Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt«­Միու­թեան ի­րա­վի­ճա­կը» խո­րագ­րեալ իր տա­րե­կան ճա­ռի ըն­թաց­քին, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 12 Յու­նո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան, նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա ան­գամ մը եւս ա­պա­ցու­ցեց, որ ի­րա­կան աշ­խար­հէն կտրո­ւած է. խզում մը՝ որ տա­րո­ւէ տա­րի խո­րա­ցաւ ու շեշ­տո­ւե­ցաւ Ս­պի­տակ Տուն իր մուտ­քէն աս­դին։

Նա­խա­գա­հի ե­լոյ­թին հան­դի­սա­տես խորհր­դա­րա­նա­կան­ներն ու զի­նո­ւո­րա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ դա­տա­կան մար­զե­րու մար­դի­կը եւս ի յայտ բե­րին ի­րա­կա­նու­թեանց հետ հա­մա­չափ ան­յա­րի­րու­թիւն։

Ի՞նչ օ­գուտ ու­նի նա­խա­գա­հի ար­ծար­ծած իւ­րա­քան­չիւր հար­ցին մա­սին ման­րա­մաս­նօ­րէն ու մէկ առ մէկ անդ­րա­դառ­նա­լը։ Բա­ւա­կա­նա­նանք քա­նի մը կէտ ու նշում ար­ձա­նագ­րե­լով, խնա­յե­լով գրիչ ու մե­լան (ը­սել կ­՛ու­զենք՝ հա­մա­կար­գի­չի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­ներ եւ… ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն)։

- Օ­պա­մա­յի դրա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը մնա­ցին ընդ­հան­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­նա­ռար­կե­լի ճշմար­տու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Ճա­ռեց կեն­սո­լոր­տի պահ­պան­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, գոր­ծակ­ցու­թեան, փո­խա­դարձ յար­գան­քի, ա­պա­հո­վու­թեան, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի ու խա­ղա­ղու­թեան հե­տամ­տու­թեան, եւ դեռ շատ մը լաւ բա­նե­րու մա­սին, ո­րոնք, բո­լորս ալ գի­տենք, չեն անց­նիր խօս­քի սահ­ման­նե­րէն ան­դին. տա­կա­ւին, նա­խա­գահն ու աշ­խար­հի տա­րած­քին ի­րեն պէս պե­տա­կան մար­դիկ գոր­ծի կո­չո­ւած են, որ­պէս­զի այդ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նեն, եւ ո՛չ թէ ա­նոնց մե­տա­սա­նե­րոր­դը կա­տա­րե­լու հա­մար ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ ակն­կա­լեն...

- Նա­խա­գա­հը, ա­ռանց խպնե­լու, յո­խոր­տաց, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զի­նո­ւո­րա­կան ու­ժը ա­ւե­լի մեծ է, քան ի­րեն յա­ջոր­դող 6-8 հզօր եր­կիր­նե­րու զի­նո­ւո­րա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը՝ միա­սին ա­ռած, սա­կայն չը­սաւ, թէ այդ ու­ժը քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ինչ­պի­սի՛ բա­րիք­նե­րուն եւ ի­րա­ւունք­նե­րուն ի հե­ճուկս կեր­տո­ւած է, օ­րի­նակ՝ կրթա­կան ու ըն­կե­րա­յին բա­րօ­րու­թեան հաշ­ւոյն։ Ան մոռ­ցաւ նաեւ, թէ Քա­յի­տա­յի եւ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան պէս տմար­դի ոճ­րա­գործ­նե­րու ստեղծ­ման ու զի­նու­մին մէջ, նոյ­նինքն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը ինչ­պի­սի՛ ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած են ու կը շա­րու­նա­կեն այդ դե­րը, «բա­րե­կամ» կը հռչա­կեն Թուր­քիոյ պե­տու­թեան պէս ո­ճիր­նե­րուն ուղ­ղա­կի մաս­նա­կից­ներ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց վրայ կպած կը մնայ ՕԹԱՆ պի­տա­կը։

- Ան­տե­ղի ու ան­հիմն չէր պատ­կե­րաս­փիւ­ռի մեկ­նա­բա­նի մը այն կար­ծի­քը, թէ Օ­պա­մա այս ճա­ռը կ­՛ար­տա­սա­նէր ընտ­րա­պայ­քար մղո­ղի տրա­մա­բա­նու­թեամբ ու պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նի հո­գե­վի­ճա­կով, սլաք­ներ կ­՛ար­ձա­կէր հան­րա­պե­տա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րուն դէմ (ո­րոնք, ի դէպ, այ­լա­պէս ար­դա­րա­նա­լի շատ բան չու­նին)։ Մեկ­նա­բա­նը հա­ւա­նա­բար մին­չեւ այ­սօր ալ չէ անդ­րա­դար­ձած, որ սա նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի մէկ հիմ­նա­կան գիծն է ե­ղած վեր­ջին 7 տա­րի­նե­րուն. ան միշտ ալ ար­տա­յայ­տո­ւած է «պէտք է այս­պէ՛ս ը­նենք, այդ­պէս չը­նենք»ի ո­ճով, ինչ­պէս կը խօ­սէր Ս­պի­տակ Տուն հաս­նե­լու մրցա­վազ­քի օ­րե­րուն. Ե­րեք­շաբ­թի՝ 12 Յու­նո­ւա­րի ե­րե­կոյ ալ, ան կար­ծէք, թէ յա­ւի­տե­նա­կան ըն­տա­պայ­քար մղողն էր, եւ ոչ թէ հե­ղի­նա­կա­ւոր նա­խա­գահ մը։

- Նա­խա­գա­հը, դար­ձեալ ա­ռանց շիկ­նե­լու, խոս­տա­ցաւ շա­րու­նա­կել աշ­խա­տիլ, ի խնդիր… Կո­ւան­թա­նա­մո­յի ար­գե­լա­րա­նին փակ­ման։

Հա­ւա­նա­բար ինք ալ վա­րա­կո­ւած է պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու մո­ռաց­կո­տու­թեան ախ­տէն. չէ՞ որ նա­խա­գա­հու­թեան հաս­նե­լէ ա­ռաջ ու ան­կէ ետք, բազ­միցս խոս­տա­ցած էր «ան­յա­պաղ փա­կել» Կո­ւան­թա­նա­մօն։ Սա­կայն տխրահռ­չակ բան­տին գծով Օ­պա­մա­յի վար­մուն­քը տար­բեր չե­ղաւ բազ­մա­թիւ այլ մար­զե­րու մէջ իր կա­տա­րած խոս­տում­նե­րէն կրնկա­կոխ ետ­դար­ձե­րէն, այն­քա՜ն մը, որ տա­րի մը ետք, երբ ան հրա­ժեշտ տայ Ս­պի­տակ Տան, պատ­մա­բա­նը իր մա­սին ի­րա­ւունք պի­տի ու­նե­նայ ան­վա­րան ար­ձա­նագ­րե­լու, թէ ան մրցա­նիշ­ներ հաս­տա­տեց... խոս­տում­նե­րէ ետ­դար­ձի դաշ­տե­րուն մէջ։ Յա­ջորդ­նե­րը մեծ «բա­րիք» մը պի­տի ը­նեն Օ­պա­մա­յին, ե­թէ խոստմ­նադր­ժու­թեան մէջ գե­րա­զան­ցեն զինք (Օ­պա­մա մեծ յոյս ու­նի, որ զինք գե­րա­զան­ցող­ներ պի­տի ըլ­լան)։

- Ս­րա­հին մէջ տեղ գրա­ւած խորհր­դա­րա­նա­կան­ներն ու միւս պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը այլ մրցա­նիշ մը հաս­տա­տե­ցին. մի­ջին հա­շո­ւով՝ եր­կու վայր­կեա­նը ան­գամ մը ոտ­քի կանգ­նե­ցան նա­խա­գա­հը ծա­փա­հա­րե­լու հա­մար։ Ճիշդ է, հան­րա­պե­տա­կան­նե­րը յա­ճախ այս քծնան­քը զլա­ցան՝ տար­բեր հա­շիւ­նե­րով։ Նիս­տէն ետք, շշուկ­ներ շրջան ը­րած են, որ կանգ­նիլ-նստիլ-ծա­փա­հա­րե­լու խա­ղը խաղ­ցո­ւած է, որ­պէս­զի հան­դի­սա­կան­նե­րը քիչ մը մար­զանք ը­նեն, չքնա­նան ու ի­րենց հետ ար­թուն պա­հեն... պատ­կե­րաս­փիւռ դի­տող­նե­րը։

- Նա­խա­գա­հի ե­տին նստած փոխ-նա­խա­գահ Պայ­տըն կա­րե­ւոր դեր մը ու­նի ե­ղեր (միշտ նոյն շշուկ­նե­րուն հա­մա­ձայն). ա­նոր ը­սո­ւած է (ե­ղեր), որ յա­ճախ գլու­խը պէտք է հաս­տա­տա­կան շար­ժում­նե­րով օ­րօ­րէ, պայ­ման չէ, որ մտիկ ը­նէ ամ­բողջ ճա­ռը, ուր ձե­ւով մը ա­ռաջ­նոր­դէ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ա­լիք­նե­րը։ Այս դե­րին հա­մար, Պայ­տըն սրա­հին մէջ ու­նի (ե­ղեր) քա­նի մը ճա­կա­տագ­րա­կից-գոր­ծա­կից­ներ։ Իսկ Պայ­տը­նի կող­քին նստած՝ հան­րա­պե­տա­կան Ռա­յը­նի դերն ալ այն է (ե­ղեր), որ ցու­ցադ­րա­կա­նօ­րէն բա­ցա­յայ­տէ, թէ ինք ու կու­սա­կից­նե­րը ո­րո­շած են չծա­փա­հա­րել նա­խա­գա­հին, մին­չեւ իսկ ե­թէ ան ընդ­հան­րա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու մա­սին վե­րո­յի­շեալ ար­տա­յայ­տու­թեանց պա­հուն լաւ բա­ներ ը­սէր։

- Ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րէ կտրո­ւած ըլ­լա­լու, կամ՝ զա­նոնք խե­ղա­թիւ­րո­ւած ձե­ւով ներ­կա­յաց­նե­լու նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի «հնարք­նե­րուն» շար­քին էին Ուք­րա­նիոյ եւ Ի­րա­նի ուղ­ղու­թեամբ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ար­ձա­նագ­րած «նո­ւա­ճում­նե­րուն» տա­րա­զու­մը։

Կ­՛ար­ժէ՞ շա­րու­նա­կել նշում­նե­րու շար­քը, հաս­նե­լու հա­մար այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ քա­ղա­քա­ցիք շատ բան չհասկ­ցան, թէ Օ­պա­մա ինչ­պէ՞ս կը տես­նէ «­Միու­թեան ի­րա­վի­ճակ»ը։

Հա­մա­կար­գիչս կ­՛ը­սէ, թէ յոգ­նած է…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ