2014ի Դեկտեմբեր 31ին յօդուած մը գրեցի «Մուտք 1915ի» խորագրով: Գրեցի կանխագուշակելու համար, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ինչպէս պիտի նշուի եւ, իրականութիւնը դիմագրաւելու մեր ձախողութեան պատճառով, հարիւր տարիէ ի վեր մեր անիծուած ըլլալը ինչպէ՜ս պիտի շարունակուի:
Յօդուածիս վերջաւորութեան, որմէ մէջբերում պիտի կատարեմ այս գրութեան մէջ, յայտնած էի, թէ կը յուսամ, որ հարիւրամեակը պատմական առիթ մը պիտի ստեղծէ զանց առնելու մեր հին սովորութիւնները, նաեւ՝ մեր դիմացինը հասկնալու եւ անոր հետ հաւաքական-բուժման գործարկութիւնը սկսելու համար:
Բայց այդ ակնկալութիւնը մնաց անկատար: Աւելին՝ 1915ի անէծքը դեգերող ոգի մը դարձաւ ամբողջ երկրին համար:
Այսօր Թուրքիան կը տառապի կատարեալ խելագարութեան իրավիճակէ:
Երբ անէծքի մասին կը խօսիմ, հոգեբանական դիտարկութեան մը մատնանշումը չէ՛, որ կ՚ընեմ: Թէեւ տագնապալից հոգիներու բնագաւառին մէջ, ատիկա պէտք չէ թերագնահատուի: Ես պարզապէս հետեւեալ ճշմարտութեան է, որ կ՚ակնարկեմ.- Այնքան ատեն, որ կը մերժենք դիմագրաւել ցեղասպանութեան ստուար ոճիրը, եւ չենք ձերբազատուած այդ չարիքէն՝ զոհերու թոռներուն ամբողջական արդարութիւն ապահովելով, մենք միշտ ենթակայ պիտի ըլլանք այդ չարիքին հետապնդման: Ասիկա հիմնական բարոյական խնդիր մըն է: Յիրաւի՝ ցեղասպանութիւնը այնպիսի ստուար ոճիր մըն է, որ անբաղդատելի է ներկայիս գործուած անհատական, հաւաքական կամ հանրային ոճիրներուն հետ: Այն համակարգը, որ կրնայ «մարսել» ցեղասպանութիւն մը, ներկայիս գործուած միւս ոճիրները դիւրութեամբ ընդունելի կը դառնան անոր համար: Այսպէսով է, որ մենք կը շարունակենք ապրիլ չարիքին հետ:
1915ի արարքը անցեալին պետական մակարդակի վրայ քննարկման հարց չդարձաւ, այնպէս ինչպէս որ հարկաւոր էր: Չդարձաւ՝ նաեւ 2015ին, երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական ճնշումներու ուժգնութեան, եւ ապա՝ ընկերութեան մէջ ընդհանրացած գիտութեան եւ ծանօթութեան պակասին պատճառով: Եւ ասիկա, սերտ առնչութիւն ունի նոյնիսկ դար մը պատմութիւն ունեցող անարդարութեան եւ անպատժութեան վրայ հիմնուած մեր քաղաքական-ընկերային կառոյցին հետ:
Օրինակով մը բացատրեմ միտքս:
Այսօր այն, ինչ որ կը պատահի քիւրտերուն, յաճախ կը բացատրուի անով, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր, քիւրտերուն դէմ եղած հալածանքը անպատիժ մնացած է միշտ:
Բայց ոչ ոք կը յանդդգնի յիշելու այն իրողութիւնը, որ հայերն ու ուրիշ ոչ-իսլամ խմբակցութիւններ հալածուած էին այդ դէպքերէն իսկ առաջ:
Մասնաւորաբա՛ր հայերը, որոնք ճնշուած էին նաեւ քիւրտերուն կողմէ:
Թուրքիան դարէ մը ի վեր անկման մէջ կը գտնուի: 21րդ դարու սկիզբէն իսկ ան սկսած է արդէն տապլտկիլ ճահիճի մէջ: Եւ վստհաբա՛ր՝ ուղղուած է դէպի ֆաշիզմ...:
«ՄՈՒՏՔ՝ 1915ի»
Ո՞վ գիտէ, բոլոր այն չարիքները, որոնք կը յաճախեն մեզի, անվերջանալի զանգուածային ջարդերը, դառնութենէ բուժուելու մեր անկարողութիւնը, թերեւս այս բոլորը արդիւնքն են դար մը երկարող մեր կրած անէծքին, եւ դար մը շարունակաբար ըրած մեր ստախօսութեան:
Ի՞նչ կը խորհիք:
Ասիկա թերեւս հայերուն (տղամարդոց, կանանց եւ... նոյնի՛սկ երեխաներուն) արտասանած անէծքն է, որոնք հեծեծանքով մեռան եւ թաղուեցան՝ առանց դագաղի: Հաւանական է, որ մեր հոգիներուն մէջ ստեղծուած փոթորիկներն ըլլան: Փոթորիկներ՝ ստեղծուած մեր անբախտ քաղաքացիներուն տառապող ուրուականներուն կողմէ: Ուրուականները հայերու, յոյներու, ասորիներու, յետոյ եւ՝ ալեւիներու եւ քիւրտերու:
Թերեւս պատճառը 1915էն յետոյ կատարուած ջարդերն ըլլան, որոնք հաշուի մէջ իսկ չեն առնուած, եւ որոնց «հատուցման գիները» մնացած են անվճար: Եւ հիմա, թոռներն են, որ կը հատուցանեն տարբեր մերձավայրերու մէջ...:
Խլուած եւ գողցուած կեանքերու փոխարէն, կողոպտուած տուներու եւ քանդուած եկեղեցիներու փոխարէն, գրաւուած դպրոցներու եւ կալուածներու փոխարէն՝ անոնք անիծա՛ծ են մեզ: Անիծած՝ «Աստուած ձեզի եւ գալիք բոլոր ձեր սերունդներուն պարտական դարձնէ եւ վճարել տայ այս բոլոր...»։
Արդեօք սկսա՞ծ ենք մեր ցարդ գործած բոլոր անարդարութիւններուն հատուցման: Անցեալի մեղքերուն դիմադրելու անկարողութեան պատճառով՝ վճարումը արդեօք յանդգնութեա՞մբ կը յայտնաբերուի, թէ՞ անպարկեշտութեա՛մբ, որ մեզի համար սովորութիւն դարձած է, անարդարութեան գործադրութիւնը թոյլատրելի դարձնելու համար:
Կը թուի, թէ մեր ընկերութիւնը դարէ մը ի վեր անկման մէջ կը գտնուի, բորբոքելով իր շուրջը գտնուող ամէն ինչ:
Հակառակ այս դար մը երկարող անէծքի գոյութեան, 2015ը պիտի անցնի՝ «Իրապէս ցեղասպանութիւն եղա՞ծ էր» վիճաբանութիւնը անպատասխան ձգելով:
Ականատես պիտի ըլլանք երկրի ներկայ վարձակալներուն թափած անսահման ճիգերուն՝ այս ամօթը ծածկելու եւ յետաձգելու ընդդիմութեան տանող որեւէ մէկ քայլ: Եթէ իրենց մնար, 2015 թուականը պարզապէս զանց կ՚առնէին:
Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու արձանագրութիւնը կը բաղկանայ երեք թառամած առարկութիւններէ. մաքառում, թշնամիին հետ գործարք եւ զոհարկում:
«Հայերն էին, որ մեզ սպաննեցին»ը թութակի մը ըրածին պէս պիտի կրկնուի գիտաժողովներու շարանով մը: Եւ մենք ալ պիտի պարենք սովորական մեր եղանակներով: Ապրիլ 24-25ին պաշտօնական արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ՝ Անզաքի Օրը տօնելու, որ ո՛չ մէկ կապ ունի ցեղասպանութեան հետ: Եւ պիտի լսենք առատ առասպելներ Տարտանէլի մէջ կատարուած քաջագործութեանց մասին: Բայց մեր պատմութիւնը լսող ոեւէ մէկը պիտի չգտնենք:
Մեր հանդէպ քանի՞ նոր նզովանք պէտք է կատարուի, որ մենք հակումն ունենանք՝
- մեր պետութիւնը հիմնող արիւնոտ գործընթացը հաշուեյարդարի ենթարկելու,
- ծանօթանալու եւ յիշելու, թէ ինչպէ՜ս անվնասակար, արդիւնաբեր, աշխատասէր, տաղանդաւոր, խաղաղասէր ժողովուրդ մը, որ Անատոլիոյ մէջ կ՚ապրէր, ջնջուեցա՜ւ հոն ապրող ռամիկներու կողմէ,
- զգալու ծուծը այն բռնութեան, որ մղեց անբախտ հայերը ճչալու՝ «Ո՛ւր էիր Աստուած» 1915ի ամրան, երբ ամէն ինչ ցուրտ էր ու խաւար,
- գիտնալու, որ 1915ին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող միլիոններ հաշուող հայութիւնը այսօր իսկապէս պակսած եւ իջած է գրեթէ ոչինչի՛: Իսկ հոն ապրող մնացորդն անոնց, ծածկա՛ծ է իր ինքնութիւնը, կամ՝ իսլամացած, մէկդի աւլել-քշելով «ցեղասպանութի՞ւն էր կամ ոչ» առեղծուածը, կամ՝ «ո՞վ որո՛ւն սպաննեց» հարցումը: Եւ ականջ դնենք մեր խղճի ձայնը յստակօրէն լսելու,
- հասկնալու, որ, Հրանդ Տինքի ըսածին պէս, փետրազարդեալ մշակոյթի մը ցեղասպանութիւնն էր, եւ ահագին քաղաքակրթութեան մը կորուստն էր որ տեղի ունեցաւ,
- ըմբռնելու, որ իր ոչ-իսլամ քաղաքացիները այլեւս չեն ապրիր այս հողին վրայ, եւ ատիկա երկրին հզօրագոյն կորուստն եղաւ,
- պարփակելու, որ ցեղասպանութիւնը (այդ խաւարի օրերուն՝ հայերը «Մեծ Եղեռն» անունը կու տան) աղէտ մըն էր, որ պատահեցաւ ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ ամբողջ երկրին,
- նկատելու, որ կորուստը սպաննուած, աքսորուած եւ փախուստ տուած մեր ոչ-իսլամ քաղաքացիներուն կորուստն էր մեր քաղքենի, կայտառամիտ մտաւորականութեան, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան,
- արժեւորելու նզովքը գրաւուած ինչքին, կալուածներուն եւ... երեխաներո՜ւն,
- ըստ արժանւոյն ըմբռնելու գրող Եաշիր Քեմալի իմաստութիւնը, որ կ՚ըսէ՝ «Ուրիշ թռչուն մը չի կրնար բարգաւաճիլ լքուած բոյնի մը մէջ: Ան, որ բոյն կը կործանէ, չի կրնար բոյն ունենալ: Զրկանքը զրկանք կը ծնանի»,
- հասկնալու, թէ անոնք, որոնք կը դրժեն վերոյիշեալ կէտերը, կ՚ընեն ատիկա իմաստութեան կորուստէ մը, որ կը բխի ցեղասպանութենէն:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Մեծ Եղեռնն է Անատոլիոյ: Մեծագոյն եւ մայր-բանադրանքը այս հողին:
Անոր անէծքը պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որ մենք կը դրժենք խօսիլ անոր մասին:
Ճանչնա՛նք, հասկնա՛նք եւ նկատի՛ առնենք զայն...:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը պատեհութիւն մը կ՚առաջադրէ մեր սովորութիւնները տնօրինելու, Դիմացինը հասկնալու եւ սկսելու հաւաքական բուժման...
ՃԷՆԿԻԶ ԱՔԹԱՐ*
Թարգմանեց՝
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ
10 Յունուար 2016
*Ճէնկիզ Աքթար երկարամեայ աշխատակիցն է Թուրքիոյ «Զաման» եւ «Թարաֆ» օրաթերթերուն: Ճ. Աքթարի այս յօդուածը լոյս տեսաւ «Զաման»ի 6 Յունուար 2016ի համարին մէջ ( Յ. Մ.)