Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Վեր­ջին շրջա­նին գրե­թէ ոչ մէկ տե­ղե­կու­թիւն կայ Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի այն շրջա­նէն, ուր հա­յեր կը բնա­կին: Այդ շրջա­նին մէջ ապ­րող հա­յե­րու մա­սին հա­տու­կենտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հրա­պա­րա­կեն Ի­րա­քի լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը, եր­բեմն ալ Քիւր­տիս­տա­նի տե­ղա­կան հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան ա­լիք­նե­րը, ո­րոնք սա­կայն յա­ճախ հա­սա­նե­լի չեն Հա­յաս­տա­նի հա­յե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քա­հա­յե­րուն:

Հա­սա­նե­լի չըլ­լա­լը ա­մէ­նե­ւին չի նշա­նա­կեր, որ

այ­լեւս հոն հա­յեր չեն ապ­րիր։ Ի­րա­քի հա­յե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ Տ­հոք քա­ղա­քի մօտ գտնո­ւող ի­րենց գիւ­ղե­րէն՝ Ավզ­րու­քի, Հավ­րէս­քի, Իս­կեն­տէ­րի մէջ:

«­Մենք՝ հա­յերս, յայտ­նի ենք մեր խե­լա­ցու­թեամբ եւ քա­ջու­թեամբ: Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի պե­տա­կան ա­ռաջ­նորդ­ներն ու քիւր­տե­րը շատ կը յար­գեն մեզ: Մենք ար­ծիւ­նե­րու ու ա­ռիւծ­նե­րու հետ մեծ­ցած հա­յեր ենք: Ե­թէ պէտք ըլ­լայ, մենք պատ­րաստ ենք մեր կեան­քի գնով պայ­քա­րե­լու, ա­ռիւ­ծի նման»,- ը­սած է Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի բնա­կիչ Մու­րատ՝ ա­ւելց­նե­լով, որ «մենք Հա­յաս­տա­նի օգ­նու­թեան կը հաս­նինք, ե­թէ Հա­յաս­տա­նի վրայ յար­ձա­կում ըլ­լայ, ան­կախ ան­կէ, թէ ո­րո՞նք կ­՚ըլ­լան յար­ձա­կող­նե­րը»:

Մու­րա­տի եւ ա­նոր ջո­կա­տին մա­սին կը պատ­մէ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րով զբա­ղո­ւող փոր­ձա­գէտ մը, որ յայտ­նի է Պան­դուխտ Սիւ­նիք ծած­կա­նու­նով:

Ան կը պատ­մէ, որ հայ ֆե­տա­յի­նե­րը, Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի նախ­կին Ի­րա­քի բա­նա­կի գնդա­պետ-սպայ Մու­րատ Վար­դա­նեա­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, շրջա­նի 19 հա­զար­նոց հայ հա­մայն­քի միակ լուրջ պաշտ­պան­ներն են: Այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ընտ­րած են Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան դէմ զի­նեալ պայ­քա­րի դժո­ւար ու վտան­գա­ւոր ու­ղին, մինչ հա­զա­րա­ւոր այլ ի­րաք­ցի­ներ ու քիւր­տեր փա­խած են երկ­րէն` ճան­բան ձգե­լով նոյ­նիսկ ի­րենց մօտ գտնո­ւած հրա­զէ­նը:

Պար­դուխտ կը պատ­մէ նաեւ, որ Մու­րատ հայ­կա­կան Ավզ­րուք, Հավ­րէսք եւ Իս­կեն­տէր գիւ­ղե­րու ա­ւագն է:

Ա­նոնք մեծ գիւ­ղեր են, ուր ե­կե­ղե­ցի­ներ կան եւ կը գոր­ծէ կի­րակ­նօ­րեայ հայ­կա­կան դպրոց (Ավզ­րու­քի մէջ): Հոն բնա­կող հա­յե­րը բո­լո­րը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած­նե­րու սե­րունդ­ներն են:

Մու­րա­տի են­թա­կա­յու­թեան տակ գտնո­ւող­նե­րու միակ խնդի­րը հայ հա­մայն­քի հանգս­տու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վելն է, քա­նի որ այդ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ա­նոնք կը գտնուին մշտա­կան վտան­գի տակ եւ, բա­ցի սե­փա­կան ու­ժե­րէն, հա­յե­րուն ոե­ւէ մէ­կը չի պաշտ­պա­ներ ճի­հա­տիստ­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րէն:

Հարկ է նշել, որ հա­յե­րը լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նին պար­զա­նիստ­նե­րու հետ։ Ու­րիշ ելք չու­նին, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք են այդ տա­րածք­նե­րու տէ­րե­րը, եւ Ի­րա­քի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ո­րե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չու­նի այդ շրջա­նին վրայ:

Ի­րա­քի մէջ հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւը կրճա­տո­ւած է: Տա­րա­ծաշր­ջա­նի կենդ­րո­նա­կան հա­տո­ւած­նե­րուն մէջ բնա­կող ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք հարս­տու­թիւն դի­զած են Սատ­տամ Հիւ­սէյ­նի կա­ռա­վար­ման օ­րօք, ա­նոր մա­հէն ետք մեկ­նած են Եւ­րո­պա եւ Ա­մե­րի­կա:

Միւս­նե­րը, օգ­տո­ւե­լով տար­բեր մի­ջազ­գա­յին ծրագ­րե­րէ ու հիմ­նադ­րամ­նե­րէ, հաս­տա­տո­ւած են այլ վայ­րե­րու, օ­րի­նակ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Իսկ ա­նոնք, ո­րոնք կը բնա­կին Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի բա­ժի­նը, ո­րո­շած են պայ­քա­րիլ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան սեւ ու­ժե­րուն դէմ: