Պարզ է, որ տեղեկատուական եւ քարոզչական մարզերուն մէջ շարժանկարը շատ կարեւոր գործօն է, մանաւանդ երբ արուեստի մակարդակով եւ արժէքներով կը պատրաստուի: Հայաստան եւ ընդհանրապէս հայութիւնը շարժանկարը իբրեւ այդպիսին տակաւին առաւելագոյնս չեն կրցած օգտագործել` հակառակ այդ մարզին մէջ մեր ունեցած հսկայական ներուժին: Ուրախալի եւ, ին
չո՞ւ չէ, նաեւ հպարտալի է, երբ օտար շարժանկարներու մէջ համաշխարհային դերասաններ՝ հռչակաւոր աստղեր հայ տիպարներ կը մարմնաւորեն: Նոյնիսկ այս երեւոյթը ի նպաստ մեր քարոզչութեան ծառայեցնելու այնքան կենսական աշխատանքին մէջ բաւական ետ կը մնանք զանազան ժողովուրդներէ, մանաւանդ` հրեաներէն: Ասիկա հարց մըն է, որուն մասին կ՛արժէ մտածել: Շարժանկարի համաշխարհային աստղեր իրենց ասպարէզի ընթացքին մարմնաւորած են տարբեր ազգերու տիպարներ, որոնց շարքին` նաեւ հայեր: Կը ներկայացնենք փունջ մը.-
ՍՈՖԻԱ ԼՈՐԷՆ
Աշխարահռչակ դերասանուհի եւ բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած Սոֆիա Լորէն, «Հռոմէական կայսրութեան անկումը» (1964) պատմական շարժանկարին մէջ մարմնաւորեց Հայաստանի թագուհի Լուսիլլայի կերպարը, որու ամուսինին դերը ստանձնեց Օմար Շերիֆ: Շարժանկարին բեմադրիչն է Անթոնի Մանն: Աւելի քան 3 ժամ տեւողութեամբ շարժապատկերը կ՛արծարծէ կայսերական փտածութիւնը, ատոր լոյսին տակ` հօր եւ զաւկի յարաբերութիւնները, հաւատարմութեան եւ բարեկամութեան բնոյթն ու սահմանափակումները:
ՔԼՈՏԻԱ ՔԱՐՏԻՆԱԼԷ
Հանճարեղ Անրի Վերնէօյի «Մայրիկ» (1991) շարժապատկերին մէջ գլխաւոր հերոսի մօր կերպարը մարմնաւորած է իտալացի դերասանուհի Քլոտիա Քարտինալէ: Քանի մը տարի առաջ, «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ, աշխարահռչակ դերասանուհին այցելեց Երեւան եւ խոստովանեցաւ, որ Ֆրանսայի մէջ իրեն կը մօտենան անծանօթ հայեր` հետեւեալ բառերը արտասանելով.- «Դուք մեր մայրիկն էք»:
ՕՄԱՐ ՇԵՐԻՖ
Նոյն շարժապատկերին մէջ գլխաւոր հերոսին հօր կերպարը մարմնաւորեց արաբ աշխարահռչակ դերասան Օմար Շերիֆ: «Մայրիկ» եւ «Փարատի փողոց, թիւ 588» շարժանկարներուն մէջ Անրի Վերնէօյ, իր ընտանիքին օրինակով, կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ատոր հետեւանքներուն մասին: «Մայրիկ»ի բեմագրութիւնը գրուած է աւելի քան 40 տարբերակով, բայց միայն մէկը 1985 թուականին հրապարակուեցաւ եւ թարգմանուեցաւ տասը լեզուով, ընդհանուր 200 հազար օրինակով: Գիրքին հայերէն տարբերակը հրատարակուած է 1988 թուականին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
ԺԱՆ ՓՈԼ ՊԵԼՄՈՆՏՕ
Արկածախնդրական շարժանկարներու ֆրանսացի հռչակաւոր դերասան Ժան Փոլ Պելմոնտօ ունի հայ բարեկամներ, որոնցմէ էր բեմադրիչ Անրի Վերնէօյ, որուն 1971ին պատրաստած The Burglars (Le Casse) շարժանկարին մէջ Պելմոնտօ մարմնաւորեց Ազատ անունով հայ գողի մը կերպարը, որ Աթէնքի մէջ կը հետապնդուի յոյն ոստիկանի մը (Օմար Շերիֆ) կողմէ:
ԱԼ ՓԱՉԻՆՕ
Շարժապատկերի «Օսքար»ի եւ 30է աւելի այլ մրցանակներու արժանացած Հոլիվուտի աստղերէն Ալ Փաչինօ, «Դուք չէք գիտեր Ճեքը» (2008) շարժանկարին մէջ, մարմնաւորած է յայտնի հայ բժիշկ Ճեք Գէորգեանը, որ իր մասնագիտութեան պատճառով ստացած էր «Բժիշկ մահ» անունը: Ալ Փաչինօ այդ դերին համար ստացաւ «Ոսկիէ կլոպ» մրցանակը: Շարժանկարի բեմադրիչն է Պարրի Լեւինսոն:
ԺԱՆ ՌԵՆՕ
Վերջին տասնամեակներուն ամենայայտնի ֆրանսացի դերասան Ժան Ռենօ նկարահանուած է ֆրանսացի բեմադրիչ Լորեն Տիւելի 2009ին պատրաստած «Փակ շրջան» (Le Premier Cercle) շարժանկարին մէջ ` յաջողութեամբ մարմնաւորելով հայու մը` Ֆրանսայի մէջ յանցագործ հայկական խմբակի մը ղեկավարին դերը: Ժապաւէնը կը պատմէ յանցագործ Մալաքեաններու գերդաստանին պատմութիւնը, ուր երիտասարդ տղան կը փորձէ ըմբոստանալ իր հօր` Մալաքեաններու գերդաստանի գլխաւորին իշխելու կամքին դէմ: Տղան կը փորձէ վերջ տալ յանցագործ կեանքին եւ սկսիլ նոր, ինքնուրոյն կեանք: Երեւանի մէջ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնին վեցերորդ տարուան բացումը տեղի ունեցաւ, 2009 թուականի Յուլիս 12ին, «Փակ շրջան» շարժանկարով:
ԱԼԱՆ ԱՐՔԻՆ
Ամերիկացի տաղանդաւոր դերասան, «Օսքար»ի եւ այլ մրցանակներու արժանացած, այժմ 82ամեայ Ալան Արքին, բեմադրիչ Մայք Նիքոլզի 1970ին պատրաստած «Catch-22» շարժանկաին մէջ, մարմնաւորած է կերպարը հարիւրապետ Ճոն Եոսարեանի, որ Միացեալ Նահանգներու օդուժին հետ մասնակցած է Բ. Համաշխարհային Պատերազմին: «Catch-22»ն երգիծական ողբերգակատակերգութիւն մըն է` ընդդէմ պատերազմի:
ԼՈՒԻ ՏԸ ՖԻՒՆԷՍ
Ֆրանսացի յայտնի կատակերգակ Լուի տը Ֆիւնէս, «Բաց-բերանը» շարժանկարին մէջ, մարմնաւորած է կերպարը հայ հարուստ գործարար, նաեւ՝ կանկսթեր Լէափոլտ Սարոյեանի: Շարժանկարը 1965 թուականին Մոսկուայի շարժապատկերի փառատօնին արժանացաւ պատուոյ վկայականի, իսկ ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին այդ կատակերգութինը դիտեց աւելի քան 30 միլիոն մարդ:
ՓԱՍ ՎԵԿԱՆ
Սպանացի դերասանուհի Փաս Վեկան, Ցեղասպանութեան նուիրուած Թաւիանի եղբայրներու «Արտոյտներու ագարակը» (2007) շարժանկարին մէջ, մարմնաւորեց հայուհի Նունիկը: Նոյն ժապաւէնին մէջ դեր ստանձնած է նաեւ այլ աստղ մը` գերմանացի Մորից Պլեայփթրոյ: Պերլինէյլ սրահին մէջ «Արտոյտներու ագարակը» ժապաւէնի առաջին ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին, Թաւիանի եղբայրները կրկին շեշտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:
ԼՈՒՊՆԱ ԱԶԱՊԱԼ
Պելճիքացի դերասան Լուպնա Ազապալ հանդէս եկաւ ամերիկացի բեմադրիչ, միջազգային մրցանակներու արժանացած Պրէյտըն Քինկի «Սիրոյ ակնթարթներ» (2011) շարժանկարին մէջ, որ գործերով Հայաստան մեկնող ամերիկացի քարտէսագրի եւ անոր ազգութեամբ հայ ընկերուհիին սիրոյ մասին է: Ժապաւէնը արժանացաւ Պերլինի շարժանկարի փառատօնի դատական կազմի յատուկ մրցանակին: Լուպնա Ազապալ նախապէս դեր ստանձնած է նաեւ ֆրանսացի բեմադրիչ Ռոպերթ Քէշիշեանի «Արամ» շարժանկարին մէջ, ուր Արամի դերով հանդէս եկած է Սիմոն Աբգարեան:
ԺԵՐԱՐ ՏԵՓԱՐՏԻԷՕ
2013 թուականին ֆրանսացի տաղանդաւոր եւ այլախոհ դերասան Ժերար Տեփարտիէօ հանդէս եկած է «Miserere» (The Mark of the Angels) արկածախնդրական շարժանկարին մէջ: Գլխաւոր հերոս Լիոնել Քաստան կ՛երթայ հայկական եկեղեցի, կը կարօտնայ իր կինը, որ գացած է Հայաստան, կ՛ունենայ «Տուտուկ» անունը: Շարժանկարին բեմադրիչն է Սիլվէյն Ուայթ:
ՏԷՅՎԻՏ ԱԼՓԱՅ
Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» (2002) շարժանկարին մէջ հանդէս եկած է քանատացի ծանօթ դերասան Տէյվիտ Ալփայ, որ մարմնաւորած է հայու ցաւը պատմող Րաֆֆի անունով երիտասարդ հայու մը դերը: Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ շարժանկարին մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ Սիմոն Աբգարեան, Արսինէ Խանճեան, Շարլ Ազնաւուր, կիսով թուրք Էլիաս Քոթես եւ Քրիսթոֆըր Փլամըր:
ԹԱՀԱՐ ՌԱՀԻՄ
Գերմանացի, ծագումով թուրք Ֆաթիհ Աքինի 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Սպի» (2014) շարժանկարին մէջ գխաւոր հերոսի` Նազարէթ Մանուկեանի դերակատարը ալճերիացի դերասան Թահար Ռահիմն է: Երիտասարդ Նազարէթ կ՛աքսորուի իր հայրենի գիւղէն: Աւելի ուշ ան կը լսէ, որ իր աղջիկները կրնան ողջ ըլլալ: Ան կը ճամբորդէ աշխարհի տարբեր կողմերը` իր աղջիկները գտնելու համար: Վերջապէս ան կը գտնէ իր աղջիկը` Լուսինէն եւ կը տեղեկանայ, որ Արսինէն վարակուած էր անապատին մէջ եւ մահացած` քանի մը տարի առաջ: «Սպի»ին մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ Արսինէ Խանճեան, Սիմոն Աբգարեան, Աքին Կազի:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ - «Ազդակ»