Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԱ­մէն մար­դու հարս­տու­թիւն մը պէտք է։ ­Մարդ չի կրնար ապ­րիլ ա­ռանց հարս­տու­թեան։ ­Կան զա­նա­զան տե­սա­կի հարս­տու­թիւն­ներ, ինչ­պէս կան զա­նա­զան տե­սա­կի աղ­քա­տու­թիւն­ներ։ ­Կայ մտքի հարս­տու­թիւ­նը, հո­գիի հարս­տու­թիւ­նը եւ նիւ­թա­կան հարս­տու­թիւ­նը։ Մտ­քով, ինչ­պէս նաեւ հո­գիով աղ­քատ ե­ղող­նե­րը, բնա­կա­նա­բար, կը ցան­կան մնա­

ցեալ հարս­տու­թեան՝ նիւ­թա­կա­նին։ Ի­րենց ամ­բողջ մար­մի­նը կը լա­րեն հաս­նե­լու հա­մար ա­նոր։ ­Խա­ղա­ղու­թեան ժա­մա­նակ քի­չեր կը յա­ջո­ղին, պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ՝ շա­տեր։

­Նոր հա­րուստ­նե­րը քա­նի մը հա­րո­ւա­ծով մտած ըլ­լա­լով ի­րենց նոր կեան­քին մէջ, չտե­սու­թեան գու­նա­գեղ տե­սա­րան­ներ կը ցու­ցադ­րեն։ Ու հարս­տու­թեան մէջ ա­ւե­լի աչ­քա­ռու կ­’ըլ­լան ա­նոնց աղ­քա­տու­թիւն­նե­րը։ Ոչ մէկ հա­րուստ, սա­կայն, կ­’ը­սէ.
- Ես նիւ­թա­պէս միայն հա­րուստ եմ։ Ես ալ ու­նիմ իմ աղ­քա­տու­թիւն­ներս, ո­րոնք ո­ղոր­մու­թեան, գթու­թեան կա­րօտ են։ Ես ո­րոշ տե­ղէ մը մին­չեւ գե­րեզ­մա­նա­տուն՝ ոս­կի կրող էշ մըն եմ։ Ես ու­րիշ բան չեմ, ե­թէ ոչ ազ­նիւ քա­րե­րու պարկ մը շալ­կած ուղտ մը, որ կ­’անց­նի շքեղ ա­նա­պա­տի մը մէ­ջէն։ Թ­շո­ւառ ա­նա­սուն մըն եմ։ ­Մի՛ ծի­ծա­ղիք վրաս։ Ո­ղոր­մե­ցէ՜ք, գթա­ցէ՜ք...

Ո­մանք կ­’ար­հա­մար­հեն մեր նոր հա­րուստ­նե­րը։ Ո­մանք ալ կը նա­խան­ձին նոր հա­րուստ­նե­րուն։ Ես պար­զա­պէս կը մեղք­նամ...
­Հարս­տու­թիւ­նը եր­ջան­կու­թիւն է, ը­սո­ւած է։ ­Հարս­տու­թիւ­նը եր­ջան­կու­թեան բազ­մա­թիւ պայ­ման­նե­րէն միայն մէկն է, ը­սող­ներ ալ կան։ Իմ հա­մես­տա­գոյն կար­ծի­քով, հարս­տու­թիւ­նը ոչ մին է, ոչ ալ միւ­սը։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ հարս­տու­թիւ­նը դժբախ­տու­թեան շէն­քին շքեղ դուռն է։ Ա­հա թէ ին­չո՛ւ կը մեղք­նամ այդ դռնէն ներս մտնող­նե­րուն վրայ, մա­նա­ւանդ ա­նոնց վրայ, որ յան­կար­ծա­կի մտած են այդ դար­պա­սէն ներս...

Աղ­քա­տը, ա­մէն օր, մէկ հոգ ու­նի.- օ­րո­ւան ապ­րուս­տը։ Օ­րո­ւան մէջ, հա­զար հոգ ու­նի հա­րուս­տը։ Ինչ­պէ՞ս պա­հէ իր հարս­տու­թիւ­նը, ո՞ւր պա­հէ, ի՞նչ ձե­ւի տակ պա­հէ։ Ինչ­պէ՞ս ծած­կէ զայն գո­ղե­րէն, ինչ­պէ՞ս ա­զա­տի կա­ռա­վա­րու­թեան ձեռ­քէն։ ­Թո՞ւղթ պա­հէ, ի՞նչ ազ­գի թուղթ, ոս­կի՞ պա­հէ, գո­հա՞ր, գո՞րգ։ Կ­րա­կին ձեռ­քէն ինչ­պէ՞ս ա­զա­տել, ռմբա­կո­ծու­մէն ինչ­պէ՞ս փրկել։ Ու կ­’ա­ղա­ղա­կէ, ցե­րե­կը ան­հան­գիստ ու գի­շե­րը ան­քուն.
- Աշ­խար­հի բո­լոր ճի­ւաղ­նե­րը հարս­տու­թեան դէմ դիրք բռնած են...
­Հարս­տու­թիւ­նը հրէշ մըն է, որ կը կրծէ իր տէ­րը։
­Սա­տա­նա­յին պար­գեւն է։

***

­Քա­նի մը հո­գի նոր հա­րուս­տի մը մա­սին խօ­սե­լով կ­’ը­սէին.
- ­Չա­փը ան­ցուց։ Ա­մէն տեղ ու ա­մէ­նուն հետ սկսած է հրա­մա­յա­կա­նով խօ­սիլ։
­Մէկն ը­սաւ.
- ­Մե­ղադ­րե­լու չէ։ ­Մար­դիկ կ­’ազ­դո­ւին մի­ջա­վայ­րէն ու շրջա­նէն։ ­Պա­տե­րազ­մը ա­ռա­ւե­լա­պէս հրա­մա­յե­լու եւ հնա­զան­դե­լու ժա­մա­նակն է։
- ­Բայց ինք զի­նո­ւո­րա­կան չէ։ Եղ­բայր, ճիշդ հա­զա­րա­պե­տի պէս կը խօ­սի։
- ­Կը սխա­լիք։ Ան հա­զա­րա­պե­տի պէս չէ, որ կը խօ­սի, այլ՝ մի­լիո­նա­պե­տի պէս։
Այդ նոր հա­րուս­տը, սա­կայն, չի խօ­սիր միայն հրա­մա­յա­կա­նով, կը խօ­սի նաեւ ան­ցեալ ան­կա­տա­րով, ինչ­պէս նաեւ բա­ցար­ձակ ա­պառ­նիով։ Կ’ը­սէ.
- Ին­չե՜ր կ­’ը­նէի ազ­գին, ե­թէ այս հարս­տու­թիւ­նը պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ ու­նե­նա­յի...։ Ին­չե՜ր պի­տի ը­նեմ ազ­գին, պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ...
Օր մըն ալ, երբ կը խօ­սո­ւէր, ­Յու­նաս­տա­նի հայ կա­րօ­տեալ­նե­րուն մա­սին, ը­սաւ.
- Ին­չե՜ր, ին­չե՜ր կ­’ը­նէի, ե­թէ հոն ըլ­լա­յի...
­Մէ­կը ը­սաւ.
- Գտ­նո­ւած տեղդ ը­րէ։
­Նոր հա­րուս­տը պա­տաս­խա­նեց.
- ­Տեղս ը­րած եմ ար­դէն...
­Շատ ի­րա­ւունք ու­նէր, իր գտնո­ւած տե­ղը ը­րած էր... աղ­տո­տե­լով հա­յու­թիւ­նը։
Այս մի­լիո­նա­պե­տը օր մըն ալ ը­սաւ.
- Ես վստահ գի­տէի, որ պի­տի հարս­տա­նամ։
­Մէ­կը ը­սաւ.
- ­Մար­գա­րէ էք։ Ու­րեմն գի­տէիք, որ պա­տե­րազմ պի­տի ըլ­լայ։ ­Քա­նի որ մար­գա­րէ էք, պէտք է գիտ­նաք նաեւ, թէ՝ ե՛րբ խա­ղա­ղու­թիւն պի­տի ըլ­լայ...
­Նոր հա­րուս­տը, այ­լայ­լած, պո­ռաց.
- ­Բե­րանդ խեր բաց։ ­Դեռ ե­րեք հա­րիւր մի­լիոն չեմ շի­նած։
Ան­գամ մը, այս մի­լիո­նա­պե­տին տի­կի­նը, իբ­րեւ նոր ­Սա­բա­յի թա­գու­հի, դի­մացս ե­լաւ, շքեղ պո­ղո­տա­յի մը մայ­թին վրայ։ ­Տի­կի­նը ներ­կե­րու, բոյ­րե­րու, մե­տաքս­նե­րու, մուշ­տակ­նե­րու, ոս­կի­նե­րու եւ գո­հար­նե­րու մէջ շող­շո­ղե­նի կը փայլփ­լէր։ ­Կար­ծես նո­րա­ձե­ւու­թեան բազ­մա­ճիւղ վա­ճա­ռա­տուն մըն էր, որ կը քա­լէր։ ­Թե­ւերս բա­նա­լով ա­ղա­ղա­կե­ցի.
- Աջ ձեռ­քով կը բա­րե­ւեմ ձե­զի, իսկ ձախ ձեռ­քով կ­’ող­ջու­նեմ ձեր շքե­ղու­թիւ­նը։ Այս ո՜ր­քան փո­խո­ւած էք, ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր...
­Թա­գու­հին բար­բա­ռե­ցաւ.
- Կ’ապ­րինք փո­փո­խու­թեանց ա­մե­նա­մեծ ժա­մա­նա­կին մէջ...
- ­Մի­նա՞կ էք...
- Ես ժա­մա­նա­կին հետ կը քա­լեմ...
- Զ­գու­շա­ցէք ժա­մա­նա­կէն, ա­նի­կա թշնա­մի մըն է, մա­նա­ւանդ կի­նե­րուն հա­մար։
- ­Մարդ պէտք է սի­րա­շա­հի իր թշնա­մին...։ Ես, իբ­րեւ քրիս­տո­նեայ, կը սի­րեմ իմ թշնա­միս, ժա­մա­նա­կը... Ու ա­պե­րախտ չեմ... ­Ճո­խու­թիւնս ա­մուս­նոյս չէ, որ կը պար­տիմ, այլ ­Ժա­մա­նա­կին... ­Բա­րե­կամ­նե­րը կը խօ­սին, թո՛ղ միշտ խօ­սին, իսկ թշնա­մի­նե­րը կը գոր­ծեն եւ յա­ճախ կը գոր­ծեն մե­զի ի նպաստ։ ­Ժա­մա­նա­կը բա­րե­գործ թշնա­մի մըն է։ ­Մին թո՛ղ խօ­սի, միւ­սը գոր­ծէ, կը բա­ւէ որ ես փոխուիմ, փո­խո­ւիմ, փո­խո­ւիմ...
- Ճշ­մա­րիտ էք։ ­Դի­տած եմ։ Ա­մէն օր, նոյ­նիսկ օ­րա­կան քա­նի մը ան­գամ, կը փո­խէք շա­պիկ, հա­գուստ, գլխարկ, ներկ, բոյր, գուլ­պայ, կօ­շիկ, օղ, մա­տա­նի, մա­նեակ եւ ա­պա­րան­ջան։ ­Նե­րե­ցէք, սա­կայն, որ դի­տել տամ, թէ մէկ բա­նով չէք կրնար փո­խո­ւիլ. ձեր մտքով ու սրտով։
­Տի­կի­նը փու­թաց պա­տաս­խա­նե­լու եւ ը­սե­լու.
- Ինչ­պէս չէ, ինչ­պէս չէ, սրտով ու մտքով ալ փո­խուած եմ. ա՛լ ա­ռա­ջո­ւան պէս միա­միտ ու բա­րի չեմ։ Ի՜նչ խենթ էի։ ­Պէտք է ե­ղեր ե­սա­սէր ըլ­լալ։ ­Միտքս բթա­ցու­ցի ու սիրտս կարծ­րա­ցու­ցի։ ­Վե­րով, վա­րով, առ­ջե­ւով, ե­տե­ւով, ներ­սով, դուր­սով փո­խո­ւած եմ։
Լ­սե­ցի որ մի­լիո­նա­պե­տը իր կնոջ վի­զէն ան­ցու­ցեր է ծան­րա­ծանր ոս­կեշղ­թայ մը, այ­սինքն մա­նեակ մը, քա­նի մը տաս­նեակ քի­լօ կշռող։ ­Տի­կի­նը փո­խա­նակ այդ ոս­կեշղթա­յով ա­ւե­լի սի­գա­ճեմ քա­լե­լու՝ ծռեր է ու ա­սոր ա­նոր առ­ջեւ, ծան­րու­թե­նէն, սկսեր է իյ­նալ։ ­Մի­լիո­նա­պե­տը զուր տե­ղը ջա­նա­ցեր է բարձ­րաց­նել իր կի­նը։ ­Վերջ ի վեր­ջոյ տի­կինն է որ ա՛լ ա­ւե­լի բարձ­րա­ցու­ցեր է իր ա­մու­սի­նը, ար­տա­խու­րե­լով զայն բարձ­րա­հա­յեաց կո­տոշ­նե­րով։ ­Վեր­ջին ան­գամ, երբ նոր հա­րուս­տին գրա­սե­նեա­կը գա­ցած էի, նկա­տե­ցի որ ան, իր շուր­ջը գտնո­ւող­նե­րուն հետ, ա՛լ չէր խօ­սեր հա­զա­րա­պե­տի պէս, այլ վե­հա­փառ, թա­գադ­րո­ւած ար­քա­յի մը նման։
­Թա­գու­հիին թա­գա­ւոր մը պէտք էր ու թա­գա­ւո­րին թագ մը։
Ա­մե­նայն ինչ կա­տա­րեալ էր։

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ - 1943
(Ա. մաս)