Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԵր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քը դժգոհ է Ար­ցա­խի վե­րա­բե­րեալ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն:

Ա­մէն ան­գամ, որ Ատր­պէյ­ճան կրակ բա­ցած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի վրայ, Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք եւ ա­նոր նա­խորդ­

նե­րը, թաք­նո­ւե­լով չէ­զո­քու­թեան քո­ղին տակ, մեղ­քը բար­դած են հա­կա­մար­տու­թեան եր­կու կող­մե­րուն վրայ: Ն­ման ա­նար­դար մօ­տե­ցու­մը խրա­խու­սած է Ա­լիե­ւը՝ ա­ւե­լի սաստ­կաց­նե­լու իր յար­ձա­կում­նե­րը:

Ն­ման ա­րիւ­նա­լի յար­ձա­կում­նե­րը կեց­նե­լու կամ գո­նէ նո­ւա­զա­գոյ­նի հասցը­նե­լու հա­մար, Քոնկ­րէ­սի 85 ան­դամ­ներ վեր­ջերս հա­մա­տեղ նա­մակ ստո­րագ­րե­ցին՝ կոչ ը­նե­լով Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մին ի­րա­կա­նաց­նե­լու հե­տե­ւեալ ե­րեք քայ­լե­րը, եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ սահ­մա­նին վե­րա­բե­րեալ. նախ` դուրս բե­րել դի­պու­կա­հար­նե­րը, երկ­րորդ` ա­ւելց­նել մի­ջազ­գա­յին հա­մա­կար­գող­նե­րու թի­ւը, եւ եր­րորդ` տե­ղադ­րել կրա­կոց­նե­րու ուղ­ղու­թիւ­նը ճշդող սար­քեր: Զար­մա­նա­լի չէ, որ Ատր­պէյ­ճան մեր­ժած է բո­լոր ե­րեք ա­ռա­ջարկ­նե­րը, իսկ Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ Մինս­քի Խմ­բա­կի միջ­նորդ­նե­րը (Ֆ­րան­սա, Ռու­սիա եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) ըն­դու­նած են զա­նոնք:

Ա.Մ.Ն. Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Էտ Ռոյս վեր­ջերս դռնփակ ճե­պազ­րոյց ու­նե­ցաւ դես­պան Ո­ւոր­լի­քի հետ, իր եւ քոնկ­րէ­սա­կան Է­լիոթ Էն­կե­լի միաս­նա­բար նա­խա­ձեռ­նած ա­ռա­ջարկ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման առն­չու­թեամբ: Մին­չեւ այդ դռնփակ հան­դիպ­ման կա­յա­ցու­մը, Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը տա­րա­ծած էր տա­սը հարց դես­պան Ո­ւոր­լի­քի հա­մար: Քա­նի որ յայտ­նի չէ` այդ հար­ցե­րը բարձ­րա­ցո­ւած են քոնկ­րէ­սա­կան ճե­պազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին, թէ ոչ, ուս­տի պէտք է խնդրել Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մին հրա­պա­րա­կաւ ար­ձա­գան­գել այդ տա­սը հար­ցե­րուն, որ­պէս­զի բո­լո­րը տե­ղեակ ըլ­լան Ար­ցա­խեան հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­նոր դիր­քո­րոշ­ման:

Պաշ­տօ­նա­կան պա­տաս­խա­նի ստա­ցու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ես կ­՝ա­ռա­ջար­կեմ այս հար­ցե­րը տե­ղադ­րել Ս­պի­տակ Տան կայ­քէ­ջի «Ա­ռա­ջարկ­ներ» բա­ժի­նին մէջ: Կայ­քին մէջ նշո­ւած է, որ Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մը 60 օ­րո­ւան ըն­թաց­քին հան­դէս պի­տի գայ պաշ­տօ­նա­կան պա­տաս­խա­նով իւ­րա­քան­չիւր այն ա­ռա­ջար­կի վե­րա­բե­րեալ, որ տե­ղադրուե­լէ ետք 30 օ­րո­ւան ըն­թաց­քին պի­տի հա­ւա­քէ 100 հա­զա­րէն ա­ւե­լի ստո­րագ­րու­թիւն: Ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը ար­դէն օգ­տո­ւած են այս բա­ցա­ռիկ հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն` Ս­պի­տակ Տան կայ­քին մէջ տե­ղադ­րե­լով եր­կու հա­կա­հայ­կա­կան ա­ռա­ջարկ, ո­րոնք հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար հա­ւա­քած են 105.686 եւ 126.828 ստո­րագ­րու­թիւն: Ինչ­պէս եւ կը սպա­սո­ւէր, Ս­պի­տակ Տու­նը հան­դէս ե­կած է յայ­տա­րա­րու­թեամբ ի պա­տաս­խան ատըր­պէյ­ճա­նա­կան եր­կու ա­ռա­ջարկ­նե­րու:

Ս­տո­րեւ՝ ներ­կա­յա­ցո­ւած են Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի տա­սը հար­ցե­րը, ո­րոնք իբ­րեւ ա­ռա­ջարկ պէտք է տե­ղադ­րել Ս­պի­տակ Տան կայ­քէ­ջին մէջ.

1) Ին՞չ յա­տուկ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կած է (ե­թէ այդ­պի­սիք կան) Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ա­պա­հո­վե­լու հա­մար Ռոյս-էն­գե­լի կող­մէ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­մանն ուղ­ղուած ա­ռա­ջարկ­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս դի­պու­կա­հար­նե­րու չտե­ղա­կայ­ման, դի­տորդ­նե­րու յա­ւե­լու­մին եւ շփման գի­ծի եր­կայն­քով կրա­կոց­նե­րու ուղ­ղու­թիւ­նը ճշդող հա­մա­կարգ­նե­րու տե­ղադր­ման վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նու­թեան գա­լու առն­չու­թեամբ:

2) Ա.Մ.Ն. պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը շատ հա­մար­ձա­կօ­րէն բա­ցա­յայտ դար­ձուց, թէ իր կար­ծի­քով՝ հայ­կա­կան կող­մը ի՞նչ զի­ջում­նե­րու պէտք է եր­թայ: Ար­դեօք Ա.Մ.Ն. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պատ­րա՞ստ է այս հան­րա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան նոյն­քան բա­ցա­յայտ եւ յստակ պա­հանջ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու Ատր­պէյ­ճա­նին:

3) Ո­րո՞նք են այն յա­տուկ փաս­տե­րը, ի­րա­ւա­կան փաս­տարկ­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կան նկա­տա­ռում­նե­րը, ո­րոնք յան­գե­ցու­ցած են մեր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Քո­սո­վո­յի, սա­կայն ոչ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի, պաշ­տօ­նա­կան ճա­նաչ­ման:

4) Ար­դեօք Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ծա­ւա­լած ներ­քին հա­լա­ծանք­նե­րուն եւ փտա­ծու­թեան մա­սին տուեալ­նե­րը ո­րե­ւէ կեր­պով կ­՝ազ­դե՞ն, թէ մեր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս կը նա­յի Ատր­պէյ­ճա­նի ձգտու­մին` տա­րա­ծե­լու իր իշ­խա­նու­թիւ­նը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վրայ:

5) Ին­չո՞ւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ջու­ղա­յի միջ­նա­դա­րեան հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան լիո­վին փաս­տագ­րո­ւած (եւ տե­սան­կա­րա­հա­նո­ւած) ոչն­չա­ցու­մը այդ­պէս ալ եր­բեք չնշո­ւե­ցա Պե­տա­կան Բա­ժան­մուն­քի Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու կամ Կ­րօ­նա­կան Ա­զա­տու­թեան մա­սին զե­կոյց­նե­րուն մէջ:

6) Ո՞րն է Ա.Մ.Ն. կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կայ պա­հան­ջը (ե­թէ այդ­պի­սին կայ) ա­զատ ար­ձա­կո­ւած եւ մինչ օրս չզղջա­ցող՝ հայ սպան կա­ցի­նա­հա­րած մար­դաս­պան Ռա­միլ Սա­ֆա­րո­վը կրկին բան­տար­կե­լու վե­րա­բե­րեալ:

7) Ո՞րն է Ա.Մ.Ն. քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Ա.Մ.Ն.ի հայ­կա­կան ծա­գում ու­նե­ցող քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ճա­նա­պար­հոր­դա­կան սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ:

8) Ինչ­պի­սի՞ն է Ա.Մ.Ն. քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ՆԱԹՕի ան­դամ եր­կիր­նե­րու, յատ­կա­պէս Թուր­քիոյ նկատ­մամբ, ո­րոնք ար­դի յար­ձա­կո­ղա­կան զէն­քեր կը վա­ճա­ռեն կամ կը փո­խան­ցեն Ատր­պէյ­ճա­նին:

9) Ի՞նչ յա­տուկ սահ­մա­նա­փա­կում­ներ գո­յու­թիւն ու­նին ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան եւ կա­պի առն­չու­թեամբ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րու եւ պաշ­տօ­նա­տար ան­ձանց ու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մի­ջեւ: Ի՞նչ հիմ­նա­ւո­րում­ներ կան այս ա­զա­տու­թիւն­նե­րուն ո­րե­ւէ սահ­մա­նա­փակ­ման հա­մար: Ո­րո՞նք են նման սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու (ե­թէ այդ­պի­սիք կան) թո­ւա­ցեալ օ­գուտ­նե­րը:

10) Ձեր կար­ծի­քով՝ ի՞նչ օ­գուտ­ներ կը հե­տապն­դո­ւին (ե­թէ այդ­պի­սիք կան) Ա.Մ.Ն. պաշ­տօ­նա­կան հան­րա­յայտ զսպո­ւա­ծու­թեամբ` Ատր­պէյ­ճա­նի բա­ցա­յայտ հա­կա­հայ­կա­կան սադ­րանք­նե­րը, սպառ­նա­լիք­նե­րը եւ միջ­սահ­մա­նա­յին յար­ձա­կում­նե­րը վի­ճար­կե­լու ժա­մա­նակ:

Կը կար­ծեմ, որ լայն հնչե­ղու­թիւն ստա­ցած հար­ցադ­րում­նե­րու այս «ա­ռա­ջարկ»ը կրնայ 100 հա­զա­րէն շատ ա­ւե­լի ստո­րագ­րու­թիւն հա­ւա­քել Ս­պի­տակ Տան կայ­քին մէջ տե­ղադր­ման յա­ջորդ 30 օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, յատ­կա­պէս ե­թէ նշա­նա­ւոր ան­ձե­րու բազ­մա­թիւ հե­տե­ւորդ­նե­րը նե­ցուկ կանգ­նին այս ա­ռա­ջար­կին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
- «­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր»