտ-ար­տա­գաղ­թը եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ձա­խո­ղան­քը կա­րե­լի՞ է այ­լա­պէս բա­ցատ­րել՝ տե­ւա­բար տնտե­սա­կան ազ­դա­կի ե­տին թաք­նո­ւե­լով:

Հա­յաս­տան-սփիւռք(ներ) յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, յի­շո­ւած բո­լոր պատ­ճառ­նե­րով, ո­րա­կի կա­րիք ու­նին, ո­րակ՝ մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ար­ժա­նիք­նե­րու, ի­մաս­տու­թեան, անձ­նա­կան յանձ­նա­ռու­թեան օ­րի­նա­կի: Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը լաւ բան է, ե­թէ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ըլ­լան ա­զատ եւ լու­սա­բա­նո­ւած, ա­պա թէ ոչ կըլ­լան զո­հե­րը ան­հա­տա­կան կամ իշ­խող ար­հես­տա­վարժ­նե­րու կողմ­նա­պաշ­տա­կան քա­րոզ­չու­թեան, ար­հես­տա­վարժ­ներ՝ ո­րոնք ի­րար­մով կը յա­ւեր­ժա­նան: Ժո­ղո­վուր­դը ինք ո՛չ մի­ջոց եւ ո՛չ ժա­մա­նակ ու­նի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն եւ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն խա­ղա­լու: Այս զոյ­գը, հան­րա­յին բա­րիք ըլ­լա­լու հա­մար, պէտք ու­նի սկզբունք­նե­րու, հա­շո­ւետուու­թեան, դիր­քե­րու վրայ չյա­ւեր­ժա­նա­լու բա­րո­յա­կա­նու­թեան եւ ա­չա­լուրջ հա­կա-ա­ւա­տա­պե­տու­թեան:

Հա­յաս­տան-սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն կը պակ­սի ար­ժէ­քի, խոր­քի, յանձ­նա­ռու­թեան եւ ազ­գա­յին ի­րաւ հե­ռան­կա­րի հա­մա­տեղ սահ­մա­նու­մը եւ ըստ այնմ կազ­մա­կեր­պո­ւած աշ­խա­տան­քը: Այս աշ­խա­տան­քը ո՛չ բա­րե­սի­րա­կան ար­շաւ է, ո՛չ ալ զբօ­սանք, ո­րոնք կը զբա­ղեց­նեն զգա­ցա­կան հայ­րե­նա­սէր­նե­րը եւ կամ­րապն­դեն իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու ա­թոռ-ա­թո­ռակ­նե­րը, յա­ճախ ըն­տա­նե­կան-բա­րե­կա­մա­կան:

Հա­յաս­տան-սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ըստ ազ­գա­յին հե­ռան­կա­րի վե­րաո­րա­կա­ւոր­ման կա­րիք ու­նին: Իսկ այդ վե­րաո­րա­կա­ւո­րու­մը հին­ցած կեր­պա­սով նոր հա­գուստ կա­րե­լու չի կրնար նմա­նիլ: Հե­տե­ւա­բար պէտք չէ զար­մա­նալ, որ ար­տա­գաղթ կայ եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն չկայ:

Հ­րա­վա­ռու­թիւն­նե­րով չզո­ւար­ճա­ցող հա­մա­ժո­ղով մը չե՞ն ար­ժեր այս հար­ցե­րը, պայ­մա­նաւ որ ան նախ­կին­նե­րու աղմ­կա­յա­րոյց կրկնու­թիւ­նը չըլ­լայ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ