Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակաման 20-րդ տարելիցին, արտագաղթի թեման հայ հասարակութեան օրակարգին մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ: Այս թեման երկար ատենէ ի վեր լուրջ ձեւով կը շօշափուի հայ աշխարհի մէջ, եւ ողջամիտ ու հեռատես բոլոր հայերուն սիրտին ցաւ պատճառելով, հայ անհատները խիստ մտահոգութիւններու կը մղէ:

Ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, վերջին շուրջ 10 տարուան ընթացքին, 1,8 միլիոն հայ արտագաղթած է Հայաստանէն, եւ բազմաթիւ ուրիշներ ալ կը շարունակեն արտագաղթել, վիճակ մը՝ որուն  գլխաւոր պատասխանատուները հանրապետութեան անցեալի ու  ներկայ գործող իշխանութիւններն են, որոնք պարտաւորութիւնը ունէին եւ ունին երկրին սոցեալական-տնտեսական իրավիճակը հիմնովին փոխելու քայլերու ձեռնարկելու:
Բոլորիս համար գաղտնիք մը չէ, որ բարեկեցիկ երկրէ մը զանգուածային արտագաղթ տեղի չունե-նար, ընդհակառակը սոցեալական-տնտեսական զարգացած երկրի համար յատկապէս, ներգազթը սահմանափակելը մեծ խնդիր մըն է:
Ըստ իս, Հայաստանէն արտագաղթը կարելի է երեք գլխաւոր խումբերու մէջ քննարկել.
Առաջին խումբը կը կազմեն սոցեալական-տնտեսական պատճառներով այլ երկիրներ աշխատանք փնտռելու ստիպուողները, անոնք որոնք սոցեալական ոչ մէկ ապահովութիւն ունին:
Երկրորդ խումբին կը պատկանին անոնք, որոնք ոչ սոցեալական-տնտեսական պատճառներով, այլ անհատական պատճառներով կ'արտագաղթեն. Այդօրինակ պատճառներ են օտարամոլութիւնը, ազգային դաստիարկութեան բացակայութիւն, ընտանեկան կապակցութեան հարցեր եւայլն: Այս խումբին պատկանողներու մեծամասնութիւնը Հայաստանի մէջ բարեկեցիկ  ապրողներն են:
Իսկ կայ նաեւ արտագաղթող երրորդ խումբ մը, զոր ընդհանրապէս կը բաղկացնեն երիտասարդ տղաքը, որոնք Հայ բանակի մէջ տիրող խնդիրներու ու վերջին շրջաններուն սպայական կազմի ան-մարդկային վերաբերմունքներուն պատճառաւ, բանակին ծառայել չեն ուզեր, եւ օտար երկիներ գաղթելով, օտար քաղաքացիութիւններ կը հայցեն, պարագայ մը, որ ըստ իս, երկրին ապագային վերաբերեալ ծանր վիճակներու կրնայ ծնունդ տալ.
Ըստ իս, Հայաստանէն արտագաղթը կասեցնելու համար մի միայն երկրին սոցեալական ու տնտեսական զարգացումը բաւարար չէ, քանի որ երկիրը լքողները, տարբեր պատճառներ ունին: Սակայն, աւելի քան հնարաւոր է, ներգաղթելու համար բարենպաստ պայմաններ ապահովել սփիւռքի այն հայերուն համար, որոնք կը փափաքին իրենց հայրենիքին մէջ ապրիլ: Խօսքը կը վերաբերի Պարսկաստանէն, Իրաքէն, Սիւրիայէն եւ նման այլ երկիրներէ Հայաստան ներգաղթելու ցանկութիւն ունեցողներուն: Այս քայլով միանգամայն կը լուծուի երկու խնդիր, նախ, սփիւռքահայերը փոխանակ Ա.Մ.Ն, Եւրոպա եւ կամ այլ երկիրներ գաղթելու Հայաստան ներգաղթելով, կը փրկուին հաւանական ձուլումէն, իսկ երկրորդն ալ Հայաստանի ժողովրդագրական բացասական ընթացքը կը հաւասարակշրուի: Եւ նաեւ, եթէ յատուկ ուշադրութիւն դարձուի Հայաստան ներգաղթելով սեփական փոքր գործ սկսելու ցանկութիւն ունեցող սփիւքի հայերուն, արդէն իսկ շատ կարեւոր քայլ մը առնուած կÿըլլայ, արտագաղթի բացասական ազդեցութիւնը հակակշռելու ուղղութեամբ, որ արտագաղթի հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մըն է, եւ միաժամանակ նաեւ հնարաւորութիւն մը, որ, ցաւօք, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ցարդ կÿանտեսուի։

 Տոքթ. Սարգիս Ատամ Գերմանիա