Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՓա­կո­ւող տա­րո­ւան վեր­ջին օ­րե­րուն, ­Թուր­քիոյ քե­մա­լա­կան ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Ժո­ղո­վուր­դի կու­սակ­ցու­թեան փոխ-նա­խա­գահ ­Սեզ­կին ­Թան­րը­քու­լու ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած է օ­րէն­քի նա­խա­գիծ մը, ո­րով կ­՛ա­ռա­ջար­կո­ւի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ սե­փա­կան հայ­րե­նի­քէն

  բռնի կեր­պով հե­ռա­ցած հա­յե­րուն ու ա­նոնց մին­չեւ 4րդ ­սե­րունդ­նե­րուն տրա­մադ­րել ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցիու­թիւն:

Օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծին մէջ մաս­նա­ւո­րա­բար կ­՛ա­ռա­ջար­կո­ւի ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն շնոր­հել ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. ­Պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն ի վեր ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կայ սահ­ման­նե­րը ընդգր­կող տա­րած­քին մէջ բնա­կած բո­լոր այն քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, ո­րոնք բռնի կեր­պով աք­սո­րո­ւած են, տե­ղա­հա­նո­ւած կամ զրկո­ւած են ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէն եւ այժմ ողջ են, կամ՝ ա­նոնց մին­չեւ չոր­րորդ սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն: Այ­սինքն՝ օ­րէն­քը կը վե­րա­բե­րի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, 6-7 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955ին վնա­սո­ւած ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­բար հա­յե­րուն, ա­սո­րի­նե­րուն եւ յոյ­նե­րուն:

Կ­՛ա­ռա­ջար­կո­ւի, որ քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէն դուրս ե­կած­նե­րը դի­մեն «այն ժա­մա­նա­կո­ւան անձ­նա­գիր­նե­րով», «ե­կե­ղեց­ւոյ, սի­նա­կո­կի կամ պաշ­տա­մուն­քա­յին այլ վայ­րե­րէն մէ­կուն պաշ­տօ­նա­կան ար­ձա­նագ­րու­թեան», «փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հիմ­նադ­րամ­նե­րու կամ այլ առն­չա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան ար­ձա­նագ­րու­թեան» մա­սին փաս­տա­թուղ­թե­րով, ինչ­պէս նաեւ ար­ձա­նագ­րու­թեամբ` կա­տա­րո­ւած այն երկ­րին կող­մէ, ուր կը նշո­ւի, թէ տո­ւեալ մար­դը գաղ­թած է ­Թուր­քիա­յէն:

­Թուր­քիոյ քե­մա­լա­կան ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Ժո­ղո­վուր­դի կու­սակ­ցու­թեան այս ա­ռա­ջար­կը խոր­քին մէջ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րած խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մող Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան ծրա­գիրն է: Այս ծրա­գի­րը, դի­ւա­նա­գի­տա­կան խու­սա­նա­ւում­նե­րով, քա­նի մը ան­գամ ակ­նար­կո­ւած է օ­րին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար եւ այժ­մու վար­չա­պետ Ահ­մեթ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի կող­մէ: ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի ծրա­գի­րը հե­տե­ւեալն էր.- «­Հայ­կա­կան սփիւռ­քը մեր սփիւռքն է» բա­նա­ձե­ւին տակ ե­թէ փոր­ձենք տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով յայ­տա­րարուած, սա­կայն միեւ­նոյն հա­մա­պատ­կե­րին մաս կազ­մող մա­սե­րը ի­րա­րու քով բե­րել, կը ստա­նանք հե­տե­ւեա­լը.-

­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով կազ­մո­ւած սփիւռ­քա­հա­յու­թեան նա­խա­հայ­րե­րը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան քա­ղա­քա­ցի­ներ են: ­Հե­տե­ւա­բար, ա­նոնք ի­րա­ւունք ու­նին վե­րա­կանգ­նե­լու ի­րենց հայ­րե­րուն քա­ղա­քա­ցիու­թիւ­նը իբ­րեւ ի­րա­ւա­ժա­ռան­գորդ­ներ:

Ի­րա­ւա­ժա­ռան­գոր­դու­թիւ­նը սա­կայն միայն քա­ղա­քա­ցիու­թեան չի վե­րա­բե­րիր: Ա­նոնք ի­րա­ւունք կ­՛ու­նե­նան նաեւ վե­րա­դառ­նա­լու ի­րենց հայ­րե­րուն հայ­րե­նի­քը` «Ա­նա­տո­լու»:

­Քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէն եւ վե­րա­դար­ձի ի­րա­ւուն­քէն ետք կու գայ եր­րոր­դը: Ե­թէ ի­րենց մօտ ու­նին փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք կը վկա­յեն կա­լո­ւած­նե­րու պատ­կա­նե­լիու­թեան մա­սին, կրնան վե­րա­տի­րա­նալ ա­նոնց: Ե­թէ ոչ` փոխ-հա­տուցո­ւիլ, իբ­րեւ ծրա­գի­րին չոր­րորդ կէ­տը: Եւ ան­շուշտ հին­գե­րոր­դը, կալուա­ծին վե­րա­տի­րա­նա­լէ կամ փոխ-հա­տու­ցո­ւե­լէ ետք, կը ստո­րագ­րեն ան­դոր­րա­գիր մը, որ ի­րենք ստա­ցած են ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րը ի­րենց նա­խա­հայ­րե­րուն դէմ կա­տա­րո­ւած բռնու­թիւն­նե­րուն կամ բռնա­գաղ­թին հե­տե­ւան­քով կրած ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րուն դի­մաց:

Այս­քան «մար­դա­սի­րա­կան» ծրա­գիր մը հի­մա կը հրամ­ցո­ւի բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն: ­Դե­րե­րու բաշ­խու­մը եւ հա­մադ­րու­մը ա­ւե­լի քան պարզ է այս պա­րա­գա­յին:

­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի, այ­սինքն պաշ­տօ­նա­կան Ան­գա­րա­յի ծրա­գի­րը ի­րա­ւա­կան ըն­թա­ցա­կար­գի մէջ տե­ղադ­րե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը վեր­ցու­ցած է ­Թուր­քիոյ քե­մա­լա­կան ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Ժո­ղո­վուր­դի կու­սակ­ցու­թիւ­նը: ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի ծրա­գի­րին ի­րա­կա­նաց­ման փոր­ձին դի­մաց հայ­կա­կան կող­մը չի կրնար պա­րա­գա­յա­կա­նու­թեան եւ պա­տա­հա­կա­նու­թեան տե­սու­թիւն­նե­րով հա­կազ­դել:

Ան­գա­րա­յի այս ծու­ղա­կը, խոր­քին մէջ փոխ-հա­տու­ցե­լու ձգո­ղա­կա­նու­թեամբ, չէ բա­ցա­ռո­ւած, որ հայ­կա­կան շրջա­նակ­ներ ներգ­րա­ւէ: Ծ­րա­գի­րին չե­րեւ­ցող ծալ­քե­րը, քա­ղա­քա­կան բուն շար­ժա­ռիթ­նե­րը պէտք է բա­ցա­յայ­տել եւ հա­մա­կող­մա­նի կե­ցո­ւածք ճշդել վտան­գա­ւոր այս խա­ղը կան­խար­գի­լե­լու հա­մար:

Այս խա­ղին դրա­կան բա­ժի­նը այն է, որ ի­րա­ւա­ժա­ռան­գոր­դու­թեան տե­սա­կէ­տը երկ­կող­մա­նի կ­՛աշ­խա­տի: Այս ծրա­գի­րին մէջ ե­թէ սփիւռ­քա­հա­յե­րը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ժա­ռան­գորդ­ներն են, ա­պա ­Թուր­քիոյ գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ի­րա­ւա­յա­ջորդ­նե­րը. իսկ ի­րա­ւա­յա­ջորդ­նե­րը նաեւ պա­տաս­խա­նա­տու կը նկատուին ի­րենց նա­խա­հայ­րե­րուն գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ