Յունուար 4ին, Ատանայի քաղաքապետ, իշխանութեան գլուխը գտնուող AKP կուսակցութեան անդամ Հիւսէյին Սէօզլիւ լրջօրէն ազդարարած է քիւրտերուն՝ ըսելով.- «Ձեր վերջն ալ պիտի նմանի Հայոց»...
Այս մասին գրուած է Քիւրտիստանի Ազգային Համագումարին (KCK) կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, որու ենթախորքը բնականաբար կը յենի թրքական պետութեան կողմէ քիւրտ բնակչութեան նկատմամբ սանձազերծուած հալածանքներուն, պարտադրուած զրկանքներուն, անվերջօրէն վերահաստատուող արտակարգ իրավիճակներուն վրայ:Ու այս մասին կ՚ըսուի, թէ Էրտողանի ընտրական հաշիւներուն համար՝ պետութեան կողմէ անցեալ Յունիս 7էն ի վեր իր բոլոր ծալքերով կեղտոտ պատերազմ մը հռչակուած է քիւրտերուն դէմ եւ թէ սպաննուած քիւրտ անմեղ քաղաքացիներուն թիւը հասած է 260ի, որոնց մեծամասնութիւնը զոհ գացած է հրետակոծութեան կամ ոստիկանութեան դիպուկահարներու փամփուշտներուն:
Կ՚ըսուի նաեւ, թէ թրքական ապահովութեան ուժերը յաճախ թիրախ կ՚առնեն կիներն ու երախաները. այսպէս՝ կը յիշուին քիւրտ գործիչ երեք կիները, որոնք վերջերս սպաննուեցան Սիլոփիի մէջ. կ՚արծարծուի ճաղերու ետին նետուած քիւրտ 20 քաղաքապետներու պարագան. նաեւ անդրադադարձ կը կատարուի օրէնքներու վերատեսութեան, որ կը հետապնդէ քիւրտ որոշ երեսփոխաններ՝ իրենց անձեռնմխելիութենէն զրկելով՝ դատելու միտումը:
Ապա՝ «Փաստաթուղթ մը, որ կը պարունակէ ցեղասպանութեան խոստովանութիւն» ենթախորագրին տակ կ՚ըսուի, թէ վերջերս յայտնաբերուած է փաստաթուղթ մը, որ կը փաստէ, թէ պետութիւնը իր հաւանութիւնը կու տայ Քիւրտիստանի մէջ խաղաղ քաղաքացիներու սպանութեան: Արդարեւ, Թուրքիոյ ցամաքային բանակի փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ ըսուած է, թէ «զինուորականներու կողմէ՝ դատական հետապնդումի վախով զէնքի գործածութեան զանցառումը կրնայ ծանր հետեւանքներու յանգեցնել»։
Այս պարզ քանի մը բառերով ինչ որ ըսել կ՚ուզուի այն է, թէ՝ «ազատօրէն սպաննեցէ՛ք, մի՛ վախնաք դատական հետապնդումէ»։
Դար մը առաջ, հայերն էին
Այս ենթախորագրին տակ կ՚ըսուի, թէ «թրքական վարչակարգը կը փորձէ կրկնել Ի. դարու սկիզբը հայոց (1,5 միլիոն զոհ), ինչպէս նաեւ Տերսիմի, Աղրըի (Արարատի) եւ Քոչկիրիի քիւրտերուն (հարիւր հազարաւոր զոհեր) դէմ գործած ցեղասպանութիւնը», ու կը յիշատակուի Ատանայի քաղաքապետին սպառնալիքը՝ «Ձեր վերջն ալ պիտի նմանի հայոց»։
Քրտաբնակ շատ մը շրջաններէ արդէն առնուազն 7000 բնակիչի տարագրութեան յիշեցումէն ետք «Քիւրտիստանի մէջ ջարդերուն վերջ տալու» կոչ կ՚ուղղուի թրքական պետութեան:
«ՄինչԹուրքիակըբանակցիԵւրոպականՄիութեանիրանդամակցութեանհամար, անդինկըջարդէ, կըչարչարէեւկըբանտարկէքիւրտերը։Ինչո՞ւԵւրոպալռութիւնկըպահէռազմաշունչեւջարդարարայսքաղաքականութեաննկատմամբ, որբոլորովինհակոտնեայէեւրոպականարժէքներուն։Թրքականպետութիւնըկըյարձակիքիւրտերունվրայ, որոնքառաջինշարքերուվրայկըկռուինՏԱՀԷՇիդէմ։ Ինչո՞ւ ՏԱՀԷՇիդէմպայքարողդաշնակիցուժերըչենհակազդեր։Ընդդէմթրքականահաբեկողեւռազմաշունչքաղաքականութեան՝քիւրտժողովուրդինզօրակցելուկոչկ՚ընենք»,- տողերովկ՚աւարտիյայտարարութիւնը:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»