Մ.Ա.Կ.էն բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ատենէ մը ի վեր կը նշեն, թէ Մ.Ա.Կ.ի մարդասիրական գործակալութիւնները կը գտնուին սնանկացման եզրին եւ թէ - Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Եւրոպայի մէջ տեղահանուածներու ճգնաժամի տարողութեան պատճառով - անկարող են հոգալու միլիոնաւոր մարդոց հիմնական կարիքները։
Իբրեւ շրջանային հիւրընկալ երկիրի՝ Հայաստան հիւրընկալած է Սուրիայէն տեղահանուածներու նկատառելի թիւ մը։ «Հայաստանի Եւրոպացի Ընկերներ»ը վերջերս հրապարակեց զեկոյց մը, որ կը վերլուծէ սուրիացի տեղահանուածներու ճգնաժամին նկատմամբ Եւրոպական Միութեան, Հայաստանի եւ միջին-արեւելեան երկիրներու հակազդեցութիւնը։ Ըստ ուսումնասիրութեան, տեղահանուածներու հիւրընկալման առումով՝ եւրասիական երկիրներու շարքին Հայաստան կը գտնուի առաջին դիրքի վրայ։ Անիկա իւրաքանչիւր 1000 բնակիչի դիմաց կը հիւրընկալէ սուրիացի 6 տեղահանուած, ինչ որ աւելի բարձր է քան շատ մը աւելի հարուստ եւրոպական երկիրներու ցուցանիշը։ Հայաստանն ու հոն գտնուող մարդասիրական գործակալութիւնները խուսափած են տեղահանուածները ճամբարներու մէջ բնակեցնելէ եւ մինչեւ օրս, այլ հիւրընկալ երկիրներու նման, անտուն գաղթականներու հարց չէ դիմագրաւած։ Ասիկա հոյակապ լուր է՝ Հայաստանի (եւ ընդհանրապէս հայերու) մարդկային համաշխարհային արժէքներու հիմամբ գործելուն առումով։
Բայցեւայնպէս, Սուրիոյ հակամարտութենէն հինգ տարի ետք, երկրին բնակչութեան 50 առ հարիւրը (շուրջ 11 միլիոն) կա՛մ ներքին առումով տեղահանուած է, կա՛մ ալ երկրէն փախուստ տուած է։ Հայաստանն ու սփիւռքը, այլ երկիրներու, ցամաքամասերու եւ Եւրոպական Միութեան նման, կը թուէին պատրաստ չըլլալ՝ ի տես տագնապին տարողութեան եւ մարդոց տեղաշարժին, որ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ի վեր մեծագոյնն է։ Հայկական աշխարհի ներկայ ղեկավարներէն ոչ ոք, վերջին քառորդ դարու ընթացքին, մեր ազգին այսպիսի տարողութեամբ ճգնաժամի մը ականատես եղած է։
Սակայն Սուրիական Հակամարտութիւնը պարզապէս տեղական կամ սուրիահայերու յատուկ ճգնաժամ չէ։ Անիկա այսօր համաշխարհային ճգնաժամ մըն է, որ կ’ազդէ մեծ երկիրներու, շրջաններու եւ ցամաքամասերու վրայ։ Մարդասիրական դիտանկիւնէն՝ Սուրիական Հակամարտութիւնը մեր ժամանակներուն մարդասիրութեան քննութիւն մըն է։
Մենք՝ Հայկական Ռետվուտ Ծրագիրին մէջ (Armenian Redwood Project), միշտ ալ ջատագոված ենք այն գաղափարը, որ այս խնդիրին հայկական հակազդեցութիւնը պէտք է ըլլար միացեալ, կամ՝ միասնաբար պէտք էր գործել սփիւռքահայ կազմակերպութիւններուն եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ։ Մինչ Հայաստանը (միջազգային գործակալութեանց եւ սփիւռքի օժանդակութեամբ) կրցած է գաղթականներուն տրամադրել ծառայութիւններ, ինչպէս՝ բժշկական խնամք, կրթութիւն, առողջապահութիւն եւ որոշ ընկերատնտեսական ծառայութիւն, որուն պահանջքը, ըստ մեր տուեալներուն, տրամադրուած ներդրումէն շատ աւելի է։ Աւելի՛ն, տեղահան սուրիահայերուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի մէջ տեղաւորուած չէ, այլ ցրուած է Լիբանանի եւ կամ Սուրիոյ տարածքին։ Դժբախտաբար, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն ունեցած մեր նորագոյն տուեալները ցոյց կու տան, որ Սուրիոյ մէջ մնացողները ընդհանրապէս աղքատներն են։ Իսկ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը հիւրընկալ վայրեր կը հասնին առանց դրամի, ինչ որ յուսաբեկում կ’առաջացնէ թէ՛ տուեալ սուրիահայերուն, թէ՛ հիւրընկալ ժողովուրդին մօտ։ Սուրիահայերէն ոմանք ալ, այլ գաղթականներու նման, Միջերկրականը կտրել փորձելու ընթացքին խեղդուած են։
Կը թուի, թէ անցնող քանի մը տարիներուն կարգ մը կազմակերպութիւններու կողմէ փորձեր կատարուած են Հալէպի, Լիբանանի, Հայաստանի մէջ եւ այլուր, սուրիահայերուն օժանդակութեան տեղական միացեալ ջանքերը համակարգելու։ Դժբախտաբար, ժամանակի ընթացքին այս ջանքերը մասնատուած են, եւ այդպիսով մարդասիրական ծառայութիւնները սահմանափակուած են։ Հայաստանի կառավարութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան ճամբով փորձած է քայլ պահել դէպքերուն հետ, սակայն կը թուի, թէ անկարող եղաւ աշխարհասփիւռ հայութեան մեծ ներուժը միացնելու եւ զօրաշարժի ենթարկելու պատմական առիթը օգտագործելու, եւ այդպիսով հարկ եղած մարդասիրական օժանդակութիւնը դարձնելու կանոնաւոր ու շարունակական։ Համահայկական ֆոնտը եւս անկարող եղած է վերջին 5 տարուան ընթացքին այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու։
Աւելին, կրնանք անկեղծօրէն վկայել, որ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու մեծամասնութիւնը կը թուի կորսնցուցած ըլլալ իր աշխուժութիւնը, զոր ցուցաբերած էր 1988ին, Հայաստանի երկրաշարժի օրերուն։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, հայկական միացեալ ջանքերով իրագործուած զօրաշարժին համազօր Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ճգնաժամի տարողութեան դիմաց ձախողութիւնը (եւ երբեմն անտարբերութիւնը), անկեղծօրէն ցնցիչ է։
Պատմութիւնը անպայմանօրէն պիտի արձանագրէ սուրիական հակամարտութեան դիմաց աշխարհի ղեկավարներուն արձանագրած ձախողութիւնը։
Պատմութիւնը նաեւ արժեւորումը պիտի կատարէ հայ ղեկավարներուն եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն, որոնք իրենք իրենց արտօնեցին տարուելու Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումներով՝ ի վնաս սուրիական-հայկական ճգնաժամին։ Մենք՝ ARPի (Armenian Redwood Project) մէջ շատերու յիշեցուցած ենք, որ եթէ արժանաւոր ազգ ենք, չենք կրնար այս աղէտը դիմագրաւել երես դարձնելով եւ պարզապէս յուսալով, որ դէպի Հայաստան եւ Արեւմուտք գաղթը պիտի լուծէ խնդիրը։
Անցեալի ցեղասպանութիւններէն, քաղաքացիական պատերազմներէն, 1988ի երկրաշարժի աղէտներէն քաղուած դասերէն մեկնելով՝ պէտք է մարդուժ ու ներուժ զօրաշարժի ենթարկէինք ոչ միայն նախնական անմիջական հակազդեցութեան վրայ, այլ երկարատեւ ռազմավարութեան մը վրայ, որուն նպատակը սուրիահայ համայնքի ապահովութեան ու անվտանգութեան ապահովումն է։ Այն, ինչ որ մինչեւ հիմա կատարած ենք, անբաւարար է։
Բաւարար չէ, որովհետեւ միայն քանի մը միլիոն տոլար հաւաքեցինք, փոխան հարկ եղած տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու։ Բաւարար չէ, որովհետեւ մեր հակազդեցութիւնը չէր նմաներ Near East Reliefի ճամբով Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Ամերիկայի պատմական հակազդեցութեան։ Բաւարար չէ, որովհետեւ մեր սովորական աշխատանքները շարունակեցինք, մինչ աղքատացած հայերը լքուեցան։
Մինչ մուտք կը գործենք 2016՝ մեր ազգը Սուրիայէն տեղահանուած աւելի քան 30.000 գաղթական ունի, ուրիշներ տեղահանուած են Սուրիոյ մէջ, եւ հազարաւորներ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ կ’ապրին դժուար պայմաններու տակ։ Ցեղասպանութեան 100ամեակը աւարտեցաւ, սակայն տարագրութիւնը՝ ոչ։ Տակաւին ուշ չէ մեր հաւաքական հակազդեցութիւնը աւելի լաւ կազմակերպելու եւ համաշխարհային մարդասիրական արժեչափերը յարգելու։
Լայն շրջանառութիւն գտած «Why Nations Fail» գիրքին մէջ, աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու կը խօսի պատշաճ հաստատութեանց մասին, իբրեւ ազգակերտումի անհրաժեշտ միջոց։ 2016ին հայերը կրնան սուրիական գաղթականներու ճգնաժամը նկատել առիթ մը, պատմական պահ մը, որ Հայաստան ներմուծէ նոր մարդուժ՝ այնպիսի պահու մը, երբ դադրինք հեռաւոր աղէտի մը զոհերը ըլլալէ եւ ոտքի կանգնինք՝ փրկելու մեր հարազատներն ու ուրիշներ, փորձառութիւն մը, որ մեր կազմակերպութիւններուն կրնայ սորվեցնել միասնաբար գործել եւ ազգակերտումի կառոյցներ հաստատել. պահ մը, երբ 100 տարի ետք, վարուինք այնպէս, թէ կարծէք պէտք չունինք մեր ազգի փրկութեան համար՝ յուսահատաբար կախեալ ըլլալու մարդասիրական օժանդակութեան գործակալութիւններէ։
Երբ Մ.Ա.Կ.ի համակարգը եւ այլ երկիրներ անկարող են սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակութիւն տրամադրելու, միամտութիւն է տակաւին հաւատալ, թէ հայկական կազմակերպութիւններու իրարմէ անջատ փորձերը կրնան հարկ եղած օժանդակութիւնը տրամադրել։ Սփիւռքը առիթ մը ունի ինքզինք կազմակերպելու կառուցողական գետնի վրայ՝ միջազգային օժանդակութեան գործակալութեանց համահունչ եւ համագործակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարութիւններուն։ Կարիքը չկայ տկար միանձնեայ փորձերու, այլ՝ արհեստավարժ բեմահարթակներ պէտք են, որոնք կազմակերպուած ըլլան միջամտութեան կարիք ունեցող շրջաններուն կողմէ։
Մենք՝ ARPն, կարիքներու հսկայական տարողութեան գիտակցելով՝ Մ.Ա.Կ.ի մարդասիրական օժանդակութեան գործակալութեան, Օքսֆամի եւ Սուրիահայերու Օժանդակութեան Ֆոնտին հետ գործակցութեան հիմը դրինք եւ տակաւին ուրիշներու հետ ալ կը գործակցինք՝ մեր ուշադրութեան կեդրոնը դարձնելով յստակ թիրախ մը՝ Հայաստանի մէջ մատչելի գիներով բնակարաններ ապահովել հայ գաղթականներուն։
Այս միացեալ ծրագիրը խտրութիւն չի դներ ծագումով իրաքցի եւ սուրիացի հայ գաղթականներուն կամ անոնց քաղաքական ու կրօնական պատկանելութեանց միջեւ։ Ատիկա կարիքի վրայ կեդրոնացած ծրագիր մըն է, որ կը գործէ ըստ ընդունուած ցուցանիշներու եւ ձեւերու։ Այս թափանցիկ մօտեցումը, շուտով պիտի ունենայ նաեւ աշխատանքային խմբակ մը, որուն մաս պիտի կազմեն հայկական եւ միջազգային տարբեր, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնք պիտի սերտեն գաղթականներու բնակեցման մարզին մէջ ապագայ բարելաւումներու եւ յարատեւ բնոյթի լուծումներ։ Այս ջանքը մէկ կարիքի վրայ կեդրոնանալուն կողքին նաեւ օրինակ մըն է համագործակցական եւ ներառարական ջանքերու, որոնք կրնան աւելի ներուժ հաւաքել միջազգային եւ հայկական աղբիւրներէ։
2016ին չկայ պատճառ մը, որ հայկական կազմակերպութիւնները չկարենան գործակցիլ այն հարցերուն առնչութեամբ, որոնց շուրջ ամբողջական համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, ինչպէս՝ Հայաստանի մէջ երդիք փնտռող կարիքաւոր գաղթականներու հարցը։ Ընդհակառակը, (որեւէ պատճառով) միասին չգործելը անարդիւնաւէտ է։
Մեր գլխաւոր տեսակէտը այն է, որ 21րդ դարուն այս մօտեցումները կրնան նպաստել մեր ազգի տոկունութեան եւ համայնքներուն կրնան ապահովել ոչ միայն տագնապէն ետք դարձեալ ոտքի կանգնելու կարողականութիւն, այլ նաեւ յառաջընթացի բարելաւում ի նպաստ հեռանկարային երկարատեւ զարգացման։ Եթէ այս ճգնաժամին ՏՈԿՈՒՆՈՒԹԵԱՆ տեսանկիւնէն մօտենանք, կրնանք ոչ միայն վերապրիլ, այլեւ տագնապէն դուրս գալ աւելի զօրացած։ Սուրիական գաղթականներու ճգնաժամը սոսկ մարտահրաւէր նկատելու փոխարէն, պէտք է որպէս առիթ նկատի ունենալ, որպէսզի օգտուինք ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական նոր կարելիութիւններէն, որոնց մասին նախապէս երբեք չէինք մտածած։
Այս պարունակին մէջ, մենք՝ ARPն, հայ ժողովուրդի յանձնառու տարրին կը յիշեցնենք, որ ղեկավարներու եւ ազգային կառոյցներու միջեւ համակարգուած մօտեցում ունենալը, ներառեալ գաղափարներու բաժնեկցումը, միասին աշխատիլն ու համակարգուած քայլերու դիմելը՝ հրամայական մըն է, ճիշդ Հարիւրամեակի Համաշխարհային Յանձնախումբի ջանքերուն նման, զորս 2015ի նախօրեակին գործադրուեցան, սակայն այս անգամ սուրիահայերու հսկայական տարողութեամբ ճգնաժամին դիմաց մեր ժողովուրդին դիմադրականութիւնը զարգացնելու միակ նպատակին համար։
Աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ գտնուող հայ ղեկավարութեանց կը դիմեմ այն յոյսով, որ կը յաջողիմ զիրենք համոզել եւ իրենց միջոցաւ՝ ուրիշներու, թէ այժմ ժամանակն է այս ճգնաժամը առաջնահերթութիւն նկատելու եւ միասնակամ գործելու։
Սուրիոյ մէջ մնացած հայերը, գաղթական դարձած հայերը կարիքը ունին սփիւռքին ու հայրենիքին, եւ վերջիններս պէտք է անոնց օգնեն։ Եթէ այդ մէկը յաջողապէս կատարեն, մեր ժողովուրդը բարոյական եւ գոյութենական գետնի վրայ ինքնաբաւ պիտի դառնայ, եւ թէ՛ հայրենիքը, թէ՛ սփիւռքը պիտի կարենան իրենց ճակատագիրը ճշդող գործօն դերակատարներ դառնալու։ Եթէ ձախողին՝ անոնք ոչ միայն մեր կարիքաւոր հայրենակիցներուն օժանդակելու հարցով ձախողած պիտի ըլլան, այլ նաեւ մեզի հանդէպ, իբրեւ ազգ։
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏՀԱԼՃԵԱՆ