Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt5 Յու­նո­ւար 2016ին, թրքա­կան «­Թիւր­քիէ­հա­պեր­մեր­քե­զի» կայ­քին վրայ, տե­ղադ­րո­ւած է թրքա­կան իշ­խա­նա­մէտ «Ե­նի Շա­ֆաք» օ­րա­թեր­թին մէկ յօ­դո­ւա­ծը, որ կը կրէ «26 եր­կիր­նե­րու հո­ղա­յին կա­լո­ւած­նե­րու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կը գտնուին Թուր­քիոյ մօտ» խո­րա­գի­րը:

Յօ­դո­ւա­ծը կը նշէ, որ Թուր­քիոյ հո­ղա­յին կա­լո­ւած­նե­րու տո­մար­նե­րու եւ կա­լուա­ծա­գիր­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան ար­խիւ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Զէյ­նել

Ա­պի­տին Թիւր­քօղ­լու յայտ­նած է, որ ի­րենք վե­րա­դա­սա­ւո­րած եւ 2010ին սկսած են թո­ւայ­նաց­նել 26 եր­կիր­նե­րու, նե­րա­ռեալ` Լի­բա­նա­նի, Սու­րիոյ, Ի­րա­քի, Յոր­դա­նա­նի, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ, Սեր­պիոյ, Պուլ­կա­րիոյ, Յու­նաս­տա­նի, Պոս­նիոյ, Լի­պիոյ, Թու­նու­զի եւ պալ­քա­նեան շրջա­նի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն վե­րա­բե­րող օս­մա­նեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի կա­լո­ւա­ծա­գիր­նե­րը, եւ ի­րենք կ­՛ու­զեն այդ փաս­տա­թուղ­թե­րը տրա­մադ­րել, որ­պէս­զի նշեալ եր­կիր­նե­րը այդ փաս­տա­թուղ­թե­րուն օ­ժան­դա­կու­թեամբ լու­ծեն ի­րենց դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րը: Ա­նոնք ար­դէն այդ­պի­սի փաս­տա­թուղ­թեր տրա­մադ­րած են Մա­կե­դո­նիոյ, որ­պէս­զի լու­ծէ Յու­նաս­տա­նի հետ իր հար­ցե­րը, ինչ­պէս նաեւ Լի­պիոյ, որ­պէս­զի լու­ծէ Թու­նու­զի հետ իր հար­ցե­րը:

Աշ­խա­տան­քը ըն­թացք ա­ռած է 1984ին, Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 19րդ վար­չա­պետ (ա­պա 8րդ նա­խա­գահ) Թիւր­կիւթ Էօ­զա­լի ցուց­մուն­քով: Վեր­ջի­նիս կը պատ­կա­նին, քե­մա­լա­կան ա­ւան­դու­թե­նէն շե­ղե­լով, Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնո­ւած շրջան­նե­րուն բա­ցո­ւե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին քայ­լե­րը: Ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թիւ­նը հե­տա­գա­յին որ­դեգ­րեց այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ զայն զար­գաց­նե­լով ստեղ­ծեց Նոր-Օս­մա­նա­կա­նու­թեան վար­դա­պե­տու­թիւ­նը:

Վե­րոն­շեալ աշ­խա­տան­քին իս­կա­կան նպա­տա­կը ա­կա­դե­մա­կան չէ, այլ` քա­ղա­քա­կան: Ա­նոր ե­տին գտնո­ւող տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը հե­տե­ւեալն է.- Հո­ղա­յին կա­լուած­նե­րու շուրջ միջ-պե­տա­կան կամ ան­հա­տա­կան վէ­ճե­րու լուծ­ման հա­մար օս­մա­նեան փաս­տա­թուղ­թե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը կը նշա­նա­կէ, թէ ա­նոնք առն­չա­կից կող­մե­րուն կող­մէ կը նկա­տո­ւին օ­րի­նա­կան, իսկ ե­թէ փաս­տա­թուղ­թե­րը օ­րի­նա­կան են, ու­րեմն օ­րի­նա­կան է նաեւ զայն տո­ւող իշ­խա­նու­թիւ­նը` օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը: Սա­կայն ի­րո­ղու­թեան մէջ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան տի­րա­պե­տու­թե­նէն ձեր­բա­զա­տած ան­կախ պե­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար, բռնագ­րա­ւու­մի օ­րե­րուն հրա­պա­րա­կո­ւած եւ բռնագ­րա­ւող տէ­րու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած նման փաս­տա­թուղ­թե­րը չեն կրնար ու պէտք չէ օ­րի­նա­կան նկա­տո­ւին, ո­րով­հե­տեւ ա­ռա­ջին` բռնագ­րա­ւու­մը ինք­նին ա­նօ­րի­նա­կան ե­րե­ւոյթ է, եւ երկ­րորդ` այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին բռնու­թեան կամ կա­մա­յա­կա­նու­թեանց ճամ­բով գոր­ծո­ւած բազ­մա­թիւ ա­նար­դա­րու­թիւն­ներ նման փաս­տա­թուղ­թե­րու ճամ­բով ամ­րագ­րո­ւած ու «օ­րի­նա­կա­նա­ցո­ւած» են:

Ն­շեալ կա­լո­ւա­ծա­գիր­նե­րը դա­սա­ւո­րե­լու եւ թո­ւայ­նաց­նե­լու «ա­կա­դե­մա­կան» աշ­խա­տան­քին ի­րա­ւա­կան դաշ­տին մէջ օգ­տա­գոր­ծու­մը կը ծա­ռա­յէ Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու նոր օս­մա­նա­կան ծրա­գի­րի յա­ռաջ մղու­մին եւ կա­րե­ւոր քայլ մըն է շրջա­նը օս­մա­նեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­մա­հունչ վե­րա­դա­սա­ւո­րե­լու Նոր-Օս­մա­նա­կան ե­րա­զի ի­րա­գործ­ման հա­մար:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ