2015իվերջերուն, այսինքն՝Ցեղասպանութեան 100ամեակիտարինպատմութեանանցնելէառաջ, ՊէյրութիմէջլոյստեսաւՓրոֆ. ՎահրամԼ. Շեմմասեանի «The Mousa
Dagh Armenians: A Socioeconomic and Cultural History – 1919-1939» հատորը (անգլերէնով), զորկարելիէիրաւամբկոչելհանրագիտարանայինբնոյթովուսումնասիրութիւնմը։ (ՇեմմասեանվարիչնէՔալիֆորնիանահանգիՆորթրիճիհամալսարանիհայագիտականբաժանմունքին)։
Հատորըկըտարածուի 378 էջերուվրայ, լոյսընծայուածէՀայկազեանՀամալսարանինկողմէ (Շիրակհրատարակչատունէն), ձօնուածէհեղինակիծնողներուն։Խորքինմէջ, հատորըկարելիէձօնմընկատելնաեւՑեղասպանութենէնվերապրածմուսա-լեռցիներուն, ինչո՞ւչէերախտագիտութեանարտայայտութիւնմը՝Հայկազեանին, որունարժանաւորշրջանաւարտներէնէեղածՇեմմասեան, աւելիքանչորստասնամեակառաջ։
Բացատրականյառաջաբանիմըկըյաջորդենօգտագործուածլուսանկարներունցանկը, քարտէսմը, ապահատորինենթաբաժինները։Կըբաղկանայութգլուխներէ, որոնքծալքառծալքկըբանանՄուսաԼերանուանորժողովուրդինյիշեալ 20 տարիներուկեանքիտարբերէջերը՝հետաքրքրականբոլորմանրամասնութիւններով։Բոլորգլուխներըանտիպչեն. մասմըլոյստեսածէՀայկազեանիՀայագիտականՀանդէսինմէջ, 2008էնասդին։
Անմիջապէսըսենք, որխորագիրին A Socioeconomic and Cultural History բառերըխաբուսիկեն, որովհետեւկրնանթողուլայնտպաւորութիւնը, թէհատորըկ’ընդգրկէժողովուրդիկեանքինմիայնընկերային, տնտեսականեւմշակութայիներեսները, մինչդեռշատաւելինէ։
Իններորդգլուխըկարճվերջաբանմընէ, որկը «սղագրէ» ՄուսաԼերանհայբնակչութեաներկրորդբռնիգաղթը՝դէպիԱյնճար, ուհոն՝վերաբնակեցումը։
Յիշեալ 9 բաժիններունկըյաջորդենհինգտախտակներ, որոնքկըտարածուինշուրջ 50 էջերուվրայ, իսկվերջինէջերունկայաղբիւրներուցանկմըեւյատուկանուններու (անձնանուն, տեղանուն) ցուցակմը։Փայլունթուղթիվրայտրուածլուսանկարներուն 20 թերթերըչենհաշուըուածհատորիէջերունմէջ, այլկըկազմեններդիրմը։Հոնտեղգտածենանձնականալպոմներէհաւաքուածուշագրաւլուսապատկերներ, որոնցմեծմասըընտանեկանվկայութիւններէանդինկ’անցնիեւպատմականարժէքունի։
Հատորիմըմասիննմանարձագանգում՝սովորաբարսկիզբկ’առնէգիրքինսկիզբէնուհակիրճկերպովկըբանայիրերայաջորդբաժինները։Մենքպիտինախընտենքսկսիլվերջինմէկբաժինէն՝աղբիւներուցանկէն, ընգծելուհամարայսհատորինարժանիքներէնմէկը, բայցոչմիակը։
Աղբիւրներունցանկըկըխլէ 17 էջ։ՇեմմասեանօգտագործածէԿԱՐԵԼԻԱՄԷՆՆԻՒԹ.- գիրքեր, յուշագրութիւններ, մամուլ, կայքէջներուվրայերեւցողնիւթեր, հարցազրոյցներ, թղթակցութիւններ, անտիպգործերեւայլն, մէկխօսքով՝պեղածէայնբոլորկալուածները, ուրկրնարվկայութիւնգտնելիրպապերունմասին։Ահաթէինչո՛ւնշեցինք, որհատորըզգեցածէհանրագիտարանայինտարողութիւն։Ինչպէսյառաջաբանը, նոյնպէսալաղբիւրներուբաժինըեւէջատակիբացատրականներըկըվկայեն, որհեղինակըաւելիքան 30 տարիներտրամադրածէհատորինկազմութեանհամարեւկըխոստովանի, որսամիայնմէկբաժիննէծաւալունաշխատանքիմը, որպիտիընդգրկէաւելիտարածունժամանակշրջան (1840էն 1939) եւնիւթ։Ուսումնասիրութեանարդիւնքըեղողէջերունտակկանյաւելեալբացատրութիւններ, որոնքկ’անցնինաղբիւներունշումիկամկարճբացատրականներուսահմաններէնանդինեւկ’ընդգրկեննոյնքանշատշահեկանկարճբացատրականներ, որոնքկըհարստացնենհատորը (ընթերցողըյաճախկըզգայ, որհեղինակըփորձածէկարգմըհարցերունիւթեր «սեղմել», հաւատարիմմնալուհամարիրիսկկողմէայսուսումնասիրութեանհամարկանխորոշուածտրամաբանութեանուբնոյթին)։
ՀատորըիբրեւկիզակէտունիՄուսաԼերանհայկականվեցգիւղերը՝Պիթիասը, ՀաճիՀապիպլին, Եօղունօլուքը, Խոտըրպէկը, ՎաքըֆըեւՔապուսիէն։ՆկատիունիՑեղասպանութեանյաջորդփուլիայն 20 տարիները, որոնքկ’ընդգրկենՑեղասպանութեանհետեւանքովբռնագաղթուածմուսա-լեռցիներուտունդարձը, վերականգնումնուԱլեքսանտրէթնահանգինԹուրքիոյկցումով՝վերստինբռնագաղթը՝դէպիԱյնճար (եւայլուր)։Հպանցիկներածականմըյատկացուածէ 1915իհերոսամարտինուաւելիքան 4000 փրկուածներունՓորՍայիտտեղափոխութեան, ինչպէսնաեւաքսորիչորստարիներուն։Հատորըապածաւալկըստանայբռնագաղթուածներունտունդարձիպատմութիւններով. հայրենիբնակավայրկըվերադառնանԵգիպտոս, Սուրիա, Լիբանանեւմիջին-արեւելեանայլերկիրներապաստանածփրկուածները, եւսկիզբկ’առնենմոխրացածնուքանդուածըվերաշինելու, բնականոնկեանքվերակերտելուտարիները։
Առաջին հինգ գլուխներուն մէջ, մանրամասնօրէն տրուած են գիւղերու վերաբնակեցման, կազմակերպման, զինումի-ինքնապաշտպանական, առողջական հարցերու դիմագրաւման, որբերու հարցին լուծման, նպաստներու ապահովման, ընտանեկան աւանդութեանց պահպանման, կենցաղային հարցերու, երկրագործութեան-ջրաբաշխումի, արհեստներու, գործատուներու եւ տնային աշխատանքներու, մինչեւ իսկ որոշ անձերու շնորհուած «ծածկանուններու» մասին պատումներ ու մանրամասնութիւններ։ Այս ու հետագայ գլուխներուն մէջ, բնականաբար տեղ գրաւած են ազգային կուսակցութեանց եւ յարանուանութեանց գործունէութիւնը, փոխ-յարաբերութիւնները, պայքարներն ու հակամարտութիւնները։ Տրուած բացատրութիւններուն յաճախ կ’ընկերանան վիճակագրական հարուստ տեղեկութիւններ ու ցուցակներ։
Հինգերորդ եւ վեցերորդ գլուխները կը պարզեն լեռնային այս հայաշխարհին «սփիւռքացումի» ծալքերը. ընթերցողը կը ծանօթանայ, թէ սահմանափակ կարելիութիւններ ու կարողականութիւն ընձեռող լեռնավայրը, ինչպէս նաեւ արտաքին-թրքական գործօններ պատճառ կ’ըլլան, որ բնակիչները ապրուստի եւ բարօրութեան համար կամաց-կամաց տարածուին դէպի մօտակայ ու հեռաւոր ափեր, միջին արեւելեան երկիրներ, Ափրիկէ, ապա նաեւ ծովերէն ու ովկիանոսներէն անդին, հասնելով Միացեալ Նահագներու արեւելեան քաղաքները, իսկ աւելի ուշ՝ Ֆրեզնօ, Լոս Անճելըս եւ այլուր։ Լայն բացատրութիւններ կը տրուին պանդուխտներուն աշխատանքի ասպարէզներուն մասին, յաճախ՝ ընտանիք առ ընտանիք նկատի առնելով։
Եօթներորդ գլուխը կ’անդրադառնայ Մուսա Լերան աշխարհագրական-կլիմայական այն տուալներուն, որոնք այս շրջանը, մասնաւորաբար քանի մը գիւղեր, 20ականներուն եւ 30ականներուն վերածած են օդափոխութեան գրաւիչ շրջանի։ Մանրամասնօրէն կը ներկայացուին զբօսաշրջութեան բերած նպաստները, թէ՛ նիւթական եւ թէ շրջանի զարգացման իմաստով (ճամբաներու բացում, փոխադրամիջոցներու արդիականացում եւայլն)։ Լռելեայն կարօտաբաղձութիւն մը կ’արտայայտուի կարգ մը էջերէն, որոնցմէ կը ծորին հեղինակին ծնողներուն ու անոնց սերնդակիցներու յիշատակները՝ հին Մուսա Լերան մթնոլորտին ու միջավայրին մասին, հաճելի զբօսավայր, որ ներգրաւած էր այդ օրերու աշակերտութիւնը, մտաւորականներ ու ազգային գործիչներ։
Ութերորդ գլուխը ձեւով մը ուղղակի շարունակութիւնն ու «զարգացումն» է նախորդին. լուսարձակի տակ կը բերուի Մուսա Լերան գիւղերու մշակութային կեանքը. անձնական ու հանրային գրադարաններ, ընթերցումի եւ հեքիաթասացութեան ձեռնարկներ, թատրոն, երգահանդէսներ, երաժշտական ձեռնարկներ եւ յուշահանդէսներ, մամուլ (տեղական թէ Հալէպէն, Պէյրութէն, Գահիրէէն եւ այլ տեղերէ հասնող), լսարաններ ու դասախօսական ձեռնարկներ եւայլն։
Եթէ Շեմմասեան բաւականացած ըլլար չոր ու ցամաք պատմագրութեամբ, լիովին գոհացուցած պիտի ըլլար գիտական ուսումնասիրութիւն կատարողի իր առաքելութիւնը։ Ան ըրած է աւելին. հատորը առատօրէն համեմուած է - հետեւաբար նաեւ յաւելեալ համ ու խորք ստացած – մանրապատումներով, որոնք երբեմն կը ներկայացուին հեքիաթանման կամ վիպական հաճելի դրուագներով, սակայն ընթերցողը երբեք մտահան չ’ըներ, որ ներկայացուածը ժողովուրդի մը իրական կեանքն է, իր բոլոր ծալքերով, մանրամասնութիւններով ու այդ կեանքին բոլոր գլխաւոր ու երկրորդական ճամբաներով։ 20 տարիներու տուեալ ժամանակաշրջանը կը վերակենդանանայ այս ընդարձակ, բայց այլապէս հակիրճ ուսումնասիրութեան ճամբով։ Հեղինակը եթէ ահագին հում նիւթ օգտագործած է, իր կարգին վիթխարի հում նիւթ կը տրամադրէ այլ մօտեցումով ուսումնասիրողներու (ընկրաբան, մարդագրական տուեալներ ուսումնասիրող, մշակութային զարգացումներու հետեւող, միջ-կուսակցական յարաբերութիւններ ու հակամարտութիւններ քննարկող եւայլն)։
Ինչպէս նշեցինք, վերջաբանին կը հետեւին վիճակագրական տախտակներ. հեղինակը երախտաշատ գործ ըրած է, անուն առ անուն արձանագրելով Պիթիասի, Հաճի Հապիպլիի, Խըտըրպէկի եւ Քապուսիէի բնակիչներուն անունները, անոնց ընտանիքի անդամնրուն թիւը, ստացուածքներու (տան, պարտէզի-հողաշերտի, մսացու-կաթնտու եւ այլ կենդանիներուն) թիւերն ու անոնց նիւթական արժէքին մասին յարակից տուեալներ։
Հատորին յղացքը ունի այն արժանիքը, որ ընթերցողը կրնայ գլուխներէն մէկը կամ միւսը կարդալ առանձնաբար. իւրաքանչիւր գլուխ ինքն իր մէջ կարելի է ամբողջութիւն մը նկատել. ընդգրկուած նիւթին համաձայն՝ տարբեր գլուխներու մէջ կան որոշ տեղեկութեանց անխուսափելի կրկնութիւններ։ Սակայն նախընտելի է հատորը ընթերցել ներկայացուած կարգով եւ իր ամբողջութեան մէջ։
Պատմագիտական յղացքով այս հատորը չէ հասցէագրուած միայն Մուսա Լերան բնիկ սերունդի ժառանգորդներուն, այլ ամբողջ հայութեան եւ հայոց մօտիկ անցեալով հետաքրքրուողներուն, ներառեալ արաբ եւ... թուրք պատմագիրներուն։
Հատորի ընթեցումէն ետք, հայ թէ օտար՝ պահ մը վստահաբար կանգ կ’առնեն այն հարցումներուն առջեւ, թէ՝ Ալեսանտրէթի նահանգին Թուրքիոյ «ընծայաբերումով», հայեր - եւ ոչ միայն հայեր - ինչպիսի՜ վիթխարի վնաս ունեցան - նիւթականի, հողի ու դարաւոր հայրենիքի կորուստի առումով։ Իսկ Մուսա Լեռը միայն մէկ փոքր մասնիկն է կորուսեալ հայաշխարհին։ Անխուսափելի հարցում մը կը ծագի նաեւ այն մասին, որ Մուսա Լերան բնակիչներուն բաժին հանուած արհաւիրքի դառն բաժակներուն տարբերակները այսօր «կը շնորհուին» սուրիացիներուն ու սուրիաբնակ հայերու, նոյն գլխաւոր դերակատարին՝ Թուրքիոյ պետութեան ոճրային քաղաքականութեան հետեւանքով։
Հեղինակը, այս գործին յղացքով ու բնոյթովն իսկ, ետ կը կանգնի պատգամախօսի դերէն, ինքզինք կը պահէ պարկեշտ պատմագրողի աթոռին վրայ։ Այսուամենայնիւ, հատորը կը բերէ բազմերես լուռ պատգամներ եւ մարտահրաւէրներ. մեր պատմական բոլոր կորուսեալ բնակավայրերը կը կարօտին նման խորազնին ուսումնասիրութեանց (կարգ մը շրջաններու մասին եղած են), ոչ միայն կամրջուելու համար մեր աւանդներուն եւ սեփական ժառանգութեանց հետ, այլ նաեւ վկայակոչելու մեր ունեցած կորուստներուն ահագնութիւնը, մարդկային զոհերու ահագնութեան կողքին։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ