Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԴեկ­տեմ­բեր 2015ին Քա­նա­տա­յի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ փրոֆ. Սե­դա Տա­տո­յեա­նի «2015. Հայ վի­ճա­կը յե­տա­հա­յե­ցու­թեամբ եւ նա­խա­հա­յե­ցու­թեամբ վեր­լու­ծում մը» խո­րագ­րեալ գոր­ծը:

 

 

Ու­սում­նա­սի­րա­կան հա­տո­րը կը բաղ­կա­նայ յա­ռա­ջա­բա­նէ, զոր կը հրա­տա­րա­կենք ստո­րեւ, ե­րեք մա­սե­րէ` ա.- Յե­տա­հա­յե­ցու­թեամբ.- Հայ վի­ճա­կին եւ պատ­մա­կան ե­ղա­փո­խու­թեան իւ­րա­յա­տուկ կող­մերն ու մա­կար­դակ­նե­րը, բ.- Նա­խա­հա­յե­ցու­թեամբ.- Յա­ջորդ հայ դա­րըԿողմ­նա­կի ել­քեր եւ ամ­բող­ջա­կան ետ­դարձ­ներ հան­րու­թեան, կրթա­կան հաս­տա­տու­թեանց եւ մտա­ւո­րա­կան մշա­կոյ­թի մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ, գ.- Յե­տա­հա­յե­ցու­թեամբ եւ նա­խա­հա­յե­ցու­թեամբ.- Ե­րե­ւու­թա­բա­նա­կան եւ ամ­բող­ջա­բա­նա­կան վեր­լու­ծում ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի, պատ­մագ­րու­թեան եւ ինք­նու­թեան հար­ցե­րուն:

Եզ­րա­կա­ցու­թեան բա­ժի­նին խո­րա­գիրն է` Մաք­րասր­բում եւ վա­ղոր­դայ­նը: Կան նաեւ եր­կու յա­ւե­լո­ւած­ներ` Հա­յոց պատ­մու­թեան ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւն մը եւ եզ­րա­բա­նու­թիւն մը.- հա­յե­րէն-անգ­լե­րէն եւ անգ­լե­րէն-հա­յե­րէն:

Սե­դա Պ. Տա­տո­յեան

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

2015ը՝ Հա­րիւ­րա­մեա­կը 1915ի Ե­ղեռ­նին, կը նշէ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ա­ւար­տը, իսկ ներ­կան նոր դա­րու մը սե­մին` գո­յա­բա­նա­կան տա­րածք­նե­րով միջ­նա­րար մըն է միայն մա­սամբ գիտ­ցո­ւած-հասկ­ցո­ւած ան­ցեա­լի մը եւ­ եր­եւա­կա­յո­ւած ա­պա­գա­յի մը միջեւ: Յա­ջորդ հայ դա­րը փո­խա­բե­րու­թիւն մըն է հա­յե­րու ճա­կա­տագ­րին: Ո­րով­հետեւ անձ­կու­թեամբ ակն­կա­լո­ւած եւ միա­ժա­մա­նակ սպա­սե­լի այս ա­պա­գան կընգր­կէ հա­յե­րու տա­րած­քա­յին-ժա­մա­նա­կա­յին ամ­բող­ջու­թիւ­նը կամ Հայ­կա­կան Մե­թա­սիս­թե­մը:

Գլ­խա­ւո­րա­բար լայն հան­րու­թեան նաեւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ուղ­ղուած՝ այս աշ­խա­տու­թիւ­նը քննա­կան վերարժեւո­րում մըն է հայ վի­ճա­կին, այս­պէս կո­չո­ւած հայ­կա­կան բա­նե­րու եւ հա­յա­գի­տա­կան հար­ցե­րու, յե­տա­հա­յե­ցու­թեամբ՝ դէ­պի ան­ցեա­լը եւ նա­խա­հա­յե­ցու­թեամբ՝ դէ­պի ա­պա­գան: Յե­տա­հա­յե­ցու­թիւ­նը կամ յե­տա­տե­սու­թիւ­նը հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն է ան­ցեա­լին պա­տա­հած դէպ­քե­րուն նշա­նա­կու­թեան: Ա­նի­կա չեն­թադ­րեր կա­տա­րեալ տե­սո­ղու­թիւն, սա­կայն պայ­ման է ըմբռ­նե­լու դէպ­քե­րու պատ­ճառ­նե­րը, թէ ի՞նչ կա­րե­լի էր ը­նել եւ թէ ի՞նչ են պատ­մու­թեան դա­սե­րը: Նա­խա­հա­յե­ցու­թիւ­նը հմտու­թիւնն է ա­պա­գա­յին նա­յե­լու՝ ան­ցեա­լին եւ ներ­կա­յին յստակ հաս­կա­ցո­ղու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած: Նաեւ, կա­ցու­թիւ­նը բա­րե­լա­ւե­լու նպա­տա­կով եւ քա­ջու­թեամբ, ա­նի­կա կա­րո­ղու­թիւնն է նա­խա­տե­սե­լու դէպ­քե­րու ուղ­ղու­թիւ­նը նախ քան ի­րենց պա­տա­հի­լը: Բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն՝ բա­նա­լին քննա­կան-վեր­լու­ծո­ղա­կան մօ­տե­ցումն է: Հա­կա­դիր ա­ւան­դա­կան մե­թոտ­նե­րու՝ եւ փո­խա­նակ բաժ­նե­լու մէկ կող­մէ փի­լի­սո­փա­յու­թեան եւ միւս կող­մէ ըն­կե­րա­յին գի­տու­թեանց բե­ւեռ­նե­րը՝ նաեւ առ­նե­լով 2015ը իբրեւ սկզբնա­կէտ, այս գոր­ծը միջ­մար­զա­յին, բա­ցատ­րո­ղա­կան, գործ­նա­կան եւ­ օ­րի­նա­չա­փա­կան աշ­խա­տու­թիւն մըն է: Ա­նի­կա կըլ­լայ իս­կա­պէս վեր­լու­ծո­ղա­կան-քննա­կան ե­թէ կա­րե­նայ հայ մշա­կոյ­թի բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ յա­ռա­ջաց­նել ա­զա­տագ­րու­թիւն գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան բա­նար­կու­թիւն­նե­րէ, մրու­րա­ցումն­նե­րէ, եւ մե­քե­նա­կա­նած գոր­ծե­լա­կեր­պե­րէ:

Միտ­քի եւ գոր­ծի գի­տա­կի՛ց ա­զա­տու­թեան զար­գա­ցու­մին հե­տա­մուտ՝ այս սեր­տո­ղու­թիւ­նը նաեւ փորձ մըն է բա­նա­լու նոր տա­րա­ծու­թիւն մը, կամ մի­ջոց մը՝ հե­ռու ճահ­ճա­ցու­մէ, իշ­խա­նու­թե­նէ եւ ձեռ­նա­վա­րու­թիւն­նե­րէ, ինչ կեր­պով ալ ի յայտ գան եւ գոր­ծեն ա­նոնք: Կը թո­ւի, թէ հա­յոց պատ­մու­թեան այս հանգ­րո­ւա­նին մէջ քննա­կան-վեր­լու­ծո­ղա­կան մօ­տե­ցու­մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է, ո­րով­հետեւ փաս­տօ­րէն ան­ցեալ եւ ներ­կայ ա­ւան­դա­կան ձե­ւե­րը շատ սահ­մա­նա­փակ են եւ պահ­պա­նո­ղա­կան: Ա­նոնք նաեւ, ա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն բնա­կա­նա­ցու­ցած են ըն­կե­րա­յին-մշա­կու­թա­յին պա­տա­հա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ եւ մ­թագ­նած ա­նոնց եւ ժո­ղո­վուր­դին միջեւ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը: Իբրեւ հետ­եւանք՝ առ­կայ կա­ցու­թիւ­նը, կամ սթա­թիւս քո­ւօն, նկա­տո­ւած է ցո­լա­ցու­մը տե­սակ մը «բնա­կան», ան­խու­սա­փե­լի եւ­ ան­փո­փո­խե­լի «hայ­կա­կան կար­գի» մը, կամ կար­գա­վի­ճա­կի մը, ո­րուն պէտք է որ հե­տե­ւին եւ յար­մա­րին ան­հատ­նե­րը եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Այս աշ­խա­տու­թեան յա­տուկ նոր գա­ղա­փար­նե­րը եւ­ ա­ռա­ջար­կո­ւած գի­տու­թիւ­նը պէտք է, որ հա­ւա­քա­բար կազ­մեն հա­մա­պար­փակ քննար­կում մը եւ տե­սակ մը օ­րի­նա­չա­փա­կան խա­րիսխ ընդ­հա­նուր առ­մամբ հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թեանց: Ինչ­պէս որ Հ. Կ. Կա­տա­մեր (1900-1902) կա­ռա­ջար­կէ, քա­նի որ որ­եւէ բա­նի մա­սին գի­տու­թեան գործ­նա­կա՛ն կի­րար­կու­մը մաս կը կազ­մէ այդ գի­տու­թեան՝ եւ քա­նի որ ինչ որ ան­հա­տը գիտ­նայ/հասկ­նայ ան­պայ­մա­նօ­րէն պի­տի փո­խէ այն ինչ որ կը կա­տա­րէ, քննա­կա՛ն մօ­տե­ցու­մը պէտք է հայ­թայ­թէ անհ­րա­ժեշտ հո­ղը վե­րա­կա­ռուց­ման եւ վե­րա­նոգ­չա­կան նոր եւ գործ­նա­կան ծրա­գիր­նե­րու:

Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու եւ ժա­մա­նա­կա­կից մտա­ծող­նե­րու նման՝ մարդ­կա­յին մտա­ծո­ղու­թիւ­նը եւ հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը կը նկա­տեմ գե­րա­զան­ցա­պէս ըն­կե­րա­յին-մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն մը: Այս­պէս, բո­լոր եր­եւոյթ­նե­րը նա­խա­կեր­պա­ւո­րո­ւած են են­թա­կա­յին եւ ճա­նա­չո­ղու­թեան ա­ռար­կա­յին պատ­մա­կա­նու­թեան մի­ջո­ցով: Եր­կուքն ալ ար­դիւնք են մարդ­կա­յին գոր­ծու­նէու­թեան ըստ ո­րոշ ժա­մա­նա­կի-տե­ղի յա­տուկ հան­գա­մանք­նե­րու: Հետ­եւա­բար, բո­լոր ի­մացք­նե­րը պար­զա­պէս ար­տա­յա­տու­թիւն­ներն են ըն­կե­րա­յին կա­ռոյց­նե­րուն: Ի­րենց կար­գին, ի­մա­ցա­կան սիս­թեմ­նե­րը եւս հետ­եւանք են պատ­մա­կան դար­ձո­ւածք­նե­րու եւ­ ոչ թէ բխում­ներ ար­տա-պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րէ:

­Յա­ջորդ կէ­տը, որ ար­մա­տա­պէս կը տար­բե­րէ այս աշ­խա­տու­թիւ­նը ըն­կե­րա­յին գի­տու­թեանց մէջ այլ գոր­ծե­րէ՝ կը վե­րա­բե­րի ան­հա­տին հան­գա­մայ­նու­թեան (situatedness): Բո­լոր մար­դոց նման, հա­յե­րը եւս ձ­եւով մը «նե­տուած» են պատ­մու­թեան մը կամ ազ­գա­յին պա­տում­նե­րու հա­մա­կար­գի մը մէջ, զորս ոչ ի­րենք սկսած են, ոչ ալ կրնան ա­ւար­տել, սա­կայն պէտք է որ կեր­պով մը շա­րու­նա­կեն: Հա­րիւ­րա­մեա­կը ա­ռիթ է անդ­րա­դառ­նա­լու, ոչ միայն հսկա­յա­կան հա­մա­խոր­տա­կու­մի մը՝ այլ մեծ քա­նա­կու­թեամբ ա­ւան­դու­թեանց, պա­տում­նե­րու, «նա­խա­պա­շա­րում­նե­րու» (­Կա­տա­մե­րի ար­տա­յայ­տու­թեամբ) կամ նա­խա­դա­տում­նե­րու: Որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ ո­րո­շել, թէ ինչ­պէ՞ս պէտք է գոր­ծել, պէտք է նախ հասկ­նալ ինք­զինք ըստ այս պա­տում­նե­րուն հետ յա­րա­բե­րու­թեան, ա­պա ո­րո­շել, թէ ո՞ւր եւ­ ինչ­պէ՞ս պէտք է ու­զել կամ կա­րե­նալ շար­ժիլ:

Կա­ցու­թեան իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը այն է թէ մինչ մար­դիկ ար­դէն «կը քա­լեն» իբրեւ հա­յեր, ա­նոնք պէտք է որ միա­ժա­մա­նակ փոր­ձեն գրա­հա­նել-լու­ծել այն պա­տում­նե­րը, ո­րոնց մաս կը կազ­մեն կրկին՝ իբրեւ հա­յեր: Ու­րեմն հա­յոց պատ­մու­թեան ի­րենց հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը կը սկսի շա­րու­նա­կո­ւող պատ­մու­թեան մը կէ­սէն: Հա­յեր՝ պէտք է որ ապ­րին եւ գոր­ծեն միա­ժա­մա­նակ փոր­ձե­լով հասկ­նալ թէ՛ ի­րենք զի­րենք եւ թէ՛ ի­րենց ազ­գա­յին պատ­մու­թիւ­նը: Կա­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի բարդ է քան կը թո­ւի ըլ­լալ, ո­րով­հետեւ շա­տե­րու հա­մար այս պատ­մու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը ժա­ռան­գո­ւած է եւ­ ի­մաստ­նե­րը վե­րար­ձա­կո­ւած նոյն այդ հասկ­նա­լու գոր­ծո­ղու­թեան: Այս­պէս, կե­ցած յա­րատ­եւօ­րէն փո­խո­ւող ժա­մա­նա­կի-տե­ղի պայ­ման­նե­րու մէջ՝ հա­յեր պէտք է որ ձեւով մը հասկ­նան ի­րենք զի­րենք եւ­ այն գրա­կա­նու­թիւ­նը, որ­մէ կու գան ի­րենց պա­տում­նե­րը:

Այս է այն կա­ցու­թիւ­նը՝ զոր գո­յա­պաշտ­նե­րը կը կո­չեն հան­գա­մայ­նու­թիւն: Ա­նի­կա կը նշա­նա­կէ մարդ­կա­յին գի­տակ­ցու­թեան վրայ պատ­մա­կան պայ­ման­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ թէ մար­դիկ «թա­ղո­ւած/ար­մա­տա­ցած» են ի­րենց սե­փա­կան պատ­մու­թեան եւ մ­շա­կոյ­թին մէջ, ո­րոնց­մո՛վ կազ­մո­ւած է ար­դէն ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը: Այս­պէս, մար­դիկ չեն կրնար նա­յիլ որ­եւէ պատ­մա­կան դրո­ւա­գի ա­ռանց նա­խա­դա­տում­նե­րու կամ նա­խա-հաս­կա­ցո­ղու­թեանց, ո­րոնք կրնան ըլ­լալ դրա­կան կամ ժխտա­կան՝ ըստ ի­րենց տե­ղե­կու­թեանց ի­րո­ղա­կա­նու­թեան հետ ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թեան:

Այս աշ­խա­տու­թիւ­նը լայ­նօ­րէն կանդ­րա­դառ­նայ այն պա­րա­գա­նե­րուն՝ ըստ ո­րոնց կա­տա­րո­ւած են ան­ցեալ պատ­մու­թեան մեկ­նա­բա­նում­նե­րը եւ­ ա­պա­գա­յի մա­սին կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցում­նե­րը: Այս ծի­րեն ներս հասկնալ պատ­մու­թիւ­նը կը նշա­նա­կէ ուղ­ղա­կիօ­րէն «ներ­կայ» ըլ­լալ եւ­ անդ­րա­դառ­նալ ի­րե­րու եւ պա­տա­հար­նե­րու: Թէեւ միշտ ալ գի­տու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փակ է եւ­ եր­բեք ամ­բող­ջա­կան կամ վստա­հե­լի, հասկ­նալ կը նշա­նա­կէ ըմբռ­նել, հա­մա­ձայ­նիլ եւ կա­րե­նալ գոր­ծել-կի­րար­կել, այ­սինքն ամ­բող­ջո­վին եւ գոր­ծօն կեր­պով մաս կազ­մել պատ­մա­կան գոր­ծըն­թա­ցին: Ու­րեմն, են­թա­կա­յին եւ­ իր հաս­կա­ցո­ղու­թեան պատ­մա­կա­նու­թիւ­նը ու­նին սկզբուն­քի ուժ, առ­նո­ւազն այս աշ­խա­տու­թեան հա­մար: Նաեւ, չա­փա­զանց կար­եւոր է ո­րո­շել մար­դու պատ­մա­կան հան­գա­մայ­նու­թիւ­նը եւ հաս­կա­ցո­ղու­թեան գործ­նա­կան բնոյ­թը: Այն ինչ որ կը հասկ­նանք ան­պայ­մա­նօ­րէն տար­բե­րու­թիւն մը կը պատ­ճա­ռէ մեր գոր­ծե­լա­կեր­պին մէջ: Այ­սինքն, պէտք է գիտ­նալ թէ ի՞նչ կը պա­տա­հի մար­դոց երբ ի­րենք զի­րենք կը գտնեն հասկ­նա­լու եւ մեկ­նա­բա­նե­լու շրջա­նա­կին մէջ:

­Ժա­մա­նա­կայ­նու­թիւ­նը կը յատ­կանշէ այս վեր­լու­ծա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը: Ա­սի­կա իր ե­ռա­կի տա­րա­ծայ­նու­թիւնն է՝ այ­սինքն ան­ցեալ, ներ­կայ եւ­ ա­պա­գայ: Կը նշա­նա­կէ, թէ ներ­կան՝ կամ Հա­րիւ­րա­մեա­կը կը պա­րու­նա­կէ միա­ժա­մա­նակ ան­ցեա­լը եւ­ ա­պա­գան եւ թէ այս ե­րեք տա­րածք­նե­րը փոխ-յա­րա­բե­րա­կան են եւ փոխ-ազ­դե­ցիկ: Ի­րենց պատ­մու­թեան այս հանգ­րո­ւա­նին մէջ՝ հա­յե­րու հա­մար հասկ­նալ ի­րենց պատ­մու­թիւ­նը չի նշա­նա­կեր գտնել յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­ներ, կամ ա­պա­գա­յի մա­սին դիւ­ցազ­նա­կան ե­րազ­ներ, այլ հաս­նիլ նոր ու թարմ մեկ­նա­բանու­թեանց ի­րենց ի­րա­կա­նու­թեանց վե­րա­բե­րեալ եւ­ ի բա­ցա­կա­յու­թեան ա­ւան­դա­կա­նօ­րէն ըն­դու­նո­ւած ափ­րիօ­րի եւ­ ա­պա­պատ­մա­կան են­թադ­րու­թեանց: Առ­նո­ւազն տե­սա­կա­նօ­րէն, ա­մէն մարդ պէտք է որ գտնո­ւի իր պատ­մա­կան կա­ցու­թիւ­նը ապ­րե­լու եւ հասկ­նա­լու հան­գա­ման­քի մը մէջ, ուր են­թա­կան եւ­ իր ա­ռար­կան մաս կը կազ­մեն վեր­լու­ծո­ղա­կան նոյն շրջա­նա­կին: Ոչ ոք, եւ­ ոչ մէկ հաս­տա­տու­թիւն կրնայ կամ պէտք է, որ յա­ւակ­նի ըլ­լալ գի­տու­թեան ան­մար­մին­մե­քե­նայ/աղ­բիւր մը:

Ինչ­պէս որ շու­տով յայտ­նի պի­տի ըլ­լայ, այս աշ­խա­տու­թիւ­նը մեծ կար­եւո­րու­թիւն կըն­ծա­յէ պատ­մա­կան ճա­նա­չո­ղու­թեան եւ ճա­նա­չո­ղու­թեան ընդ­հա­նուր առ­մամբ: Ո­րով­հետեւ այս կար­գի գի­տու­թիւ­նը խիստ կեր­պով կա­ռըն­չուի մարդ­կա­յին շա­հե­րու եւ­ այս պա­րա­գա­յին հա­յե­րու: Այ­սինքն գի­տու­թիւ­նը զուրկ չէ գործ­նա­կան ար­ժէ­քէ, եւ կամ ա­ռար­կա­յա­կա­նօ­րէն ան­կախ ան­կէ: Սե­փա­կան պատ­մու­թիւ­նը գիտ­նալ ժա­մա­նա­կա­կից եւ­ ու­ժա­կան ծի­րի մէջ կը շա­հագրգ­ռէ հա­յե­րը, ո­րով­հետեւ այս շա­հը կա­ռըն­չո­ւի ի­րենց ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­մին եւ գո­յատեւ­ման: Պա­հել ինք­նու­թիւ­նը կը նշա­նա­կէ տես­նել հա­յոց հիմ­նա­կան շա­հը պատ­մա­կան գի­տու­թեան ա­զա­տագ­րա­կան դե­րին մէջ: Ն­կա­տի ա­ռած գի­տու­թեան եւ­ ու­ժի սերտ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, ա­զա­տագ­րու­թեան ի­մաց­քը կը թո­ւի ըլ­լալ նիւ­թին մօ­տե­նա­լու կտրուկ կերպ մը: Այս աշ­խա­տու­թեան պա­րա­գա­յին՝ Թ. Ա­տոր­նո­յի (1903-1969) «մշա­կու­թա­յին ճար­տա­րա­րո­ւես­տի» տե­սու­թիւ­նը, «մշա­կու­թա­յին ար­տադ­րու­թեանց», եւ «զան­գո­ւա­ծա­յին զո­ւար­ճան­քի» իր տե­սա­կէտ­նե­րը վեր­լու­ծու­մի օգ­տա­կար շրջա­նակ­ներ են: Ար­դի հայ մշա­կոյ­թը իր կար­գին մաս կը կազ­մէ հա­մաշ­խար­հա­յին կամ կլո­պըլ մշա­կոյ­թին եւ­ ա­նոր պայ­ման­նե­րուն: Թէ՛ մտա­ւո­րա­կան եւ թէ՛ զան­գո­ւա­ծա­յին մշա­կոյթ­նե­րընե­րա­ռեալ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ար­դի մի­ջոց­նե­րը –­ ար­դի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը շա­ղա­խող ազ­դակ­ներն են: Ու­րեմն ու­րիշ­նե­րու նման, հայ մշա­կու­թա­յին ճար­տա­րա­րո­ւես­տը եւս կը հան­դի­սա­նայ ու­ժի եւ­ ազ­դե­ցու­թեան հզօ­րա­գոյն ազ­դակ­նե­րէն մէ­կը:

Իս­կա­պէս, ժա­մա­նա­կա­կից մշա­կոյ­թը նման է ընդ­հա­նուր ճար­տա­րա­րուես­տին: Ու­նի իր դրա­մագ­լուխ­նե­րը, ար­տադ­րող­նե­րը, սպա­ռող­նե­րը, ապ­րանք­նե­րը, շու­կա­նե­րը, եւ մա­նա­ւանդ մի­ջոց­ներն ու հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ցան­ցե­րը: Ա­մէն տեղ ըն­կե­րու­թիւ­նը սպա­ռո­ղա­կան ըն­կե­րու­թիւն է մշա­կոյ­թի՛ պա­րա­գա­յին եւս: Ա­րո­ւեստ­նե­րը եւ ժո­ղովրդա­կան զո­ւար­ճու­թեան այլ մար­զե­րը այն­պի­սին են՝ ուր մար­դիկ կը գտնո­ւին չա­փա­զանց զգա­յուն վի­ճա­կի մէջ ո­րով­հետեւ կը հա­ւա­տան թէ ամ­բող­ջո­վին ա­զատ են ա­մէն ազ­դե­ցու­թե­նէ եւ ճն­շում­նե­րէ:

Սա­կայն ի­րո­ղա­պէս, ա­րո­ւեստ­նե­րու, զո­ւա­ճու­թեանց եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեանց մի­ջոց­նե­րու յա­րատեւ եւ հա­մա­տա­րած են­թար­կու­թիւ­նը ա­ռիթ­ներ կըլ­լան իշ­խա­նու­թեան, չե­զո­քաց­նե­լով հան­րու­թիւ­նը եւ­ ար­գի­լե­լով ա­զատ եւ քն­նա­դա­տա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րու զար­գա­ցու­մը: Հա­կա­ռակ մշա­կու­թա­յին ար­տադ­րու­թեանց եր­եւու­թա­կան բազ­մա­զա­նու- թեան, մշա­կու­թա­յին ճար­տա­րա­րո­ւես­տը աշ­խար­հա­յին միա­պա­ղաղ սիս­թեմ մըն է, ո­րուն թէ ար­տադ­րող­նե­րը եւ թէ սպա­ռող­նե­րը պէտք է որ հա­մա­կեր­պին եւ­ են­թար­կո­ւին:

Ընդ­հա­նուր նպա­տա­կը ար­տադ­րել է մշա­կու­թա­յին ապ­րանք­ներ ո­րոնք սպա­ռե­լի եւ շա­հա­բեր են, նե­րա­ռեալքա­ղա­քա­կանար­տադ­րիչ­նե­րու շա­հե­րը: Ի­րո­ղա­պէս, ար­դի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ալ գո­նէ մա­սամբ մաս կը կազ­մէ մշա­կու­թա­յին ճար­տա­րա­րո­ւես­տին եւ ժա­ման­ցին: Մ­շա­կու­թա­յին ճար­տա­րա­րո­ւես-տին յա­տուկ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը կը կազ­մեն իս­կա­կան ցանց մը, ո­րուն պայ­ման­նե­րուն տակ սիս­թե­մա­թիք կեր­պով ճնշո­ւած են կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը վա­րե­լու ինք­նիշ­խան կեանք, կամ զար­գաց­նե­լու ինք­նու­րոյն քննա­դա­տա­կան կե­ցո­ւածք­ներ թէ սե­փա­կան կեան­քին եւ թէ ըն­կե­րա­յին կա­ցու­թեան մա­սին: Այս­պի­սի պա­րա­գա­նե­րու մէջ մար­դոց մտա­ծե­լա­կեր­պը կըլ­լայ ան­պայ­մա-նօ­րէն կրա­ւո­րա­կան: Այ­սինքն, մար­դիկ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կը դի­տեն եւ կը հասկ­նան ըստ մշա­կու­թա­յին ճար­տա­րա­րո­ւես­տին պար­տադ­րած կա­ղա­պար­նե­րուն եւ չա­փա­նիշ­նե­րուն:

* * *

Իւ­րա­յատ­կու­թիւ՛նն է հա­յոց պատ­մու­թեան յատ­կա­նի­շը: Ու­րեմն խու­սա­փե­լով ընդ­հան­րա­ցում­նե­րէ, ըն­թա­ցիկ կար­ծիք­նե­րէ եւ զ­գա­ցա­կա­նու­թե­նէ, այդ իւ­րա­յատ­կու-թիւն­նե­րուն բնո­րո­շու­մո­վը կը սկսի այս աշ­խա­տու­թիւ­նը: Այս հանգ­րո­ւա­նէն ետք եւ­ ա­նո՛ր հի­ման վրայ միայն կա­րե­լի կըլ­լայ կա­տա­րել պատ­մա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու քննա­կան վե­րարժ­եւո­րու­մը, յե­տա­հա­յե­ցու­թեամբ՝ ուղ­ղո­ւած դէ­պի ան­ցեա­լը, եւ նա­խա­հա­յե­ցու­թեամբ՝ դէ­պի ա­պա­գան:

Ա­ռա­ջին Մա­սը հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցում մըն է հայ վի­ճա­կին ըստ իր իւ­րա­յա-տուկ կող­մե­րուն: Ա­ւե­լի ուղ­ղա­կիօ­րէն վեր­բե­րե­լու հա­մար Տար­բե­րու­թիւն­նե­րը մէկ կող­մէ գրա­ւոր պատ­մու­թեանց՝ եւ միւս կող­մէ ի­րո­ղա­կան կա­ցու­թեանց՝ այս իւ­րա-յատ­կու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւած են տաս­նը­հինգ հա­կադ­րա­կան եզ­րե­րու տա­րա­զում­նե­րու մէջ: Իւ­րա­քան­չիւր տա­րա­զին ա­ռա­ջին մա­սը կը կազ­մեն գրա­ւոր պատ­մու­թեանց եւ­ ըն­դու­նո­ւած հա­մո­զում­նե­րու մէջ առ­կայ վե­րա­ցա­կա­նա­ցում­ներն ու են­թադ­րու­թիւն­նե­րը: Երկ­րորդ եզ­րը կը կազ­մեն ի­րո­ղա­կան պա­րա­գա­նե­րը, կամդէպ­քե­րըգետ­նի վրայ, ո­րոնց­մէ պէտք է որ սկսի որ­եւէ վե­րարժ­եւո­րում, փո­փո­խու­թիւն կամ բա­րե­կար­գու­թիւն:

Երկ­րորդ Մա­սը նա­խա­հա­յե­ցա­կան վեր­լու­ծում մըն է այս­պէս կո­չո­ւածյա­ջորդ հայ դա­րուն’: Կ­’ա­ռա­ջար­կեմ հա­ւա­նա­կան եւ կա­րե­լի կողմ­նա­կի ել­քեր կամ ուղ­ղա­կի ետ­դարձ­ներ ե­րեք մա­կար­դակ­նե­րու վրայ.- հան­րա­յին, կրթա­կան եւ մ­տա­ւո­րա­կան: Օ­րի­նակ կա­ռա­ջար­կեմ հայ ժո­ղովր­դա­կան մտադ­րոյ­թին մէջ չե­զո­քաց­նել կրա­ւո­րա­կան եւ տե­սակ մը փո­խա­ռեալ-պար­տադ­րեալ տար­րե­րը եւ փո­խա­րէ­նը յա­ռա­ջաց­նել քննա­դա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մշա­կոյթ եւ բա­րո­յա­կա­նու­թիւն: Փո­խա­նակ ա­մէն ա­ռի­թի ա­ւան­դա­կան պա­տում­ներն ու գա­ղա­փար­նե­րը հրամց­նե­լու՝ անհ­րա­ժեշտ է ժո­ղո­վուր­դը հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ դնել մշա­կոյ­թի, լե­զո­ւի եւ պատ­մու­թեան մա­սին հիմ­նա­կան ծա­նօ­թու­թեանց հետ: Նաեւ՝ նկա­տի ա­ռած հայ­կա­կան վի­ճա­կին բա­զա­մա­լե­զո­ւա­կան եւ բազ­մամ­շա­կու­թա­յին իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը՝ պէտք է յա­ռա­ջաց­նել ա­նոնց գի­տակ­ցա­կան գոր­ծադ­րու­մը՝ միա­ժա­մա­նակ պա­հե­լով մայ­րե­նին, եւ­ այս­պէս:

Եր­րորդ Մա­սը՝ յե­տա­հա­յե­ցու­թեամբ եւ նա­խա­հա­յե­ցու­թեամբ ե­րե­ւու­թա­բա­նա­կան եւ­ ամ­բող­ջա­բա­նա­կան վեր­լու­ծում մըն է ե­րեք կեն­սա­կան խնդիր­նե­րու՝ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի, հայ պատ­մագ­րու­թեան եւ­ ինք­նու­թեան: Քա­նի որ ինչ­պէս որ կը­սեն, ‘բա­րե­պաշ­տու­թիւ­նը կը սկսի խօ­սո­ղէն’, այս աշ­խա­տու­թիւ­նը ի՛ն­քը պէտք է որ ըլ­լայ ա­ռա­ջին գոր­ծադ­րո­ղը իր ա­ռա­ջարկ­նե­րուն: Այս նպա­տա­կով պատ­րաս­տած եմ եր­կու յա­ւե­լո­ւած, հա­յոց պատ­մու­թեան ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւն մը, եւ մաս­նա­գի­տա­կան եզ­րա­բա­նու­թիւն մը հա­յե­րէ­նէ անգ­լե­րէն եւ հա­կա­ռա­կը:

­Հա­յե­րէն եւ­ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով գրե­լու դժո­ւա­րին եւ բարդ աշ­խա­տան­քը մաս կը կազ­մէ այս գոր­ծին նպա­տակ­նե­րուն: Ե­թէ այս­պէս կո­չո­ւած յա­ջորդ հայ դա­րըլի­նե­լու եւ չ­լի­նե­լուճա­կա­տագ­րա­կան հանգ­րո­ւան մըն է՝ ու­րեմն ժա­մա­նակն է որ հա­յե­րը ի­րենց խնդիր­նե­րուն մա­սին մտա­ծեն, խօ­սին, եւ գ­րեն ի­րենց լե­զո­ւով եւս: Այ­լա­պէս, ա­մէն գոր­ծու­նէու­թիւն, ինչ նշա­նա­բա­նի կամ դրօ­շա­կի տակ ալ գայ հրա­պա­րակ՝ յա­րա­կար­ծա­կան է: Ո­րով­հետեւ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի գո­յու­թեա­նը ժո­ղո­վուր­դի մը, որ չէ յա­ջո­ղած, կամ ու­զած կամ փոր­ձած պա­հել իր ա­մէ­նէն մեծ ար­ժէք­նե­րէն մէ­կը՝ լե­զուն: Դժ­բախ­տա­բար, նոյ­նիսկ ա­նոնք որ քիչ թէ շատ պա­հած են մի­ջակ մա­կար­դա­կի խօ­սակ­ցա­կան խառն հա­յե­րէն մը, դժո­ւա­րու­թիւն ու­նին հա­յե­րէն կար­դա­լու, կամ հա­յե­րէ­նով մտա­ծե­լու: Այս մտա­հո­գու­թեամբ է որ հա­յե­րէն եւ­ անգ­լե­րէն թեքս­թե­րը դա­սա­ւո­րած եմ զու­գա­հեռ եւ հան­դի­պա­կաց է­ջե­րու վրայ իբրեւ օգ­տա­կար ձեւ մը ծա­նօ­թու­թեան եւ վար­ժու­թեան հա­մար: Միշտ ալ կայ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի խնդի­րը:

Ինչ­պէս յի­շա­տա­կած եմ Եր­րորդ Մա­սին մէջ, շատ սա­կաւ է թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք լա­ւա­պէս կը տի­րա­պե­տեն գո­նէ մէկ արեւմ­տեան լե­զո­ւի եւ մ­շա­կոյ­թի, ինչ­պէս նաեւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին եւ մ­տա­ւոր մշա­կոյ­թին, եւ կը գրեն հա­ւա­սա­րա­պէս եր­կու լե­զու­նե­րով: Ա­նոնք որ կը խու­սա­փին կամ չեն կրնար արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով գրել պատ­րո­ւակ կը­նեն ըն­թեր­ցո­ղի հար­ցը: Այս պա­րա­գան պէտք չէ որ ար­գելք հան­դի­սա­նայ նոր փոր­ձե­րու: Յա­ճախ գրա­կա­նու­թեան սեռ մը կամ ո­րակ մը ի՛ն­քը կը ստեղ­ծէ իր ըն­թեր­ցող­նե­րը: Մ­տա­ւո­րա­կա­նը պէտք է որ կա­րե­նայ տալ գործ մը, որ յա­ռա­ջաց­նէ իր ըն­թեր­ցո­ղը եւ տիա­լոկ մը սկսի ա­նոր հետ: Քա­նի որ ար­դի քննա­դա­տա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թեան մար­զին մէջ շատ քիչ է թի­ւը այն հե­ղի­նակ­նե­րուն, ո­րոնք կը գրեն նաեւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, չէ յա­ռա­ջա­ցած պա­հան­ջը գտնե­լու կամ կազ­մե­լու նոր բա­ռեր նոր ի­մացք­նե­րու հա­մար: Այս­պէս, կար­եւոր թի­ւով բա­ռեր տա­կա­ւին չու­նին հա­մա­պաս­խան եզ­րե­րը արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մէջ: Սա­կայն լե­զուն բա­ւա­կա­նա­չափ ար­դիա­կան է որ­պէս­զի ար­տօ­նէ նոր բա­ռե­րու կազ­մու­թիւ­նը: Այս եւ­ այլ աշ­խա­տու­թեանց մէջ կազ­մած եմ բա­ռեր ինչ­պէս մտադ­րոյթ (mindset), նա­խա­հա­յե­ցու­թիւն (foresight), յե­տա­հա­յե­ցու­թիւն (hindsight), մտա­հեր­ձում (schizophrenia) եւայլն: Այս լու­ծու­մին կող­քին կայ նաեւ այն հա­մո­զու­մը թէ ինչ­պէս որ գրե­թէ բո­լոր ար­դի լե­զու­նե­րուն մէջ կը գոր­ծա­ծո­ւին բազ­մա­թիւ լա­տի­նե­րէն ար­մա­տով բա­ռեր, ինչ­՞ու չէ նաեւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի: Ու­րեմն գոր­ծա­ծած եմ նաեւ այդ­պի­սի բա­ռեր, ինչ­պէս մե­թոտ, սիս­թեմ, տիա­լոկ, եւայլն: Յա­ճախ սա­կայն պա­հե­լու հա­մար իւ­րա­քան­չիւր լե­զո­ւինո­գիննա­խա­դա­սու­թեամբ մը փոր­ձած եմ տալ բա­ռին ի­մաս­տը՝ եր­կու թեքս­թե­րուն ալ պա­րա­գա­յին: Տա­ռա­դար­ձու­թեանց պա­րա­գա­յին՝ գոր­ծա­ծած եմ դիւ­րին հետ­եւե­լի ձե­ւեր յա­ւե­լեալ մատ­չե­լիու­թեան հա­մար:

Ինչ­պէս որ ըն­թեր­ցո­ղը ան­մի­ջա­պէս պի­տի նկա­տէ՝ իբրեւ միջ-մար­զա­յին եւ քն­նա­դա­տա­կան գործ՝ այս գիր­քը վի­ճար­կում­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն մըն է ուղ­ղո­ւած հրա­պա­րա­կի վրայ գտնո­ւող հա­յա­պա­տում­նե­րուն, հռե­տո­րու­թեանց, են­թադ­րու-թեանց, գոր­ծու­նէու­թեանց եւ մ­տայ­նու­թեանց դէմ: Կա­տա­րածս պատ­մա­փի­լի­սո­փա­յու­թիւն է հիմ­նո­ւած ուղ­ղա­կի պատ­մա­կա՛ն փոր­ձին եւ քիչ թէ շատ ժո­ղովր­դա­կան մա­կար­դա­կի վրայ: Ժա­մա­նակն է սկսե­լու վե­րարժ­եւո­րու­մի լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա-տանք մը, որ կրնայ ու­նե­նալ միայն դրա­կան ար­դիւնք եւ ս­տեղ­ծել լուրջ ինք­նա­գի-տակ­ցու­թիւն ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ: Ե­թէ ա­նի­կա ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պատ­ճա­ռէ քիչ մը շփոթ նոյ­նիսկ հա­կա­դարձ՝ խնդիր չէ: Ու­րիշ կերպ կա­րե­լի չէ պայ­քա­րիլ հին ու նոր հայ­կա­կան տոկ­մա­թիզ­մին եւկամ ան­տար­բե-րու­թեան դէմ: Ժա­մա­նակն է ճամ­բայ բա­նալ տար­բեր եւ­ ա­ւե­լի զար­գա­ցած մտա­ծե­լա-կեր­պե­րու, նո՛ր հա­յազ­գա­ցու­թեան մը՝ նո՛ր դա­րու մը հա­մար:

Վեր­ջա­պէս, բա­ցատ­րու­թիւն մը պէտք է տալ իր ո­ճով իմ գրա­կա­նու­թեանս մէջ իւ­րա­յա­տուկ այս գոր­ծին այս­պէս կո­չո­ւած ներ­քին տա­րած­քին՝ կամ մղու­մին մա­սին: Ժա­մա­նա­կա­կից հա­յոց պատ­մու­թեան այս պա­հուն՝ ին­չու՞ պէտք էր որ ար­ծար­ծէի այս կար­գի հար­ցեր եւ կա­տա­րէի այս կար­գի ա­ռա­ջադ­րանք­ներ: Այս գիր­քը գրո­ւե­ցաւ ո­րով­հետեւ ազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ այ­սօր գո­յու­թիւն ու­նի տագ­նապ, եւ ճի՛շդ այս­պի­սի պայ­ման­նե­րէ որ կը ծնի մտա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քը: Պարզ է որ ա­ռի­թը Հա­րիւ­րա­մեակն է, որ կա­մուրջ մըն է ան­ցեա­լին եւ­ ա­պա­գա­յին միջեւ: Ան­ցեա­լը գո­յու­թիւն ու­նի միայն յե­տա­հա­յե­ցու­թեամբ: Իսկ ա­պա­գա­յին մա­սին՝ հիմ­նո­ւած ան­ցեա­լին եւ ներ­կա­յին վրայ պէտք է զար­գաց­նել նա­խա­հա­յե­ցու­թիւն թէ ան­հա­տա­պէս եւ թէ հա­ւա­քա­բար: Ներ­կան հո­գե­հա­յե­ցա­կան-ներ­հա­յե­ցո­ղա­կան պահ մըն է:

Ա­մէ­նէն կար­եւոր եւ միակ հար­ցու­մը այն է թէ ի՞նչ է գա­լի­քը յա­ջորդ հայ դա­րուն: Ժո­ղովր­դա­կան մա­կար­դա­կի վրայ եւ բո­լոր բե­մե­րէն՝ ար­դա­րա­րու­թեան եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կո­չե­րը ներշն­չե­ցին ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը, նոյ­նիսկ ան­տար-բեր­նե­րը՝ ի­րենց ար­մատ­նե­րուն եւ­ ան­մի­ջա­կան ա­պա­գա­յին մա­սին: Սա­կայն, ա­ռի­թը ներ­կա­յաց­նե­լու կեր­պե­րը Ե­ղեռ­նը վե­րա­ծե­ցին հա­յոց ծա­գու­մա­բա­նա­կան դիւ­ցազ- նա­վէ­պին՝ կամ մի­թո­մո­թէո­րին, որ պէտք է որ միա­ժա­մա­նակ միաց­նէ եւ վե­րա­նո­րո­գէ ազ­գը: Վի­ճե­լի է նիւթ է ա­սի­կա: Ար­դիւն­քը այն է թէ բո­լոր գրո­ւած­նե­րը եւ­ ը­սո­ւած­նե­րը գործ­նա­կա­նա­պէս ծած­կե­ցին այլ ստի­պո­ղա­կան հար­ցե­րը ա­ռըն­չո­ւած ժո­ղո­վուր­դին գո­յատ­եւու­մին, լճա­ցող մտա­ւո­րա­կան մշա­կոյ­թին, գրա­կա­նու­թեան եւ լե­զո­ւին: Ե­ղեռ­նի հա­րիւ­րա­մեա­կին զգա­ցա­կան տա­րածք­նե­րը, բո­ղոք­նե­րը, ցոյ­ցե­րը, հա­մա­գու­մար­նե­րը ար­ձա­գան­գե­ցին ա­մէն տեղ: Ա­նոնք նաեւ ստեղ­ծե­ցին վտան­գա­ւոր կեր­պով փակ եւ փոքր ա­ւա­զան մը բո­վան­դա­կե­լու հա­մար բո­լոր հայ­կա­կան բա­նե­րը: Նոր մրու­րա­ցում­ներ ա­ւել­ցան ար­դէն առ­կայ մրու­րա­ցում­նե­րու վրայ եւ նո­ւա­զե­ցան ու­ժեղ ու քննա­դա­տա­կան մշա­կոյ­թի մը զար­գա­ցու­մին կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Ի­րո­ղու­թիւ­նը այս է, ա­նի­կա նաեւ տագ­նապ է: Ժո­ղո­վուր­դին եւ մ­շա­կոյ­թին գո­յատ­եւու­մը կա­խում ու­նին նոր, ու­ժա­կան, քննա­դա­տա­կան եւ հո­սուն մշա­կոյ­թէ մը, որ պի­տի ձեռ­նար­կէ բո­լո՛ր հայ­կա­կան բա­նե­րուն վե­րարժ­եւո­րու­մին, յե­տա­հա­յե­ցու­թեամբ եւ նա­խա­յե­ցու­թեամբ: Միշտ ալ նա­խա­պայ­ման­ներ են պատ­մա­կան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը եւ գի­տու­թիւ­նը, սա­կայն տա­կա­ւին եր­կուքն ալ կը պակ­սին հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ: Այս ա­ռըն­չու­թեամբ՝ մտա­ւո­րա­կան մշա­կոյ­թը ու­նի բա­ցար­ձակ կար­եւո­րու­թիւն եւ դեր: Հայ մտա­ւո­րա­կա­նը այլեւս պէտք է որ ըլ­լայ ա­ւե­լի ինք­նա­գի­տա­կից, ինք­նա-քննա­դա­տա­կան եւ հա­շո­ւե­տու: Հոս է որ կը սկսի այս աշ­խա­տու­թիւ­նը եւ կը յու­սայ բե­րել իր սա­տա­րը: